Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Վերջերս Հայաստան այցելեցին սփիւռքահայ օփերայի երեք երգչուհիներ` Ճուլիէթ Գալստեանը, Հրաչուհի Բասենցին եւ Վարդուհի Խաչատրեանը: Անոնք սփիւռքի նախարարին կողմէ պարգեւատրուեցան «Կոմիտաս» մետալով եւ պատուոյ գիրերով:
Այսօրուան սիւնակով ծանօթանանք Ճուլիէթ Գալստեանին, որ Ժընեւի երաժշտանոցի ձայնամարզութեան փրոֆեսէօր է, ինչպէս նաեւ` միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր:
Ահա թէ ինչպէ՛ս կը ներկայացնէ ինքզինք օփերայի երգչուհին:
«Ծնած եմ Երեւան, այնպիսի ընտանիքի մը մէջ, որ տասնամեակներ շարունակ օփերայի նշանաւոր երգիչներ, երաժիշտներ եւ պալէի յայտնի պարողներ տուած է աշխարհին: Հայրս` Վիլեն Գալստեանը, հայկական պալէի դպրոցի հիմնադիր, յայտնի պալէ պարող եղած է: Դաշնամուրին զուգահեռ, երգեցողութիւն սորված եմ տատիկէս` Մարիանա Յարութիւնեանէն:
«Երաժշտանոցը աւարտելէ ետք մասնակցած եմ շատ մը մրցոյթներու եւ գրաւած առաջին, երկրորդ մրցանակային տեղեր: Իտալիոյ Վերչելլի քաղաքի Վիոթթիի մրցոյթին առաջին մրցանակ ստանալէ ետք իտալական մամուլը զիս կնքեց «Վիոթիի թագուհի» անունով:
«Երգած եմ հեղինակաւոր օփերայի դահլիճներու մէջ, շատ յայտնի երգիչներու հետ պատիւ ունեցած եմ ըլլալու նոյն բեմին վրայ եւ երգած` անոնց հետ: Մարմնաւորած եմ համաշխարհային օփերաներու բազմաթիւ կերպարներ, համագործակցած եմ Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ առաջնակարգ սիմֆոնիք նուագախումբերու հետ, աշխատած եմ մեծահամբաւ խմբավարներու հետ:
«Երջանիկ եմ իմ աշխարհիս մէջ, իմ աշխատանքովս: Այսօր ալ կը շարունակեմ երգել աշխարհի բոլոր բեմերուն վրայ: Շուտով Նորվեկիա պիտի մեկնիմ, Պըրկըն քաղաքին մէջ երգելու Վերտիի «Նապուքօ» օփերան, որմէ ետք երկու համերգ ունիմ Զուիցերիոյ մէջ:
«Մեծ պատիւ է ինծի համար հայրենիքիս մէջ պարգեւատրուիլը: Քսան տարիէ կ՛երգեմ, երգը իմ կենսակերպս է, իմ երակներուս մէջէն հոսող արիւնը, առանց որուն` չեմ պատկերացներ կեանքս:
«Մենք մեր երկրի դեսպաններն ենք դուրսը. մեր երգով, մեր ներկայանալի բարձր արուեստով աշխարհին կ՛ըսենք, թէ ո՛վ է հայը»:
Գեղեցկագիտական
Քաքաոյով Դիմակ
Քաքաոյով պատրաստուած այս դիմակը կը յարմարի բոլոր տեսակի մորթերուն: Անիկա կը սնուցանէ մորթը, զայն կը ձերբազատէ մեռած բջիջներէն եւ կը պաշտպանէ ջրազրկումէ:
Բաղադրիչներ.-
– 1 ապուրի դգալ շաքար
– 1 ապուրի դգալ քաքաօ
– 1 ապուրի դգալ ձէթ
– 1 ապուրի դգալ սեր
– 1 թէյի դգալ ծովի աղ
Պատրաստութիւն եւ օգտագործում
Մաքուր, փոս ամանի մը մէջ խառնել բոլոր բաղադրիչները: Ստացուած միատարր ծեփուկը քսել դէմքին եւ վիզին` թեթեւօրէն մարձելով: Դիմակը ձգել հինգ վայրկեան մորթին վրայ, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով: Այս բոլոր փուլերէն ետք մորթը կը դառնայ չափազանց նուրբ եւ փափուկ:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարներ
1
Որպէսզի հալող պաղպաղակին հիւթը չհոսի եւ փոքրիկին հագուստը չաղտոտէ, անոր փայտեայ կոթին վրայ հաստատեցէք քափ քէյքի թուղթէ կաղապար մը, որ պիտի հաւաքուի հոսած հեղուկը:
2
Տաբատի կամ փէշի կերպընկալէ կախիչը օգտագործել ելեկտրական թելերը կամ տօնածառի լոյսը փաթթելու, դասաւորելու համար:
3
Մուրճի կոթի ծայրամասին կլուկանով մագնիս մը հաստատել, աշխատանքի պահուն գամերը հոն հաստատելու եւ չկորսնցնելու համար:
4
Խոհանոցի պահարանի փեղկին ներսի կողմէն թուղթէ թաշկինակի տուփ մը հաստատել եւ մէջը ամփոփել շուկայէն բերուած կերպընկալէ տոպրակները:
5
Խոհանոցի պահարաններուն տակը մագնիսի երկար երիզ մը հաստատել եւ շարել համեմի շիշերը` թէ՛ տեղ շահելու եւ թէ՛ զանոնք ձեռքի տակ ունենալու համար:
Խոհագիր
Լոլիկ Մատուցելու
Հետաքրքրական Ձեւեր
Լոլիկին սննդական արժէքը, ինչպէս նաեւ հում կամ եփած վիճակով անոր օգտագործումը ծանօթ է բոլորիս:
Քիչերու ծանօթ են լոլիկը մատուցելու հետաքրքրական տարբերակները:
Ա.- Վարդեր
Լոլիկը ձեւաւորելէ ետք ճեղքերուն մէջ տեղաւորել պանիր (մոցարելլա, ֆեթա, պուլկարական…) եւ զարդարել թարմ ռեհանի կամ անանուխի տերեւներով:
***
Բ.- Զամբիւղներ
Լոլիկը ձեւաւորելէ ետք միջուկը պարպել եւ տեղը լեցնել «սալատ ռիւս», կակուղ պանիրի կամ թանձր մածուն: Զարդարել թարմ անանուխի տերեւներով:
***
Գ.- Կակաչներ
Կակաչներ պատրաստելու համար անհրաժեշտ են ձուաձեւ լոլիկներ: Զանոնք ձեւաւորելէ ետք ճեղքերուն մէջ լեցնել կակուղ պանիրի որեւէ տեսակ:
Պնակին մէջ շարելէ ետք օգտագործել կանաչ սոխի տերեւները` կակաչներուն կոթերը կազմելու համար:
***
Դ.- Աշտարակներ
Այս աշտարակները կազմելու համար անհրաժեշտ են սմբուկի եւ դդումի կլոր շերտեր (նախապէս քիչ մը ձէթի մէջ տապկուած), լոլիկի կլոր շերտեր եւ ճերմակ պանիր (ֆեթա, պուլկարական… որուն աւելցուած ըլլայ պճեղ մը ճզմուած սխտոր եւ մանրուած ռեհան կամ սամիթ):
Աշտարակները կազմելու ընթացքին շերտերուն միջեւ պանիր քսել:
Նախընտրելի է լոլիկներուն կանաչ տերեւները չանջատել` յաւելեալ գեղեցկութեան համար:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
«Հայկական Խոհանոց»
… Լա՛ւ, համե՛ղ բոզբա՞շ,-
Ի՜նչ կայ դրանից պա՛րզ
Ու հասարա՜կ.-
Գառան մի՛ս է պէտք,
Երեք գլուխ սոխ` կտրտուած բարակ,
Նոր քաղած լոբի,
Բամիա՛ ու սիսե՛ռ,
Մի պտղո՛ւնց լաւ աղ.
Մի փունջ կանաչի,
(Ի հա՜րկէ` լաւաշ…),
Եւ…
Քի՛չ էր մնում, թէ մոռանայի
Բոզբաշի հա՜մը,
Բոզբաշի դա՜մը,
Նրա ամէնի՜ց սուրբ համադամը.-
Քո ծերացող մօր,
Հոգսերից մաշուած,
Խունկ ու մոմ դարձած,
Մատների հա՜մը…ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ