Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Հոգեբանական. Վառ Գոյներ` Առողջութեան Համար

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

iStock_000001902467XSmall

Գիտնականներու կարծիքով, տեսողական աշխարհաընկալման մէջ գոյնը շատ կարեւոր դեր կը խաղայ: Բժշկութեան, մասնաւորապէս` հոգեբանութեան  մէջ, յաճախ կ՛օգտագործեն գոյնի միջոցով դարմանումը:

Գունային ճիշդ երանգները շատ լաւ կ՛ազդեն ջղային համակարգին վրայ, նոյնիսկ աւելի լաւ, քան` շատ մը դեղեր:

Վերջերս հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ կարմիր-նարնջագոյն գոյնին երկար նայողներուն մօտ զարկերակը կ՛արագանայ եւ արեան ճնշումը կը բարձրանայ, որմէ ետք նոյն մարդիկը, երբ կը նային մութ կապոյտ երանգներուն, իրենք զիրենք շատ աւելի հանգիստ կը զգան:

Գիտնականները նաեւ ապացուցած են, որ այս կամ այն գոյնի բացակայութիւնը շատ գէշ կ՛ազդէ մարդոց վրայ: Օրինակ` առողջ եւ ուրախ ապրելու համար կարեւոր են վառ գոյները: Այսպիսի գոյները մարդոց կու տան ստեղծագործական ուժ եւ կորով: Աշնան մարդիկ կը զգան «գունային պակաս», կանաչի բացակայութիւն… ընկճախտը, անքնութիւնը, քրոնիկ յոգնածութիւնը կրնան հետեւանք ըլլալ գոյներու պակասի:

Պէտք է իմանալ, որ`

–  Կարմիր գոյնը կը լաւացնէ մորթին գոյնը եւ բուժիչ ազդեցութիւն կ՛ունենայ կաթուածներու պարագային:

–  Նարջնագոյնը երիտասարդացնող յատկութիւն ունի, կը լաւացնէ նիւթափոխականութիւնը եւ կը բարձրացնէ ախորժակը:

–  Կանաչը դրական ազդեցութիւն կը գործէ գլխացաւի պարագային:

–  Դեղինը կը կարգաւորէ ստամոքսին աշխատանքը:

–  Կապոյտը կ՛իջեցնէ արեան ճնշումը:

–  Ճերմակը բուժիչ ազդեցութիւն կը գործէ ջղային համակարգին վրայ:

–  Մանիշակագոյնը դրական ազդեցութիւն կը գործէ հոգեկան եւ ջղային հիւանդութիւններու պարագային:ջի անուշները կը բորբոսին, կը շաքարոտին, այլ խօսքով` կը փճանան:

 

Առողջապահական

Աղմուկին Բացասական
Ազդեցութիւնը

noise_030316

Աղմուկը, որ անցանկալի ձայներու համադրութիւն մըն է, կ՛ազդէ թէ՛ մեր լսողութեան եւ թէ՛ մեր կարգ մը գործարաններուն վրայ:

Այսպէս, բժիշկներու կարծիքով, աղմուկը ժամանակի ընթացքին կ՛առաջնորդէ լսողութեան դանդաղ կորուստի, յատկապէս այն անձերուն մօտ, որոնք գործի բերմամբ երկար ժամեր աղմուկ կը լսեն: Նոյն այս անձերը կ՛ունենան գլխու ցաւ եւ յոգնածութիւն:

Բացի վերը նշուածներէն, զօրաւոր աղմուկը գլխապտոյտ, յիշողութեան կորուստ, քունի խանգարում, ախորժակի կորուստ եւ սիրտին շուրջ ցաւեր կրնայ պատճառել:

Աղմուկին բացասական ազդեցութիւնը կրնայ արտայայտուիլ սրտանօթային համակարգի խանգարումով, ընկճախտով, եւ կարգ մը հիւանդութիւններու դէմ դիմադրողականութեան անկումով:

Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է ամէն գնով խուսափիլ երկարատեւ աղմուկէն:

Աղը Վնասակար Է Լեարդին

Salt_030316Մինչեւ հիմա գիտէինք, որ աղին չափազանցուած գործածութիւնը կը վնասէ արեան ճնշումին, որուն պատճառով ալ առողջական այլ խնդիրներ կը յայտնուին:

«Սայընս Ուորլտ Ռեփորթ»-ի կողմէ լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն, աղի բարձր պարունակութեամբ ուտելիքները լրջօրէն կը վնասեն լեարդին:

Նոյն յօդուածին համաձայն, միջին հաշուով օրական մէկ թէյի դգալէն աւելի աղ պէտք չէ սպառել, բայց նոյնիսկ այդքանը շատ է կարգ մը մարդոց պարագային, մանաւանդ եթէ անոնք առողջական հարցեր ունին:

Մուկերու վրայ կատարուած հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է, որ աղի չափազանցութիւնը լեարդին մէջ յառաջացուցած է շարք մը փոփոխութիւններ, այսպէս` որոշ բջիջներ ձեւափոխուած են, իսկ ուրիշներ` մեռած:

Ահաւասիկ երկրորդ համոզիչ պատճառ մը` աղի սպառումը չափաւորելու համար:

 

5 Ուտելիք, Որոնք Միշտ
Սառնարանը Պէտք Է Պահել

Réfrigérateur_030316

Արագ փճացող ուտելիքները պէտք է անպայման սառնարանը պահել: Ահաւասիկ` 5 ուտելիք, որոնք ըստ «Պիզնէս Ինսայտըր»-ի, պէտք չէ երկու ժամէն աւելի սենեակի ջերմաստիճանով պահել:

1.- Կաթը պէտք է սառնարանը պահել` վնասակար մանրէներու զարգացումը կանխելու համար:

2.- Թարմ միսը եւ ձուկը նոյնպէս սառնարանը պէտք է պահել եւ մնացեալ ուտելիքներէն հեռու` գոց ամաններու կամ կերպընկալէ տոպրակներու մէջ:

3.- Հաւկիթը նոյնպէս պէտք է սառնարանը պահել` սալմոնելա մանրէէն չվարակուելու համար:

4.- Կակուղ պանիրները մշտապէս սառնարանը պէտք է պահել. այդ պանիրներէն յիշենք` ռոքֆորը, փարմըզանը եւ այլն…

5.- Անուշներու շիշերը անգամ մը որ բացուին, պէտք է որ անմիջապէս սառնարանը դրուին, այլապէս մէջի անուշները կը բորբոսին, կը շաքարոտին, այլ խօսքով` կը փճանան:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարներ

Հինգ Միջոց` Անուշահոտին Բուրմունքը
Երկար Պահելու Համար

1356414638_perfume-1

Եթէ ձեր անուշահոտին բոյրը կայուն չէ, չի նշանակեր, որ անիկա անորակ է: Պարզապէս հնարաւոր է, որ դուք զայն ճիշդ ձեւով չէք օգտագործեր:

Ահաւասիկ 5 միջոց, որոնք կ՛օգնեն երկարացնել անուշահոտին բոյրը:

1

Անուշահոտը քսեցէք լոգանքէն անմիջապէս ետք քանի որ այն պահուն երբ մորթը տակաւին խոնաւ է եւ գոլորշահարուած անիկա աւելի լաւ կը ներծծէ հոտը աւելի երկար կը պահէ իր վրայ:

2

Խոնաւցուցէք մաշկը: Շատ մեծ սխալ է չոր մորթին վրայ անուշահոտ քսելը: Թելադրելի է ձեր մորթը շփել յատուկ մարմնի սերով, որմէ ետք անուշահոտը 2-3 ժամ աւելի երկար կը դիմանայ:

3

Վազելին օգտագործեցէք: Անոր ճարպային բաղադրութիւնը կ՛օգնէ, որ անուշահոտին բոյրը շուտ չցնդի, ընդհակառա՛կը, աւելի երկար դիմանայ:

4

Ընտրեցէք մարմնին ճիշդ մասերը: Օծանելիքը երկար պահպանելու ամենակարեւոր գաղտնիքը հետեւեալն է. պէտք է զայն սփռել մարմնի այն հատուածներուն վրայ, ուր կարելի է զգալ ու ստուգել զարկերակը: Օծանելիքը աւելի լաւ կը պահպանուի մարմնի այն մասերուն, ուր ջերմութիւնը աւելի բարձր է, օրինակ` դաստակներուն վրայ, ականջներուն ետեւը, քունքերուն վրայ, արմուկներուն ներսի բաժինը եւ այլն…

5

Մի՛ մոռնաք մազերը: Կայ ան սխալ կարծիքը, որ օծանելիքը կը վնասէ մազերուն արմատներուն:

Մաքուր մազերուն վրայ ցօղուած օծանելիքը երկար կը դիմանայ:

 

Տան Յարդարանք

Ի՞նչ Կարելի Է Ընել
Հին Շրջանակներով

Անկիւն մը ձգուած հին շրջանակներուն երկրորդ կեանք մը տուէք` զանոնք վերածելով`

Frame-It-2_030316

ա.- Գեղեցիկ պատի զարդի մը` մէջը քանի մը կտոր քրոշէ ձեռագործ ցուցադրելով:

_DSC8248-edited

բ.- Գեղեցիկ պատի զարդի` մը` ձեր մանեակները ցուցադրելու համար:

146789269074234732Ho0GiBz5c

գ.- Գեղեցիկ պատի զարդի մը` մէջը փոքրիկ ծաղկամաններ հաստատելով:

Picture-frames_030316

դ.- Գեղեցիկ սկուտեղի մը` մէջը գեղեցիկ նախշերով թուղթ մը կամ կտոր մը անցընելով:

 

Խոհագիր

Խորոված Ծաղկակաղամբ

butter-drizzled-cauliflower_030316

Պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են.

1 միջակ ծաղկակաղամբ
Ձէթ
Աղ, սեւ պղպեղ
Կարագ
Մանրուած ազատքեղ

Պատրաստութեան կերպը.

Առէք ծաղկակաղամբը, մաքրեցէք շուրջի տերեւները, լուացէք, ցամքեցուցէք:

Ծաղկակաղամբը տեղաւորեցէք փուռ գացող ափսէի մը մէջ, վրան ձէթ թափեցէք եւ ձեռքով շփեցէք, որպէսզի ամբողջութեամբ ձէթով ծեփուի: Վրան ցանեցէք պղպեղն ու աղը: Աղը նախընտրաբար Հիմալայայի վարդագոյն խոշոր աղ:

Ափսէն ծածկեցէք ֆոյլով եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ ծաղկակաղամբը եփեցէք 40-50 վայրկեան:

Դանակով մը ստուգեցէք, որ ծաղկակաղամբը դիւրաւ պիտի շերտուի. ատիկա կը նշանակէ, որ եփած է:

Եփած ծաղկակաղամբը փուռէն հանեցէք, վրան հալած կարագ եւ մանրուած ազատքեղ աւելցուցէք  եւ կրկին փուռին մէջ 5-10 վայրկեան եփեցէք, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնայ:

Կարկանդակի պէս շերտեցէք եւ հրամցուցէք:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Բաժանում

Բաժանում կայ, որ արժէ իսկապէս,
Հազար միացում,
Ինչպէս քոնն հիմա, ուր կայ եւ զղջում,
Եւ խղճի մորմոք, եւ արցունք ու ցաւ.
Եւ տարիների կորուստ կայ հարկաւ…
Գնում ես որպէս հեռացող մի վիշտ,
Եւ ոչ թէ պանդուխտ,
Որն ունի միշտ էլ տունդարձի ճամբայ…
Գնում ես որպէս փրկութեան մի ուխտ,
Տանելով քեզ հետ թուլութեանդ ողջ
Կարողութիւնը,
Որ իւրացնել չկարողացայ,
Չկարողացայ տանել կանացի
Ուսերով յոգնած
Տուածդ հարուստ տառապանքների
Գանձերը աղքատ,
Ուր ափսոսանքի մի ոսկի չկայ…
Առ տար, տար քեզ հետ
Քո սիրուց շահած կուտակումներս,
Որ պատկերով լի յոյսեր են փշրած,
Փթթած յոյզեր են` մախաղներով լի
Ու քուրձեր` լցուած հաւատով դատարկ…
Տար քեզ հետ բարձած խեղճ տարիներիս
Վագոնները ձիգ,
Որ բերնեբերան լցուած են ցյագ
Յուսախաբութեամբ…
Ես գիտեմ, որ մեր ճակատագրում
Լաւատեսութեան ոչ մի շոքեքարշ
Չի շարժի տեղից այդ գնացքը բութ,
Քանզի շուռ կը գայ ուժասպառութեան
Երկաթգծերին
Ու կը կործանուի հիասթափութեամբ…
Առ տար, տար քեզ հետ բեռները սիրուդ,
Որ չհանգուցուեն կեանքիս վթարին,
Ու ծանրանալով աճիւնիս հոգուն
Այն աշխարհում սեղմ
Կտրեն շիրիմիս շունչը հողեղէն…
Տար սիրտս, առ տար,
Սէրն ունի հզօր նախազգացում,-
Բաժանումներ կան որ արժէն հազար
Մահ ու միացում…

ՄԵՏԱՔՍԷ

 

 

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles