Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Հանգստացնող Լոգանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

reconfort_021116

Մոռցէք օրուան հեւքը, ընկճախտ պատճառող մտահոգութիւնները` պարզապէս հանգստացնող լոգանք մը առնելով:

ա.- Ահա թէ ի՛նչ բաներու պէտք ունիք

– 1 ապուրի դգալ նարինջի կեղեւի տաշուք
– 1 ապուրի դգալ փոշի կոճապղպեղ
– 1 ապուրի դգալ խնկունի (romarin)
– 5 կաթիլ նարինջի կամ կոճապղպեղի հիմնական իւղ
– 60 կրամ փոշի կաթ
– 115 կրամ էփսոմ աղ (ծանօթ է նաեւ սիւլֆաթ տը մակնեզիոմ եւ անգլիական աղ անունով)
Թիւլէ ծրարիկի մը կամ թաշկինակի մը մէջ դրէք նարինջի տաշուքը, կոճապղպեղը, խնկունին, աղն ու կաթը: Ծրարիկը լաւ գոցել:

բ.- Ինչպէ՞ս օգտագործել

Ծրարիկը հաստատեցէք ծորակին ծայրը, այնպէս մը, որ հոսող ջուրը թրջէ զայն եւ մէջի բաղադրութիւնները տաք ջուրին հետ լեցուին լոգարանին մէջ:

20 վայրկեան պառկեցէք բուրաւէտ եւ առողջարար այս ջուրին մէջ:

 

Դիւրին Միջոցներ` Արեան Շրջագայութիւնը
Կանոնաւորելու Համար

Blood-circulation_021116

Արեան վատ շրջագայութիւնը ունի շատ մը անպատեհութիւններ, իսկ ազդանշաններն են` գլխացաւը, ճնշման տատանումները, շնչահեղձութիւնը, յոգնածութիւնը եւ այլն…

Առողջական լուրջ խնդիրներէ խուսափելու համար հետեւեցէք բնական միջոցներու` սիրտի աշխատանքը կարգաւորելու համար:

1.- Համեմներ շատ սպառեցէք:
2.- Ոտքով յարկերը բարձրացէք. հրաժարեցէք վերելակէն:
3.- Հրաժարեցէք ծխախոտէն:
4.- Մարձումներու հետեւեցէք:
5.- Այլազան կերէք:
6.- Լոգանքի ընթացքին փոխնիփոխ պաղ եւ տաք ցնցուղ առէք:
7.- Մարզանք ըրէք:
8.- Հանգստաւէտ կօշիկներ կրեցէք:
9.- Գաղջ ջուր խմեցէք:
10.- Օրական քառորդ ժամ գետինը պառկեցէք` ոտքերը գլուխէն բարձր դիրքով:

 

5 Սխալ, Որ Օրական Կը Գործենք

– 1 –

– Ակռաները խոզանակելը ճաշէն անմիջապէս ետք:

tooth-brushing_021116

Ամերիկեան ատամնաբուժութեան ակադեմիային մասնագէտները կը պնդեն, որ ակռաները ճաշէն անմիջապէս ետք խոզանակելը կը վնասէ էմային, մանաւանդ` պտուղ ուտելէ կամ հիւթ խմելէ ետք: Անոնց կարծիքով, բերանը ջուրով ցօղուելը բաւարար է եւ ճաշէն 40 վայրկեան ետք միայն կարելի է ակռաները խոզանակել:

– 2 –

– Պատուհանները բաց ինքնաշարժով երթեւեկելը:

open-windows_021116

Գլխացաւէ եւ սրտի հետ կապուած անհանգստութիւններէ հեռու մնալու համար խուսափեցէք պատուհանները բաց ինքնաշարժով երթեւեկելէ: Ապականած օդը, աղբերը, փոշին ինչպէս նաեւ ինքնաշարժներէն արտաքսուող թունաւոր կազերը քառապատիկ աւելի կը մտնեն մեր թոքերուն եւ մարմնին մէջ:

– 3 –

– Կերպընկալէ ամանով մանրալիքին մէջ կերակուր տաքցնելը:

w_micro_021116

Այս սխալ սովորութիւնը հորմոններու ծերացում կը պատճառէ: Խիստ յանձնարարելի է կերակուրները տաքցնել ապակեայ ամաններու մէջ:

– 4 –

– Քնանալէ առաջ սմարթֆոնով զբաղիլը:

Smartphone_021116

Բոլոր անոնք, որոնք քնանալէ առաջ սմարթֆոնով կը զբաղին, ոչ միայն հանգիստ չեն քնանար, այլ առտուն երբ արթննան, կազդուրուած չեն ըլլար, ընդհակառակը: Իսկ առողջ քունի բացակայութիւնը կրնայ բարձրացնել սրտի կաթուածի հաւանականութիւնը:

– 5 –

– Արթննալէ անմիջապէս ետք մահճակալը ծածկելը:

faire-lit_021116

Սխալ է արթննալէն անմիջապէս ետք մահճակալը կոկելն ու ծածկելը: Աքարիէն կոչուած, գերզգայնութիւն պատճառող եւ սովորական աչքով անտեսանելի միջատները շատ կ՛ախորժին տաք եւ խոնաւ միջավայրերէ, իսկ տաքուկ մահճակալները յարմար ենթահող են բազմանալու:

Յանձնարարելի է մահճակալը կոկել արթննալէ առնուազն կէս ժամ ետք:

 

Ձեռային Աշխատանք

Ճինզ Տաբատի Գրպաններով
Պատրաստուած Պատի Զարդ

140831044514150312489085

Չկայ տուն մը, որ տասնեակ մը ճինզ տաբատ չըլլայ: Հիները թափելու կամ ուրիշին տալու փոխարէն` մտածեցէք օգտագործել անոնց գրպանները եւ պատրաստել պատի զարդ մը, որ շատ գործնական պիտի ըլլայ ձեր դպրոցական զաւկին` դասաւորելու համար գրենական իրերը:

Պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են.

– Փայտէ ձող մը
– Տոկուն չուան մը
– 50×100 սմ տոկուն լաթ մը (միագոյն կամ գունաւոր)
– Ճինզ տաբատի գրպաններ

Պատրաստութիւն

Եթէ կարի յարմարութիւն չունիք, դիմեցէք դերձակուհիի մը օգնութեան:

Նկարը բաւարար յստակ եւ խօսուն է:

Այս պատի զարդը շատ յարմար է յատկապէս փոքր տարածութեան մը մէջ, փոքր գրասեղան ունեցող դպրոցականներուն համար:

 

Պահքի Խոհագիր

Հնդկացորենով Կոլոլակներ

ren_021116

Բաղադրութիւն

– 1 բաժակ հնդկացորեն (buckwheat, sarrasin)
– 4 – 5 գետնախնձոր
– Աղ, պղպեղ
– Կսկուծի փոշի
– Արեւածաղիկի իւղ

Պատրաստութիւն

Հնդկացորենը լուալ, վրան եռացած ջուր լեցնել (2 – 2,5 բաժակ) եւ եփել 25 – 30 վայրկեան:

Գետնախնձորը խաշել եւ կեղուել:

Հնդկացորենն ու գետնախնձորը մսաղացէ անցընել, աւելցնել համեմները, շաղել եւ ափերուն մէջ կլորելով փինկ-փոնկի գնդակի մեծութեամբ գնդակներ կազմեցէք:

Ամանի մը մէջ կսկուծի փոշի լեցուցէք եւ ձեր գնդակները մէջը թաթխեցէք:

Տապակի մը մէջ իւղը տաքցնել, կոլոլակները տապկել, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան, ապա փոխադրել ծծուն թուղթի վրայ:

Կոլոլակները հրամցնել տաք կամ պաղ, համեղ աղցանի մը կողքին:

 

 Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ճամբիդ երբեք չյանձնուես,
Չկորցնես քո հաւատը,
Դատարկ բանից լաց չլինես.
Կեանքում միշտ կայ վատից վատը:

Զգուշ եղի՛ր, բայց ոչ վախկոտ.
Վախկոտը դեռ բան չի շահել,
Ընտրի՛ր ճամբան միշտ քարքարոտ.
Հեշտ գտածը հեշտ է կորցնել:

Մի՛ վհատուիր, ապրի՛ր յոյսով,
Վաղը նորից լոյս կը բացուի:
Կեանքը ապրիր արարելով,
Որ հոգուդ մէջ ժպիտ բացուի:

Ու թող ցաւը քեզ չկոտրի,
(Ի՜նչ ցաւով ես աշխարհ եկել)
Ցաւը երբեք մեզ չի լքի.
Դու սովորի՛ր ցաւով ապրել:

Եւ խնդա՛ միշտ ամբողջ հոգով.
Խինդը միշտ չէ, որ հիւր կը գայ,
Պահի՛ր նրա յուշը սիրով,
Եթէ յանկարծ թողնի, գնայ:

ՄԱՐԻՆԷ ՅԱԿՈԲԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>