Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ Ալիսիա Կիրակոսեանի ծննդեան տարեդարձն էր: Արժանթինահայ բանաստեղծուհին 80 տարեկան պիտի դառնար:
Ալիսիա Կիրակոսեանը ծնած է 1936-ին, Արժանթին եւ մահացած է 2014-ին, Միացեալ Նահանգներ:
Բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքը` «Մէկ օրում հինգ ձայն» լոյս տեսաւ 1966-ին, իսկ հայ ընթերցողը զայն ճանչցաւ 1967-ին, բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանի հրաշալի թարգմանութեամբ հրատարակուած «Արմատ եւ էութիւն» բանաստեղծութիւններու ժողովածուով:
Բանաստեղծուհիին գործերուն մեծ մասը սպաներէն գրուած է, եւ անոնց մէկ կարեւոր մասը հայերէնի թարգմանուած է: Կիրակոսեան բազմաթիւ անգամներ Հայաստան այցելած է եւ այդ առիթով գրած է իր շատ ծանօթ բանաստեղծութիւնը` «Նամակ առ Հայաստան»-ը:
Ա. Կիրակոսեանի գործերուն բնաբանական առանցքը կազմած են` սէրը, մայրութիւնը, հայրենիքը եւ փիլիսոփայական խոհը: Ան արժանացած է Խաչատուր Աբովեանի անուան մրցանակին եւ «Մովսէս Խորենացի» մետալին:
Առողջապահական
Սխալներ, Որոնք Կը Վնասեն
Մեր Քունի Որակին
Բոլորս ալ պարբերաբար քունի խանգարումներ կ՛ունենանք, բայց երբ անոնք յաճախակի կը դառնան, պէտք է մտածել պատճառներու եւ լուծումներու մասին: Ահաւասիկ սխալներ, որոնք կը խանգարեն մեր քունը:
ա.- Շատ լուսաւոր ննջասենեակը,
բ.- Մինչեւ երեկոյ առատ քաֆէինի սպառումը,
գ.- Անհանգստաւէտ բարձն ու ներքնակը,
դ.- Քունի ժամերու յաճախակի փոփոխութիւնը,
ե.- Շրջապատի աղմուկը,
զ.- Շատ տաք կամ ցուրտ ննջասենեակը,
է.- Ծանր, իւղոտ ընթրիքը,
ը. Ննջասենեակին մէջ ելեկտրական գործիքներու առկայութիւնը,
թ.- Ապականած օդը:
Դափնիի Տերեւ Այրեցեէք,
Որպէսզի…
Դափնիի բուրաւէտ տերեւները ոչ միայն կերակուրներու պատրաստութեան մէջ կ՛օգտագործուին, այլ նաեւ` բժշկութեան: Տերեւները իրենց հարուստ բաղադրութեամբ կ՛օգտագործուին մարսողական համակարգը կանոնաւորելու եւ ընկճախտը դարմանելու համար:
Այսպէս, ռուս գիտնական Ժ. Մալախով յայտնաբերած է դափնիի տերեւներուն բարենպաստ ազդեցութիւնը ընկճախտի, անձկութեան եւ տրամադրութեան վրայ:
Դափնիի տերեւներուն հանգստացնող եւ տրամադրութիւնը բարձրացնող յատկութենէն օգտուելու համար կ՛առաջարկուի զանոնք… այրել:
Այսպէս, ընտրել դափնիի 4 – 5 չոր տերեւ եւ զանոնք այրել կաթսայի մը կամ խոշոր մոխրամանի մը մէջ եւ 10 վայրկեան սենեակէն մեկնիլ: Վերադառնալէ ետք շնչել սենեակին մէջ տարածուած անուշ բոյրով օդը…
Այրելու ընթացքին տերեւներու արտաբերած նիւթերը դրական տրամադրութիւն, հանգստութիւն եւ բարօրութիւն պիտի շնորհեն սենեակին օդը շնչելով:
Ստուգենք Մեր Գիտելիքները
Պաշտօնական Ընթրիքի Մը
Սեղանին Շուրջ…
– 1 –
Ճաշարանը, երբ կերակուրները կը հասնին, «բարի ախորժակ» կը մաղթենք նախքան ուտելու սկսիլը:
ՍԽԱԼ, այս խօսքը մտերիմներու մէջ թերեւս կ՛ըսուի, բայց ոչ` պաշտօնական ընթրիքի մը ընթացքին: Մաղթանքի կամ այլ խօսքի կարիք չկայ:
– 2 –
Ընթրիքը աւարտած է: Ձեր ձեռքերը կը դնէք սեղանին, ձեր պնակին երկու կողմերուն:
ՃԻՇԴ, երբեք արմուկները սեղանին չեն դներ, ոչ ալ սեղանին տակը` ծունկերուն վրայ:
– 3 –
Երբ ընթրիքի մը հրաւիրուած ենք, պէտք է ճշդուած ժամանակին հասնինք:
ՍԽԱԼ, պաշտօնական ընթրիքի մը պէտք է, որ ճշդուած ժամէն քառորդ ժամ ուշ հասնինք: Այդ քառորդ ժամը կը կոչուի «քաղաքավարութեան քառորդ ժամ», որ առիթ կու տայ տանտիկինին վերջին դասաւորումները ընել` նախքան հիւրերուն ժամանումը:
– 4 –
Երբ ընթրիքը աւարտած էք դանակն ու պատառաքաղը զուգահեռ պէտք է դնէք պնակին մէջ:
ՍԽԱԼ, ընթրիքը աւարտելէ ետք դանակն ու պատառաքաղը պնակին մէջ պէտք է զետեղել ժամը 4:00-ին 20 մնացած սլաքներու դիրքով: Պատառաքաղը ակռաները դէպի վեր, իսկ դանակին շեղբը դէպի պատառաքաղ դարձած:
– 5 –
Սեղանին դրուած հացի կտորը քիչ մը մեծ է, դանակով կը կտրէք զայն:
ՍԽԱԼ, հացը երբեք դանակով չենք կտրեր, այլ պարզապէս` ձեռքով, առանց շատ մեծ ուշադրութիւն գրաւելու:
– 6 –
Ընթրիքի սեղանին շուրջ յանձնարարելի է քաղաքական նիւթերու մասին չխօսիլ, մանաւանդ եթէ անծանօթ հիւրեր ալ կան:
ՃԻՇԴ, կենցաղավարութիւնը կը պահանջէ, որ ընթրիքի սեղանին շուրջ, մանաւանդ երբ անծանօթ հիւրեր ալ կան, պէտք է հրաժարիլ քաղաքական, դրամական եւ կրօնական նիւթեր արծարծելէ:
Ի՞Նչ Գիտենք Ընկոյզի Մասին
Ընկոյզի հայրենիքը Փոքր եւ Միջին Ասիաներն են: Ընկոյզը համարուած է «ընկուզեղէնի արքան», իսկ անոր միջուկին արտաքին նմանութիւնը մարդու ուղեղին հետ` հին իմաստասէրներուն ենթադրել տուած է, որ ընկոյզը ունի «մտածելու» ունակութիւն:
Ըստ պահպանուած պատմական ձեռագիրներու, Բաբելոնի քուրմերը արգիլեր են հասարակ ժողովուրդին ընկոյզ ուտել, քանի որ խելացի մարդոց աւելի դժուար կ՛ըլլար կառավարելը:
Հին հայերը ծանօթ էին ընկոյզին բարձր սննդային արժէքին: Յատուկ ձեւով մշակուած, մեղրի եւ իւղի մէջ պահածոյացուած ընկոյզը նպաստած է զինուորներուն ֆիզիքական ուժի եւ ռազմական հնարամտութեան պահպանման:
Ընկոյզին Սննդական Արժէքը
Հասուն ընկոյզի միջուկը հարուստ է բազմաչյագեցած ճարպերով, քոլեսթերոլէ զուրկ ճարպաթթուներով, ամինաթթուներով, կիրով, մակնեզիոմով, Էօ. եւ Պէ. խումբի կենսանիւթերով եւ այլն…
Ահա թէ ինչո՛ւ ընկոյզը թելադրելի է բոլորին: Տարբեր ուսումնասիրութիւններ կը փաստեն, որ ընկոյզի միջոցով կարելի է բուժել բարորակ ուռուցքներ եւ չէզոքացնել տարբեր տեսակի բորբոքումներ: Անիկա օգտակար է անքնութեան եւ ընկճախտի պարագային:
Ընկոյզը ունի երիտասարդացնող, իսկ աւելի ճիշդ` ծերացումը դանդաղեցնող յատկութիւն:
Ընկոյզը նաեւ օգտակար է սրտանօթային եւ մարսողական համակարգին
Ուշադրութի՛ւն
Ընկոյզը հակացուցուած է գերզգայնութիւններու ենթակայ անձերուն, մորթային հիւանդութիւններ (փսորիազիս, էկզեմա եւ այլն…) ունեցողներուն եւ արեան լերդացման խախտումներու պարագային:
Անկախ ընկոյզի օգտակար յատկութիւններէն բժիշկները կը թելադրեն օրը 100 կրամէն աւելի ընկոյզ չուտել:
Խոհագիր
Պանիրով Եւ Ընկոյզով
Գնդակներ
Բաղադրութիւն 4 անձի համար.-
– 200 կրամ այծի պանիր (կարելի է փոխարինել ֆէթայով)
– 100 կրամ մանրուած ընկոյզ
– 1 ճիւղ խնկունի
– Մէկ ցօղուն կանաչ սոխ
– Պտղունց մը կարմիր պղպեղ
– Ըստ ճաշակի, կարելի է աւելցնել ռեհանի, գինձի կամ ազատքեղի մանրուած տերեւներ
Պատրաստութիւն.-
Ամանի մը մէջ ճզմել պանիրը, աւելցնել խնկունիի տերեւները, շատ մանր մանրուած կանաչ սոխը, կարմիր պղպեղը: Շաղել եւ ափերուն մէջ առնելով` ընկոյզի մեծութեամբ գնդակներ ձեւաւորել:
Բաց ամանի մը մէջ տարածել մանրուած ընկոյզը: Պանիրի գնդակները չորս կողմով թաթխել ընկոյզին մէջ եւ ներկայանալի ամանի մը մէջ տեղաւորել ու սառնարանը պահել` մինչեւ մատուցման պահը:
Զարդարել խնկունիի թարմ ճիւղերով եւ հրամցնել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
ՏԱՐԻՆԵՐՍ
Տարինե՜րս,տարինե՜րս,
Ո՞ւր մնացին տարիներս,
Կանաչ- կարմիր,
Սեւ-սպիտակ տարիներս,
Իմ սառն ու տաք,
Ծուռ ու շիտակ
Տարինե՜րս,տարինե՜րս:
Ո՞ւր գնացին խեղճ ու կրակ,
Ոտաբոբիկ տարիներս,
Իմ թեւաւոր,իմ թեւաբեկ
Տարիներս
Իմ սիրաւոր,
Իմ ձիաւոր
Տարիներս ու՞ր մնացին:
Որքան ցավեր տուին, առան,,
Որքան սեւե՛ր,սեւե՛ր,սեւե՛ր,
Տարինե՜րս,տարինե՜րս:
Որքա՜ն չասուած խօսքեր տարան,
Որքա՜ն չասուածսերե՜ր,սերե՜ր,
Տարիներս:
Ո՞ւր գնացին,ինչպե՞ս անցան
Քար քրքրող,երկինք խմթղ
Տարինե՜րս,տարինե՜րս,
Այս ինչքան շուտ վրայ հասան
Իմ ցուպաւոր,
Ասուպաւոր տարիներս:
Մեն մի օրով հաւաքուէին
Գային,գային
Եւ աճիւնիս վրայ լային
Իմ բախտաւոր,
Աղէտաւոր տարիներս,
Կանաչ-կարմիր,սեւ, սպիտակ
Ապրած բոլոր
Տարինե՜րս,տարինե՜րս:ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ