Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Խոշոր դդումը ծանօթ է իր օգտակար յատկութիւններով: Տունը պատրաստուող դդումով ծեփուկները անկասկած պիտի զարմացնեն ձեզ իրենց հրաշք արդիւնքներով:
Ա.- Սովորական մաշկի համար.-
Խոշոր դդումը կեղուեցէք, կտրտեցէք եւ քանի մը կտոր 15-20 վայրկեան եփեցէք կաթի մէջ:
Եփելէն ետք ճզմեցէք դդումները` թանձր խիւս մը ստանալու համար, ապա զայն տարածեցէք ձեր դէմքին վրայ եւ սպասեցէք 20 վայրկեան: Ցօղուեցէք գաղջ ջուրով:
Բ.- Իւղոտ մաշկի համար.-
Հում դդումը քերոցէ անցուցէք եւ մէկ ապուրի դգալին մէկ հաւկիթի ճերմկուց աւելցուցէք եւ խառնեցէք: Ստացուած ծեփուկը տարածեցէք դէմքին վրայ եւ 20 վայրկեան սպասեցէք, ապա -ձեր դէմքը ցօղուեցէք գաղջ ջուրով:
Գ.- Երիտասարդացնող դիմակ.-
Կաթի մէջ եփեցէք մի քանի կտոր դդում: Եփած դդումին աւելցուցէք հաւկիթի դեղնուց մը եւ մէկ թէյի դգալ մեղր: Ծեփուկը տարածեցէք ձեր դէմքին վրայ, սպասեցէք 15 վայրկեան, ապա լուացէք գաղջ ջուրով:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Մեխակի Գամի Օգտագործումը
– 1 –
Ակռայի ցաւի համար:
Ակռայի ցաւին ժամանակաւոր լուծում մը գտնելու համար մեխակի գամ մը տեղաւորեցէք ցաւող ակռային վրայ, ի հարկին` երկու ակռաներու միջեւ, եւ շատ չանցած` ցաւը պիտի մեղմանայ:
– 2 –
Ցեցի դէմ:
Ձեր պահարանին գզրոցներուն մէջ եւ դարաններուն վրայ մեխակի գամեր զետեղեցէք: Ցեցերը չեն ախորժիր անոր հոտէն եւ հեռու կը մնան ձեր պահարանէն:
– 3 –
Կոկորդի ցաւի դէմ:
Տաք ջուրով լեցուն գաւաթի մը մէջ քանի մը մեխակի գամ դրէք, աւելցուցէք թէյի դգալ մը մեղր եւ շերտ մը կիտրոն ու խմեցէք:
– 4 –
Խոհանոցին գէշ հոտերուն դէմ:
Խոհանոցէն անախորժ հոտերը հեռացնելու համար թէյամանին մէջ ջուր եռացուցէք, մէջը մեխակի գամ նետեցէք եւ եռացուցէք: Շատ չանցած` անախորժ հոտերը պիտի չքանան:
– 5 –
Սառնարանի գէշ հոտերուն դէմ:
Գաւաթի մը կէսը կիտրոնի հիւթ լեցուցէք, քանի մը մեխակի գամ աւելցուցէք եւ սառնարանին դարաններէն մէկուն վրայ զետեղեցէք անախորժ հոտերը չէզոքացնելու համար:
– 6 –
Կերակուրներուն համ տալու համար:
Յատկապէս մսեղէններու պատրաստութեան մէջ անպայման մեխակի գամ գործածեցէք անոնց բոյր եւ համ տալու համար:
– 7 –
Բերնի գէշ հոտին դէմ:
Քանի մը մեխակի գամ ծամեցէք, եթէ սոխի կամ սխտորի պատճառով ձեր շունչը գէշ կը հոտի:
– 8 –
Եթէ յօդային կամ մկանային ցաւերէ կը տառապիք, ահաւասիկ` բնական եւ արագ միջոց մը. գաւաթ մը եռացած ջուրի մէջ քանի մը մեխակի գամ նետեցէք եւ տաք-տաք խմեցէք:
Առողջապահական
Դդումի Կուտ Ուտելու
10 Համոզիչ Պատճառներ
1.- Խոշոր դդումի կուտը կը զօրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը` շնորհիւ ֆիթոսթերոլ կոչուած նիւթին:
2.- Խոշոր դդումի կուտը առատ զինկ կը պարունակէ, իսկ զինկը կ՛ապահովէ ճերմակ գնդիկներու պահեստը եւ կը պայքարի բորբոքումներու դէմ:
3.- Խոշոր դդումի կուտը հարուստ է մակնեզիոմով, իսկ մակնեզիոմը կը դարմանէ գլխացաւը, մկանային պրկումները, անձկութիւնը:
4.- Խոշոր դդումի կուտը կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլի մակարդակը:
5.- Կը թեթեւցնէ ընկճախտը:
6.- Կը պաշտպանէ օսթէոփորոզէն:
7.- Մակաբոյծները դուրս կը քշէ մարմինէն:
8.- Օգտակար է շագանակագեղձին համար:
9.- Կը կանխէ երիկամներուն մէջ քարերու յառաջացումը:
10.- Կ՛օգնէ քնանալու:
Հետաքրքրական Եւ Օգտակար Միտքեր`
Ուտելիքերուն Կեանքը Երկարելու Համար
1
Որպէսզի սոխերը երկար դիմանան, զանոնք կանացի մաքուր գուլպայի մէջ շարել, մէկիկ-մէկիկ հանգուցել եւ օդասուն տեղ մը զետեղել:
2
Որպէսզի պանանները արագ չսեւնան, անոնց կոթերուն միացման տեղը քլինկ ֆիլմով փաթթեցէք:
3
Ֆրանսական օթեկ հացի շերտերը քառակուսի կտրտեցէք, ափսէի մը մէջ տարածեցէք եւ փուռին մէջ խորովեցէք: Խորոված հացի կտորները օգտագործեցէք ապուրներու եւ աղցաններու հետ:
4
Նախքան կանաչեղէններուն դեղնիլն ու թօշնիլը` զանոնք մանրեցէք, սառոյցի կաղապարներուն մէջ լեցուցէք, վրան ձէթ աւելցուցէք եւ սառցարանը պահեցէք: Զանոնք աւելի ուշ օգտագործեցէք կերակուրներու կամ աղցաններու մէջ:
5
Աւելցած գինին մի՛ թափէք: Զայն լեցուցէք սառոյցի կաղապարին մէջ եւ սառցարանը պահեցէք աւելի ուշ մսեղէններու եւ թացաններու պատրաստութեան մէջ օգտագործելու համար:
Տան Յարդարանք
Ինչպէ՞ս Երկրորդ Կեանք Մը Տալ…
Ա.- Թէյմանի մը` զայն լուսամփոփի վերածելով:
Բ.- Փայտեայ փեղկի մը` զայն պատի զարդի վերածելով:
Գ.- Փոցխի մը` զայն գինիի բաժակի կախիչի վերածելով:
Դ.- Պատառաքաղներու` զանոնք կախիչներու վերածելով:
Ե.- Հին «երկրագունդի» մը` զայն զոյգ լուսամփոփներու վերածելով:
Խոհագիր
Շոմինով Եւ Խնձորով Աղցան
Բաղադրութիւն 6 անձի համար.
– 300 կրամ թարմ, պզտիկ տերեւներով շոմին
– 2 խնձոր
– 100 կրամ կարիդոս (crevette)
– 1 կիտրոնի հիւթ
– 3 ապուրի դգալ ձէթ
– 2 ապուրի դգալ մանրուած գինձ
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն.
Շոմինը լուալ եւ քամոցի մէջ փոխադրել:
Խնձորները լուալ եւ 0.5 սմ հաստութեամբ շերտել, ապա աստղաձեւ կաղապարով մը շերտերը ձեւաւորել:
Գինձը լուալ եւ մանրել:
Խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել կիտրոնի հիւթը, աղը, սեւ պղպեղն ու ձէթը Խառնել: Ստացուած թացանին աւելցնել մանրուած գինձը:
Աղցանի յատուկ ամանի մը մէջ դնել շոմինի տերեւները եւ աստղաձեւ խնձորները, վրան թափել թացանը: Զգուշութեամբ խառնել:
Երեսը զարդարել նախապէս խաշած եւ մաքրուած կարիդոսներով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ես Կը Գամ Քեզ Մօտ
Գուցէ խենթացած սիրուց ու բախտից,
Գուցէ խստադէմ, մռայլ, ինչպէս մահ,
Մինչ ոսկորներս յոգնած աշխարհի
Սեւից ու ստից:
Սակայն իմացիր,
Երբեք ես չեմ գայ քեզ մօտ դիմակով.
Կը գամ ինչպէս կամ –
Սիրիր, ինչպէս կամ –
Եւ, աղաչում եմ, դու էլ մի զուգուիր
Լուսապսակով,
Եղիր ինչպէս կաս,
Սիրիր ինչպէս կաս.
Քեզանից առաջ
Ցամաքած, տրտում ջրհոր էր հոգիս,
Դու եկար,
Եւ ես լցուած եմ մի ծովի նման,
Բայց, աղաչում եմ,
Շողուն խօսքերով ինձ մի ամոքիր,
Ատում եմ կեղծը –
Ինձ իսկականն է հարկաւոր միայն:
Հրդեհ մի խաղա –
Եթէ կրակդ մարել է իրաւ.
Մի քաշուիր ցաւից –
Խաբուելու ցաւը աւելի է մեծ.
Ստից շնչահեղձ այս աշխարհի մէջ
Արի գոնէ մենք չխաբենք իրար..ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ