Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Շուտով օդերը պիտի մեղմանան եւ շատեր պիտի փափաքին կրել իրենց ամառնային սանտալներն ու մուճակները: Բայց չկայ աւելի տգեղ եւ տհաճ բան, քան` ճաթռտած կրունկները: Ահաւասիկ տնային դիւրին միջոցներ` զանոնք դարմանելու համար:
-1-
Տղամարդու սափրուելու օճառով ծածկեցէք ձեր կրունկները:
Մէկ սուրճի գաւաթ լիսթերինին աւելցուցէք մէկ սուրճի գաւաթ գաղջ ջուր:
Անձեռոցիկ մը թաթխեցէք այդ ջուրին մէջ եւ ապա անով ծածկեցէք ձեր կրունկը: Սպասեցէք կէս ժամ:
Նոյն անձեռոցիկով շփեցէք կրունկը եւ մաքրեցէք օճառը:
Ոտքերու յատուկ սերով մը շփեցէք կրունկը:
-2-
Լուացուած եւ մաքուր ոտքերը եւ յատկապէս կրունկները շփեցէք բուսական իւղով:
Բամպակեայ մաքուր գուլպաներ հագէք եւ ձգեցէք, որ իւղը ամբողջ գիշեր մը մնայ ձեր ոտքերուն եւ կրունկներուն վրայ:
Այս գործողութիւնը կրկնեցէք օրերու վրայ եւ պիտի տեսնէք, որ ձեր կրունկները փափկացեր են:
-3-
Ձեր կրունկները յղկեցէք յատուկ քարով կամ մետաղեայ յղկիչով:
Զանոնք օճառով եւ ջուրով լուացէք:
Մաքուր կրունկները շփեցէք վազելինով:
Բամպակեայ մաքուր գուլպաներ կրեցէք եւ ձգեցէք, որ վազելինը ամբողջ գիշերը իր ազդեցութիւնը գործէ ճաթռտած կրունկներուն վրայ:
Լաւ արդիւնքի հասնելու համար այս գործողութիւնը կատարեցէք օրական, մինչեւ որ ձեր ճաթռտած կրունկները դարմանուին:
-4-
Առէք հասուն պանան մը, զայն ճզմեցէք եւ թանձր խիւսի վերածեցէք:
Ձեր մաքուր ոտքերուն կրունկները ծածկեցէք այդ ծեփուկով եւ սպասեցէք քառորդ ժամ:
Ձեր ոտքերը ցօղուեցէք գաղջ ջուրով:
Այս գործողութիւնը կատարեցէք քանի մը շաբթուան վրայ, մինչեւ որ ձեր կրունկները վերագտնեն իրենց նախկին վիճակը:
-5-
Մեղրը ունի փափկացնող եւ հականեխիչ յատկութիւններ:
Գաղջ ջուրով լեցուն տաշտի մը մէջ գաւաթ մը մեղր լուծեցէք:
Ձեր ոտքերը այդ ջուրին մէջ պահեցէք քառորդ ժամ:
Կրունկի յատուկ յղկիչով յղկեցէք կրունկները:
5 վայրկեան եւս ոտքերը մխրճեցէք ջուրին մէջ:
Այս գործողութիւնը կատարեցէք շաբաթը քանի մը անգամ, մինչեւ որ սպասուած արդիւնքին հասնիք:
Գեղեցկագիտական
Մորթին Մեռած Բջիջները
Մաքրող Ծեփուկ
Մեղրով Եւ Նուշով Սքրապ
Մեռած բջիջները մաքրող ծեփուկը (սքրապ) պատրաստելու համար անհրաժեշտ են`
5-6 հատ նուշ,
Կէս թէյի դգալ մեղր,
Քառորդ թէյի դգալ քրքում (turmerie)
Ծեփուկը պատրաստելու համար նուշերը եռացած ջուրի մէջ դրէք, ապա կեղուեցէք եւ հարիչէ անցուցէք:
Մանրուած նուշին վրայ աւելցնել մեղրն ու փոշի քրքումը, խառնել եւ ստացուած ծեփուկը տարածել դէմքին եւ վիզին վրայ, սպասել 20-25 վայրկեան, ապա մատներուն ծայրով շրջանաձեւ մարձումներ ընել` մեռած բջիջները մաքրելու համար:
Հեղուկ կաթով մաքրել դէմքը:
Սնուցանող Եւ Առողջ
Տեսք Տուող Ծեփուկ
Տուրմով Ծեփուկ
Տուրմով պատրաստուած այս ծեփուկին համար անհրաժեշտ են`
8 քառակուսի լեղի տուրմ
Ապուրի 1 դգալ նուշի իւղ կամ ձէթ
Պեն մարի ձեւով տուրմը հալեցնել (կարելի է նաեւ մանրալիք օգտագործել), աւելցնել ձէթը, խառնել` միատարր նիւթ մը ստանալու համար:
Գաղջ ծեփուկը տարածել դէմքին վրայ, սպասել 15-20 վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:
Տուրմը ունի հակաօքսիտան յատկութիւն. անիկա նաեւ հարուստ է հանքայիններով:
Էօ. կենսանիւթով հարուստ այս ծեփուկը օգտագործել շաբաթը առնուազն անգամ մը:
Ձեռային Աշխատանք
Գինիի Խցաններով
Պատրաստուած Ծաղկաման
Այս պարզ, բայց գեղեցիկ ծաղկամանը պատրաստելու համար անհրաժեշտ են`
Ապակեայ, նախընտրաբար քառակուսի աման մը,
Խէժ,
Գինիի խցաններ:
Պատրաստութիւն.-
Նկարին հետեւելով` մաքուր ապակեայ ամանին չորս կողմը փակցուցէք գինիի խցանները:
Սպասեցէք առնուազն ժամ մը` զայն իբրեւ ծաղկաման գործածելու համար:
Այս պզտիկ, կոկիկ ծաղկամանը շատ լաւ կը յարմարի աշխատանքի գրասեղանը զարդարելու համար:
Նորաձեւութիւն
Վալենթինոյի «Մայ Ռոքսթատ»
Պայուսակը
Տակաւին մինչեւ վերջերս Շանել եւ Հերմես կանացի պայուսակները Հոլիվուտի աստղերուն նախասիրած պայուսակներն էին, բայց անցեալ աշնան շուկայ իջած Վալենթինօ նորաձեւութեան տան «Մայ ռոքսթատ» պայուսակը շուքի մէջ ձգած է առաջինները:
Այսպէս, Անժելինա Ժոլի, Պիոնսէ, Լէյտի Կակա, Ճեսիքա Ալպա, Քամերոն Տիազ եւ շատ ուրիշներ ամէնուրեք կը շրջին իրենց «Մայ ռոքսթատ»-ով, որ իր անմատչելի եւ երեւակայական գիներով շատերու սիրտը կ՛այրէ…
Արդարեւ, 2 հազար 675 տոլար արժող, դասական տեսքով պայուսակը շատ պարզ, բայց վայելուչ տեսք ունի: Օժտուած է զոյգ կոթերով` կարճ ու երկար եւ պատրաստուած է բարձրորակ կաշիէ:
Մեր Զաւակները Եւ Մենք
«Պարպի» Պուպրիկները`
Վտանգաւոր…
Մանկավարժներու կարծիքով, պէտք է «Պարպի» պուպրիկները փոխարինել ստեղծագործական եւ ուսուցողական խաղալիքներով: Անոնց կարծիքով, պուպրիկները կը խոչընդոտեն երեխաներուն ստեղծագործական զարգացումը: Բան մը, որ ապագային կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ երեխաներուն բնաւորութեան եւ ձեռքբերումներու ձեւաւորման վրայ:
Նոյն մանկավարժներուն համաձայն, «Լեկօ», «Մեքանօ», «Փազըլ» եւ այլ խաղալիքներ շատ աւելի օգտակար եւ հետաքրքրական խաղալիքներ են, քանի որ կը զարգացնեն մանկական երեւակայութիւնը եւ այլ յատկանիշներ:
Վերոյիշեալ խաղալիքներուն մէկ այլ առաւելութիւնն ալ այն է, որ կարելի է անոնցմով խաղալ ծնողներուն կամ ընկերներուն հետ եւ կիսուիլ այդ հաճոյքը:
Մանկավարժները համոզուած են, որ տարիներ շարունակ «Պարպի» պուպրիկներով խաղացող աղջնակները ժամանակի ընթացքին կ՛ուզեն նմանիլ այդ տիպի աղջկան մը, երիտասարդուհիի մը: Անոնք առաւելաբար կը հմայուին հագուստով, արդուզարդով, կը դառնան մակերեսային եւ սահմանափակ:
Կ՛արժէ մտածել այս բոլորին մասին…
Պահքի Խոհագիր
Ոսպով Եւ Կաղամբով Ուտեստ
Բաղադրութիւն
1,5 գաւաթ խաշած եւ հարիչէ անցած ոսպ
1 սոխ
1 ստեպղին
400 կրամ կաղամբ
Աղ, կարմիր փոշի պղպեղ
Ապուրի 2 դգալ մանրուած ազատքեղ
Պատրաստութիւն
Մանրուած սոխը, քերոցէ անցած կաղամբն ու ստեպղինը քիչ մը ձէթի մէջ թեթեւ տապկել: Աւելցնել ազատքեղը, համեմները եւ խառնուրդը թափել նախապէս խաշած եւ հարիչէ անցած ոսպին վրայ ու շաղել:
Ստացուած խառնուրդը կլոր եւ քիչ մը տափակ ձեւաւորել եւ տապկել` մինչեւ կարմրիլը:
Հրամցնել կաղամբով եւ ստեպղինով պատրաստուած աղցանի կողքին:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
* * *
Դու անուն չես սոսկ երգելու համար,
Դու հող ես, լեռ ես, երկինք ես, օդ ես,
Անտառ ես կանգուն ու այգի դալար,
Դու սրտերի մէջ սեր ու կարօտ ես:Դու ձորերի մէջ շաչող Թարթառ ես
Եւ սրնգաձայն զեփիւռ ես սարի,
Դու Ամարաս ես ու Գանձասար ես,
Դու Մռաւ սար ես ու մայր ես բարի:Քո ժայռերի պէս դու քարակերտ ես
Եւ քարերիդ պէս ամուր ես ու կուռ,
Դարերում կանգնած անխորտակ բերդ ես,
Դու քաջի ձեռք ես, ոգի աննկուն:Դու բոյր ես ծաղկի ու թթի ծառ ես,
Խաղողի վազ ես բերքով ծանրացած,
Երկնքից կախուած արտոյտի ձայն ես
Ու արտերի մէջ խճճուած կածան:Աղբիւրներիդ պէս զուլալ, արդար ես,
Կամք ու սատար ես հպարտ ոգուն մեր,
Դու ճարտարաձեռ մի նոր Ճարտար ես,
Նոր ճանապարհ ես, դու երգ ես անմեռ:Աղջիկներիդ պէս սիրող ու ջերմ ես,
Ջահելներիդ պէս խիզախ ու արի,
Դու մեր լեռներից հոսող Խաչենն ես,
Ըմբոստ կաղնին ես Սինգարա սարի:Ո՛չ, անուն չես սոսկ երգելու համար,
Դու վարդի թաղ ես, աղբիւր ես, բաղ ես,
Դու մեր սրտերի կարօտն ես անմար,
Յաւիտեան կանաչ իմ Ղարաբաղն ես:ՎԱԶԳԷՆ ՈՎԵԱՆ
1962 թ.