Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Քանի մը օր առաջ, 91 տարեկանին մեզմէ հեռացաւ հայ երգի թագուհին` Օֆելիա Համբարձումեանը:
Վերջին տարիներուն սիրուած երգչուհին ալ չէր մտածեր բեմ բարձրանալու մասին. ան ունէր իր այգին` ծիրանենիներով, տունը` բնութեան գիրկին մէջ, սակայն «միայնակ» կը զգար…
«Երանի նրանց, ովքեր ապրում են իրենց սկիզբն ու վերջը, իսկ ես միայնակ եմ», յայտնած էր երգչուհին իր մասին պատմող «Օֆելիա» ժապաւէնի վերջաւորութեան:
Առիթով մը, ժողովրդական արուեստագիտուհին յայտնած է, որ այլեւս չի փափաքիր բեմ վերադառնալ, քանի որ համերգի մասին լսելով` անմիջապէս կը յուզուի:
«Հնարաւոր է վերադառնամ, բայց ես չեմ ցանկանար, բաւ է. 70 տարին քիչ չէ: Արդէն յոգնել եմ, լսում եմ համերգի անունը, յուզւում եմ: Բոլորը այդպէս չեն, հիմակուան երեխաները թռվռալով գալիս են բեմ, բայց ես բեմի անուն լսելիս` լացս գալիս է», խոստովանած է երգչուհին:
«Ինծի Համար Առաջնայինը Երգն Է»
Օֆելիա Համբարձումեան կ՛ըսէր, որ ձայնը ժառանգած է մօրմէն եւ ինք ալ իր կարգին փոխանցած է իր աղջկան: Մանկութիւնը անցուցած է երգով, նոյնիսկ պատերազմի տարիներուն երգած է զինուորներուն համար:
Երգչուհին խոստովանած է, որ ինք ընտանիքին նուիրուած անձ է, բայց իրեն համար առաջնայինը երգը եղած է: Պատահած է, որ ընտանիքը ճաշ չէ ունեցած, բայց ինք փորձի գացած է…
Զաւակներուն` Տաթեւիկին եւ Յովհաննէսին համար Օֆելիան ոչ խիստ մայր եղած է, նոյնիսկ անգամ մը դպրոց գացած է եւ` խնդրած, որ դասերը ուշ սկսին, որպէսզի Տաթեւիկը աւելի երկար քնանայ…
Հարուստ Երգացանկ
Օֆելիա Համբարձումեանի երգացանկը կ՛ընդգրկէր առաւելաբար գուսանական եւ աշուղական երգեր:
Անոր երգացանկէն անպակաս էին Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւնները` «Ես կանչում եմ Լալային», «Չկայ քիզի նման», եւ այլն…
Աշուղներ` Հաւասիի, Աշոտի եւ Շահէնի ստեղծագործութիւններէն շատերու առաջին կատարողը Օֆելիան եղած է: Աշուղ Աշոտը խոստովանած է, որ «Օճախում», «Դու ծաղկավառ Զանգեզուրի» եւ շարք մը այլ երգեր յօրինած է յատկապէս Օֆելիային համար:
Շահէնն ալ իր «Էլինար» պոէմը գրած է Օֆելիային համար` «ամէն ինչ կառուցելով երգչուհիին ձայնական իւրայատկութիւններուն վրայ»:
Առիթով մը Օֆելիա ափսոսանք է յայտնած, որ պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայանները յաճախ չեն սփռեր իր երգերը, որոնք կ՛ոգեշնչեն եւ կ՛ապրեցնեն հայրենիքէն հեռու գտնուող հայերը:
Սիրուած երգչուհին ելոյթներ ունեցած է` Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Ֆրանսայի, Մ. Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ: 2011-ին արժանացած է «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանին` հայ երգարուեստին մատուցած ծառայութիւններուն համար:
Լուսաւոր Գաղափարներ
Ինչեր Կարելի Է Ընել
Հին Անիւներով
Սեղան
Կարելի է գիւղի տան, կամ պատշգամին համար իւրայատուկ սեղան մը շինել` 2 անիւ ըստ ճաշակի ներկելով, վրայ-վրայի հաստատելով եւ անոնց վրայ կլոր ապակի մը զետեղելով:
***
Հովանոցները Դասաւորելու
Առնել անիւ մը, լուալ, փայլեցնել, ապա բացուածքներ բանալ եւ անոնց մէջ տեղաւորել հովանոցները, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` ձեռքի գաւազաններ:
***
Ծառէն Կախուած Թաղար
Առնել անիւ մը, ներկել եւ հաստ շղթայի մը կամ պարանի մը միջոցով կախել պարտէզի ծառէն, կամ պատշգամի պատէն եւ մէջը զետեղել ծաղկած, գեղեցիկ բոյս մը:
***
Պատի Զարդ
Անիւը (սեւ կամ գունաւոր) հաստատել պատին վրայ, մէջը զետեղել փոքր գեղօրներ կամ` ձեր մանչուկին ինքնաշարժները եւ այլն…
***
Օրօրոց
Առնել անիւ մը եւ հաստ, պարանի մը միջոցով կախել ծառի մը ապահով, հաստ ճիւղէն: Երեխաները շատ պիտի զուարճանան անոր վրայ ելլելով ու ճօճուելով:
Առողջապահական
Կէսօրուան Ճաշէն Ետք
Կարճ Մրափի Մը 7 Բարիքները
Շատեր սովորութիւն ունին կէսօրուան ճաշէն ետք մրափ մը առնելու կամ քնանալու:
Մասնագէտներու կարծիքով, կէս ժամ տեւող մրափը ունի բազմաթիւ բարիքներ եւ բոլոր տարիքի մարդոց յանձնարարելի է գործադրել մրափի սովորութիւնը հետեւեալ 7 համոզիչ պատճառներով.
1.- Կը պաշտպանէ մարմնին դիմադրականութիւնը:
2.- Կ՛օգնէ որոշում տալու գործընթացին:
3.- Կ՛օգնէ նուազ ուտելու:
4.- Կը թեթեւցնէ ընկճախտը:
5.- Կը թարմացնէ յիշողութիւնը:
6.- Կը նպաստէ սիրտին առողջ գործունէութեան:
7.- Աւելի ուրախ կը պահէ ձեզ:
Նորաձեւութիւն
Սանտալի Մը Պատմութիւնը
«Հոկըն» վաճառանիշը հրապարակ իջեցուցած է անսովոր սանտալներ` ի պատիւ Պիանքա Ճեկըրին եւ անոր իւրայատուկ ոճին` 70-ական թուականներուն:
Նախկին դերասանուհի եւ մանըքէն Պիանքան, որ «Ռոլինկ սթոնզ» խումբի անդամ Միք Ճեկըրին կինն էր, սովորութիւն ունէր քուլիսներու ետին ամուսինին այցելելու հաստ, բարձրակրունկ սանտալով, որմէ կախած կ՛ըլլար իր VIP-ի (շատ կարեւոր անձնաւորութիւն) քարտը:
«Հոկըն» վաճառանիշը նոյն այդ սանտալները վերակենդանացուցած է` պահելով անոնց արտակարգ կրունկները եւ վառ գոյները: Իսկ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին հարիւր տոկոսով Պիանքան ընդօրինակել, կրնան յատուկ ապսպրանքով VIP-ի քարտ մըն ալ հաստատել իրենց սանտալին վրայ:
Նշենք, որ «Հոկըն»-ի այս սանտալը կ՛արժէ 335 եւրօ:
Խոհագիր
Դդումով Եւ Լոլիկով Թարթ
Բաղադրութիւն 4 անձի համար.-
– 1 ծրար Փաթ ֆէօյըթէ պատրաստ խմոր
– Միջակ չափի 6 լոլիկ
– Միջակ չափի 5 դդում
– Կապոց մը կանաչ սոխ
– 2 միջակ գետնախնձոր
– 1 պճեղ սխտոր
– Թարմ ծոթրինի տերեւներ
– 6 ապուրի դգալ ձէթ
– Աղ, սեւ պղպեղ
– Հաւկիթի դեղնուց մը:
Պատրաստութիւն.-
2 ապուրի դգալ ձէթի մէջ դարձնել մանրուած կանաչ սոխը եւ ճզմուած սխտորը:
2 ապուրի դգալ ձէթի մէջ դարձնել դդումի եւ գետնախնձորի շերտերը: 10-15 վայրկեան եփել:
Թարթի կաղապարի մը մէջ տարածել խմորը, պատառաքաղով մը ծակծկել եւ վրան տարածել մանրուած սոխը:
Խմորին երեսը ծածկել կլոր շերտուած բանջարեղէններով, երեսը տարածել թարմ ծոթրինի տերեւները եւ 2 ապուրի դգալ ձէթը:
Նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել, մինչեւ որ բանջարեղէնները փափկանան:
Որպէսզի խմորը գեղեցիկ տեսք ունենայ, նախքան փուռ մտցնելը անոր եզերքը ծեփել հաւկիթի դեղնուցով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Օճախում
Սրտանց արի, քո սէրն եմ էս հիւրընկալ օճախում,
Ազնիւ սրտի հուր սիրոյ, յիշատակ կայ օճախում:
Մի՞թէ սիրտը մութ է քո, չէ՞ որ դու իմ աստղն ես,
Անհուն երկնի շողն առած, կենաց սիրտ կայ օճախում:Դէ արի շորորա,
Տաղ ասեմ նազերիդ,
Օճախս տխուր է առանց քեզ, նազելի,
Ախ, աչքս քո ճամբին խամրում է, ի՞նչ անեմ,
Ախ, սիրտս կարօտից մարւում է, ի՞նչ անեմ:Լեռնական է իմ հոգին, աստղերի հետ կը խօսի,
Մօտ եւ հեռու ոլորուն, ճամբէքի հետ կը խօսի,
Հոգուս հաւքը միշտ քեզ հետ` երազի մէջ կը խօսի,
Քո հուր սիրուց չմարող վառ կրակ կայ օճախում:Ինչքան էլ որ խիստ լինի ձիւն-ձմեռը էս տարուայ,
Ինչքան էլ որ ուշ բացուեն ճամբաները գարունքուայ,
Կրակները սրտերի չեն մարի, չեն մոխրանայ,
Ինչպէս կրակ մի անմար, վառ կը մնայ օճախում:Արագիլը գարունքին գալիս, գտնում է բոյնը,
Հազար շիւղեր նա բերում, նորոգում է իր բոյնը,
Աշոտ, դու էլ էս գիշեր կ՛առնես աչքերիդ քունը,
Թէ սիրածդ սրտաբաց գայ ու մնայ օճախում:ԳՈՒՍԱՆ ԱՇՈՏ