Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Զրկանք կրել, հոգս են տարել այս ձեռքերը
Ծով լռութեամբ,
Համբերութեամբ…
Պ. Սեւակ
Մայրս փոքրիկ, մայրս խեղճ,
Մայրս մի մայր հասարակ,
Մայրս այս մայր երկրի մէջ,
Արեւի դէմ մի ճրագ:
Յ. Շիրազ
Ա՜խ քո տեսքին, անուշ լեզուին
Կարօտել եմ, մայրի՛կ ջան.
Երնէ՜կ, երնէ՜կ, երազ լինեմ,
Թըռնիմ մօտդ, մայրի՜կ ջան…
Ա. Իսահակեան
Դու իմ միակն էիր, ինչպէս Հայաստանս,
Տանս ճրագն էիր եւ ծուխն էիր տանս,
Դու խառնուած էիր շնչիս էութեանս…
Դու իմ միակն էիր, ինչպէս Հայաստանս:
Հ. Սահեան
Լոյսի նման, յոյսի նման սրբազան,
Կեանքի նման թանկագին է մօր սէրը,
Աշխարհի մէջ ոչինչ չկայ իր նման,
Յաւերժական, սրտագին է մօր սէրը:
Գուսան Աշոտ
«Մաքրութեան» Հասկացողութիւնը
Արեւելեան Փիլիսոփայութեան Մէջ
Արեւելեան փիլիսոփայութեան մէջ «մաքրութիւն» հասկացողութիւնը մի միայն մարմնին չի վերաբերիր, այլ նաեւ` հոգիի, միտքերու եւ արարքներու մաքրութեան:
***
«ՁԵՌՔԵՐՈՒ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ» կը նշանակէ` չառնել այն, ինչ մեզի չի պատկանիր: Սխալ է բարեկցութիւն ձեռք բերել ուրիշի հաշուոյն: Եթէ մեզի չպատկանող գումար մը ձեռք բերենք խաբէութեամբ, անպարկեշտութեամբ, ինքնաբերաբար կ՛աղտոտենք մեր մարմինն ու հոգին:
***
«ԱԿԱՆՋՆԵՐՈՒ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ» կը նշանակէ` պէտք չէ ականջ կախել չար, գոռոզ եւ դառնացած մարդոց խօսքերուն, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ է, որ խուսափինք բամբասանքներ եւ չարախօսութիւններ լսելէ:
***
«ԱՉՔԵՐՈՒ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ» ըսելով` պէտք է հասկնալ, որ կարելի չէ նախանձոտ տենչանքով նայիլ ուրիշին ունեցուածքին, կարելի չէ ապականել աչքերը` բռնութեան եւ դաժանութեան տեսարաններ դիտելով:
***
«ԲԵՐԱՆԻ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ» կը նշանակէ` չաղտոտել բերանը շատախօսութեամբ, չարախօսութեամբ, հայհոյանքներով: Մեր խօսքի չար երանգները կ՛ապականեն մեր մարմինն ու կեանքը:
***
«ՄԱՐՄԻՆԻ ԵՒ ՀԱԳՈՒՍՏԻ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ»-ը կը նշանակէ, որ պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք մեր արտաքին տեսքին: Մաքուր եւ խնամուած տեսք ունենանք միշտ, որպէսզի մեր շրջապատին հաճելի ըլլայ մեզի նայիլը:
***
«ՄՏՔԵՐՈՒ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ»-ը կ՛ենթադրէ, որ ձերբազատինք բացասական եւ կործանող միտքերէն եւ տեղ բանանք դրական եւ ստեղծագործ գաղափարներուն:
***
«ՀՈԳԻԻ ԵՒ ՍԻՐՏԻ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ» մեր հոգին մեր ունեցած ամենամաքուր ու լուսաւոր բանն է: Չանտեսենք անոր պոռթկումները եւ առաջնորդուինք բարի սկզբունքներով: Սիրենք եւ փոխարէնը ոչինչ չպահանջենք: Սէրը ինքնին երջանկութիւն է:
Նորաձեւութիւն
Աքսեսուարներ Կրելու
Կանոնները
Ոճը միջոց է` առանց խօսքերու ներկայացնելու մարդու էութիւնը: Յաճախ կարեւորութիւն կու տանք հագուստներուն եւ կը մոռնանք աքսեսուարներուն կարեւոր դերը: Մինչդեռ աքսեսուարներու ճիշդ ընտրութեան պարագային կարելի է անկրկնելի տեսք ունենալ միեւնոյն հագուստով:
Ահաւասիկ` նորաձեւութեան ասպարէզի մեծագոյն վարպետներու խորհուրդները:
Աքսեսուարներ կրելու ժամանակ հանեցէք այն, որ վերջինը աւելցուցիք: Այլ խօսքով, աքսեսուարները մի՛ չափազանցէք:
Գօգօ Շանել
***
Շատ կիներ կը կարծեն, որ կօշիկները կարեւոր չեն, սակայն կնոջ վայելչութեան անբաժան մասնիկներն են այն, ինչ կը կրեն իրենց ոտքերուն:
Քրիսթիան Տիոր
***
Աքսեսուարներուն դերը օրէ օր կ՛աւելնայ. գումար տրամադրեցէք կօշիկի, գօտիի, պայուսակի, փողկապի համար: Անոնց միջոցով կը թարմացնէք տարիներէ ի վեր կրած ձեր հագուստները:
Ճորճիօ Արմանի
***
Ճաշակաւոր մարդիկ գոհարեղէն կը կրեն: Միւս բոլորը ստիպուած են ոսկեղէն կրել:
Գօգօ Շանել
***
Ուշադրութիւն մի՛ դարձնէք միտումներուն: Թոյլ մի՛ տաք, որ նորաձեւութիւնը տիրէ ձեր վրայ: Դուք որոշեցէք` ի՛նչ տեսք կ՛ուզէք ունենալ եւ ինչպէս դուք ձեզ դրսեւորել:
Ճիաննի Վերսաչէ
***
Առանց գլխարկի կինը կարծէք կիսատ հագուած ըլլայ:
Քրիսթիան Տիոր
***
Օծանելիքը անտեսանելի, բայց անմոռանալի ու անգերազանցելի աքսեսուար է: Անիկա կ՛ազդարարէ կնոջ գալուստը եւ կը շարունակէ յիշեցնել անոր մասին, երբ ան արդէն մեկնած է:
Գօգօ Շանել
***
Կանացի հագուստին մէջ կարեւորը զայն կրող կինն է:
Իվ Սեն Լորան
Հետաքրքրական
Աբրահամ Լինքընի Նամակը`
Ուղղուած Իր Տղուն Ուսուցչին
Աբրահամ Լինքընը Մ. Նահանգներու 16-րդ նախագահն էր: Լինքընը ազգային հերոս էր, անոր հետ կը կապուի ստրկատիրական համակարգի վերացումը եւ Սպիտակ տան մէջ միասնութեան եւ ազնուութեան մթնոլորտի հաստատումը:
Լինքըն «Ամերիկեան երազանք»-ի մարմնացումն էր: Աղքատ ընտանիքի զաւակ` փոքր տարիքէն ծանր աշխատանքի լծուած էր ընտանիքին օգնելու համար:
Ընտանիքին նիւթական ծանր վիճակին պատճառով ան ընդամէնը մէկ տարի դպրոց յաճախեց, սակայն շարունակեց ինքնուրոյն սորվիլ տառերը եւ գիրքեր կարդալ: Յամառութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ շարունակեց ինքնազարգացումը եւ հասաւ աննախադէպ բարձունքներու եւ դարձաւ երկրի նախագահ:
Աբրահամ Լինքըն ունէր չորս տղայ, որոնցմէ երեքը 4, 11 եւ 18 տարեկանին մահացան թոքախտէ եւ տիֆթերիայէ: Միայն աւագ որդին` Ռոպըրթը ապրեցաւ մինչեւ 82 տարեկան:
1855-ին Լինքըն գրած է իր նշանաւոր նամակը` ուղղուած Ուիլիըմի ուսուցիչին: Ուիլիըմ 11 տարեկանին մեռաւ եւ չկրցաւ իրագործել հօր պատգամները: Լինքըն կը խօսի չափազանց կարեւոր բաներու մասին, իսկ մենք դժբախտաբար պէտք եղած կարեւորութիւնը, չենք տար անոնց: Ստորեւ նամակէն բաժիններ.
«… Ես կը հասկնամ, որ ան պէտք է իմանայ, որ բոլոր մարդիկ արդար չեն, բոլորը անկեղծ չեն: Բայց անոր սորվեցուցէք, որ իւրաքանչիւր սրիկայի կողքին կայ նաեւ հերոս, որ` իւրաքանչիւր եսասէր քաղաքական գործիչի դիմաց կը գտնուի նաեւ նուիրուած առաջնորդ:
«Անոր սորվեցուցէք, որ եթէ թշնամի կայ, նաեւ ընկեր կը գտնուի: Անոր սորվեցուցէք, որ շահած մէկ տոլարը շատ աւելի արժէքաւոր է, քան` գտած հինգը:
«Անոր սորվեցուցէք ընդունիլ պարտութիւնը, ինչպէս նաեւ` վայելել յաղթանակները: Եթէ կրնաք, զինք հեռու պահեցէք նախանձէն: Օգնեցէք անոր, որ մեծամիտներուն եւ գոռոզներուն յաղթելը ամենադիւրին գործն է: Եթէ կրնաք, սորվեցուցէք անոր հետաքրքրուիլ գիրքերով:
«Անոր ազատ ժամանակ տուէք, որպէսզի կարենայ մտածել յաւերժ գաղտնիքներուն` երկինքի թռչուններուն, արեւի շողերուն մէջ թռչող մեղուներուն եւ բլուրներուն կանաչ լանջերուն ծաղկող ծաղիկներուն մասին:
«Անոր սորվեցուցէք, որ դպրոցին մէջ անյաջողութիւն կրելը շատ աւելի պատուաբեր է, քան` խարդախութեան դիմելը: Անոր սորվեցուցէք վստահիլ իր սեփական միտքերուն, եթէ նոյնիսկ մէկը իրեն ըսէ, թէ կը սխալի: Անոր սորվեցուցէք մեղմ վարուիլ մեղմ մարդոց հետ եւ դաժան` դաժաններու հետ:
«Փորձեցէք տղուս ուժ տալ, որպէսզի ան չհետեւի ամբոխին: Սորվեցուցէք անոր, որ լացը ամօթ չէ: Եթէ կրնաք, նաեւ սորվեցուցէք ծիծաղիլ տխրութեան մէջ:
Սորվեցուցէք անոր, իր ուղեղն ու մկաններուն ուժը վաճառել ամենաբարձր գինով, բայց երբեք վաճառքի չհանել ո՛չ սիրտը, ո՛չ ալ հոգին:
«Անոր հետ մեղմ վարուեցէք, բայց` առանց աւելորդ քնքշութեան, որովհետեւ միայն կրակի մէջէն անցնելու փորձութենէն ետք կը բացայայտուին պողպատի լաւագոյն յատկանիշները:
«Թոյլ տուէք անոր քաջ ըլլալ, որպէսզի ան դառնայ անհանդուրժող վատ բաներու հանդէպ: Թոյլ տուէք, որ ան համբերատար ըլլայ, որպէսզի դառնայ խիզախ:
«Սորվեցուցէք անոր հաւատալ ինքն իրեն, որովհետեւ այդ պարագային ան միշտ հաւատք կ՛ունենայ մարդկութեան հանդէպ:
«Ասիկա դիւրին գործ չէ, բայց տեսէք, թէ ինչ ի՛նչ կրնաք ընել… Իմ տղաս այնքան լաւ տղայ է»:
1855
խոհագիր
Շոմինով Եւ Կանկառով
Թանձրուկ
Բաղադրութիւն 6 անձի համար
Կանկառի սրտիկներ (շուրջ 400 կրամ)
Սառած շոմին (շուրջ 300 կրամ)
120 կրամ թարմ սեր
120 կրամ մայոնեզ
60 կրամ կակուղ պանիր (ֆիլատելֆիա…)
1 պճեղ ճզմուած սխտոր
Կարմիր փոշի պղպեղ (ըստ ճաշակի)
40 կրամ մոցարելլա պանիր (քերոցէ անցած)
40 կրամ փարմըզան պանիր (քերոցէ անցած)
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:
Կանկառի սրտիկները քամոցի մէջ փոխադրել, ապա միջակ մեծութեամբ մանրել:
Ամանի մը մէջ խառնել վերը նշուած բոլոր բաղադրիչները, տաշուած պանիրներուն կէսը օգտագործել, երկրորդ կէսը մէկ կողմ ձգել:
Խառնուրդը փոխադրել փուռ գացող հողէ ներկայանալի ամանի մը մէջ, երեսը ծածկել մէկ կողմ ձգուած պանիրներով եւ տաք փուռին մէջ եփել շուրջ 25 վայրկեան: Յաւելեալ քանի մը վայրեան եւս ձգել երեսը կարմրելու համար:
Փուռէն հանելէ անմիջապէս ետք հրամցնել, շուրջը զարդարելով թորթիլլա չիփսով, կամ պակեթ հացի շերտերով:
Կարելի է չիփսը եւ հացը փոխարինել, պրոքոլիով, ստեպղինով, թարմ պղպեղով, վարունգով…