Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հոգեբաններու կարծիքով, երեխաներուն ճիշդ դաստիարակութեան համար թելադրելի է անոնց աշխատիլ սորվեցնել կանուխ տարիքէն: Անոնց կարծիքով, խաղը, ուսումը եւ աշխատանքը երեխաներու զարգացման երեք կարեւոր բաղադրիչներն են: Ծնողներուն օգնել պզտիկ գործ մը կատարելով եւ անոր դիմաց չնչին վարձատրութիւն ստանալով` երեխան աւելի լաւ կը հասկնայ, թէ ինչպէ՛ս կառուցուած է աշխարհը եւ աւելի լաւ նախապատրաստուած կ՛ըլլայ հասուն կեանքին:
Ասիկա նաեւ երեխային հնարաւորութիւն կու տայ հասկնալու, թէ կեանքի մէջ ի՛նչ դեր կը խաղայ աշխատանքը, եւ թէ որքան կարեւոր է չծուլանալը: Այլապէս երեխաները կրնան վերածուիլ ծոյլ պատանիներու եւ անյաջողակ չափահասներու:
Վերոյիշեալ հոգեբանները կարեւորութեամբ կ՛ընդգծեն, որ աշխատանք ըսելով` երբեք պէտք չէ հասկնալ մանկական աշխատանքի շահագործումը եւ յանուն աշխատավարձի եւ ընտանիքը կերակրելու համար աշխատիլը:
Պէտք է, որ աշխատանքը երեխաներուն զարգացման մէկ մասը կազմէ եւ ոչ թէ խանգարէ անոնց զարգացումը: Աշխատանքը միջոց մը պէտք է ըլլայ երեխաներուն համար` ճանչնալու զիրենք շրջապատող աշխարհը, բայց անոնք պէտք է որ բաւարար ժամանակ ունենան խաղալու եւ ուսում ստանալու:
Վերջապէս, հոգեբանները կարեւորութեամբ շեշտած են, որ աշխատանքը ոչ մէկ ձեւով պէտք է վնասէ երեխաներուն մարմնական կամ հոգեկան առողջութեան կամ վիրաւորէ անոնց արժանապատուութիւնը:
Ինչո՞ւ Ներել
Փոքր տարիքէն մեր զաւակներէն կը պահանջենք, որ իրենց գործած մէկ սխալին համար ներողութիւն խնդրեն եւ կամ իրենց դէմ գործուած մէկ յանցանքին դիմաց ներողամիտ գտնուին:
Չափահաս տարիքի մենք ալ մեր կարգին պէտք է ներենք մեզ ցաւցուցած անձը, մոռնանք անախորժ պատահարը, այլապէս կը դժուարացնենք մեր կեանքը:
Չներել` կը նշանակէ մէջը պահել վիրաւորանքը, դժգոհութիւնը: Ատիկա նաեւ կը նշանակէ` մէջը պահել ցաւը: Մշտապէս մեր ուղեղին մէջ կը պտտցնենք այդ իրադարձութիւնը` փոխանակ դրական բաներու վրայ կեդրոնանալու:
Ներումը առաջին հերթին մեզի կ՛օգնէ: Ամբողջ իմաստը ա՛յդ է: Մենք կը մտածենք, որ ներումը կը վերաբերի դիմացինին, սակայն իրականութեան մէջ այս դժուար քայլը մեզի աւելի պէտք է: Առանց ներումի` մենք չենք կրնար կեանքի մէջ յառաջ երթալ, միշտ մեր հոգիին վրայ ծանր քար մը կրելու տպաւորութիւնը կ՛ունենանք:
Ներումը պէտք է բոլորին համար ըլլայ, եւ ոչ թէ միայն անոնց, որոնք ներողութիւն խնդրած են մեզմէ: Այլապէս ո՞ւր է ներման իմաստը: Ուժեղ մարդիկ կը ներեն նոյնիսկ անոնց, որոնք արժանի չեն: Այլապէս մեր մէջ թաքնուած վիրաւորանքը կ՛արտացոլայ մեզ շրջապատող այլ մարդոց վրայ եւ ատիկա կը դառնայ բարդոյթ եւ մարդոց հանդէպ անվստահութեան պատճառ:
Միայն ներելով մենք կը հաշտուինք անցեալին հետ, որպէսզի անիկա չխանգարէ մեր ապագան: Երբ մենք մէկ կողմ կը դնենք անցեալի ցաւը, վիրաւորանքը, նոր տեղ կը բանանք նոր եւ խաղաղ զգացումներու:
Կ՛արժէ մտածել այս մասին…
Հետաքրքրական խօսքեր` ներումի մասին.
– Տկարը չի կրնար ներել: Ներումը ուժեղներուն կը պատկանի:
– Երբ կը ներես, անցեալը չես փոխեր, սակայն վստահաբար կը փոխես ապագան:
– Սիրել` կը նշանակէ ներել:
– Էջը դարձնելը մոռնալ չի նշանակեր: Պարզապէս ըսել է, թէ որոշած ես ուրախ ըլլալ` փոխանակ վիրաւորուած զգալու…
– Ներելը ուրիշին համար չէ, որ կ՛ընենք, այլ` մենք մեզի: Կը ներենք աւելի հանգիստ զգալու եւ յառաջ երթալու համար:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Մեխակի Գամի
Օգտագործումը
– 1 –
Ակռայի ցաւի համար:
Ակռայի ցաւին ժամանակաւոր լուծում մը գտնելու համար մեխակի գամ մը տեղաւորեցէք ցաւող ակռային վրայ, ի հարկին` երկու ակռաներու միջեւ, եւ շատ չանցած` ցաւը պիտի մեղմանայ:
– 2 –
Ցեցի դէմ:
Ձեր պահարանին գզրոցներուն մէջ եւ դարաններուն վրայ մեխակի գամեր զետեղեցէք: Ցեցերը չեն ախորժիր անոր հոտէն եւ հեռու կը մնան ձեր պահարանէն:
– 3 –
Կոկորդի ցաւի դէմ:
Տաք ջուրով լեցուն գաւաթի մը մէջ քանի մը մեխակի գամ դրէք, աւելցուցէք թէյի դգալ մը մեղր եւ շերտ մը կիտրոն ու խմեցէք:
– 4 –
Խոհանոցին գէշ հոտերուն դէմ:
Խոհանոցէն անախորժ հոտերը հեռացնելու համար թէյամանին մէջ ջուր եռացուցէք, մէջը մեխակի գամ նետեցէք եւ եռացուցէք: Շատ չանցած` անախորժ հոտերը պիտի չքանան:
– 5 –
Սառնարանի գէշ հոտերուն դէմ:
Գաւաթի մը կէսը կիտրոնի հիւթ լեցուցէք, քանի մը մեխակի գամ աւելցուցէք եւ սառնարանին դարաններէն մէկուն վրայ զետեղեցէք անախորժ հոտերը չէզոքացնելու համար:
– 6 –
Կերակուրներուն համ տալու համար:
Յատկապէս մսեղէններու պատրաստութեան մէջ անպայման մեխակի գամ գործածեցէք անոնց բոյր եւ համ տալու համար:
– 7 –
Բերնի գէշ հոտին դէմ:
Քանի մը մեխակի գամ ծամեցէք, եթէ սոխի կամ սխտորի պատճառով ձեր շունչը գէշ կը հոտի:
– 8 –
Եթէ յօդային կամ մկանային ցաւերէ կը տառապիք, ահաւասիկ` բնական եւ արագ միջոց մը. գաւաթ մը եռացած ջուրի մէջ քանի մը մեխակի գամ նետեցէք եւ տաք-տաք խմեցէք:
Խոհագիր
Ձմերուկով Փիծա
Փիծան այն ուտեստներէն է, որ սիրուած է գրեթէ բոլորին կողմէ, քանի որ իւրաքանչիւր անձ կրնայ զայն պատրաստել այն բաղադրիչներով, որ ինք կը սիրէ:
Այսօրուան սիւնակով ձեզի կը ներկայացնենք ձմերուկով փիծայի բաղադրատոմս մը. հաւանաբար զարմանաք, բայց կ՛արժէ զայն փորձել:
Պատրաստութիւն.
Սուր դանակով մը կտրեցէք ձմերուկի կլոր եւ բաւական հաստ շերտ մը:
Անոր երեսը տարածեցէք թացանը (1 ապուրի դգալ կարմիր գինի, 1 ապուրի դգալ շաքարաւազ, քառորդ ապուրի դգալ աղ, 2 ապուրի դգալ ձէթ):
Երեսը զարդարեցէք պանիրով (պլէօ կամ ֆեթա), սոխի կլոր, բարակ շերտերով, մանրուած ռեհանով եւ սեւ ձիթապտուղի հատիկներով:
Ձմերուկը փոխադրել սառնարանը եւ հրամցնել պաղ վիճակի մէջ: Բարի՛ ախորժակ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ա՛խ, Իմ Հայրենի՜ք…
Ես կեանքիդ համար կեանքս չեմ տուել`
Ես չեմ մասնակցել եւ ո՛չ մի մարտիդ,
Բայց կէս քայլ անգամ չեմ արել կեանքում,
Որ քեզ չբերի.
Քեզնից սկսւում ու քեզ եմ հանգում`
Շրջագծի պէս…Վերեւից ցած են ջրերդ հոսում,
Իսկ ես իմ ցածից
Լուռ մագըլցում եմ դէպի բարձունքըդ`
Քո շոգի` նման…Ու երբ գարունդ է նորից կրկընւում
Մի հրաշալի էպիգոնութեամբ,
Չոր ցօղունիդ պէս ծաղկում է իմ մէջ
Նոյն միտքը միայն.
– Թէկուզ անանուն`
Ինչպէս խոտերդ սարերիդ լանջին,
Եթէ ես օգնեմ կանաչութեանդ,
Կարող եմ ասել.
«Ե՜ս էլ ապրեցի»…Պ. ՍԵՒԱԿ