Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Զատիկէն ճիշդ քառասուն օր ետք կը նշուի Համբարձման, կամ ինչպէս ոմանք կը կոչեն, վիճակի կամ կաթնապուրի տօնը: Անիկա Քրիստոսի յարութիւն առնելէն ետք երկրի վրայ քառասուն օր շրջելու եւ ապա երկինք համբառնալու պատկերացումն է քրիստոնէական տօնացոյցի մէջ:
Համբարձումը շարժական տօն է, ամէն տարի տարբեր թուականի կը նշուի, սակայն ան միշտ կը զուգադիպի հինգշաբթի օրուան, իսկ հանդիսութիւնները կը սկսին չորեքշաբթի: Այդ չորեքշաբթին կիները «Ծաղկամօր կիրակի» կը պահէին, այսինքն կարգ մը աշխատանքներէ կը խուսափէին ի պատիւ «Ծաղկամօր», որպէսզի ան իրենց երեխաներէն հեռու պահէ «ծաղիկ» ու «կարմրուկ» հիւանդութիւնները:
Ծաղկամայրը, ըստ աւանդութեան, Վարվառէ անունով կոյս մըն է, որուն քրիստոնէութիւնը ընդունելուն պատճառով հետապնդեր է իր կռապաշտ հայրը, եւ ան Արեւմտեան Հայաստանէն փախչելով` եկեր ապաստաներ է Աշտարակի մօտ գտնուող Արայի լեռը: Հայրը զայն հետապնդեր է, եւ շրջանի հովիւները մատներ են Վարվառէի թաքստոցը: Յուսահատ Վարվառէն նահատակուելէ առաջ Աստուծմէ խնդրեր է, որ ծաղիկ ու կարմրուկ հիւանդութիւն ունեցող մանուկները իր անունով բուժուին: Աստուած կատարեր է անոր խնդրանքը, եւ Վարվառէին աղօթող մայրերուն զաւակները բուժուեր են այդ հիւանդութիւններէն:
Նոյն առիթով Վարվառէն անիծեր է իր տեղը մատնած հովիւները, վերջիններս եւ իրենց ոչխարները քարացեր են: Մինչեւ այսօր աշտարակցիները ցոյց կու տան այդ քարերը: Համբարձման չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը Արայի լերան շրջակայքի ժողովուրդը Ծաղկեվանք ուխտի կ՛երթայ:

Ուխտագնացութիւն դէպի Ծաղկեվանք
Ծաղկեվանքը կոյս Վարվառէի մահարձանը կը համարուի. Մամռոտ վանքին մէջ կայ աղբիւր մը, որ բուժիչ յատկութիւններ ունի. կ՛ըսուի, թէ աղբիւրը սկիզբ առած է Վարվառէի արցունքներէն:
Կաթնապուրի Արարողութիւն
Համբարձման օրը բոլոր տուներուն մէջ առտու կանուխ կաթնապուր կ՛եփէին: Ոմանք կաթնապուրի կաթսային տակ վառող կրակին մէջ կ՛այրէին եօթը աղօթքով հանգուցուած ձեռքի կապը:
Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ կաթնապուրը կ՛եփէին խմբովի` արտերուն մէջ եւ քանի մը շերեփ կաթնապուր կը թափէին արտերուն շուրջը` բերքի առատութիւն ապահովելու եւ արտը կարկուտէն ու վնասակար միջատներէն պաշտպանելու համար:
Համբարձման օրուան կաթնապուրը մատաղ էր, անիկա կը բաժնուէր առնուազն եօթը տուն:
Շատ մը ընտանիքներ Զատիկէն մինչեւ Համբարձում կաթնապուր չէին եփեր, որպէսզի կովերուն կաթը չպակսի, իսկ Համբարձումին առաջին անգամ եփուող կաթնապուրը յատուկ հանդիսութեամբ կ՛ուտուէր:
Վիճակի Արարողութիւն
Անցեալին վիճակի արարողութիւնը կը կատարուէր բացօթեայ, դաշտերուն մէջ: Աղջիկները կը բազմէին խոտերուն վրայ, իրենց մէջտեղը կը զետեղէին վիճակի փարչը, հարսի հագուստով անչափահաս աղջնակը կը նստեցնէին փարչին քով` երեսը քողով ծածկուած: Իբրեւ անարատ եւ միամիտ երեխայ` ան էր, որ իւրաքանչիւր բախտագուշակ քառեակ երգէն ետք պիտի հանէր նշանները փարչին մէջէն:
Աղջիկներուն խումբը առաջին երգը կը նուիրէր վիճակի փարչին.
«Վիճակ, վիճակ ծաղկավիճակ, | |
Շալէ շապիկ, նախշուն կոճակ: | |
Եկան տարան տիրոջ դուռը, | |
Ճակտին զարկին կարմիր նուռը, | |
Ջան, ծաղիկ, Համբարձում…»: |
Ասկէ ետք կը սկսէր հարիւրաւոր քառեակներու երգը, իսկ բազմութիւնը դրական վիճակ ինկած նշանի տիրոջ ուրախութիւն կը բաժնէր եւ կը մխիթարէր բացասական վիճակ ինկած նշանի տիրոջ.
Ահաւասիկ դրական վիճակի նմուշ մը. | |
«Ազգի, մանէ՛ մանածդ, | |
Գնա քաղէ ցանածդ, | |
Այսօր վիճակի տօնն է, | |
Կը գտնես քո սիրածդ»: |
Բախտաւոր, դրական վիճակի պարագային խումբը կ՛երգէր.
«Վիճակ, վիճակ դուրս ելաւ, | |
Վճկի, վրէն լոյս ելաւ, | |
Էս ինչ բարի բախտ ելաւ…»: |
Վիճակի արարողութիւնը վերջ գտնելէ ետք փարչին ջուրը կը թափէին արտերը: Շիրակի շրջանին մէջ հիւանդներուն տէրերը այս ջուրէն տուն կը տանէին եւ իրենց հիւանդին գլխուն կը քսէին, որպէսզի վերջինս շուտ առողջանայ եւ կազդուրուի:
Երեկոյեան, տունդարձի երգը կը հաստատէր տօնին աւարտը եւ կը սկսէին աշխատանքով յագեցած օրերը:
«Համբարձման երկուշաբթին, | |
Առէք փոցին ու գերանդին…» |
Ստուգենք Մեր Գիտելիքները
Ի՞Նչ Գիտենք
Մայրերու Օրուան Մասին
– 1 –
Հայաստանի մէջ մայրերու տօնը կը նշուի ապրիլին:
Ճի՛շդ, Հայաստանի մէջ ապրիլ 7-ը «Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր» է: Ամէն տարի նոյն օրը Հայ առաքելական եկեղեցին կը նշէ Ս. Աստուածածինի աւետման օրը:
– 2 –
Հայոց դիցաբանութեան մէջ Անահիտ աստուածուհին կը կոչուէր «Ոսկեմայր»:
Ճի՛շդ, Անահիտ դիցուհին պտղաբերութեան, արգասաւորութեան, ծննդաբերութեան եւ ռազմի աստուածուհին էր: Զայն կոչած են` «Ոսկեմայր», «Սնուցող մայր», «Մեծ տիկին», «Ոսկեմատն»… քրիստոնէութեան շրջանին Անահիտի պաշտամունքը վերածուեցաւ Մարիամ Աստուածածինի պաշտամունքին:
– 3 –
Մայրերու օրը ծագում առած է Հռոմէն:
Սխալ, մայրերու հանդէպ առաջին պաշտամունքները ծագում առած են Հին Յունաստանէն: Գարնան մեծ շուքով կը պատուէին «Ռէա»-ն` Զեւսի մայրը: Աւելի ուշ հռոմէացիք Ռէան փոխարինեցին Սիպէլով, որ ճանչցուած էր որպէս «Մեծ դիցուհի» եւ «Աստուածներու մայր»:
– 4 –
Աշխարհի չորս ծագերուն մայրերու տօնը կը նշուի մայիսին:
Սխալ, արաբական երկիրներու մեծամասնութիւնը մայրերու տօնը կը նշէ մարտին, Եւրոպան, Մ. Նահանգները, Քանատան, Աւստրալիան, Հարաւային Ամերիկան` մայիսին, Արժանթինը` հոկտեմբերին, Ռուսիան` նոյեմբերին, Մոնկոլիան` յունիսին եւ այլն…
– 5 –
Եգիպտոսը մայրերու տօնը կը նշէ Լիբանանի նման` մարտ 21-ին:
Ճիշդ, նախագահ Կամալ Ապտել Նասեր սկիզբը ծիծաղելի համարած է մայրերու տօնի առաջարկը, բայց յետոյ տեղի տուած է: Այսպէս, 1956-ին մարտ 21-ը Եգիպտոսի մէջ հռչակուած է մայրերու տօն:
– 6 –
Եթովպիայի մէջ մայրերու տօնը կախեալ է անձրեւներէն:
Ճիշդ, Եթովպիոյ մէջ մայրերու տօնի ճշգրիտ թուական չկայ. եթովպիացիք կը սպասեն, որ անձրեւները դադրին… Այսպէս, հոկտեմբերին կամ նոյեմբերին, երբ երկինքը պայծառանայ, ընտանեկան բացօթեայ խրախճանքներ կը կազմակերպուին: Եռօրեայ այդ խրախճանքը կը կոչուի «Անթրոշթ»:
– 7 –
Նախագահ Ուիլսընի օրով մայրերու տօնը պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ Մ. Նահանգներու մէջ:
Ճիշդ, 1872-ին Ճուլիա Ուարտ Հաու մայրերու տօնի գաղափարը յղացաւ Մ. Նահանգներու մէջ: 1907-ին Աննա Ճարվիս անունով այլ ամերիկուհի մը վերակենդանացուց գաղափարը եւ այդ օրերու ճերմակ մեխակը դարձաւ մայրերու տօնի խորհրդանիշ:
1914-ին նախագահ Ուիլսըն մայիսի 2-րդ շաբաթը հռչակեց մայրերու տօնի պաշտօնական թուական:
– 8 –
Գերմանիոյ մէջ մայրերու տօնին ամուսինները կը ծառայեն կիներուն…
Սխալ, այդ օրը մայրերը չեն աշխատիր, զաւակները կ՛ընեն ամէն բան: Նախ մայրերը օրը կը սկսին ճոխ նախաճաշով մը, ապա ընտանեկան պտոյտներ կը կազմակերպուին… Ոմանք ծաղիկ կամ տուրմ կը նուիրեն իրենց մայրերուն:
– 9 –
Չինաստանի մէջ միայն երիտասարդ մայրերուն վերապահուած է մայրերու տօնը:
Ճիշդ, Չինաստանի մէջ մինչեւ 35 տարեկան մայրերը առնչուած են այս տօնին հետ: Արդէն մայրերու տօնը պաշտօնապէս օրացոյցին վրայ անցած չէ…
– 10 –
Անգլիան վերջերս է, որ կը նշէ մայրերու տօնը:
Սխալ, արդէն տասնհինգերորդ դարէն անգլիացիք «Մաթըրինկ Սանտէյ» անունով տօն ունէին: Այդ օրը ուրիշներուն տունը ծառայող մայրերու կ՛արտօնէին տուն երթալ եւ ընտանիքին հետ անցընել օրը:
Մայրերու տօնին առիթով կը պատրաստուէր նաեւ «Մաթըինկ քէյք»-ը, որ ծանօթ էր նաեւ «Սիմնել քէյք» անունով: Անիկա չոր պտուղներով եւ մարզիբանով պատրաստուած կարկանդակ մըն է:
– 11 –
Սպանիոյ մէջ ճաշարանները ծաղիկ կը նուիրեն յաճախորդ մայրերուն:
Ճիշդ, Սպանիոյ մէջ մայրերու տօնը կը նշուի մայիսի առաջին շաբաթը: «Էլ տիա տը լա մատրէ»-ի օրը սպանացիք ճաշարանները կը խուժեն: Այդ օրը մայրերը կերակուր չեն պատրաստեր: Աւանդութեան համաձայն, ճաշարանները ծաղիկ կը նուիրեն ներկայ մայրերուն:
Խոհագիր
Նիւթելլայով Աղանդեր
Այս դիւրին եւ արագ պատրաստուող աղանդերը անկասկած որ պիտի գնահատուի թէ՛ փոքրերուն եւ թէ՛ մեծերուն կողմէ:
Բաղադրութիւն 4 անձի համար
– 1 պանան
– 1 քիուի
– 1 խնձոր
– 4 ելակ
– 4 «մատելէն» (ձուաձեւ փոքրիկ կարկանդակ)
– 5 ապուրի դգալ նիւթելլա
Պատրաստութիւն
Փայտեայ, ներկայանալի ցպիկներու վրայ քով-քովի անցուցէք լուացուած եւ կտրտուած պտուղները եւ կարկանդակի փոքրիկ կտորը:
Պեն-Մարիի միջոցով նօսրացուցէք նիւթելլան, ապա զայն լեցուցէք չորս փոքրիկ ամաններու մէջ, իւրաքանչիւրին կողքին զետեղեցէք պտուղով ցպիկները եւ հրամցուցէք:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Համբարձում Եայլա
Համբարձում եկաւ, ծաղկունքը ալուան,
Զուգել են հանդեր նախշուն գորգերով.
Փունջ-փունջ աղջիկներ սարերը ելան,
Վիճակ հանելու, աշխուժ երգերով:
Համբարձում եայլա,
Եայլա ջան, եայլա,
Լաւ օրեր, եայլա,
Եայլա ջան, եայլա:
Երգ ու բոյր խառնած,
Թեւ թեւի տուած,
Զուգում են լեռներ,
Ծաղիկ են քաղում,
Ծաղկի հետ խաղում
Ինչպէս թիթեռներ:
Համբարձում եայլա,
Եայլա ջան, եայլա,
Լաւ օրեր, եայլա,
Եայլա ջան, եայլա:ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ