Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Կին Դէմքեր. Հուրի Կեպեշեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Houry-Guebeshian_90816

Ռիօ – 2016 Ողիմպիական խաղերուն Հայաստանը ներկայացնող մարմնամարզուհի Հուրի Կեպեշեանը յաջող ելոյթներ ունեցաւ: Հակառակ որ ան մրցանակի չարժանացաւ, այսուհանդերձ, յաջողեցաւ կատարել հնարք մը, որ նորութիւն համարուեցաւ մարմնամարզութեան աշխարհին մէջ:

14287744_10157426356955593_90816

Այսպէս, Մարմնամարզութեան միջազգային ֆետերասիոնը (FIG) այդ հնարքը գրանցեց Հուրի Կեպեշեանի անունով` «The Gebeshian».

 

Ընթերցումը Կը Նուազեցնէ
Ընկճախտը

Lire_90816

Սիւսեքս համալսարանին կողմէ հրապարակուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, գիրք կարդալը լաւագոյն միջոցն է ընկճախտը թեթեւցնելու համար: Արդարեւ, 6 վայրկեան կարդալը բաւարար է մեզ հանդարտեցնելու եւ 68 առ հարիւրով պակսեցնելու մեր ընկճախտը:

Նոյն ուսումնասիրութեան համաձայն, այս միջոցը շատ աւելի ազդու է, քան` երաժշտութիւն ունկնդրելը, պտտիլը, սուրճ կամ թէյ խմելը` ներքին լարուածութիւնը պարպելու համար:

Այս առիթով եկէք` վերյիշենք գիրք կարդալու այլ բարիքները.

– Կ՛աշխուժացնէ ուղեղը:
– Կը բարելաւէ գիտելիքները:
– Կը հարստացնէ բառապաշարը:
– Կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը:
– Կը խթանէ քննական միտքը:
– Կը բարելաւէ ուշադրութիւնն ու կեդրոնացումը:
– Կը զարգացնէ շարադրական ունակութիւնը:
– Կը խաղաղեցնէ միտքը:
– Կը զարգացնէ երեւակայութիւնն ու ստեղծագործական միտքը:

 

Հետաքրքրական

Բրիտանացիք Օրական 165 Գաւաթ Թէյ Կը Խմեն

teacup_90816

Ասիկա կը նշանակէ, որ բրիտանացիք տարեկան 60,2 միլիառ գաւաթ թէյ կը խմեն 25 միլիառ գաւաթ սուրճի դիմաց:

Գիտէի՞ք, թէ ջուրէն ետք թէյը աշխարհի երեսին ամէնէն աւելի սպառուող ըմպելին է… Աւանդութեան մը համաձայն, առաջին անգամ թէյը յայտնաբերուած եւ օգտագործուած է Ք.Ա. 2737 թուականին: Այսպէս, ծառէն թափած թէյի տերեւներ ինկած են այն ջուրին մէջ, որ չին կայսր Շեն Նունկի համար կ՛եռացնէին, որպէսզի խմէր: Կայսրը կը համտեսէ տաք խմիչքը եւ շատ կը հաւնի: Եւ, այսպիսով, ծնունդ կ՛առնէ ըմպելի թէյը:

 

Գոյները Կ՛ազդեն Մեր Գնումներուն Վրայ

464386460_90816

Գիտնականներու եւ հոգեբաններու կարծիքով, երբ գնումի կ՛երթանք, շատ մը տուեալներ կ՛ազդեն մեր ընտրութեան վրայ: Բայց վիճակագրութիւնները ցոյց տուած են, որ գնում կատարողներուն 93 առ հարիւրը իր ընտրութիւնը կը կատարէ հիմնուելով տուեալ ապրանքին արտաքին տեսքին վրայ, իսկ 85 առ հարիւրը` գոյնին վրայ…

Այսպէս, իւրաքանչիւր գոյն ունի իր ճշգրիտ իմաստն ու ազդեցութիւնը. օրինակ  ` սեւը ընդունուած է որպէս հզօրութեան եւ շքեղութեան խորհրդանիշ եւ շատ մը վաճառանիշներու ամենասուղ տարբերակը ներկայացուած է այս գոյնով:

Կապոյտը ապահովութիւն եւ վստահութիւն կը ներշնչէ, եւ ի զուր տեղը չէ, որ շատ մը դրամատուներու եւ հաստատութիւններու մէջ տիրական գոյնը կապոյտն է: Եւ, այսպէս, օրինակները շատ են…

 

Ճափոնի Մէջ Արտօնուած Է Աշխատանքի Պահուն… Քնանալ

sleeping_90816

Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ պարզած են սիեսթին բարիքները, բոլորս ալ գիտենք, որ քունի պակասը կ՛ազդէ մեր աշխատանքին, յիշողութեան եւ կեդրոնացումին վրայ:

Զարմանալի չէ, որ աշխարհիս երեսին ընդունելի չէ, որ մարդիկ սիեսթ ընեն աշխատանքի ժամերուն: Ճափոնի մէջ պարագան նոյնը չէ, հոն «ինեմուրի»-ն արտօնուած է: Ինեմուրի կը նշանակէ` «գտնուած տեղը քունի անցնիլ»: Իսկ Ճափոնի մէջ ամէնուրեք ինեմուրին որպէս վարձատրութիւն համարուած է գործը աւարտին հասցնելու ձգտող բոլոր պաշտօնեաներուն համար…

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

1

Peel-a-pepper_90816

Թարմ պղպեղը կեղուելու համար նախ զայն փուռին մէջ խորովել, մինչեւ որ մաշկը տեղ-տեղ սեւնայ. յետոյ փուռէն հանել եւ անմիջապէս փոխադրել կերպընկալէ տոպրակի մէջ եւ բերանը գոցել ու ձգել առնուազն կէս ժամ:

Կէս ժամ ետք տոպրակէն հանել. մաշկը ինքնաբերաբար կը բաժնուի…

2

Mixer_90816

Կարկանդակի խմորի պատրաստութեան ընթացքին հարիչի գործածութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ, որ չորս կողմը աղտոտի: Մինչդեռ եթէ հարիչին մետաղեայ ձողերուն խաւաքարտէ պնակ մը հաստատէք, այդ անպատեհութիւնը կը չքանայ:

 

Առողջապահական

6 Ուտելիք, Որոնք Կը Զօրացնեն
Եղունգները

435286-7-aliments-qui-vont-renfrocer-vos-ongles-622x600-3

Եղունգները, այնպէս` ինչպէս մազերը, մեր առողջական վիճակը կը ցոլացնեն:

Անքնութիւնը, յոգնութիւնը, սխալ սննդառութիւնը… կ՛ազդեն մեր առողջութեան եւ յատկապէս եղունգներու առողջութեան վրայ: Բայց վերջինները դարմանելու համար պէտք չուինինք շուկան վաճառուող կէս քիմիական արտադրութիւններուն դիմելու: Կայ աւելի բնական եւ առողջապահական միջոց մը` առողջ սննդառութիւնը: Ահաւասիկ` 6 ուտելիք, որոնք կ՛ապահովեն մեր եղունգներուն առողջութիւնը:

1

Սաղմոն

Պէ. 12 եւ Տէ. կենսանիւթերով հարուստ այս ձուկը կ՛ապահովէ եղունգներուն առողջութիւնը եւ կ՛օգնէ անոնց արագ աճին:

2

Հաւկիթ

Բնասպիտով եւ հանքայիններով հարուստ հաւկիթը նոյնպէս կ՛ապահովէ եղունգներուն առողջութիւնը:

3

Ամբողջական Հացահատիկներ

Վարսակի փաթիլները, վայրի բրինձը հարուստ են պիոթինով (Պէ. 8 կենսանիւթ), որ երկրորդ կեանք մը կու տայ տկար, կոտրտուող եղունգներուն:

4

Կարմիր Միս

Բացի բնասպիտէն կարմիր միսը հարուստ է նաեւ երկաթով: Կոտրտուող կամ շերտաւոր եղունգներու դարմանումի լաւագոյն միջոցը պարբերաբար կարմիր միս ուտելն է:

Կիրով, երկաթով եւ անթիօքսիտաններով հարուստ շոմինը յանձնարարելի է տկար, կոտրտուող եղունգներուն համար:

6

Գարեջուր

Սիլիքոնով հարուստ գարեջուրը կ՛աշխուժացնէ արեան շրջագայութիւնը եւ կը խթանէ քերաթինին արտադրութիւնը` մազերու եւ եղունգներու մակարդակին:

 

Խոհագիր

Սիսեռով Աղցան

chickpeas-salad_90816

Բաղադրութիւն

1 պզտիկ հազար
1 գաւաթ խաշած սիսեռ
4 հատ կանաչ սոխ
1 հատ թարմ կարմիր պղպեղ
2 հատ միջակ չափի լոլիկ
2 պճեղ սխտոր
3-4 ապուրի դգալ ձէթ
1 ապուրի դգալ քացախ
1 թէյի դգալ շէկ շաքար
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Աղցանի ամանի մը մէջ լեցնել մանրուած հազարը, կանաչ սոխը, լոլիկը եւ կարմիր պղպեղը: Աւելցնել խաշած սիսեռը եւ խառնել:

Առանձին պատրաստել թացանը (ձէթ, քացախ, շաքար, ճզմուած սխտոր, աղ, պղպեղ):

Թացանը թափել բանջարեղէններուն եւ սիսեռին վրայ, խառնել եւ հրամցնել մսեղէնի կամ ձկնեղէնի մը կողքին:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Շունը

Չեմ յիշում հիմա, թէ անունն ի՞նչ էր…
Հայեացքը տխուր, տխուր ու ջինջ էր:
Մորթը սեւուկ էր ու չալ էր պոչը,
Աստղերի հետ էր նրա հաջոցը:
Նրա ոռնոցը լուսնի դէմքին էր,
Ու նրա տեղը մեր տան շեմքին էր:
Յետոյ ամէն ինչ մեգ-մշուշում է,
Եւ մշուշի մէջ ոռնում է շունը:
Նա մեր գնալու հոտը առել էր,
Ցաւից կուչ եկել ու պառաւել էր…
Տխուր էր այնպէս ու սրտադող էր,
Ոռնում էր անվերջ, փորում էր հողը:
Եւ շան մասին էր իմ տատի հարցը.
– Ի՞նչ պիտի լինի խեղճ արարածը:
Յետոյ ամէն ինչ մեգ-մշուշում է,
Ու մշուշի մէջ ոռնում է շունը:
Մեր բեռը կապած ու ձին բարձած էր,
Մեր դրան առաջ արցունք ու լաց էր:
Շունը կլանչում, շեմքը թողնում էր,
Փաթաթաւում տատիս, տխուր ոռնում էր:
Մերթ վազում դէպի մեր քարաւանը,
Մերթ ետ էր դառնում, պառկում դրանը:
Հարցում էր անում, ասես, մեր շունը.
Թէ թողնի՞ արդեօք այգին ու տունը,
Ծանօթ աստղերը, ծանօթ լուսինը,
Որ ամէն գիշեր մեր տան ուսին էր:
Յետոյ ամէն ինչ մեգ-մշուշում է,
Ու մշուշի մէջ ոռնում է շունը:
Տխուր զնգում է ձիու զանգակը,
Մեր ճամբան հեռու երկնքի տակ էր:
Ու քանի անգամ, ախ, քանի-քանի,
Նա եկաւ հետքով մեր քարաւանի:
Հեւիհեւ էր նա, լեզուն հանած էր,
Խոնաւ աչքերում խոնաւ մի հարց էր:
Փաթաթւում էր ինձ, լիզում էր ձեռքս,
Կիսում էր հացս, կիսում էր վէրքս:
Ոռնում, վայում էր նա գիշերն ամբողջ
Ու ետ սլանում իր եկած ճամբով:
Յետոյ ամէն ինչ մեգ-մշուշում է,
Ու մշուշի մէջ ոռնում է շունը:
Կլանչում է նա, վազում հեւիհեւ
Մեր քարաւանի ու մեր տան միջեւ…

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>