Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Մեծ Մայրիկի Հնարքներ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

fc9605cd2e0cfd8ef15427a66f962c25f

1-

Կերակուրը շատ աղի է, ի՞նչ ընել:

Կեղւուած գետնախնձոր մը երկուքի կիսեցէք, կերակուրին աւելցուցէք եւ քիչ մը եւս եփեցէք:

-2-

Ի՞նչ ընել, որպէսզի պտուղով աղցանը չսեւնայ:

Պարզապէս պտուղները ցօղուել կիտրոնի, կրիֆոնի, կամ նարինջի հիւթով:

-3-

Ի՞նչ ընել դեղձը դիւրին կեղուելու համար:

Զայն սառցարանը դնել, յետոյ եռացած ջուրի մէջ մխրճել:

-4-

Ի՞նչ ընել, որպէսզի գետնախնձորը չծլի:

Զայն ածուխի խաւերու միջեւ պահել:

-5-

Ի՞նչ ընել, որպէսզի պտուղները թարթին խմորը չթրջեն:

Պէտք է խմորին վրայ շաքար կամ ալիւր ցանել եւ յետոյ միայն պտուղները շարել:

-6-

Ի՞նչ ընել, որպէսզի պանիրը երկար դիմանայ:

Ամանին մէջ կտոր մը շաքար աւելցնել: Շաքարը պարբերաբար փոխել, քանի որ կը խոնաւնայ եւ կը թրջուի:

-7-

Տանձերը ինչպէ՞ս երկար պահել:

Պարզապէս զանոնք սենեակի ջերմութեամբ գլխիվար շարելով:

 

Հինգ Հնարներ, Որոնք
Կ՛օգնեն Աւելի Քիչ Ուտել

Բրիտանացի յայտնի հոգեբան Ռիչըրտ Ուայզման կ՛առաջարկէ արագ նիհարնալու հետեւեալ «գաղտնիքները»:

-1-

Tricks1_031016

Կերէք փոքր պնակի մէջէն: Տարբեր չափի երկու պնակներու մէջ նոյն քանակութեամբ կերակուրը փոքր պնակին մէջ աւելի շատ կը թուի եւ աւելի աչք կը կշտացնէ. երկրորդ անգամ մը նորոգելու փորձութեան նուազ կը մատնուիք:

-2-

Tricks2_031016

Եթէ աջլիկ էք, կերէք ձախով եւ հակառակը: Ըստ բրիտանացի հոգեբանին, ձեր ուտելիքին չափաքանակը 20 տոկոսով կը նուազի:

-3-

Tricks3_031016

Գործածեցէք նեղ, երկարավիզ բաժակներ: Առաջին նայուածքով կարճ, լայն բաժակը աւելի քիչ հեղուկ կը պարունակէ, քան` բարձր բաժակը: Բայց ատիկա աւելի պատրանք է, քանի որ առաջինին ծաւալը խորքին մէջ աւելի շատ է:

-4-

Tricks4_031016

Խոհանոցը հայելի կախեցէք: Պարզուած է, որ հայելիին առջեւ մարդիկ աւելի գիտակցաբար կը մօտենան ուտելիքին եւ կը նախընտրեն աւելի առողջապահականը:

-5-

Tricks5_031016

Բրիտանացի հոգեբանին վերջին խորհուրդն է ծամոն ծամել, ամէն անգամ որ անօթութիւնը կը յայտնուի: Նախընտրութիւնը տալ մրգային յաւելումներով եւ շաքարէ զուրկ տեսակներուն:

 

Ձեռային Աշխատանք

Ի՞նչ Կարելի Է Ընել
Փայտեայ Լաթակալներով

Ձեռային աշխատանքները ոչ միայն մեր ժամանակը կը լեցնեն, այլեւ կը մեղմացնեն ընկճախտը եւ մտքին թռիչք կու տան: Ահա թէ ինչո՛ւ ստեղծենք առիթը եւ մեր ժամանակը լեցնենք օգտակար զբաղումով մը:

Այս աշխատանքին կրնան մասնակցիլ նաեւ մեր զաւակները: Զանոնք քանի մը ժամ կը հեռացնեն պատկերասփիւռէն, բջիջայինէն եւ Այփետէն, միասին գործի լծուինք, յարմար առիթ մը` զրուցելու բան մը, որ դժբախտաբար քիչ անգամ կը պատահի մեր օրերուն:

Սովորական լաթակալերով կրնանք պատրաստել

54eaec9364762_-_crafts-trivet-0514-xln

ա.- Տակդիրներ. լաթակալերուն փայտերը անջատելով երկաթէն, զանոնք շրջանաձեւ շարենք, ճերմակ սոսինձով փակցնենք, սպասենք, որ սոսինձը չորնայ եւ կարծրանայ:

Clothespin-Planters_031016

բ.- Թաղարները ծածկող ճաշակաւոր զարդեր. փայտեայ լաթակալները կրնանք գունաւորել կամ իրենց պարզ վիճակով ձգել եւ դարձեալ կլու կանով կամ ճերմակ սոսինձով փակցնել բոյսերու թաղարներուն չորս կողմը:

a40cc29af3211e1306e7ea1e21bc8003

գ.- Կախիչ. տախտակի մը վրայ հաստատենք 10-12 լաթակալ, տախտակը հաստատենք սենեակին կամ հագուստի պահարանին դրան վրայ եւ լաթակալներէն հաստատենք մեր վզկապերը: Այսպիսով, անոնք չեն ճմռթկուիր, ոչ ալ պահարանին մէկ անկիւնը` կորսուիր: Զանոնք կ՛ունենանք մեր աչքին առջեւ` շարուած եւ կոկիկ:

 

Մեծերու Խօսքերը` Կիներու Մասին

«Մարդ ըլլալը դժուար է, կին ըլլալը` աւելի եւս»:

Մարթի Լառնի

***

«Կինը նոյնպիսի բնական տարերք է, ինչպէս` քամին, կայծակը, հոսանքը»:

Հագինսոն Թորի

***

«Եթէ կիները գոյութիւն չունենային, աշխարհի բոլոր դրամները անիմաստ կ՛ըլլային»:

Արիստոտել Օնասիս

***

«Կնոջ մօտ ամէն ինչը սիրտ է, նոյնիսկ` գլուխը»:

Ժան Փոլ Ռիխթեր

***

«Կինը թէյի թուրմի պէս բան է. մինչեւ չեռայ` չես գիտնար անոր թնդութեան աստիճանը»:

Նիքոլա Ռիգան

 

***

«Կիները ստեղծուած են սիրուելու եւ ոչ թէ հասկցուելու համար»:

Օսքար Ուայլտ

***

«Չէի ըսեր, որ կիները զուրկ են բնաւորութենէ, ուղղակի անոնք ամէն օր նոր բնաւորութիւն ունին»:

Հենրիխ Հայնէ

***

«Միայն կինը ի զօրու է ժամանակաւորապէս կանգնեցնել ժամանակը»:

Ժոզեֆ Բուլատովիչ

***

«Պատմութիւնը կը ստեղծեն կիները, սակայն պատմութիւնը միայն տղամարդիկը կը յիշէ»:

Հենրիխ Հայնէ

***

«Կնոջ մէջ գաղտնիք մը կայ, կենարար առեղծուած մը, որ աղբիւր կը հանդիսանայ բոլոր ուրախութիւններուն եւ հոգերուն համար»:

Առնէ Հարպորկ

***

«Կինն է, որ տղամարդը դուրս բերաւ դրախտէն, եւ միայն ան կրնայ տղամարդը կրկին հոն վերադարձնել»:

Էլպըրթ Հապարտ

Խոհագիր

Միսով Պլինչիկ

11350530_743711425757666_6571535406875644957_n1-420x280

Խմորի բաղադրութիւն.-

Կէս լիթր կաթ
2 հաւկիթ
2 ճաշի դգալ բուսական իւղ
200 կրամ ալիւր
1 թէյի դգալ սոտա
1 թէյի դգալ շաքարաւազ
Կէս թէյի դգալ աղ

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ զարնել հաւկիթը, աղը եւ շաքարը: Աւելցնել սոտան, ալիւրը, իւղն ու կաթը, հարել հարիչով:

Կոթով տապակը իւղով պատել, լաւ տաքցնել կրակին վրայ, լեցնել խառնուրդը, այնպէս շարժել տապակը, որ խմորը ծածկէ յատակը: Եփել երկու երեսով:

Պատրաստ խմորի շերտերը մէկ կողմ դնել եւ պատրաստել միջուկը:

Միսի բաղադրութիւն

Կէս քիլօ մանր միս
Խոշոր գլուխ մը մանրուած սոխ
Սուրճի գաւաթ մը խաշած բրինձ
Ապուրի դգալ մը մանրուած ազատքեղ
Աղ, սեւ եւ կարմիր փոշի պղպեղ
Քիչ մը բուսական իւղ

Պատրաստութիւն

Բուսական իւղը տաքցնել, աւելցնել սոխը եւ տաք իւղին մէջ 5 վայրկեան դարձնել, ապա աւելցնել միսը եւ համեմները եւ լաւ եփել, մերթ ընդ մերթ խառնելով:

Միսն ու սոխը եփելէն ետք աւելցնել խաշած բրինձն ու ազատքեղը, խառնել եւ ձգել, որ քիչ մը պաղի:

Իւրաքանչիւր խմորի շերտին վրայ միջուկէն քիչ մը դնել եւ երկու ծայրամասերը ծալելով` կլոր փաթթել:

Պատրաստ պլինչիկները սառնարանը պահել: Ուտելու ժամանակ տապակին մէջ շատ քիչ բուսական իւղ տաքցնել եւ պլինչիկները երկու երեսով կարմրցնել:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կտակ

Սիրուն մանկի՛կ, ես գնում եմ, դու գալիս ես այս աշխարհ.
Ճշմարիտն ես փորձով գիտեմ, ու խօսքերս մի՛ մոռնար:

Կեանքն է ամպի փախչող ստուեր, վայրկեանն է միշտ իրական,
Բախտի կռանը կամքն է թէեւ, բայց դիպուածն է տիրական:

Զգացմունքն է գերիշխանը, խելքը` նրա լոկ ծառան.
Բայց դու խելքդ վրադ պահի՛ր, ինչպէս պողպատ կուռ վահան:

Մի՛ հաւատար ստուերներին, յենուի՛ր միայն քեզ վրայ,
Ատելու չափ սի՛րիր մարդկանց, բայց լաւութիւն միշտ արա:

Եւ լայն օրում թէ՛ ընկերներ, թէ բարեկամ ճանաչի՛ր,
Իսկ նեղ օրում ընկերների ո՛չ որոնիր, ո՛չ կանչիր:

Խաղերով լի այս աշխարհում խաղդ եթէ տանուլ տաս,
Զուարթ եղի՛ր, ու այդպիսով բախտի վրայ կը խնդաս:

Անվախ ու վեհ ղեկդ վարէ անծանօթին դէմ-դէմի.
Անզղջալի առաջ գնա՛, ինչ որ լինի՛, թո՛ղ լինի:

Լսի՛ր, տղա՛ս ինձ կը թաղես անյայտ մի տեղ, աննշան,
Որ չիմանան, մարդիկ չգան` շիրմիս քարը գողանան:

Ա. ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>