Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Տօներ-Աւանդութիւններ. Ծաղկազարդ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

image_31716Ծաղկազարդը գարնան սկիզբը աւետող եկեղեցական եւ ժողովրդական տօն է: Անիկա կը նշուի Զատիկէն մէկ շաբաթ առաջ` Մեծ պահքի նախավերջին կիրակին:

Ծաղկազարդը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ, ուր զայն դիմաւորեցին ձիթենիի ոստերով: Բայց տօնը ունի նաեւ նախաքրիստոնէական ծագում եւ նուիրուած էր գարնան զարթօնքէն, յարութիւն առնող բնութեան:

Ծաղկազարդը նաեւ կոչուած է Ծառզարդար, որ դարձեալ նուիրուած էր գարնանամուտին: Մարդիկ այդ առիթով իրենց տուներն ու բակերը կը զարդարէին ուռենիի կամ ձիթենիի օրհնուած ճիւղերով` պահպանելու համար փոթորիկներէն եւ բուքէն, յետոյ զանոնք կ՛այրէին եւ մոխիրը կու տային հովին` փորձանքներէ հեռու մնալու հաւատքով: Ժողովուրդը այդ օրհնուած ճիւղերուն մէջ կը տեսնէր խորհրդաւոր ուժ, որուն օգնութեամբ պիտի կարենար դիմակայել բնութեան աղէտները:

Անցեալին եկեղեցիներուն մօտակայ ծառերը կը զարդարէին գունաւոր ժապաւէններով եւ պտուղներով այս սովորութիւնն ալ պտղաբերութեան գաղափարին հետ կապուած էր:

Մինչեւ օրս ալ Ծաղկազարդը մանուկներու եւ երիտասարդներու տօն է: Այդ օրը բոլորը կը հագնին իրենց տօնական հագուստները, փոքրերը զարդարուն մոմերով կ՛ուղղուին եկեղեցի եւ կը մասնակցին թափօրին

Ծաղկազարդի յետմիջօրէին կը կատարուի դռնբացէքի արարողութիւնը, կը բացուին եկեղեցիներու խորաններուն վարագոյրները` խորհրդանշելով Տիրոջ երկրորդ գալուստը, աշխարհի վախճանը եւ Վերջին դատաստանը:

Դռնբացէքի արարողութիւնը խօսակցութեան, հարց ու պատասխանի ձեւ ունի. դռնբացէք կը կոչուի, քանի որ անմիջականօրէն կապ ունի դրան հետ: Դուռը կամ վարագոյրը կը խորհրդանշեն երկինքի արքայութեան դռները, որոնցմէ դուրս գտնուող ժողովուրդը Աստուծմէ  կը խնդրէ, որ արքայութիւն մտնել արտօնէ:

Ծաղկազարդին յաջորդող երկուշաբթիէն մինչեւ Զատիկ տեւող շրջանը կը կոչուի Աւագ կամ Մեծ շաբաթ: Այդ օրերուն եկեղեցին կը յիշէ` Յիսուսի երկրաւոր կեանքի վերջին ընթրիքը, մատնութիւնը, չարչարանքը, խաչելութիւնն ու թաղումը: Իսկ յաջորդ կիրակի արդէն Զատիկ է` Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը:

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.

Լաւ Դաստիարակութեան
10 Գլխաւոր Կէտերը

10-steps-for-better-education_31716

Երեխային դաստիարակութիւնը կը սկսի շատ կանուխէն: Լաւ եւ ճիշդ ձեւով դաստիարակուած երեխան դժուար թէ դառնայ անկիրթ, եսակեդրոն, ապերախտ կամ անհանդուրժող: Չմոռնանք, որ որպէս ծնողք` պէտք չէ բաւարարուինք արժէքներ փոխանցելով կամ խրատներ տալով: Առաջին հերթին պէտք է, որ մե՛նք օրինակ ծառայենք մեր զաւակներուն` մեր արարքներով եւ վարմունքով:

-1-

Անմիջապէս որ երեխան լեզու ելլէ, պէտք է սորվի «շնորհակալութիւն» յայտնել: Երեխաներուն մեծ մասը կը մոռնայ այս շատ կարեւոր բառը, իսկ աւելի ցաւալին այն է, որ ծնողներն ալ չեն միջամտեր կամ չեն սրբագրեր անոր սխալ ընթացքը:

-2-

Շատ կանուխէն երեխան պէտք է սորվի համբերատար ըլլալ եւ իր կարգին սպասել: Իսկ առաջին հերթին ծնողը օրինակ պէտք է ծառայէ անոր հանրախանութին մէջ, ինքնաշարժ վարելու ժամանակ, խաղավայրերուն մէջ… Իր կարգին սպասել իմացող երեխան նաեւ դասարանին մէջ կ՛ըլլայ կարգապահ եւ յարգալիր թէ՛ ուսուցիչներուն եւ թէ՛ մանաւանդ ընկերներուն նկատմամբ:

-3-

Դարձեալ շատ կանուխէն երեխան պէտք է բարեւել սորվի ծանօթներուն, հիւրերուն… Յաճախ ամչկոտ երեխաներ կը խուսափին բարեւելէ, ծնողէն կը մնայ բացատրել, թէ ինչո՛ւ պէտք է «բարեւ» բառը գործածել: Հիւրերուն առջեւ երեխային ստիպելը կամ յանդիմանելը սխալ կեցուածք է:

-4-

«Խնդրեմ», «Եթէ կարելի է» պէտք է գործածել  «տո՛ւր», «կ՛ուզեմ» բառերէն առաջ: Հոս եւս եթէ օրուան ընթացքին ծնողները այս բառը գործածեն զաւկին դիմելու ժամանակ, երեխան ինքնաբերաբար կը գործածէ վերոյիշեալ կիրթ բառերը:

-5-

Երեխային մօտ մարզական ոգին զարգացնել: Ծնողը պէտք է սորվեցնէ զաւկին, որ շահիլը, յաղթելը շատ լաւ է, բայց պարտուիլը աշխարհին վերջը չէ: Կեանքի մէջ յաղթանակ եւ պարտութիւն կայ, պէտք է երկու կացութիւններուն դիմաց դրական կեցուածք որդեգրել, իսկ վերջինին պարագային` շնորհաւորել մրցակիցը, ընդունիլ անոր առաւելութիւնը:

-6-

Մեծերուն հետ յոգնակիով խօսիլը կը սկսի թերեւս ոչ շատ կանուխ տարիքէն, բայց պէտք է որ ուշ կամ կանուխ սկսի, ինչո՞ւ չէ,  մանկապարտէզի տարիներուն: 5-6 տարեկան երեխան պէտք է յոգնակիով խօսի հիւրերուն եւ ուսուցչուհիներուն հետ:

-7-

Փոքր տարիքէն երեխան պէտք է վարժուի իր տեղը, իր աթոռը զիջիլ տարեցին կամ որեւէ տեղ մտնելու ժամանակ դուռը բռնած մնալ` ետեւէն եկողներուն համար:

-8-

Թող շատ կանուխէն երեխան ընդունի եւ յարգէ տարբերութիւնները: Ծնողին կողմէ տրուած յստակ բացատրութիւններէ ետք դաստիարակուած երեխան կը յարգէ, բնական կը գտնէ եւ չի խրտչիր սեւամորթ, հաշմանդամ կամ այլ տարբերութիւն ունեցող մարդոցմէ:

-9-

Ծնողին պարտականութիւնն է զաւկին սորվեցնել ունեցածը ուրիշին հետ կիսուիլը: Ասիկա առաւելաբար կը վերաբերի խաղալիքներուն, քանի որ շատ մը բաներ կարելի չէ կիսուիլ ուրիշին հետ:

-10-

Շատ կանուխէն երեխան պէտք է սորվի ճաշի սեղանին շուրջ ճիշդ վարուիլ: Այսպէս` բերանը լեցուն չխօսիլ, արմուկներով սեղանին չյենիլ, դգալ, պատառաքաղ եւ աւելի ուշ` դանակ գործածել:

 

Ձեռային Աշխատանք

Զատկուան
Սեղանի Յարդարանք

Հազիւ շաբաթ մը մեզ կը բաժնէ Զատիկէն: Ահաւասիկ` քանի մը դիւրին եւ հետաքրքրական սեղանի յարդարանք, որոնք կրնան ճոխացնել եւ գեղեցկացնել Զատկուան սեղանը:

images_31716

ա.- Ապակեայ ամաններու մէջ գունաւոր շաքար կամ քորն ֆլեքս լեցնել եւ կեդրոնը վարդագոյն եւ ճերմակ կակաչներ զետեղել:

images-(1)_31716

բ.- Ապակեայ ամաններու մէջ ստեպղին շարել եւ կեդրոնը դեղին եւ ճերմակ ծաղիկներ զետեղել:

images-(2)_31716

գ.- Հաւկիթի պարապ պատեանին շուրջ բուրդով ժապաւէն մը հանգուցել, նախընտրաբար` վարդագոյն կամ մանիշակագոյն գոյնի, ապա իւրաքանչիւր պատեանի մէջ պզտիկ փունջ մը մարգարտածաղիկ զետեղել:

centre-de-table-fleuri-pour-paques_31716

դ.- Սակառի մը մէջ նաշխուած հաւկիթներ զետեղել եւ զարդարել ձիթենիի ճիւղերով եւ դաշտային մանր ծաղիկներով:

 

Նորաձեւութիւն

2016-2017-ի Աքսեսուարները

Միլանոյի, Լոնտոնի, Նիւ Եորքի եւ Փարիզի մէջ աւարտեցան 2016-2017 աշուն-ձմեռ նորաձեւութեան փառատօնները:

Այս փառատօներուն ընթացքին ձեւագէտները նաեւ պատկերացում մը տուին վերոյիշեալ եղանակներու աքսեսուարներուն մասին:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ակնոցներու, գլխարկներու, կօշիկներու, պայուսակներու եւ վզկապերու հետաքրքրական նմուշներ, որոնցմէ շատեր անխուսափելիօրէն մուտք պիտի գործեն մեր հանդերձարանէն ներս:

1712712--31716

1712597--31716

1712592_31716

 

 

 

 

 

 

 

 

1712707--31716

1712722--31716

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Կրիւյէր Պանիրով
Սիւսեթներ

sucettes-et-gruyère(1)_31716

20 սիւսեթի համար անհրաժեշտ են

100 կրամ տաշուած պանիր
Փայտեայ ցպիկ` շուրջ 20 հատ

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Փուռի ափսէն ծածկել մոմ թուղթով, ապա քով-քովի մէկական ապուրի դգալ տաշուած կրիւյէր դնել, քիչ մը տափակցնել` անոնց կլոր ձեւ տալու համար:

Իւրաքանչիւր կլորի մէջ փայտեայ ցպիկ մը տեղաւորել եւ փուռին մէջ 5 վայրկեան եփել: Պանիրը պէտք է հալի, բայց` ոչ այրի ու քարանայ:

Ափսէն փուռէն հանել, սպասել որ պաղի, ապա սիւսեթները հանել եւ բաժակի մը մէջ խմբել եւ կամ կրիւյէր պանիրի կտորի մը վրայ ցցել:

Պանիրին յաւելեալ համ եւ բոյր տալու համար

կարելի է, պտղունց մը սեւ համեմ, քուրքումա կամ փոշի մանանեխ աւելցնել: Կարելի է նաեւ կրիւյէր պանիրէն քիչ մը փարմըզան պանիր խառնել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ամէն Գիշեր

Ես մեռնում եմ ամէն գիշեր
Վերածնման նոր յոյսերով,
Դեռ մեռնում եմ մահով անմեռ,
Եւ այս մահս երազ է ծով…
Բայց աշխարհը նոյնն է մնում,
Մեռնող ամէն արցունքն է ցող,
Մեռնող ամէն գիշերն անհուն`
Առաւօտ է շողշողացող:
Նոյնն են մնում աստղ ու լուսին,
Ես էլ նոյնն եմ մնում կարծես,
Միայն ինչ-որ մէկն իմ մասին
Աստղերից է շշնջում քեզ,
Թէ աշխարհում դեռ կա՜յ մի կին,
Որ մեռնում է ամէն գիշեր,
Եւ համբարձուած նրա հոգին
Շաղ է տալիս աշխարհում սէր…

ՄԵՏԱՔՍԷ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles