Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Առողջապահական. 10 Ազդանշան, Որոնք Կը Վկայեն Ջուրի Պակասը Մեր Մարմնին Մէջ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

image

Մեր մկաններն ու երիկամները 73 առ հարիւր բաղկացած են ջուրէ, արիւնը` 83 առ հարիւր, թոքերը` 90 առ հարիւր, իսկ ուղեղը` 76 առ հարիւր:

Մեր մարմինը ջուր կը կորսնցնէ մէզի եւ քրտինքի ճամբով. իսկ այդ պակասը ամբողջացնելու միակ եւ լաւագոյն միջոցը օրական միջին հաշուով 2 լիթր ջուր խմելն է:

Մարմնի ջրազրկումը կը դրսեւորուի հետեւեալ ախտանշաններով.

– 1 –

Մութ Գոյնի Մէզ

Մութ գոյնի մէզը առաջին ախտանշաններէն մէկն է, որ կը վկայէ մարմնին մէջ ջուրի անբաւարար քանակին մասին: Մէզը կրնայ մութ գոյն ունենալ նաեւ որոշ դեղերու, Պէ. խումբի կենսանիւթերու, ճակնդեղի, ծնեբեկի եւ այլ ուտելիքներու օգտագործման պարագային:

– 2 –

Մէզի Քանակի Կրճատում

Մարդոց մեծամասնութեան մօտ միզարձակումը 24 ժամուան ընթացքին կրնայ 6-7 անգամ ըլլալ: Իսկ եթէ տուեալ անձը քիչ հեղուկ խմէ, ինքնաբերաբար միզարձակման յաճախականութիւնը կը նուազի:

– 3 –

Պնդութիւն

Ջրազրկումը պնդութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկն է: Հաստ աղիքին մէջ բաւարար քանակութեամբ հեղուկը մեծապէս կ՛օգնէ աղիքներուն բնականոն աշխատանքին:

Պնդութեան կանխարգիլման եւ բուժման համար բաւարար ջուր եւ բջջանիւթ պէտք է օգտագործել, իսկ ասոնք առկայ են սովորական ջուրին, պտուղներուն եւ բանջարեղէններուն մէջ:

– 4 –

Չոր Մորթ Եւ Աւելի Շեշտուած Կնճիռներ

Մասնագէտներու կարծիքով, ջրազրկումը կրնայ մորթի գրգռման, բորբոքման եւ քարի պատճառ դառնալ: Աւելի ծանր պարագաներու, մորթը կրնայ թեփոտիլ, կարմրիլ եւ այլն… երբ մորթը կը կորսնցնէ իր խոնաւութիւնը, բջիջները կը մեռնին, եւ աւելի խոր ընդգծուած բջիջներ կը յայտնուին:

– 5 –

Անօթութիւն Եւ Գիրութիւն

Մարդուս մարմինը շատ խելացի է, բայց դժբախտաբար չի զանազաներ անօթութեան եւ ծարաւի տարբերութիւնը: Հիփոթալամիւսը ուղեղին այն հատուածն է, որ պատասխանատու է անօթութեան եւ ծարաւի կարգաւորման: Եթէ անօթութեան զգացում յառաջանայ, որեւէ բան ուտելէ առաջ նախընտրելի է նախ բաժակ մը ջուր խմել, 10-15 վայրկեան սպասել եւ յետոյ ուտել. այսպիսով ուտելիքին քանակը զգալիօրէն կը պակսի:

– 6 –

Ծարաւի Եւ Բերնի Չորացումի Զգացում

Ծարաւի զգացողութիւնը արդէն իսկ կը վկայէ մարմնին մէջ թեթեւ ջրազրկման մը մասին: Բերնի չորացումը ծարաւի հետեւանք է եւ կը վկայէ, որ մարմնին լորձաթաղանթներուն խոնաւութիւն անհրաժեշտ է:

– 7 –

Գլխացաւ

Երբ մարդ քիչ ջուր կը խմէ, մարմինը կը փորձէ պահպանել ու կլանել ջուրը բոլոր հիւսկէններէն, որպէսզի կարենայ փոխհատուցել օգտագործուող հեղուկին բացակայութիւնը: Այդ պատճառով ուղեղին հիւսկէնները եւս կը կորսնցնեն իրենց խոնաւութեան մէկ մասը եւ կը կծկուին` հեռանալով գանկէն, ինչ որ պատճառ կը դառնայ գլխացաւի:

– 8 –

Յոգնածութիւն

Բժշկական հետազօտութիւններու համաձայն, չափազանցուած ջրազրկումը կրնայ պատճառել յոգնածութիւն, թուլութիւն եւ աշխուժութեան նուազում:

– 9 –

Յօդացաւ

Ջուրը յօդերուն համար իւրատեսակ «քսուք» է, անիկա կ՛օգնէ ոսկորներուն սահիլ իրարու վրայով. երբ մարմինը բաւարար ջուր չի ստանար, յօդերը իրենց կարգին կը տուժեն, ուրկէ յօդացաւ յառաջ կու գայ:

– 10 –

Դիմադրականութեան Տկարացում

Ջրազրկումը կը բարձրացնէ արեան մէջ թունաւոր նիւթերու տոկոսը, ինչ որ կը վնասէ դիմադրականութեան համակարգին:

Շատեր կը կարծեն, որ բոլոր հեղուկները խոնաւութիւն կ՛ապահովեն մարմնին. ասիկա սխալ կարծիք է: Որոշ ըմպելիներ, ինչպէս, օրինակ, սուրճը եւ որոշ հիւթեր, կը ջրազրկեն մարմինը` քաֆէինի եւ շաքարի քանակին պատճառով:

 

idees_51916

Լուսաւոր Գաղափարներ

– 1 –

kits-sac-lavande_51916

Պահարանէն ցեցերը հեռացնելու համար փոքրիկ ծրարիկներու մէջ չոր լաւանտ լեցուցէք, ծրարներուն բերանները ամուր կապեցէք, ապա զանոնք պահարանին գզրոցներուն մէջ եւ դարաններուն վրայ զետեղեցէք: Այսպիսով ձեր հագուստները կը պաշտպանէք ցեցերուն եւ ձեր պահարաններուն անուշ բոյր կ՛ապահովէք:

– 2 –

ranger-valise_51916

Որպէսզի ճամբորդութեան ընթացքին ձեր հագուստները նուազագոյն չափով ճմռթկին, ըլլա՛յ տաբատները, ըլլա՛յ հագուստները ոլորուած դասաւորեցէք ճամբորդական պայուսակին մէջ: Ծալքելու հետքերը նուազագոյնի կ՛իջնեն եւ արդուկելու պէտք չէք ունենար:

– 3 –

nettoyer-sel_51916

Որպէսզի արդուկը դիւրին սահի կտորին վրայ, եւ ձեր գործը աւելի հեզասահ ընթանայ, բարակ աղով շփեցէք արդուկին յատակը:

– 4 –

verser-savon-rape-casserole_51916

|Հալած, պզտիկցած օճառները մի՛ թափէք, զանոնք քերոցէ անցուցէք, ապա տաք ջուրի մէջ լուծեցէք: Այդ ջուրով կրնաք լուալ երեխայի ճերմակեղէն, մետաքսեայ վզկապեր, նուրբ ասեղնագործուած շապիկներ եւ այլն…

– 5 –

choux_51916

Հազարը աւելի երկար պահելու համար զայն ալիւմինիոմ թուղթի մէջ փաթթել:

 

 

Գեղեցկագիտական

Բրինձով Դիմակ

Masque_51916

Ճափոնցի կիները միշտ խնամուած, եւ փայլուն մորթ ունին: Անոնք լաւ գիտեն ինչպէ՛ս խնամել իրենց դէմքին մորթը, պարզապէս կ՛օգտագործեն բրինձով պատրաստուած դիմակներ:

Դիմակի պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են.-

– 2 – 3 ապուրի դգալ բրինձ
– 1 ապուրի դգալ կաթ
– 1 ապուրի դգալ մեղր

Բրինձը 2-5 վայրկեան եփել, քամոցէ անցընել, բայց բրնձաջուրը չթափել:

Եփած բրինձը լուալ պաղ ջուրով, աւելցնել կաթը եւ խառնել մինչեւ միատարր նիւթ ստացուի: Աւելցնել մեղրը եւ դարձեալ խառնել:

Դիմակը քսել մաքուր դէմքի վրայ. ձգել 15-20 վայրկեան, ապա լուալ, ցօղուել բրնձաջուրով:

 

 Նորաձեւութիւն

«Վիքթորիա՛ս Սիքրեթ»-ի
Լողազգեստները

Ներքնազգեստի յայտնի ամերիկեան վաճառանիշը` «Վիքթորիա՛ս Սիքրեթ»-ը արդէն իսկ ներկայացուցած է լողազգեստներու իր վերջին հաւաքածոն:

victoria-_51916

Պորա պորա կղզիին վրայ լուսանկարուած «Հրեշտակներ»-ու հաւաքածոյէն կը ներկայացնենք 3 հետաքրքրական նմուշներ:

 

Խոհագիր

Apple-cake_51916

Խնձորով Կարկանդակ

Բաղադրութիւն

– 1,5 գաւաթ մանր կտրտուած կանաչ, թթու խնձոր
– 2 գաւաթ շաքար
– 2 եւ քառորդ գաւաթ ալիւր
– 3/4 գաւաթ մանրուած ընկոյզ
– 2 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– 1 թէյի դգալ պէյքինկ սոտա
– 1 թէյի դգալ փոշի կասիա
– 3 հաւկիթ
– 3/4 գաւաթ բուսական իւղ
– Լեմոնի կեղեւի տաշուք, քանի մը կաթիլ խմիչք

Պատրաստութիւն

Հաւկիթը եւ շաքարը լաւ զարնել` առանց մոռնալու կիտրոնի կեղեւի տաշուքը, քանի մը կաթիլ խմիչքը, կամ վանիլլան:

Յետոյ քիչ քիչ աւելցնել մնացեալ բաղադրիչները եւ շարունակել զարնել:

Կարկանդակի կաղապարը կարագով ծեփել, խառնուրդը մէջը պարպել եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ 180 ջերմաստիճանով 40-45 վայրկեան եփել:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Զարմանալի Հայ

Զարմանալի հա՜յ…
Զարմանալի՛ հայ:
Պապդ թուրքահայ,
Հայրդ ռուսահայ,
Դու ֆրանսահայ,
… Զարմանալի հա՜յ…

Սասունում ծնուած,
Պէյրութում ապրած,
Էջմիածնում մեռած…
Զարմանալի՜ հայ:

Տղադ Սեւանում,
Թոռդ Միլանում,
Ծոռդ Թեհրանում:
Քո սերմը վաղո՜ւց քեզ չի հասկանում…

Առանց պապ ու տատ,
Հայրենական հող,
Մայրենի լեզո՛ւ,
Առանց հայր ու մայր:

Զարմանալի հա՜յ…
Որ որպէս հիւր է իր տունը գալիս,
Որպէս տուրիստ իր տան մէջ ման գալիս,
Եւ ետ գնում տո՛ւն,
Որ Նիս է կոչւում,
Հալէպ կամ Շանհա՜յ:
Զարմանալի՜ հայ,
Զարմանալի հա՜յ…

Գ. ԷՄԻՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>