Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
– 1 –
Ծրագրել յաջորդ օրը:
Քնանալէ առաջ թուղթի վրայ գրեցէք յաջորդ օրուան ձեր ժամանակացոյցը: Առաւօտեան դասաւորուած միտքով կը սկսիք ձեր օրը:
– 2 –
Վառ գոյներ:
Երբ ձեր աչքերը բանաք, վառ գոյներու նայեցէք. անոնք մարմնին մէջ կը բարձրացնեն ատրենալինի մակարդակը, եւ օրը կը սկսիք կայտառ:
– 3 –
Թարմ օդ:
Առողջ միջավայրի մէջ քնանալու եւ արթննալու համար ձեր սենեակին օդը մաքուր պահեցէք: Քնանալու համար ամենայարմարաւէտը 15 – 20 աստիճանն է:
– 4 –
Ծաղիկներ:
Արթննալէ անմիջապէս ետք ծաղիկներ դիտեցէք, հոգ չէ թէ անոնք փոքրիկ թաղարի մը մէջ ըլլան, պարտէզը, թէ ծաղկամանի մը մէջ: Փունջ մը ծաղիկը զգալիօրէն կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը:
– 5 –
Բաժակ մը ջուր:
Գիշերուան ընթացքին սպառած հեղուկը վերականգնելու համար արթննալէ անմիջապէս ետք բաժակ մը ջուր խմեցէք: Եթէ մարմնին ջուրը պակսած է, բնականաբար յոգնածութիւն պիտի զգաք:
– 6 –
Դէմքի մկաններու խթանում:
Դէմքի մարձումը կ՛աշխուժացնէ արեան շրջագայութիւնը եւ կ՛օգնէ, որ դիւրին եւ աշխուժ արթննաք: Սկսէք ճակատէն, իջէք դէպի կզակ, նաեւ մատներուն ծայրամասերով թեթեւ ճնշումներ կատարեցէք ձեր դէմքին զանազան մասերուն վրայ:
– 7 –
Արեւի լոյս:
Արեւին լոյսը կը բարձրացնէ սերոթոնին հորմոնի մակարդակը, որ իր կարգին կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը: Առտու, մահճակալէն հազիւ ելած, դէպի պատուհան կամ պատշգամ ուղղուեցէք արեւին բնական լոյսով ողողելու համար ձեր աչքերը:
– 8 –
Լոգանք:
Օրը բարձր տրամադրութեամբ սկսելու համար չկայ աւելի լաւ բան, քան` առաւօտեան գաղջ լոգանքը: Կարճատեւ լոգանքը մեծապէս կ՛ազդէ ձեր տրամադրութեան վրայ եւ կ՛օգնէ, որ օրը սկսիք լաւատես:
Տան Յարդարանք
Գունաւոր Խէժերիզներ
Վերջերս շատ նորոյթ է գունաւոր խէժերիզով յարդարանքը: «Մասքինկ թէյփ» կոչուած այս երիզներով կարելի է նոր շունչ տալ տան իրերուն, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` պատերուն:
– Բջիջայինի ծածկ: Եթէ ձանձրացած էք ձեր բջիջայինի ծածկէն, ընտրեցէք քանի մը գոյնի խէժերիզ եւ, ըստ ճաշակի, փակցուցէք զանոնք ձեր հին ծածկին վրայ:
– Լուացքի մեքենայ: Նոյն սկզբունքով ընտրեցէք ձեր ճաշակին խէժերիզ մը եւ բոլորովին նոր տեսք տուէք ձեր մեքենային: Նոյնը կրնաք ընել նաեւ ձեր սառնարանի պարագային:
– Պատի յարդարանք: Ընտրեցէք ձեր սրտին խօսող նկարներ, զանոնք փակցուցէք պատին վրայ եւ գունաւոր խէժերիզի միջոցով անոնց շուրջ շրջանակներ (քատրեր) կազմեցէք:
– Պահածոյի տուփեր: Պահածոյի մետաղեայ տուփերը լուացէք, ցամքեցուցէք եւ կիսով խէժերիզով ծածկեցէք: Զանոնք կրնաք օգտագործել մատիտներ կամ շպարի իրեր դասաւորելու համար:
– Հին աթոռ մը: Խոհանոցի կամ պատշգամի աթոռին նոր շունչ տուէք` դարձեալ գունաւոր երիզներ օգտագործելով:
– Տարեդարձի բաժակներ: Տարեդարձներու եւ ընկերային հաւաքոյթներու սեղանները աւելի զուարթ եւ հիւրընկալ տեսք կ՛ունենան, եթէ բաժակներն ու սափորները զարդարէք «Մասքինկ թէյփ»-ով: Անշուշտ ասիկա չի վերաբերիր պաշտօնական հաւաքոյթներուն:
Հետաքրքրական
Ձեր Դժուարութիւնները
Հարթելու Համար Գծեցէք
Խառն միտքով կարելի չէ հանդարտ մտածել եւ հարցերուն ճիշդ լուծումներ գտնել: Հոգեբաններու կարծիքով, գծագրութիւնը լաւ միջոց մըն է խառնակ միտքերը կարգաւորելու եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու համար:
Գծելու համար կրնաք օգտագործել ջրաներկ, մատիտ ներկ եւ այլն… հոգեբաններու կարծիքով, իւրաքանչիւր հոգեվիճակ կամ դժուարութիւն ունի իրեն համապատասխան գծագրութիւն: Եկէ՛ք ծանօթանանք:
– Եթէ յոգնածութիւն կը զգաք, ծաղիկներ գծեցէք:
– Բարկութեան պարագային` ուղղահայեաց եւ հորիզոնական գիծեր:
– Ցաւի պարագային` երկրաչափական մարմիններ:
– Եթէ տխուր էք, ծիածան գծեցէք:
– Ճիշդ որոշում կայացնելու համար ալիքներ եւ շրջանակներ գծեցէք:
– Ցրուած միտքերը հաւաքելու համար քառակուսիներ գծեցէք:
– Իրադարձութիւնները յիշելու համար գունաւոր նաշխեր գծեցէք:
– Ուժերը վերականգնելու համար գեղատեսիլ վայր մը գծեցէք:
– Ձեր զգացումներուն խորը թափանցելու համար ձեր դիմանկարը գծեցէք:
– Կարօտախտի պարագային լաբիւրինթոս գծեցէք:
Բջիջայինէն Կախուածութեան
Փորձ-Հարցարան
Հաւանաբար ձեզի ծանօթ է թեթեւ խուճապի եւ հիասթափութեան զգացումը, երբ բջիջայինը տունը մոռցած էք:
Իսկ դուք գիտէ՞ք, որ ժամանակակից հասարակութիւնը կը տառապի նոմոֆոպիա կոչուած յատուկ վիճակէն: Այս բառը յառաջացած է անգլերէն «no mobile phobia» արտայայտութենէն եւ ներմուծուած է մասնագէտներու կողմէ` բջիջայինը կորսնցուցած մարդոց անհանգստութեան երեւոյթը բնութագրելու համար:
Այովա նահանգի համալսարանի հոգեբանները պատրաստած են հարցաշար մը` նոմոֆոպիայի աստիճանը ստուգելու համար: Այս 20 հարցումներուն պատասխանեցէք պարզելու համար ձեր նոմոֆոպիայի աստիճանը: Յիշեցէք կամ տեղ մը արձանագրեցէք ձեր «այո» պատասխաններուն քանակը:
1.- Առանց իմ բջիջայինիս ես անհանգիստ եւ կորսուած կը զգամ:
2.- Ես կը տխրիմ, եթէ վայրկեանը վայրկեանին տեղեկութիւններ չկարենամ ստանալ:
3.- Ջղային կը դառնամ, եթէ որեւէ պատճառով հեռախօսս դադրի գործելէ:
4.- Ես կը զայրանամ, եթէ չկարողանամ օգտագործել հեռախօսիս հնարաւորութիւնները` ցանկացած պահուս:
5.- Ես խուճապի կը մատնուիմ, երբ իմ հաշուիս գումարը կը սպառի:
6.- Եթէ կապ չկայ կամ չեմ կրնար օգտուիլ Wifi-էն, ես անընդհատ կը ստուգեմ կապի առկայութիւնը:
7.- Եթէ բջիջայինս խանգարուի, բոլորովին տարբեր անձ մը կը դառնամ:
8.- Գործի մէջ եւ ամէնուրեք հեռախօսս միշտ ձեռքս է:
9.- Եթէ մնայուն կապի մէջ չըլլամ բարեկամներուս հետ, անհանգիստ եւ կորսուած կը զգամ:
10.- Եթէ հեռախօսս որեւէ տեղ մոռնամ, կ՛անհանգստանամ, որ հարազատներս պիտի չկարենան կապի մէջ ըլլալ հետս:
11.- Եթէ հեռախօսս տեղ մը մոռնամ, աշխարհէն կտրուած եւ անապահով կը զգամ:
12.- Եթէ կորսնցնեմ հեռախօսս, տարօրինակ կը զգամ, քանի որ ուրիշ ընելիք չունիմ:
13.- Եթէ կորսնցնեմ հեռախօսս կը ջղայնանամ, քանի որ բարեկամներս կապի մէջ են, իսկ ես` ոչ:
14.- Եթէ կորսնցնեմ հեռախօսս, հեռու կը մնամ աշխարհի վերջին նորութիւններէն:
15.-Եթէ տեղ մը մոռնամ բջիջայինս, կու լամ:
16.- Եթէ կորսնցնեմ բջիջայինս, կը դառնամ յարձակողական եւ կը վիճիմ բոլորին հետ:
17.- Եթէ կորսնցնեմ բջիջայինս, անմիջապէս կը մտածեմ նոր մը գնելու մասին:
18.- Եթէ կորսնցնեմ բջիջայինս, շունչ կը քաշեմ, «քանի մը օր հանգիստ» մնալու հեռանկարով:
19.- Եթէ կորսնցնեմ բջիջայինս, կը փորձեմ հաշտուիլ կացութեան հետ:
20.-Եթէ կորսնցնեմ հեռախօսս, ինքզինքս աշխարհի ամէնէն դժբախտ անձը կը զգամ:
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ «այո»-ներու թիւը 5-ը չ՛անցնր, հանգստացէ՛ք, բջիջայինէ կախուածութիւնը չի սպառնար ձեզի:
Եթէ 6 – 10 «այո» ունիք, դուք թեթեւ կախուածութիւն մը ունիք:
Եթէ 11 – 15 «այո» ունիք անհանգստալու առիթ ունիք: Իսկ եթէ 16-էն աւելի են «այո»-ները, դժբախտաբար նոմոֆոպիան ձեզ կուլ տուած է…
Խոհագիր
Դդումով Ջերեփուկ
(Կրաթեն)
Բաղադրութիւն
– 2 մանրուած սոխ
– 1 պճեղ ճզմուած սխտոր
– 2 դդում` կլոր շերտուած
– 4 լոլիկ` կլոր շերտուած
– Թարմ ծոթրինի քանի մը տերեւ
– 4 ապուրի դգալ ձէթ
– Պտղունց մը շաքար
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Տապակին մէջ 2 դգալ ձէթ տաքցնել եւ աւելցնել սոխը, ապա շաքարը եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել, մինչեւ որ «քարամել»-ի վերածուի:
Փուռի ափսէի մը յատակն ու կողմերը շփել սխտորով, շարել դդումի եւ լոլիկի շերտերը, երեսը աւելցնել թարմ ծոթրինը եւ սոխը: Աղել, համեմել եւ, վերջապէս, աւելցնել մնացեալ ձէթը:
Նախապէս տաքցուած փուռի մէջ 30 վայրկեան եփել` 180 ջերմաստիճանով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Տաղ Անձնական
Թողած Կարսում, գետի ափին, տունս` շինուած անտաշ քարով,
Կարսը թողած, Կարսի այգին ու հայրենի երկինքը մով
Եւ Կարինէ Քոթանճեանին անգամ չասած մնաս բարով-
Ա՜նց եմ կենում հիմա օտար քաղաքների ճանապարհով:Անց եմ կենում, շուրջս-մարդիկ, շուրջս դէմքեր հազա՜ր-հազա՜ր.
Շուրջս աշխարհն է աղմկում, մարդկային կեանքն անհաւասար.
Եւ ո՞վ կասի` ինչո՞ւ ես դու, եւ ով կասի, թէ ո՞ւր հասար,-
Դէմքերը, ախ, բութ են այնպէս` կարծես շինուած են տապարով:Գորշ, տաղտկալի ու խելագար երգ է կարծես այս կեանքը մի.
Ինչ-որ մէկի սրտում բացուած- վէրք է կարծես այս կեանքը մի.
Եւ ո՞ւմ համար- էլ ո՞ւմ համար կարօտակէզ երգէ հիմի
Սիրտս` լցուած տարիների սեղմ արճիճով ու կապարով:Բայց շուրջս թող որքան կ՛ուզէ աշխարհը այս խնդայ, ցնդի-
Ես- հաշմանդամ ու խելագար ու յաւիտեան վտարանդի՜
Դէպի երկինք պիտի գնամ, դէպի եզերքը Ամենտի-
Իմ բարձր, հին ու աստղային երազների ճանապարհով…Ու էլ ամէ՛ն մեղքի համար սիրտս հիմա ունի ներում.
Պիտի անդարձ ես հեռանամ, պիտի գնամ` ա՛չքս հեռուն.
Թէ Կարինէ Քոթանճեանին տեսնէք Կարսի փողոցներում-
Ասէ՛ք նրան` Չարենցն ասաւ- մնաս բարո՜վ, մնաս բարո՜վ…ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ