Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ուշադիր նայեցէք նկարին եւ ըսէք, թէ առաջին անգամ ի՞նչ տեսաք նկարին վրայ:
Մոմակա՞լ, տղամա՞րդ, կի՞ն:
Ճշդելէ ետք ձեր տեսածը, կարդացէք համապատասխան բացատրութիւնը ձեր նկարագրային գիծին մասին:
– Եթէ առաջին հերթին մոմակալը նկատեցիք, լայնախոհ անձ էք: Ձեր ծրագիրները միշտ փառահեղ են: Դուք լայնահոգի, համբերատար եւ փափկանկատ մարդ էք, բայց ուշադի՛ր, շատեր կը շահագործեն ձեր ազնուութիւնը: Եղէք աւելի զգուշաւոր` շրջապատի ընտրութեան ժամանակ:
– Եթէ առաջին հերթին կինը նկատեցիք, դուք վիպապաշտ անձ մըն էք, յաճախ իրականութեան քովէն կ՛անցնիք եւ ձեր երազներուն եւ յոյզերուն զոհը կ՛երթաք:
Այս հեւքոտ կեանքին մէջ լաւ է երբեմն վիպապաշտ ըլլալը եւ ծանր իրականութենէն քիչ մը անջատուիլը, բայց ուշադիր եղէք, որ յուսախաբութիւններ չապրիք:
– Եթէ առաջին հերթին տղամարդը տեսաք, դուք չափազանց հանդարտ եւ պաղարիւն մարդ էք: Ամէն հարցի գծով ունիք ձեր սեփական կարծիքը եւ իւրայատուկ աշխարհահայեացքը: Դուք բաւարար ուշադիր չէք ձեր շրջապատին, անհրաժեշտ է քիչ մը ուշադրութիւն դարձնել ձեր հարազատներուն:
Ձմերուկի Մատուցման
Հետաքրքրական Ձեւեր
Ամրան տաք ամիսներուն քաղցրահամ եւ հիւթեղ ձմերուկը իտէալական ուտելիքն է բոլորին համար:
Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է յաճախ ձմերուկ ուտել:
Ձմերուկը քիչ իւղ կը պարունակէ, իսկ երբեք` քոլեսթերոլ:
Հարուստ է Ա., Սէ. եւ Պէ. կենսանիւթերով:
Հարուստ է հանքայիններով եւ օլիկօ-էլեմաններով:
Անիկա կը մաքրէ երիկամները եւ լեարդը:
Կը բարելաւէ արեան շրջագայութիւնը եւ կը պաշտպանէ երակները:
Հարուստ է հակաօքսիտաններով:
Յագեցնող է:
Կը բարելաւէ սրտանօթային համակարգը:
Պարզապէս` կը զովացնէ:
Միօրինակութենէ դուրս գալու համար ձեզի կը ներկայացնենք ձմերուկի մատուցման նոր եւ հետաքրքրական ձեւեր:
ա.- Ձմերուկի ձողիկներ
բ.- Ձմերուկի քաղցր սրտիկներ
գ.- Ձմերուկի կարկանդակ
դ.- Այծի պանիրով ձմերուկի պատառիկներ
ե.- Ձմերուկի պաղպաղակներ
Կ՛արժէ Մտածել
7 «Ոչ»-եր, Որոնք
Կը Փոխեն Ձեր Կեանքը
Կեանքը շատ կարճ է չսիրած գործով զբաղելու համար: Կեանքը շատ կարճ է տեւաբար հաճոյակատարի դերը խաղալու համար: Ճիշդ ժամանակին «Ոչ» ըսելը կը փոխէ ձեր կեանքը, վստահաբար` դէպի լաւը:
1.- «Ոչ» ըսէք այն աշխատանքին, որ չէք սիրեր: Կարեւոր է, որ աշխատանքը ձեզի հաճոյք պատճառէ:
2.- «Ոչ» ըսէք ձեր ծնողներուն ակնկալութիւններուն: Ձեր կեանքը ձեզի կը պատկանի, եւ դուք պիտի որոշէք` ինչպէ՛ս պիտի չապրիք:
3.- «Ոչ» ըսէք ձեզմէ վայրկենական պատասխան սպասողին: Ձեր ժամանակը առէք եւ համոզումով տուէք ձեր կարծիքը:
4.- «Ոչ» ըսէք այն մարդոց, որոնք միշտ օգնութիւն կը խնդրեն ձեզմէ: Օգնել կարելի է, սակայն ուրիշներուն գործերը միշտ ձեր վրայ պիտի չառնէք:
5.- «Ոչ» ըսէք տեւաբար տրտնջացող անձերուն, որոնք իրենց լաւ օրերուն յաճախ կը մոռնան ձեր գոյութիւնը:
6.- «Ոչ» ըսէք ձեր հանգիստը խանգարող եւ ազատութիւնը կաշկանդող դրացիներուն, որոնք մնայուն անկոչ հիւրի դերին մէջ են:
7.- «Ոչ» ըսէք վախերուն: Արկածներն են կեանքին համեմը, ալ ի՞նչ արկած` առանց վախի…
Նորաձեւութիւն
Շանել Նորաձեւութեան
Տունը Կը Մեծարէ Ցորենը
Վերջերս Փարիզի մէջ ցուցադրուեցաւ Շանել նորաձեւութեան տան գոհարեղէններու հաւաքածոն, որուն թեման Կապրիէլ Շանելի սրտին խօսող ցորենն էր:
Փոքր տարիքէն նշանաւոր ֆրանսուհին յատուկ սէր ունեցած է ցորենին եւ ցորենի հասկերուն հանդէպ: Հետեւաբար գոհարեղէններու վերջին հաւաքածոյին թեման պատահական չէր:
Հարստութեան, առատութեան, վերանորոգման եւ բախտաբերութեան խորհրդանիշ ցորենը Կապրիէլ Շանելի կեանքին մէջ յատուկ տեղ գրաւած է: Ան որպէս բախտի խորհրդանիշ` ցորենի հասկերու փունջեր զետեղած էր իր յարկաբաժինին, բայց նաեւ պանդոկի սենեակներուն մէջ: Իսկ զուգադիպութեամբ մը նշանաւոր ձեւագիտուհիին ծննդեան թուականը (19 օգոստոս) կը համընկնի հունձքի տօնին:
62 կտորէ բաղկացած գոհարեղէնները` մանեակ, օղ, ապարանջան, մատանի եւ զարդասեղ, պատրաստուած են ճերմակ եւ դեղին ոսկիէ եւ զարդարուած են ադամանդի եւ դեղին շափիւղայի քարերով:
Ստորեւ կը տեսնէք վերոյիշեալ հաւաքածոյէն հետաքրքրական նմուշներ:
Խոհագիր
Բրինձով Աղցան
Բաղադրութիւն 4 անձի համար.
400 կրամ պասմաթի բրինձ
4 լոլիկ
Կէս կարմիր պղպեղ
Կէս դեղին պղպեղ
Կէս կանաչ պղպեղ
1 տուփ թոն
1 տուփ եգիպտացորեն
2-3 կանաչ սոխ
3 հատ խաշած հաւկիթ
4 ապուրի դգալ ձէթ
1 ապուրի դգալ պալսամիք քացախ
1 սուրճի դգալ մանանեխ
Աղ, սեւ համեմ
Պատրաստութիւն
Պասմաթի բրինձը խաշել:
Մանր կտրտել 3 գոյնի պղպեղները եւ լոլիկները: Մանրել նաեւ կանաչ սոխը:
Խաշել եւ կեղուել հաւկիթները:
Խորունկ ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը:
Աղցանի յատուկ խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել խաշած բրինձը, աւելցնել պղպեղները, լոլիկը, սոխը, եգիպտացորենը, փշրուած թոնը, կտրտուած հաւկիթը: Թացանը աղել, համեմել եւ աւելցնել խառնուրդին:
Սառնարանը փոխադրել մինչեւ հրամցնելու պահը:
Ներկայացնել կէս խորունկ ամանի մը մէջ եւ շուրջը զարդարել լոլիկի եւ խաշած հաւկիթի շերտերով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Կ՛ուզէ՞ք – երգեմ `
Ձեզ համար,
Հիմա:
Այնպէս երգեմ, որ զգաք-
Ինչ որ կ՛ուզէք, կ՛ուզէք – սէր
Կ՛ուզէք – մահ:
Ես երգում եմ, որ յուզեմ.
Տալիս եմ երգս լուսէ
Ո՛ւմ որ կ՛ուզէք. թէկուզ նա
Լինի պոռնիկը վերջին.
Դուր չի՞ գալիս ձեզ միթէ
Այս քնքշութիւնը –
Առջի:
Ես երգում եմ ակամայ:
Ի՛նչ էլ երգեմ, կ՛ուզէք – սէր,
Կ՛ուզէք – մահ: –
Բայց չե՛մ կեղծում ես երբեք:
Լսէ՛ք երգերս
Ահա –
Լսէ՛ք երգերս, բայց թէ –
Չհարբեք:
Ես չեմ ուզում, որ հարբեք.
Լաւ չէ, գիտէ՞ք, երբ որ մի
Անհո՜ւն կարօտ դառնում է քաղցր
Քամի…
Չէ՞ք հասկանում:
Ի զո՜ւր, ի զո՜ւր: Դուք պէ՛տք է որ
Հասկանաք:
Թռչել է պէտք. սակայն ո՞ւր:-
Չէ՞ք հասկանում. ես կ՛ուզեմ,
Որ իմ երգերը
Լուսէ –
Ձեզ թուղթ թուան ու թանաք:
Չէք հասկանում… – Դուք պէ՛տք է որ
Հասկանաք:
Ուրիշ – ոչինչ:
Ու հիմա –
Նո՛յնն է նորից. ես երգում եմ, որ յուզեմ
Ես երգում եմ – ակամայ:
Ի՛նչ էլ երգեմ` կ՛ուզէք – սէր,
Կ՛ուզէք – մահ:
Ես – խեղկատակ եմ հիմա…ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ