Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
«Ռիօ 2016»-ի աղջկանց 69 քկ դասակարգի ծանրաբարձութեան մրցումներուն 5-րդ դիրքը գրաւած Նազիկ Աւտալեանը արդէն վերադարձած է հայրենիք:
Եւրոպայի ախոյեան, 2009 թուականի աշխարհի ախոյեան Նազիկը յայտարարած է. «Մէջքիս վնասուածքը թոյլ չտուաւ, որ մետալ շահիմ: Շատ կը փափաքիմ մասնակցիլ Եւրոպայի յաջորդ ախոյեանութեան»:
Նազիկին համաձայն, Եւրոպայի մրցումէն ետք ստացած էր չնախատեսուած վնասուածքներ, որոնք խանգարած էին իր մարզումներուն ընթացքը, եւ ամբողջ երկու ամիս գրեթէ դադրեցուցած էր ամէն տեսակի մարզումները:
«Ռիօ 2016»-ը արդէն անցեալին կը պատկանի, ես մէկ ամիս կը հանգստանամ, որմէ ետք կ՛որոշեմ եթէ պիտի շարունակեմ մարզուիլ, թէ ոչ: Բայց շատ հաւանական է, որ շարունակեմ ասպարէզս, քանի որ մեծ ցանկութիւն ունիմ մասնակցելու Եւրոպայի ախոյեանութեան», աւելցուցած է Նազիկ:
Օգտագործենք Բանջարեղէններուն
Եւ Պտուղներուն Կեղեւները
Եթէ սովորութիւն ունիք խնձորը կեղւըուած ուտելու, ձեր պնակին մէջ դիզուած կեղեւները մի՛ թափէք: Վարպետ խոհարարներու կարծիքով, կարելի է զանոնք վերածել համեղ եւ իւրայատուկ չիփսերու, ահա թէ ինչպէ՛ս.
Խնձորին կեղեւներուն վրայ քիչ մը փոշի շաքար եւ կասիա ցանեցէք, ապա զանոնք տարածեցէք ափսէի մը մէջ եւ 150 ջերմաստիճանով փուռի մէջ եփեցէք 45 վայրկեանէն մէկ ժամ, մինչեւ անոնք խրթխրթան դառնան:
* * *
Նարինջի, կիտրոնի կեղեւները թափելու փոխարէն զանոնք կտրտեցէք, չորցուցէք եւ ծրարիկներու մէջ լեցնելով հագուստի պահարանին մէջ կախեցէք, անոնք հեռու կը պահեն ցեցերը:
Նարինջի եւ կիտրոնի չոր կեղեւները նաեւ կը համեմեն եւ անուշ բոյր կու տան ձեր թէյերուն:
* * *
Անանասի, մանկայի, վարունգի կեղեւները եւս օգտագործելի են. անոնցմով շփեցէք ձեր դէմքն ու պարանոցը` թարմացնելու եւ մաքրելու համար ձեր մորթը: Բոլորին ծանօթ է, որ պտուղներուն եւ բանջարեղէններուն պարունակած կենսանիւթերուն մէկ կարեւոր մասը կը գտնուի անոնց կեղեւներուն մէջ:
* * *
Կրիֆոնի կեղեւը նոյնպէս օգտագործելի է. կրնաք անով համեղ անուշ պատրաստել, բայց նաեւ ծառայեցնել որպէս իւրայատուկ ամաններ` աղցաններ հրամցնելու համար:
* * *
Գետնախնձորի, ստեպղինի, լոլիկի կեղեւները վերածեցէք շատ համեղ չիփսերու: Մաքուր կեղեւները շարեցէք ափսէի մը մէջ, վրան աղ եւ չոր խոտեր (խնկունի, օրէկանօ, ծոթրին, հերպ տը փրովանս եւ այլն…) ցանեցէք եւ նախապէս տաքցուած փուռի մը մէջ շուրջ 1 ժամ եփեցէք, մինչեւ որ խրթխրթան դառնան:
* * *
Յիշենք, որ աշխարհը ի վիճակի է արտադրելու այնքան ուտելիք` կերակրելու համար երկրագունդի 7 միլիառ բնակիչները: Ասով հանդերձ դժբախտաբար 82 երկիր իր ժողովուրդը կերակրելու բաւարար ուտելիք չունի:
Մսխումն ու վատնումը սահմանափակելու համար կ՛արժէ փոխել կարգ մը սովորութիւններ, յատկապէս ձեռքի տակ անցածը աղբաման շպրտելու վատ սովորութիւնը:
Նորաձեւութեան Աշխարհէն
Արուեստի Գլուխ Գործոցները
Հագուստի Վրայ
Ո՞վ ըսաւ, որ արուեստի գործերը միմիայն պատերէն պիտի կախուին եւ ցուցադրուին…
Ինտոնեզիոյ բացուած նորաձեւութեան խանութ մը կը վաճառէ գեղեցիկ զգեստներ, որոնց վրայ պատկերուած են արուեստի գլուխ-գործոցներ, ինչպէս Վան Կոկի «Աստղային գիշերը», Քլոտ Մոնէի «Ջրաշուշանները» եւ այլն… Այդ պատկերներուն շնորհիւ ամբողջ խանութը թանգարանի տպաւորութիւն կը ձգէ: Ստորեւ քանի մը հետաքրքրական նմուշ:
Հետաքրքրական
Լացող Անձերը Աւելի
Երկար Կ՛ապրին
Մարդիկ յաճախ կը զսպեն իրենց արցունքները` լացը ամօթալի կամ տկարութեան նշան համարելով:
Ամերիկացի գիտնականներ, հետազօտելով մարդկային արցունքները, բացայայտած են, որ արցունքները կը պարունակեն նիւթեր, որոնք կը մեղմացնեն ֆիզիքական ցաւը եւ իրենց ազդեցութեամբ կը յիշեցնեն մորֆինը: Անոնք նաեւ արցունքներուն մէջ յայտնաբերած են նիւթ մը, որ մանրէասպան յատկութիւն ունի:
Հետաքրքրական է այն երեւոյթը, որ արցունքներուն կենսաքիմիական բաղադրութիւնը կախեալ է անոնց դրդապատճառներէն: Եթէ անձ մը տառապանքի կամ ֆիզիքական ցաւի պատճառով կու լայ, անոր արցունքներուն բաղադրութիւնը կ՛ունենայ հանգստացնող յատկութիւն: Մինչդեռ խնդուքի պատճառով հոսած արցունքներուն բաղադրութիւնը բոլորովին տարբեր կ՛ըլլայ…
Գիտնականներուն կարծիքով, կիները հինգ անգամ աւելի յաճախակի կու լան, քան տղամարդիկ: Անոնք ապացուցած են, որ սերտ կապ կայ լացին եւ սրտանօթային հիւանդութիւններուն միջեւ: Այսպէս` արցունքը դուրս հանելով բացասական զգացումները կարեւոր տոկոսով կը կանխարգիլեն վերոյիշեալ հիւանդութիւնները: Իսկ տղամարդիկ, որոնք վարժուած են զսպել արցունքները եւ իրենց անյաջողութիւններուն տոկալ լուռ եւ անարցունք, առաւել եւս ենթակայ են սրտանօթային հիւանդութիւններու եւ, բնականաբար, կը կրճատուի անոնց կեանքը:
Եզրափակելով, գիտնականները յայտնած են, որ այն անձերը, որոնք քիչ կու լան, ենթակայ են աչքի անհանգստութիւններու եւ մորթային հիւանդութիւններու:
Միւս կողմէ, ընկճախտէ տառապող իւրաքանչիւր անձ կարիք ունի հոգեբանական պաշտպանութեան: Մէկը ինքզինք կը յանձնէ խմիչքին, ուրիշ մը ինքնաշարժին ղեկին նստած շատ արագ կը վարէ, երրորդ մը` գոռալով եւ կռուելով կը լիցքաթափուի… Սակայն ասոնցմէ ոչ մէկը իր արդիւնաւէտութեամբ կը հասնի սովորական լացին… Չէ՞ որ լացին կը յաջորդէ յարաբերական անդորր, արցունքները կը մաքրեն սեւ միտքերը եւ կը հանգստացնեն:
* * *
«Երբ արցունքները կը խեղդեն, երբ սիրտը կը ճմլուի, երբ լարուած եւ անհանգիստ էք, երբ փակուած պատերու մէջ կը զգաք դուք ձեզ լացէ՛ք, լացէ՛ք ազատ եւ սրտաբուխ, լացէք, որպէսզի դուրս հանէք բացասական յոյզերը` հոգիով եւ մարմինով վերածնելու համար»:
Կ՛արժէ մտածել այս մասին…
Խոհագիր
Ծաղկակաղամբով
Թապուլէ
Բաղադրութիւն.
Կէս քիլօ կշռող ծաղկակաղամբ մը
Մէկ խոշոր կապոց ազատքեղ
Երկու լոլիկ
Կէս կապոց անանուխ
2-3 ցօղուն կանաչ սոխ
Մէկ վարունգ
Մէկ թարմ կարմիր պղպեղ
Մէկ թարմ դեղին պղպեղ
Մէկ կիտրոնի հիւթ
2-3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն.
Քերոցէ անցընել լուացուած ծաղկակաղամբը եւ փոխադրել աղցանի փոս ամանի մը մէջ:
Աւելցնել մանրուած լոլիկը, սոխը, ազատքեղը, անանուխը, վարունգը եւ երկու տեսակ պղպեղները:
Պատրաստել թացանը եւ համեմել, ապա աւելցնել բանջարեղէններուն վրայ եւ զգուշութեամբ խառնել:
Ձաւարը փոխարինող ծաղկակաղամբը նոր եւ հետաքրքրական համ պիտի տայ ձեր թապուլէին եւ պիտի զարմացնէ համտեսողները:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Արագիլները
Դուք ինձ չէ՞ք ասի, որբացած բներ,
Ի՞նչ էին խօսում իրար ականջի
Արագիլները չուելուց առաջ:
– ՏԱՌԱՊՈՒՄ ԷԻՆ:Դուք ինձ չէ՞ք ասի, աստղեր ու արեւ,
Ի՞նչ էին խօսում իրար ականջի
Արագիլները չուելու պահին:
– ՏԱԳՆԱՊՈՒՄ ԷԻՆ:Դուք ինձ չէ՞ք ասի, անձմեռ հեռու,
Ի՞նչ էին խօսում իրար ականջի
Արագիլները չուելուց յետոյ:
– ԿԱՐՕՏՈՒՄ ԷԻՆ:Անքուն եղէգներ անձմեռ հեռուի,
Ի՞նչ էին խօսում արագիլները
Ձեզ «մնաք բարով» ասելուց առաջ:
– ՇՏԱՊՈՒՄ ԷԻՆ:ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ