Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հետաքրքրական է, որ կարգ մը մթերքներ իրենց արտաքինով կը յիշեցնեն մեր մարմնի որոշ գործարաններ, եւ նոյնքան հետաքրքրական զուգադիպութեամբ անոնք կը պարունակեն այնպիսի նիւթեր, որոնք իրենց սննդական արժէքով եւ բուժիչ յատկութիւններով կը պաշտպանեն իրենց նմանող գործարանները: Ստորեւ` քանի մը հետաքրքրական օրինակ.
Ստեպղին-Աչք
Եթէ ստեպղինը լայնքին կտրենք, կը նկատենք, որ անիկա կը նմանի մարդկային աչքին: Ա. կենսանիւթով հարուստ այս բանջարեղէնը կը պաշտպանէ մեր տեսողութիւնը եւ կ՛ուշացնէ քաթարաքթի եւ կլոքոմայի յառաջացումը:
* * *
Ընկոյզ-Ուղեղ
Ինչպէս նկարը կը հաստատէ, ընկոյզը շատ կը նմանի մարդկային ուղեղին: Իսկ անոր պարունակած օմեկա 3 ճարպաթթուները կ՛ապահովեն ուղեղին առողջ գործունէութիւնը:
* * *
Նեխուր-Ոսկոր
Նեխուրին երկարաւուն ցօղունները կը յիշեցնեն մեր ոսկորները: Ա. Սէ. Պէ. խումբի կենսանիւթերով, ինչպէս նաեւ կիրով եւ այլ հանքայիններով հարուստ նեխուրը կ՛ապահովէ մեր ոսկորներուն առողջութիւնը:
* * *
Աւոքատօ-Արգանդ
Աւոքատոն մեծ նմանութիւն ունի արգանդին հետ: Անոր մէջ գտնուող մեծ քանակութեամբ ֆոլաթթուն կ՛օգնէ կանացի այս շատ հիմնական գործարանին առողջ գործունէութեան եւ կը պաշտպանէ քաղցկեղէ:
* * *
Լոլիկ-Սիրտ
Կիսուած լոլիկը կտրուածքով սիրտը կը յիշեցնէ: Լիքոփենով հարուստ լոլիկը կը պաշտպանէ ուղեղային կաթուածէ, ինչպէս նաեւ սրտանօթային հիւանդութիւններէ: Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ լոլիկի յաճախակի գործածութիւնը կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլին տոկոսը եւ կ՛արգիլէ արիւնատար երակներուն կարծրացումը:
* * *
Կարմիր Գինի-Արիւն
Կարմիր գինին շատ կը նմանի արեան: Անոր պարունակած հակաօքսիտանները` փոլիֆենոլները կը պաշտպանեն քոլեսթերոլէն: Գինին նաեւ կը նօսրացնէ արիւնը` արգիլելով արեան լերդացումներու յառաջացումը:
* * *
Կոճապղպեղ- Ստամոքս
Այս արմատը շատ կը յիշեցնէ ստամոքսը: Անիկա իր հարուստ բաղադրութեամբ ունի բազմաթիւ բուժիչ յատկութիւններ: Բժշկական ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն, որ կոճապղպեղի յաճախակի գործածութիւնը կ՛օգնէ ստամոքսին լաւ գործունէութեան եւ կ՛արագացնէ մարսողութեան գործընթացը:
Մեր Զաւակները Եւ Մենք.
Ինն Բան, Որ Պէտք Չէ Արգիլել Երեխային
1
Առանձին ուտել
Անշուշտ ձեր օգնութեամբ երեխան աւելի մաքուր կ՛ուտէ, այս պատճառով ալ դուք առիթ չէք տար անոր, որ ինքնաբաւ եւ ինքնավստահ դառնայ:
Ի հարկին կրնաք անոր գոգնոց մը հագցնել եւ առիթ տալ, որ ինքնիրեն ուտէ:
2
Օգնել:
Ձեր զաւակը անհրաժեշտ է, որ ինքզինք կարեւոր զգայ եւ լսէ ձեր քաջալերական խօսքերն ու գովասանքները: Իսկ երբ ձեր զաւկին կ՛արգիլէք, որ ձեզի օգնէ ուշադի՛ր, կը թափի», «մի՛ ըներ, կը կոտրի» կամ «պզտիկ ես, չես կրնար» խօսքերը կրկնելով, անոր թափը կը կոտրէք եւ ապագային անինքնաբաւ կը դառնայ:
3
Ջրաներկով նկարել:
Յաճախ ձեր զաւակներուն կ՛արգիլէք ջրաներկով նկարել, որպէսզի վրան գլուխը կամ շուրջը չաղտոտէ, մինչդեռ նկարչութիւնը զգացումները արտայայտելու ամենավառ դրսեւորումն է:
4
Թեթեւ հագուիլ:
Որպէս հոգատար ծնողք, յաճախ ձեր զաւակներուն կը ստիպէք, որ թանձր հագուին, որպէսզի չմսին, չհիւանդանան: Պահ մը մտածեցէք, որ թերեւս անոնք կը տաքնան… Իսկ պարապ տեղ ըսուած չէ, որ պէտք չէ խճողել երեխային մարմինը աւելորդ հագուստներով:
5
Ճչալ, թռչկոտել տան մէջ:
Այս ձեւով է, որ երեխաները կ՛արտայայտեն իրենց զգացումները: Երեխաներուն համար ասոնք խաղի միջոց են, իրենք զիրենք պարպելու բնական արտայայտութիւններ: Ձեզի կը մնայ բացատրել, որ նոյն ատեն ձեւերը կարելի չէ ամէնուրեք կատարել, սակայն տան մէջ թոյլատրելի են:
6
Դուրսը խաղալ:
«Մի՛ բարձրանար», «վրադ կ՛աղտոտես», «վտանգաւոր է» խօսքերով ձեր երեխաներուն մի՛ արգիլէք տան բակը խաղալ, վազվզել:
Արգելքներ սահմանելու փոխարէն ընկերակցեցէք անոր եւ քաջալերեցէք, որ ամէն բան փորձէ եւ իր ներքին ուժականութիւնը պարպէ: Այսպէսով ան աւելի դիւրին կը յարմարի շրջակայ միջավայրին:
7
Ջուրով խաղալ:
Երեխաները շատ կը սիրեն ջուրով խաղալ եւ թրջուիլ: Պարզապէս ձեզի կը մնայ բացատրել, թէ երբ եւ ուր արտօնուած է ջուրով խաղալը:
8
Դպչիլ կոտրուող իրերու:
Եթէ տան մէջ գեղօրներ ունիք եւ կը վախնաք, որ ձեր երեխան դպչի ու կոտրէ զանոնք, աւելի լաւ է, որ ժամանակաւորապէս զանոնք մէջտեղէն վերցնէք: Պահելու պարագային` կրնաք որոշ բացատրութիւններ տալ եւ զգուշացումներ ընել` առանց վախցնելու ձեր փոքրիկը:
9
Արտայայտել սեփական կարծիքը:
Երեխան ամբողջական անձ է, եւ իրաւունք ունի արտայայտելու սեփական մտքերն ու կարծիքը: Պէտք չէ երեխային հետ խօսիլ` թելադրելով սեփական կարծիքը: Այդպէս` դուք կը կաղապարէք անոր միտքերը եւ անհատականութիւնը: Անոր հետ խօսեցէք հաւասարէ հաւասար, երբեմն ալ դուք պէտք է լսէք եւ կատարէք անոր փափաքները:
Խոհագիր
Քեալագեոշ
Բաղադրութիւն
– 1 բաժակ խաշած ոսպ
– 1 գլուխ սոխ
– Աղ, կարմիր, փոշի պղպեղ
– Բուսաիւղ
– Չոր ծոթրին
– Մածուն` 200 կրամ
– 1 լաւաշ հաց
Պատրաստութիւն
Նախընտրաբար հողէ ամանի մը մէջ տեղաւորել կտրտուած լաւաշի շերտերը:
Սոխը շերտաւոր կտրտել եւ բուսական իւղի մէջ տապկել մինչեւ դեղնի, ապա համեմել աղով կարմիր պղպեղով եւ չոր ծոթրինով: Կրակին վրայէն հանել եւ մէկ ապուրի դգալ մէկ կողմ ձգել զարդարանքի համար:
Խաշած եւ քամոցէ անցած ոսպին վրայ աւելցնել սոխը, խառնել եւ խառնուրդը լեցնել լաւաշին վրայ: Վրան մածունը աւելցնել, զարդարել մէկ կողմ ձգուած սոխով եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ 200 ջերմաստիճանով եփել 5 վայրկեան:
Փուռէն հանել եւ անմիջապէս հրամցնել:
Առածներ` Մարդու Մասին
Մարդ էնքան քաղցր պիտի չլինի, որ կուլ տան, ու էնքան դառը պիտի չլինի, որ թքեն:
ՀՐԱՆԴ ՄԱԹԷՈՍԵԱՆ
* * *
Ոչ մի պաշտօն կամ կոչում չկայ, որ հաւասար լինի եւ կարելի լինի համեմատել մարդ կոչման հետ:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
* * *
Խելացի մարդը միշտ կը համաձայնի ուրիշ խելացի մարդու մը հետ, իսկ յիմարը սովորաբար չի համաձայնիր ո՛չ խելացիին, ո՛չ ալ յիմարին հետ:
ԱՐԻՍՏՈՏԵԼ
* * *
Չկայ այնպիսի մարդ, որ կատարեալ ըլլայ:
ՊՂԱՏՈՆ
* * *
Տկար մարդիկ կը սպասեն յարմար առիթի, զօրաւորները իրե՛նք կը ստեղծեն այդ առիթը:
ՄԱՔՍԻՄ ԿՈՐՔԻ
* * *
Խելացի մարդը երբեմն կը շտապէ, բայց հապշտապ ոչինչ կ՛ընէ:
ՖԻԼԻՓ ՉԵՍԹԸՐՖԻԼՏ
* * *
Մարդը գեղեցիկ է իր վարքի գունագեղութեամբ:
ԿԻԿԵՐՈՆ
* * *
Ստել` կը նշանակէ հայհոյել ճշմարիտին, ուրանալ` կը նշանակէ դադրիլ մարդ ըլլալէ:
ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ
* * *
Իսկական ուժեղ մարդը կ՛ընդունի իր թերութիւնները:
ՊԱԼԶԱՔ
* * *
Մարդիկ կը ճանչցուին վէճի եւ ճամբորդութեան ընթացքին:
ՖՐԱՆՔ ՀԵՐՊԸՐԹ