Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Իտալացի հանրաճանաչ դերասանուհի, բոլոր հիմնական միջազգային փառատօներու մրցանակակիր, քանի մը գիրքերու հեղինակ Սոֆիա Լորենը վերջերս նշեց իր 82-րդ տարեդարձը:
Կեանքի մեծ փորձառութիւն ունեցող դերասանուհին զանազան առիթներով յայտարարած է.
– Մայր մը միշտ երկու անգամ պէտք է մտածէ, անգամ մը իրեն համար, անգամ մը` երեխային:
– Երբ կինը կը նստի հայելիին առջեւ, անոր հնարաւորութիւն կը տրուի ինքզինք նկարչուհի զգալ եւ հաղորդակցիլ արուեստի աշխարհին հետ:
Գեղեցկութիւնը արժանի է, որ իրեն համար պայքարինք:
– Սէրը անխիղճ վերլուծումներ չի հանդուրժեր: Եթէ զայն անընդհատ ստուգես, մանրամասն վերլուծես, համեմատես, «լոյսի» տակ ուսումնասիրես, անիկա հետզհետէ կը նուազի եւ կը մահանայ:
– Ոչինչ կրնայ գեղեցիկ ըլլալ բոլոր տեսանկիւններէն դիտուած: Իտէալական գեղեցկութիւնը պատրանք է:
– Արցունք չտեսած աչքերը չեն կրնար գեղեցիկ ըլլալ:
– Գեղեցկութիւնը մարդուս մէջ է եւ անոր աչքերուն մէջ կ՛արտացոլայ:
– 54 տարեկան կին մը կը պահէ իր ամբողջ հմայքը:
71-Ամեայ Բրիտանացի Կինը
Իրականացուցած Է Իր Մանկութեան Երազը
Եւ Դարձած Պալէի Պարուհի
«Տը տէյլի մէյլ» կը հաղորդէ, որ 71-ամեայ Տորին Փիչի մանուկ հասակին երազած է պալէի պարուհի դառնալ, բայց ի վերջոյ ընտրած է աւելի գործնական տարբերակը եւ դարձած երկրաչափ:
Ինչպէս կը նշէ աղբիւրը, թոշակի անցնելէ ետք բրիտանացի կինը որոշած է իրականացնել իր մանկութեան երազը: Այժմ Տորինը ուրախանալու առիթ ունի. ան դարձած է Բրիտանիոյ ամէնէն տարեց պարուհին:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ Տորինը սկսած է պալէի դասընթացքի հետեւիլ 10 տարի առաջ, երբ այցելած է պալէի ուսուցչուհի իր զարմուհիին: Այդ ժամանակներէն ան նիհարցած է 48 չափէն 40 չափի: Անոր համաձայն, այժմ ան ինքզինք աւելի ճկուն կը զգայ, քան երբեւէ, հակառակ անոր որ երկու տարի առաջ ունեցած է ծունկի յօդը փոխադիրով օժտելու վիրահատութիւն:
Մեր Տրամադրութեան Վրայ Ազդող
8 Սխալ Սովորութիւններ
Մեզմէ իւրաքանչիւրը պատասխանատու է իր տրամադրութեան որակին: Օրուան ընթացքին մեր գործած կարգ մը սխալները իրարու վրայ կուտակուելով կը փճացնեն մեր տրամադրութիւնը: Այսպէս, երբ մեր շուրջ ամէն բան դասաւորուած եւ կոկիկ է, մենք աւելի լաւ տրամադրուած կ՛ըլլաք, մինչդեռ հակառակը, մեզ կը դարձնէ ջղագրգիռ եւ մանաւանդ` անտրամադիր:
Եկէք` ճանչնանք մեր ոչ լաւ սովորութիւնները եւ փորձենք քիչ-քիչ հրաժարիլ անոնցմէ:
1.- Առտուն տունէն մեկնիլ` առանց մահճակալը շտկելու:
2.- Սենեակին փեղկերն ու վարագոյրները փակել` խաւարին մէջ մնալով:
3.- Բջիջայինը բարձին քով դրած քնանալ:
4.- Խոհանոցի լուացարանին մէջ աղտոտ պնակները դիզել` օրերու վրայ:
5.- Թափթփած ննջասենեակի մէջ քնանալ:
6.- Ոչ պիտանի գնումներ ընել եւ զղջալ:
7.- Թափթփած գրասեղանի առջեւ աշխատիլ:
8.- Ծխել եւ ապականած սենեակի մէջ աշխատիլ, քնանալ, պատկերասփիւռ դիտել:
Կ՛արժէ մտածել այս մասին..
Առողջապահական
8 Համոզիչ Պատճառներ`
Օրական 3 Հատ Արմաւ Ուտելու
Արմաւը ոչ միայն համեղ, այլեւ շատ օգտակար պտուղ մըն է. անոր բարիքները անհամար են. այսուհանդերձ, գիրութենէ եւ շաքարախտէ տառապող անձերը պէտք է չափաւորեն անոր սպառումը եւ օրական 3 արմաւէն աւելի չուտեն:
Ահա թէ ինչո՞ւ օրական 3 արմաւ պէտք է ուտել.
1.- Արմաւը հարուստ է երկաթով եւ յանձնարարելի արեան տկարութենէ տառապողներուն:
2.- Լիւթէինով եւ զէաքսանթինով հարուստ արմաւը կը պաշտպանէ աչքերը եւ կը զօրացնէ տեսողութիւնը:
3.- Կիրով եւ բնաթելով հարուստ արմաւը կը դարմանէ փորհարութիւնը եւ կը կանոնաւորէ աղիքներուն գործունէութիւնը:
4.- Շաքարով հարուստ արմաւը չափաւոր ուտելու պարագային կուշտ կը պահէ եւ ճաշի ժումերուն միջեւ աւելորդ բաներ ուտելու պահանջը կը պակսեցնէ:
5.- Բժշկական լուրջ ուսումնասիրութիւններ փաստած են, որ օրական 3 արմաւ ուտող անձերը նուազ ենթակայ են սրտի կաթուածներու: Արմաւը կը նուազեցնէ ճարպի կուտակումը` երակներուն մէջ:
6.- Քիչ աղ պարունակող եւ փոթասիոմով հարուստ արմաւը կ՛օգնէ նուազեցնելու արեան գերճընշումը:
7.- Ֆոսֆորով հարուստ արմաւը կը խթանէ ուղեղին մտային կարողութիւնները:
8.- Արմաւը հարուստ է ֆրիւքթոզ, սաքքարոզ եւ կլիւքոզ բնական շաքարներով, այս երեքն ալ կ՛աշխուժացնեն մեր մարմինը եւ ուժ կը հայթայթեն: Ահա թէ ինչո՛ւ օրը կարելի է սկսիլ 2 – 3 արմաւ ուտելով:
Ինչպէս սկիզբը յիշեցինք, գիրութենէ եւ շաքարախտէ տառապող անձերը պէտք է զգուշանան արմաւէն եւ օրական 3 հատէն աւելի չուտեն. այս մտահոգութիւններէն զերծ անձերը կրնան օրական մինչեւ 10 արմաւ ուտել:
Ինչո՞ւ Օրական Մէկ Հաւկիթ
Պէտք Է Ուտել
Երկար տարիներ հաւկիթը սեւ ցանկի վրայ էր` որպէս գէշ քոլեսթերոլը բարձրացնող եւ սրտանօթային հիւանդութիւններուն դուռ բացող ուտելիք: Ներկայիս բժիշկներն ու սննդագէտները նոյն կարծիքին չեն եւ կը թելադրեն օրական 1 – 2 հաւկիթ ուտել. ահա թէ ինչո՛ւ.
Հաւկիթը կը պարունակէ ամինաթթուներ, երկաթ եւ հակաօքսիտաններ: Մեր մարմինը կ՛արտադրէ մօտաւորապէս 11 ճարպաթթու, որոնք անհրաժեշտ են մեր առողջութեան. իսկ հաւկիթը կը պարունակէ աւելի քան 9-ը, որոնք նոյնպէս չափազանց անհրաժեշտ են: Գիտնականներ կը պնդեն, որ այս 9 ամինաթթուներէն մէկուն բացակայութիւնը պատճառ կ՛ըլլայ, որ մեր մազերը թափին, յոգնութիւն զգանք, կորսնցնենք մկանային զանգուածը, նուազի մեր մարմնին դիմադրականութիւնը…
Օրական 1 – 2 հաւկիթ ուտելու պարագային`
– Մեր մարմնին համար կ՛ապահովենք 9 ամինաթթուներ:
– Մեր աչքերը կը պաշտպանենք տարիքի հետ կապուած տեսողութեան խանգարումներէ:
– Կը զօրացնենք մեր յիշողութիւնը:
– Կը պաշտպանուինք ստինքի քաղցկեղէ:
– Կ՛ապահովենք մեր մազերուն առողջութիւնը:
10 Ազդանշաններ, Որոնք Կ՛ապացուցեն,
Որ Բաւարար Ջուր Չենք Խմեր
Մեր մարմինը օրական 1,5 – 2 լիթր ջուրի պէտք ունի` լաւ գործելու համար: Ահաւասիկ` 10 ազդանշաններ, որոնք կը յիշեցնեն, որ բաւարար ջուր չենք խմեր.
1.- Բերնի չորացում,
2.- Ծարաւի զգացում,
3.- Գլխու ցաւ,
4.- Մորթի չորացում,
5.- Մութ գոյնի մէզ,
6.- Գլխապտոյտ,
7.- Անօթութեան զգացում,
8.- Յօդացաւ,
9.- Մարսողութեան հարցեր,
10.- Մնայուն յոգնածութիւն:
Այս տաք օրերուն առնուազն 1,5 լիթր ջուր խմենք. այս ձրի եւ ազդու դեղը մեր մարմնին կ՛ապահովէ առողջութիւն եւ կենսունակութիւն:
Հայաստանի Մէջ Սկսած Են
Աւելի Քիչ Թէյ Օգտագործել
Հայաստան այս տարուան յունուարէն մայիս ամիսներուն ներածուած է 140 թոն թէյ: Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութեան վճարային հաշուեկշիռի եւ արտաքին առեւտուրի վիճակագրութեան բաժանմունքին, այս ցուցանիշը նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ նուազած է 12 թոնով: 2015-ի յունուարէն մայիս ամիսներուն Հայաստան ներածուած է 152 թոն թէյ:
Այս տարուան ընթացքին ամէնէն շատ ծաւալով թէյ` 70 թոն, ներածուած է Սրի Լանքայէն, որուն 38 թոնով կը յաջորդէ Ռուսիան, այնուհետեւ 20 թոնով` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
Այս տարուան ընթացքին Հայաստանէն շատ քիչ քանակութեամբ թէյ արտածուած է: Ընդհամէնը 1 թոն արտածուած է Ռուսիա: Նախորդ տարի այս ցուցանիշը ընթացիկ տարուան տուեալներուն համեմատ զգալիօրէն բարձր եղած է: 2015-ի յունուարէն մայիս ամիսներուն Հայաստանէն արտածուած է 40 թոն թէյ:
Շուէտացի Հնէաբանները Ջուրին Յատակէն
340-Ամեայ Պանիր Դուրս Բերած Են
Շուէտացի հնէաբանները 1676-ին խորտակուած «Քրունան» նաւուն վրայ հնագիտական աշխատանքներու ժամանակ պանիրով լի կաւէ անօթ մը յայտնաբերած են, կը գրէ «Տը Լոքըլ»:
Ծովուն տակ կատարուած հնագիտական աշխատանքները տեղի ունեցած են յուլիսին եւ տեւած` 2 շաբաթ, շուէտական Էլանտ կղզիէն ոչ հեռու: Այդ ժամանակաշրջանին գիտնականները նաւուն վրայ յայտնաբերած են 14 ոսկիէ մետաղադրամ, ադամանդէ մատանի եւ սեւ կաւէ անօթ մը` տհաճ հոտով պարունակութեամբ, որմէ թթխմորի եւ պանիրի հոտ եկած է:
Քալմարի թանգարանէն Լարս Էյնարսոնի խօսքով, հետազօտողները եզրակացութեան յանգած են, որ ատիկա սննդամթերք է, հաւանաբար` պանիր:
«Ատիկա կը նմանի ռոքֆոր պանիրի կտորներու: Մթերքը բաւական լաւ պահպանուած է: Միեւնոյն ժամանակ պանիրը ծովուն յատակը մնացած է 340 տարի», նշած է մասնագէտը:
Այժմ կաւէ անօթին պարունակութիւնը կը պահպանուի ցած ջերմաստիճանի տակ եւ կը սպասէ հետազօտութիւններու:
Հինը Նորի Վերածեցէք
Սիրուն Բարձ
Ձեր ամուսինին հին շապիկը մի՛ թափէք, ոչ ալ ուրիշին տուէք, այլ պարզապէս զայն վերածեցէք սիրուն բարձի մը` այնպէս, ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ:
Սիրուն Տակդիրներ
Բոլորդ ալ ձեր ձեռքին տակ ունիք հին գծուած, անգործածելի խտասալիկներ. փոխանակ թափելու` զանոնք վերածեցէք գաւաթի տակդիրներու: Պարզապէս անոնց չափով գունաւոր կտորներ ձեւաւորեցէք եւ իւրաքանչիւրին վրայ փակցուցէք:
Խոհագիր
Հաւկիթով Մակոյկներ
Բաղադրութիւն` 4 անձի
– 4 հատ ֆրանսական պզտիկ հաց
– 4 հաւկիթ
– 70 կր. դեղին պանիր (ըստ ճաշակի)
– 8 կեռաս-լոլիկ
– Թարմ ռեհան
– Աղ, սեւ համեմ
Պատրաստութիւն
Ֆրանսական հացերուն երեսը սուր դանակով մը ձուաձեւ բանալ եւ միջուկը պարպել:
Փուռը տաքցնել 165 ջերմաստիճանով:
Հացի մակոյկներուն մէջ լեցնել տաշուած պանիրը, վրան աւելցնել հաւկիթը, վերջապէս աւելցնել կիսուած 2 կեռաս-լոլիկները: Հացերը փոխադրել ափսէի մը մէջ, ալիւմինիոմ թուղթով ծածկել եւ փուռին մէջ 10 վայրկեան եփել. ալիւմինիով թուղթը հանել 5 վայրկեան եւս եփել, մինչեւ որ հաւկիթին ճերմկուցը լաւ եփի:
Հրամցնելու պահուն աղ եւ սեւ պղպեղ ցանել եւ զարդարել ռեհանի տերեւներով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Տուն թալանողին բանտում են իսկոյն,
Հոգու թալանչուն ներում են միայն,
Չէ ո՞ր երկուսն էլ տանում են թաքուն,
Մէկը` ձեռքերով, միւսն` էութեամբ…Ինչպէս որ հիմա ես աչքերով թաց
Լուռ ներում եմ քեզ ու համոզում ինձ,
Թէ տան իրերը, կահոյքը տարած
Լիքն է ամէն տեղ – կը ճարուի նորից,
Բայց ինչպէս մաքուր այն հոգիս գտնեմ,
Որ լի էր պայծառ երգ ու երազով,
Որ խոնարհւում էր քո դէմ մեղմօրէն,
Հաւատով լցնում երդումներդ ծով…
Դու ինձ սրբել ես, թալանել այնպէս,
Որ էութեանս լոկ պատերը կան,
Այդ աւերակում էլ ինչպէս ապրեմ,
Դեռ կեանքի որքան ձմեռներ կը գան…Տուն թալանողին բանտում են իսկոյն,
Հոգու թալանչուն ներում են միայն,
Չէ ո՞ր երկուսն էլ տանում են թաքուն,
Մէկը` ձեռքերով, միւսն` էութեամբ…ՄԵՏԱՔՍԷ