Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Դերասանուհի Սիրանուշ (Մեսրոպէ Գանթարճեան) ծնած է 1857-ին, Պոլիս եւ մահացած է 1932-ին Գահիրէ: 65 տարիներու ընթացքին ան խաղացած է աւելի քան 300 դեր: Հայ եւ համաշխարհային թատրոնի մէջ ան միակ կինն է, որ մարմնաւորած է Համլեթի կերպարը:
75 տարեկանին մահացած դերասանուհին դժբախտաբար ոչ մէկ ժապաւէն կամ արձանագրութիւն ձգած է իր դերակատարումներէն: Սիրանուշի տաղանդին մասին տեղեկութիւններ կը քաղենք ժամանակակիցներու յուշերէն, քննադատներու հիացական յօդուածներէն եւ շարք մը լուսանկարներէ:
Հայ բեմի թագուհիին անձնական իրերը ներկայիս ցուցադրուած են Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ: Անձնական իրերու բաւական մեծ արխիւ պահպանուած է, այդ իրերէն կը ներկայացնենք մէկ քանին, որոնք նոյնքան խօսուն են, որքան` կենսագրական գիծեր:
Համլեթի գլխարկը
Ժամանակակիցներու վկայութիւններուն համաձայն, բեմ բարձրացած Սիրանուշը այնքան վարպետութեամբ կը խաղար իր դերը, որ հանդիսատեսը չէր կռահեր, որ տղամարդու հագուստին տակ տաղանդաւոր կին մը կար: Դերասանուհիին միայն նուրբ ձայնը կը մատնէր անոր կին ըլլալը:
Թանգարանին մէջ ցուցադրուած է Սիրանուշին Համլեթի գլխարկը` սեւ, թաւշեայ փետուրներով:
***
Պայուսակը
Դերասանուհիին սիրելի իրերէն մէկը փոքրիկ պայուսակն էր, որուն մէջ անպակաս էր փոքրիկ հայելին:
***
Մազափունջը
Սիրանուշին մազափունջը Երեւան հասած է Գահիրէէն: Յայտնի չէ, թէ ինչո՛ւ ան այս մազափունջը կտրեր եւ պահպաներ է, յամենայն դէպս մօտ 8 տասնամեակ պահպանուած մազափունջը դերասանուհիէն մնացած ամենավառ մասունքներէն մէկն է
***
Բեմական կօշիկները
Սիրանուշին բեմական կօշիկները ճերմակ կտորէ պատրաստուած էին: Ան խնամքով կրած է զանոնք, եւ հակառակ թեթեւ մաշուածութեան, մինչեւ օրս լաւ տեսք ունին: Կօշիկները զարդարուած են մոխրագոյն, տարբեր չափի ուլունքներով:
***
Սուրճի գաւաթը, հովահարը…
Թանգարանը ցուցադրուած են Սիրանուշի սուրճի բաժակները, որոնք դերասանուհիին եւ անոր մտերիմներուն երեկոյեան հաւաքներու վկաներն են:
Դերասանուհիին դրացիներուն համաձայն, հովահարը անպակաս էր անոր ձեռքէն:
Մետաղեայ գօտին յաճախ զարդարած է Սիրանուշին իրանը, անիկա դերասանուհիին ամենասիրած զարդերէն մէկն էր:
Սիրանուշին մատանին թանգարանին նուիրած է դերասան Վահրամ Փափազեանը: Ան պատմած է, որ մատանին գաղտնի վերցուցած է դերասանուհիին շպարի տուփէն, որպէսզի Սիրանուշէն յիշատակ մը ունենայ: Տարիներ ետք այդ յուշը գալիք սերունդներուն փոխանցելու համար ան մատանին յանձնած է թանգարանին:
***
Շպարի տուփը
Կը պատմուի, որ Սիրանուշ երջանիկ չէ եղած. 30 տարեկանին ամուսինէն բաժնուելէն ետք ան ամբողջութեամբ նուիրուեր էր բեմին: Անոր վերջին դերը «Քամելիազարդ կին» գործին Մարգարիտ Քոթիէի կերպարն էր:
Թանգարանին մէջ ցուցադրուած է դերասանուհիին շպարի տուփը` այն իրերով որոնք ձգած էր վերջին բեմադրութենէն ետք:
***
Ձեռնոցները
Դերասանուհիին ճերմակ կաշիէ ձեռնոցները եւս Երեւան հասած են Գահիրէէն, ուր Սիրանուշ անցուցած է իր կեանքին վերջին տարիները:
***
Բրգաձեւ յուշանուէրը
Բրգաձեւ արծաթեայ յուշանուէրը Սիրանուշին նուիրեր են Վանի մէջ: Անիկա երկար ժամանակ պահուեր է Չիլի, դերասանուհիին թոռան` Պարոյր Կիրակոսեանի մօտ: Երեւան բերուած է 1972-ին:
Խոհագիր
Դդումի Չիփս
Բաղադրութիւն 4 անձի համար
3 կտոր սառ
20 սանթիլիթր «Ջերմուկ» ջուր
200 կրամ ալիւր
4 դդում
Աղ
Պատրաստութիւն
Պտուղ-բանջարեղէն կեղուելու յատուկ դանակով բարակ շերտերով կտրտել դդումները:
Փոս ամանի մը մէջ խառնել ալիւրը, հանքային ջուրը, աղն ու սառոյցները. միատարր խիւսին մէջ թաթխել դդումի շերտերը, ապա քանի մը վայրկեան տապկել եւ ծծուն թուղթի վրայ փոխադրել:
Հրամցնել խմիչքի կողքին:
Ըստ ճաշակի, կարելի է խիւսը համեմել սեւ կամ կարմիր փոշի պղպեղով, օրեկանոյով…
Մէջբերումներ Մեր Մեծերու Խօսքերէն
Բանաստեղծութիւնը պատկերներով կ՛արտայայտուի, իսկ գիտութիւնը` գաղափարներով:
Բանաստեղծութիւնը միտքերը կը գունաւորէ եւ կը պատկերազարդէ, մինչդեռ գիտութիւնը միտքերը կ՛ընդհանրացնէ:
Նիկոլ Աղբալեան
***
Աշխատեցէք մարդ ըլլալ, մարդը տիեզերքի բարձրագոյն արժէքն է:
Լեւոն Շանթ
***
Աշխատէ՛ լաւ անցընել կեանքդ, պայծառ ու մաքուր պահել հոգիդ: Մեռնելէդ յետոյ պէտք է ողորմի տուողներ ունենալ:
Խաչատուր Աբովեան
***
Լաւ գիրք մը կրնայ ամբողջ ազգ մը փրկել:
Րաֆֆի
***
Հոգիին դատարկութիւնը հազար անգամ աւելի սոսկալի է, քան գրպանին պարապութիւնը:
Մուշեղ Իշխան
***
Գրադարանը գիրքերու պահեստ չէ, այլ կարդացուող, մշակուող, ձեռքէ-ձեռք անցնող գիրքերու տուն:
Վարդգէս Պետրոսեան
***
Տղա՛ս, շատ քաղցր չլինես, որ մարդիկ քեզ կուլ տան: Շատ դառն էլ չլինես, որ մնաս մարդկանց կոկորդում:
Հրանդ Մաթէւոսեան
***
Շատ լեզուներու իմացութեամբ հպարտանալու իրաւունք չունի ան, ով չի գիտեր իր մայրենին…
Երուանդ Շահազիզ
***
Թող մարեն աչքերս, միայն թէ թող ծագի Հայաստանի անկախութեան արեւը:
Գէորգ Չաւուշ
***
Օտարութեան մէջ ազատ լինելը այլ գերութիւն է, իսկ տան մէջ նոյնիսկ գերի լինելը` այլ ազատութիւն:
Պարոյր Սեւակ