Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները. Ի՞նչ Գիտենք Ղարաբաղի Մասին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

-1-

download-(1)_40716

Շուշիի մէջ կը գտնուի գորգերու թանգարանը:

Ճիշդ, 2013 հոկտեմբեր 22-ին տեղի ունեցաւ գորգերու թանգարանի բացումը:

Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են 17-րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը ժամանակահատուածին հիւսուած աւելի քան 250 գորգ, որոնք կը ներկայացնեն արցախեան գորգարուեստի առանձնայատկութիւնները:

Թանգարանին ստեղծման նպատակն է մոռացութենէ եւ կորուստէ փրկել արցախեան աւանդական գորգերն ու գործուածքները եւ մնայուն ցուցադրութեամբ ներկայացնել արցախեան գորգագործական մշակոյթը:

-2-

download-(2)_40716

«Մենք ենք, մեր սարերը» Ղարաբաղին նուիրուած ծանօթ երգ է:

Սխալ, բոլորիս ծանօթ «Պապիկ-տատիկ» յուշարձանին իսկական անունը «Մենք ենք, մեր սարերը»-ն է: Յուշարձանը տեղադրուած է 1967-ին Ստեփանակերտի մուտքին մօտ: Քանդակագործն է Սարգիս Պաղտասարեանը, իսկ ճարտարապետը` Եուրի Յակոբեանը: Քանդակը պատրաստուած է կարմիր տուֆէ. անիկա կը խորհրդանշէ արցախեան հողին եւ ժողովուրդին արմատներուն միջեւ արիւնակցական կապը

-3-

20151010_095956-(1)

Ղարաբաղեան խոհանոցը նշանաւոր է իր խաշլամայով:

Սխալ, արցախեան խոհանոցի ամենայայտնի ուտեստը ժինգեալով հացն է: Այս հացին պատրաստութիւնը ամբողջ ծիսակարգ մըն է, որ իր մէջ կը կրէ պատրաստութեան ընթացքին հարազատները մէկ վայրի մէջ հաւաքելու խորհուրդը:

Հացի պատրաստութիւնը կը ստանձնեն տարեց, փորձառու կիները, որոնք պատրաստութեան սեփական գաղտնիքները կը փոխանցեն իրենց աղջիկներուն եւ հարսերուն: Բարակ շերտով բացուած խմորին մէջ կը լեցնեն շուրջ 25 տեսակ մանր կտրտուած վայրի կանաչեղէններ, որոնք բուսական իւղով եփած կ՛ըլլան նախօրօք: Խմորին եզերքները լաւապէս գոցելէ ետք զայն կ՛եփեն «սաճ»-ի վրայ:

-4-

1411823387

Ստեփանակերտի հրապարակը կը կոչուի «Վերածնունդի հրապարակ»:

Ճիշդ, Ստեփանակերտի սիրտը կը համարուի Վերածնունդի հրապարակը, ուր կը գտնուի նախագահական նստավայրը, Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան շէնքերը,  Երիտասարդական պալատը: Նշանաւոր է նաեւ սիրահարներու ծառուղին, որ զարդարուած է հարսի եւ փեսայի կերպարանքով լուսամփոփներով:

Հրապարակի ծայրամասը կ՛աւարտի շատրուաններով եւ կանաչապատ պուրակով, որ իր կլորութեան պատճառով տեղացիներուն կողմէ ստացած է «Պյատաչոկ» անուանումը:

-5-

map_40716

Արցախի տարածութիւնը 4.400 քառ. քիլոմեթր է:

Սխալ, Արցախի Հանրապետութեան ներկայ տարածութիւնը 11.458 քառ. քիլոմեթր է: Անիկա բաժնուած է 8 շրջաններու` Ստեփանակերտ, Ասկերան, Հադրութ, Մարտակերտ, Մարտունի, Շահումեան, Շուշի եւ Քաշաթաղ:

4.400 քառ. քիլոմեթր եղած է նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի տարածութիւնը:

-6-

Nigol-Touman_40716

Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանը կը գտնուի Արցախի մէջ:

Ճիշդ, թանգարանը կը գտնուի Ասկերանի Ծաղկաշատ կոչուած գիւղին մէջ: Տուն-թանգարանի դահլիճներէն մէկը նուիրուած է ազգային հերոսին կեանքին եւ գործունէութեան: Հոն ցուցադրուած են քարտէսներ, հայ ֆետայիներու օգտագործած զէնքերու իսկական նմուշներ եւ ռազմական սարքեր:

Նշենք, որ Նիկոլ Դումանի ազգագրական յուշահամալիր-թանգարանը հիմնուեցաւ 2004-ին, հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի ակնառու գործիչին մահուան 90-ամեակին առիթով:

 

 Ծանօթանանք Ղարաբաղի Գորգերուն

karabakh-carpet1_40716

Գորգագործութիւնը արուեստի աւանդական տեսակ է` տարածուած Հայաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ, բայց Ղարաբաղի գորգերը իրենց իւրայատկութեան եւ ճանչցուած ըլլալու պատճառով կը զանազանուին մնացեալներէն:

karabakh-carpet2_40716

Ղարաբաղի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ կարպետներն ու գորգերը վաճառքի համար չէին պատրաստուեր, անոնք կը համարուէին կենցաղային իրեր եւ ընտանեկան մասունքներ, բայց ոչ` ապրանք: Գորգը տունէն դուրս հանելը կը համարուէր վատ նախանշան: Մասունք համարուող գորգերը պաշտպանական նշանակութիւն ունէին եւ յաճախ բերրիութիւն կը խորհրդանշէին: Գորգը հանդիսացած է լաւագոյն եւ թանկագին նուէր բարեկամներուն, ընկերներուն, նոյնիսկ` դրացի երկիրներու թագաւորներուն նուիրելու համար:

Արցախի գորգերը իրենց նախշերով ծանօթ են որպէս «Վիշապագորգեր», «Օձագորգեր», «Արեւագորգեր», «Արծուագորգեր» եւ այլն…

Երկար տարիներ ազրպէյճանցի գորգահաւաքներ Արցախի գիւղերէն հաւաքած են հին` հարիւրաւոր տարիներու պատմութիւն ունեցող գորգերը, որոնք ներկայիս ցուցադրուած են Պաքուի թանգարաններուն մէջ` որպէս «ազրպէյճանական հին գորգեր»:

19-րդ եւ 20-րդ դարերուն Շուշիի գորգերը որպէս լաւագոյնները ճանչցուած էին շրջանին մէջ եւ կը վաճառուէին հարեւան քաղաքներուն մէջ:

Այսօր ձեռագործ կարպետներն ու գորգերը կ՛արտադրուի ոչ միայն Ստեփանակերտի եւ Շուշիի, այլեւ շրջակայ գիւղերուն, մասնաւորապէս Ծաղկաշատ գիւղի ազգագրական թաղամասին մէջ գտնուող Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանին մէջ: Հիմնական գոյները, որոնք կ՛օգտագործուին ղարաբաղեան գորգերու պատրաստութեան մէջ կարմիրի, կապոյտի եւ շագանակագոյնի մութ երանգներն են:

 

Մէջբերումներ Զոհուած
Ազատամարտիկներու
Մայրերու  Խօսքերէն…

d3_40716

–  «Հայ մօր կոչումն է ազգին նուիրեալ զինուորներ ծնիլ ու դաստիարակել»:

–  «Ո՛չ կին, ո՛չ մայր… ամուսինիս համար հայրենիքը աւելի՛ կարեւոր էր»:

–  «Եթէ պատերազմ սկսի մենք անպայմա՛ն կը յաղթենք: Պէտք ըլլայ` մայրերով պատրաստ ենք երթալ հայրենիքին աջակցելու: Պատրաստ ենք ծառայելու, կռուելու, զոհուելու»:

–  «Լա՛ւ ըրաւ տղաս. ան արգիլեց թշնամիին յառաջխաղացը. զոհուեցաւ յանուն գաղափարի, յանուն այն հայրենիքին, որուն մէջքը ամուր պահելու համար այստեղ չէ ան…»:

–  «Ես կ՛ուզեմ, որ խաղաղութիւն ըլլայ, ոչ մէկ մայր արցունք թափէ, ուրախ-ուրախ ճանապարհեն, ուրախ-ուրախ դիմաւորեն…»:

–  «Որպէս ազատամարտիկի մայր, կը կարծեմ, որ մեր տղաքը զոհուեցան մէկ նպատակի` հայրենիքի համար: Իմ տղաս ամէն ինչ ունէր, բայց հայրենիք չունէր…»:

–  «Ես սգաւոր մայր չեմ, ես Դուշման Վարդանի մայրն եմ, ես հերոսի մայր եմ…»:

–  «Վարդանը իմս չէ, մօրը չէ, մեր ընտանիքինը չէ, այս ժողովուրդինն է: Ամէն մարդ իր հոգիին խորքը ի՛ր Վարդանը ունի»:

–  «Իսկ եթէ Ալիեւ ցարը կը փորձէ պատերազմ սկսիլ, այնպիսի զարկ կու տանք անոր գահին, որ անիկա հիմնովին խորտակուի»:

 

 Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ի Սէր Յիսուսի

(Զոհուած Ազատամարտիկների Յիշատակին)

Գարնան պէս կանաչ ձեր հագուկապով,
Ձեր ջոկատների անունով տարբեր,
Երբ խուժում էիք խրոխտ կեցուածքով
Գրողների տան իմ սենեակը ցուրտ,
Մի հզօր ուժ էր գրկում ինձ վերուստ,
Որ պաշտպան ունեմ եւ հողերիս տէր…
Ձեր աչքերի մէջ` քնքշանքի կրակ,
Սրտերում հազար տենչեր ու կարօտ,
Դուք մի տաք խօսքով, բառով մտերիմ
Համբոյրներ էիք յղում մեր կանանց
Ու աղջիկներին,
Որ բրդէ նախշուն գուլպաներ գործել,
Թրթըռուն տողեր դրել ծալքերում,
Ձեզ մաղթում էին բարի վերադարձ…
Դուք ամէն մէկդ մի-մի տան ճրագ,
Դուք ամէն մէկդ` մի օջախի սիւն…

Բայց ո՞ւր էք հիմա,
Ինչպէս հաւատամ, որ ետ չէք գալու…
Ա՜խ, թւում է ինձ,
Թէ` մի օր յանկարծ դուռս կը բացուի
Եւ առաջուայ պէս
Կը խուժէք նորէն,
Ու կատակներով, ձեր խենթ ծիծաղով,
Կը ջերմացընէք իմ սենեակը ցուրտ,
Բայց, աւա՜ղ, չկաք,
Իմ կանաչ-կարմիր արքաներ կորած…

Մի՞թէ այս կեանքում հրաշքներ չկան,
Մի՞թէ յարութիւն չկայ երկրային,
Թէ՞, մեր օրերի հրաշքը միակ,
Դո՛ւք էք մնալու, իմ լաւից-լաւեր…

Յանուն Արցախի ու ձեր մայր հողի
Նահատակուեցիք,
Եւ սրբագործուած հոգիները ձեր,
Աստծոյ երկնագոյն խաչերը գրկած
Մեզ շշնջում են խորհուրդը յոյսի.
Թէ` աղօթեցէք, միշտ աղօթեցէք,
Քանզի սուրբ մի օր,
Մե՛նք ենք յաղթելու ի սէր Յիսուսի…

ՄԵՏԱՔՍԷ

(Մեքենագիր)

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>