Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Տասը տարի առաջ օգոստոս ամսուան մեզմէ հեռացաւ բանաստեղծուհի եւ հրապարակախօս Սիլվա Կապուտիկեանը: Կապուտիկեանը գրած է հայրենիքին, հայոց լեզուին, հայ ժողովուրդի ճակատագիրին եւ սիրոյ մասին. ան ամբողջ կեանքը նուիրած է ստեղծագործական աշխատանքին եւ հայրենիքին:
20 յունուար 2009-ին, բանաստեղծուհիին ծննդեան 90-ամեակին օրը, անոր ապրած բնակարանը արդէն իսկ վերածուած էր տուն թանգարանի:
Իր կտակով Ս. Կապուտիկեան պահանջած էր որ բնակարանին ընդունարանը, ննջասենեակ-աշխատավայրը եւ հիւրասենեակը պահեն նոյնութեամբ, առանց բան մը աւելցնելու կամ պակսեցնելու…
Կապուտիկեանի կենսագրութեան փոխարէն, այսօրուան էջով կը ներկայացնենք տուն թանգարանէն լուսանկարներ, որոնք նոյնքան խօսուն են, որքան կենսագրական մը:
***
Ցուցասրահին առաջին հատուածին մէջ ներկայացուած են Վանէն բերուած մասունքներ` կաւէ պտուկ, մետաղեայ տաշտակ, որուն մէջ լոգցեր են ե՛ւ նորածին բանաստեղծուհին ե՛ւ անոր որդին` Արա Շիրազը: Ցուցադրուած է նաեւ կարի մեքենան, որ նուէր ստացած էր մօրմէ. երիտասարդ տարիքին բանաստեղծուհին յաճախ իր գծագրած հագուստները կը կարէր:
***
Մահճակալին մօտ գտնուող սեղանին անպայման պէտք է դրուեր քոնիաք, թէյի բաժակներ, միրք եւ քաղցրաւենիք:
***
Ցուցասրահին յատուկ շուք կու տայ բանաստեղծուհիին տղուն` քանդակագործ Արա Շիրազին կերտած գաճէ կիսանդրին, որուն պրոնզէ տարբերակը զետեղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնը:
Հոս է, որ ամէն առտու Կապուտիկեանը լեղի սուրճ եւ քոնիաք կը խմէր…
***
Բանաստեղծուհին արծաթեայ զարդեր կը սիրէր ան սովորաբար կը կրէր ցուցափեղկին կեդրոնը զետեղուած գեղեցիկ մանեակը:
***
Եօթանասունականներուն, երբ կալանաւորեցին Սերկէյ Փառաճանովը, Կապուտիկեանը նամակով դիմեց Խորհրդային Հայաստանի գլխաւոր դատարանին:
Այո, ան տարօրինակութիւններ ունի, սակայն կարելի չէ Փառաճանովի պէս մարդ մը բանտարկել ազատ մտածողութեան համար: Ան պէտք է ստեղծագործէ, ան կարեւոր է մեր ժողովուրդին համար»,- գրած էր ան: Նամակը անպատասխան մնաց, սակայն աւելի ուշ, Փառաճանովի որպէս երախտագիտութիւն գեղեցիկ զարդ մը ուղարկեց Կապուտիկեանին:
***
1963-ին Ս. Կապուտիկեան Փարիզի մէջ կը հանդիպի Սիամանթոյի քրոջ: Վերջինս իր եղբօր գրիչը կը նուիրէ բանաստեղծուհիին:
Կոմիտաս վարդապետի ուրարին մէկ բաժինը Կապուտիկեանին նուիրած է փարիզաբնակ սփիւռքահայ մը. ան երկուքի կիսած է ուրարը եւ մէկ մասը իրեն վերապահած:
***
Կապուտիկեանը կերակուր պատրաստել չէր սիրեր, բայց կը սիրէր սեղան յարդարել եւ հիւր ընդունիլ: Անոր սեղանը միշտ առատ էր: Այս սեղանին շուրջ հետաքրքրական հանդիպումներ եւ զրոյցներ ունեցած է հայ յայտնի մտաւորականներու հետ:
***
Մօրը հանդէպ բանաստեղծուհիին սէրը անսահման էր ու փոխադարձ: Ամէն անգամ, երբ երկար ժամանակով բանաստեղծուհին պիտի բացակայէր տունէն, մայրը շատ ծանր կ՛անհանգստանար: «Մեծնալէս ետք հասկցայ, որ մայրս կ՛անհանգստանար եւ կը մտահոգուէր տունէն մեկնելէս առաջ իսկ…»
***
Տուն թանգարանին մէջ պահուած են նաեւ բազմաթիւ նուէրներ, զորս բանաստեղծուհին տարեդարձին առիթով ստացեր էր Ամենայն հայոց Վազգէն կաթողիկոսէն, Պարոյր Սեւակէն, Աւետիք Իսահակեանէն եւ այլ մտերիմներէ:
Վազգէն վեհափառին հետ բանաստեղծուհին շատ ջերմ յարաբերութիւններ ունեցած է: Վեհափառն ու Սիլվան ժամանակին դրացիներ եղած են, յաճախ կը հանդիպէին իրարու եւ նուէրներ կը փոխանակէին: Այդ նուէրներէն կը զատորոշուին մետաքսեայ գլխազարդը եւ զարդասեղը:
***
Ազատ ժամերուն Կապուտիկեան կը սիրէր ասեղնագործել եւ հագուստներու նմուշներ գծել: Ան ո՛չ միայն կը գծէր, այլ նաեւ կը կարէր:
***
Թանգարան այցելողները անտարբեր չեն կրնար անցնիլ այս լուսանկարին եւ այս տողերուն առջեւէն. այս տողերը ան նուիրած է իր տղուն` Արա Շիրազին, որուն հետ բարդ յարաբերութիւններ ունեցած է:
ԴԱՐՁԵԱԼ ՈՐԴԻՆԵՐԻՆ
Ես քեզ մօտ կըգամ մեռնելուց յետոյ,
Կըգամ ու կողիդ կը նստեմ երկար,
Վերջապէս կ՛անեմ պատմութիւնը քո,
Ինչպէ՛ս, ինչ գծով դու աշխարհ եկար:
Ես քեզ մեծացրի մենակ ու դժուար,
Ես` ըմբոստ հոգի ու նաեւ հլու,
Ես քեզ մեծացրի ուրիշի համար
Ու խոցուած հպարտ կանգնեցի հեռու:
Կըգամ, կը բացեմ վարագոյրը փակ,
Գոռոզ դիմակս մի կողմ կը գցեմ,
Կարօտ կը գրկե՜մ գլուխդ ճերմակ,
Առաջին անգամ դէմդ կը լացեմ:
… Դրսում` մի հեռու, օտար երեկոյ,
Դու` Երեւանում, ես այստեղ` մենակ…
Ես քեզ մօտ կըգամ մեռնելուց յետոյ,
Կը մնամ քեզ հետ ու էլ չե՜մ գնայ…
————————————————————————-
Գիտնականները Պարզած Են, Թէ Քանի՛ Ժամ
Պէտք Է Ունենայ Աշխատանքային Իտէալական Շաբաթը
Մելպուռնի համալսարանի եւ Ճափոնի Կէյոյի համալսարանի մասնագէտները կը յայտնեն, որ շաբթուան աշխատանքային ամէնէն արդիւնաւէտ տեւողութիւնը 30 ժամն է:
«Ինֆորմինկ» կը հաղորդէ, որ հետազօտողները կատարած են փորձ մը, որուն մասնակցած են 7,5 հազար տղամարդիկ եւ կիներ:
Անոնք անցած են քննութենէ, որ ցուցադրած է տեղեկութեան հոսքի ընկալման անոնց մակարդակը: Պարզուած է, որ կան մարդիկ, որոնք շաբաթական աշխատած են 30 ժամէ աւելի, անոնք քննութեան խնդիրները աւելի վատ լուծած են, քան անոնք, որոնց շաբաթական աշխատաժամերը 30 ժամէն պակաս են: