Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Որքանո՞վ խաղաղ եւ հաշտ էք ձեր անձին հետ: Իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 9 հարցումներուն, ապա կարդացէ՛ք արդիւնքը:
– 1 –
Դուք յաճա՞խ կը ժպտիք:
– Այո
– Ոչ
– 2 –
Դուք շա՞տ կը վիրաւորուիք ուրիշի խօսքէն:
– Այո
– Ոչ
– 3 –
Դուք ձեզ կը հաւնի՞ք:
– Այո
– Ոչ
– 4 –
Կ՛ակնկալէ՞ք, որ մարդիկ միշտ հաւանութիւն տան ձեր արարքներուն:
– Այո
– Ոչ
– 5 –
Զուարթախո՞հ մարդ էք:
– Այո
– Ոչ
– 6 –
Լաւատե՞ս մարդ էք:
– Այո
– Ոչ
– 7 –
Բարեկամներով շրջապատուա՞ծ մարդ էք:
– Այո
– Ոչ
– 8 –
Ձեր կարծիքով, ընկճուածութիւնը թուլութեան նշա՞ն է:
– Այո
– Ոչ
– 9 –
Դուք առհասարակ հանգիստ կը քնանա՞ք:
– Այո
– Ոչ
Ստորեւ տրուած ցուցատախտակին հիմամբ հաշուեցէ՛ք ձեր միաւորները, ապա կարդացէ՛ք արդիւնքը:
1 |
2 | 3 | 4 | 5 | 6 | 7 | 8 |
9 |
|
Ա |
0 |
2 | 0 | 2 | 0 | 2 | 0 | 0 |
0 |
Բ |
2 |
0 | 2 | 0 | 2 | 0 | 2 | 2 |
2 |
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ 0 – 6 միաւոր հաւաքեցիք, դուք դատողութիւն ունեցող, շրջահայեաց մարդ էք եւ կը ձգտիք ամէն գնով պահպանել ձեր հոգեւոր խաղաղութիւնը: Այս յատկութիւնները ձեզ կը պաշտպանեն ընկճախտէ, սակայն ձեր շրջապատէն շատեր ձեզ կը համարեն «զգացումներէ զուրկ մարդ»:
***
Եթէ 6 – 12 միաւոր հաւաքեցիք, դուք հաւասարակշռուած, յաճախ վճռական, սակայն ոչ ճկուն անձ էք: Այս յատկութիւնները կ՛օգնեն, որ դուք պահպանէք ձեր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը:
***
12-էն աւելի միաւոր հաւաքելու պարագային, դուք ամէն ինչի շատ զգացական կը մօտենաք: Անվստահութիւն` սեփական ուժերու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ սեփական կեանքէն բաւարարուած չըլլալու վիճակը ձեզ կը զրկեն հոգեկան անդորրութենէ: Ժամանակ է, որ վերատեսութեան ենթարկէք ձեր կենսակերպը, անոր նկատմամբ ձեր վերաբերմունքը եւ համակերպիք այն մտքին հետ, որ կատարեալ մարդիկ չկան…
Նորաձեւութիւն
Յառաջիկայ Գարուն-Ամառ
Նորաձեւութիւնը
Նորաձեւութեան տուները արդէն իսկ ցուցադրած են 2016-ի գարուն-ամառ նորաձեւութեան իրենց հաւաքածոները:
Ահաւասիկ` խօսուն նկարներ, որոնք բացատրութեան չեն կարօտիր:
Ա.- Լաքոսթ, Ռալֆ Լորէն եւ Մարք Ճեքոպս կեդրոնացած են կարմիր, կապոյտ եւ ճերմակ գոյներուն վրայ:
Բ.- Միու Միու, Լուի Վուիթրոն եւ Լաւէն ներշնչուած են պալէի տարազներէն` «tutu»-ներէն:
Գ.- Քալվըն Քլէյն, Սեն Լորան եւ Պըրպըրի ներշնչուած են գիշերանոցներէն… սաթէն եւ բարակ պրըթելով երկար հագուստներ շատ պիտի տեսնենք յառաջիկայ զոյգ եղանակներուն:
Դ.- Մարք Ճեքոպս, Մաքս Մարա եւ Լաքոսթ կը վերակենդանացնեն ամերիկեան դրօշի գոյները, բայց նաեւ` աստղերը:
Առողջապահական
Գլխացաւ
Գլխացաւի որոշ տեսակներ կարելի է դարմանել առանց ցաւազրկիչ դեղահատերու: Ահաւասիկ` 4 մթերք, որոնք կ՛օգնեն գլխացաւը կանխարգիլելու եւ դարմանելու:
1.- Անանաս
Անանասը մեղմ բժշկութեան մէջ կ՛օգտագործուի շնչառական հիւանդութիւններու բուժման եւ մարսողութեան բարելաւման պարագաներուն: Շնորհիւ այլազան կենսանիւթերուն, հանքայիններուն եւ պրոմելինին, որ բորբոքումներն ու ցաւը մեղմացնելու յատկութիւնը ունի, անանասը յանձնարարելի է բոլոր անոնց, որոնք գլխացաւէ կը տառապին:
2.- Ձմերուկ
Գլխացաւը յաճախ կը յառաջանայ մարմնի ջրազրկման պատճառով: Ձմերուկը հարուստ է ոչ միայն ջուրով, այլ նաեւ` մակնեզիոմով:
3.- Վարունգ
Ինչպէս ձմերուկը, վարունգը եւս մեծ քանակութեամբ ջուր կը պարունակէ: Հետեւաբար յաճախակի վարունգ ուտելով կարելի է հեռու մնալ գլխացաւէն:
4.- Պանան
Մակնեզիոմով եւ փոթասիոմով պանանը նոյնպէս յանձնարարելի է գլխացաւէ տառապող անձերուն:
Բերանի Տհաճ Հոտ
Բերանի տհաճ հոտը ունի զանազան պատճառներ` ուտելիքներ, փտած ակռաներ, առողջական հարցեր: Ահաւասիկ դիւրին եւ արագ միջոցներ` բերանի տհաճ հոտը արագ եւ ժամանակաւոր չէզոքացնելու համար:
– Խնձոր մը ուտել խածնելով:
– Ազատքեղ, անանուխ կամ սուրճի հատիկ մը ծամել:
– Մեխակի գամ ծամել:
– Գինձի հատիկներ ծամել:
– Ակռաները յաճախ խոզանակել:
Արեան Գերճնշում
Ահաւասիկ 5 կանոն արեան գերճնշումը կանխելու եւ անոր զարգացումը ուշացնելու համար:
1.- Ճիշդ սնանիլ, չափաւոր ուտել, նուազեցնել աղի, ճարպի եւ շաքարի օգտագործումը:
2.- Հրաժարիլ ծխախոտէն:
3.- Մարզանք ընել:
4.- Խուսափիլ ընկճախտէն:
5.- Պարբերաբար ենթարկուիլ բժշկական քննութեան:
Անբաւարար Ջուր Խմելու
Նշաններ
Ահաւասիկ` 11 մտահոգիչ ազդանշաններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ դուք բաւարար ջուր չէք խմեր, եւ ձեր մարմինը կը զրկէք կենսականօրէն անհրաժեշտ հեղուկէն:
1.- Բերանի չորութեան զգացում, 2.- Մորթի չորացում, 3.- Չափէն աւելի ծարաւի զգացում, 4.- Աչքերու չորութեան զգացում, 5.- Յօդացաւ, 6.- Մկանային զանգուածի նուազում, 7.- Հիւանդութեան երկար տեւողութիւն, 8.- Քնկոտութիւն եւ յոգնածութիւն, 9.- Անօթութեան զգացում, 10.- Մարսողական հարցեր, 11. Վաղաժամ ծերութեան նշաններ:
Խոհագիր
Ստեպղիով Եւ Գինձով Ապուր
Բաղադրութիւն 4 անձի համար
– 400 կրամ ստեպղին
– 30 սանթիլիթր քրենպըրիի հիւթ (շուկան շիշով կը վաճառուի)
– Կէս կապոց գինձ
– Աղ, սեւ համեմ
– Քրենպըրիի հատիկներ` զարդարանքի համար
Պատրաստութիւն
Ստեպղինները լուալ, կեղուել եւ կլոր կտրտել:
Կաթսայի մը մէջ աղի ջուր լեցնել եւ մանրուած ստեպղինները մէջը խաշել 15 վայրկեան:
Խաշած ստեպղինը քամոցէ անցընել եւ ձգել որ պաղի:
Հարիչին մէջ դնել խաշած ստեպղինը, աւելցնել քրենպըրիի հիւթը եւ հարել միատարր խիւս մը ստանալու համար:
Ստացուած խիւսը 5 վայրկեան տաքցնել, փոխադրել փոս ամանի մը մէջ, աւելցնել մանրուած գինձը եւ երեսը զարդարել քրենպըրիի հատիկներով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ուզում Եմ Սասունում Ապրել
Ոչ մի յաղթանակ հանգիստ չի տրւում,
Հեշտ չէ պահպանել երկիր ու հաւատ,
Ոչ մի ազգութիւն նորից չի յառնում,
Հեշտ չէ պահպանել ազգս ցաւառատ:Ոչ մի քաջ, հերոս նորից չի ծնուի,
Հեշտ չէ հերոսներ ծնել անընդհատ,
Ոչ մի նահատակ երբեք չի ների,
Որ իրենց ուխտը թողնենք անաւարտ:Ոչ մի հայրենիք մերը չի դառնայ,
Մերը չի դառնայ օտարի լեզուն,
Ոչ մի ուրիշ մայր մեզ մայր չի դառնայ,
Ամուր պահեցէ՛ք ձեր մօրն ու լեզուն:Ոչ մի ուրիշ լեռ Մասիս չի դառնայ,
Հեշտ չէ մի ողջ դար նախատինք կրել,
Ոչ մի շէն քաղաք Վան, Կարս չի դառնայ.
Հայե՛ր, ուզում եմ Սասունում ապրել…ՄԱՐԻՆԷ ՅԱԿՈԲԵԱՆ