Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Վիքթորիա՛զ Սիքրեթ աշխարհահռչակ ապրանքանիշի հայ մանըքեն Ռիւպինա Տեան (Խանզատեան) նաեւ նկարչուհի է:
Հայաստան ծնած, Սպանիա ապրած եւ Մ. Նահանգներ հաստատուած հայ մանըքենը անցեալ յունիսին Հայաստան այցելած էր հարազատները տեսնելու համար: Ահա թէ ինչ կը պատմէ հայ մանըքենը իր մասին…
«Վերջին անգամ վեց տարի առաջ հայրենիք այցելած եմ: Երբ Սպանիա էինք, աւելի յաճախ Հայաստան կու գայի, շատ ուրախ եմ հայրենիքիս մէջ գտնուելուս համար:
«Երբ Սպանիա տեղափոխուեցանք, երեք տարեկան էի. քանի որ շատ փոքր էի, հնարաւորութիւն չեմ ունեցած շատ առնչուելու երկրիս հետ, բայց ընտանիքիս անդամները միշտ նախանձախնդիր եղած են, որպէսզի առաւելագոյն չափով մօտ մնամ մեր լեզուին եւ սովորութիւններուն: Այսպիսով, ես միշտ ինքզինքս մէկ մասնիկը կը համարեմ հայկական մշակոյթին:
«Սպանիա ապրած եմ 13 տարի եւ հպարտութեամբ կրնամ ըսել, որ ան ալ իմ տունս կրնամ համարել: Համոզուած եմ, որ սպանական մշակոյթը մեծ դեր ունեցած է իմ աշխատանքներուս վրայ:
«Որպէս նկարչուհի` ներշնչուած եմ Փիքասոյէն, Միրոյէն, Տալիէն… Որպէս նկարչուհի` դեռ շատ երկար ճամբայ պէտք է կտրեմ, բայց արդէն որոշ ձեռքբերումներ ունիմ:
«Մ. Նահանգներ տեղափոխուելէ քանի մը ամիս ետք արդէն զիս նկատեցին մանըքեններու գործակալութիւնները: Անգամ մը մօրս հետ գնումի գացեր էի, խանութին մէջ մեզի մօտեցաւ անծանօթ մը, ինծի տուաւ իր այցեքարտը` խորհուրդ տալով, որ իրեն դիմեմ եւ ընտրեմ մանըքենի ասպարէզը: Քանի մը ամիս տարակուսելէ ետք որոշեցի փորձել… Յետոյ շատ բան փոխուեցաւ իմ կեանքիս մէջ»:
Գեղեցկուհի Աննա Դեմիրխանեանը
Կովկասը Պիտի Ներկայացնէ
Հոկտեմբերի սկիզբը գեղեցկուհի Աննա Դեմիրխանեանը Սոչիի մէջ Կովկասը պիտի ներկայացնէ «Միսիզ Եուրոփ 2016» գեղեցկութեան մրցոյթին:
Վերոյիշեալ մրցոյթին պիտի մասնակցին 30-35 գեղեցկուհիներ, որոնք պիտի ներկայանան քանի մը զգեստներով` ազգային, գիշերային եւ այլն…
Աննան որոշած է մրցոյթին մասնակցող աղջիկներուն` անմոռուկով կրծքազարդեր նուիրել եւ անոնց բացատրել ծաղիկին իմաստը:
Լաւատես հայուհին դրական եւ յաղթական տրամադրուած է այս մրցոյթին համար. «Ի հարկէ, յոյս ունիմ, որ կը յաղթեմ, բայց նաեւ յոյսով եմ` կ՛ընկերանամ աղջիկների հետ: Իսկ մրցոյթի աւարտից յետոյ անընդհատ յիշելու եմ նրանց եւ կարօտելու», կ՛ըսէ ան:
Աննա Դեմիրխանեանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ մրցոյթի նախապատրաստման փուլին իր կողքին կանգնած բոլոր անձերուն եւ անշուշտ` «Անչափ շնորհակալ եմ ընկերներուս, հարազատներուս` ամուսինիս, որ ինձ սովորեցրեց լինել գեղեցիկ եւ կանացի, աղջկաս, որի շնորհիւ եմ ես առաջ գնում, ծնողներիս, ովքեր միշտ իմ կողքին են: Շնորհակալ եմ, որ ինձ հետ էք: Անսահման գնահատում եմ ձեր աջակցութիւնը»:
Մենք ալ մեր կարգին յաջողութիւն կը մաղթենք հայ գեղեցկուհիին:
Այս առիթով յիշեցնենք, որ «Միսիզ Եուրոփ»-ի մասնակցութեան պարտադիր պայման է, որ մասնակցողները ամուսնացած ըլլան եւ երեխայ ունենան:
Մրցոյթը կ՛ընթանայ քանի մը փուլերով` ներկայանալ անգլերէնով, տաղանդներու ցուցադրութիւն, ազգային տարազով եւ գիշերային զգեստով տողանցք:
Նշենք, որ «Միսիզ Եուրոփ» մրցոյթը արդէն 10 տարիէ ի վեր տեղի կ՛ունենայ, եւ ամբողջ շաբթուան մը ընթացքին մասնակիցները կը գտնուին դատական կազմի անդամներուն սեւեռուն ուշադրութեան տակ, անոնք կ՛այցելեն զանազան ընկերային հաստատութիւններ, կը ցուցադրեն իրենց տաղանդը, ինչպէս նաեւ` արտաքին տուեալները:
Առողջապահական
Վեց Սխալ Սովորութիւններ,
Որոնք Կը Վնասեն Աչքերուն
1.- Ծխելը
Ծխելու վնասներուն մասին շատ խօսուած է, սակայն քիչեր գիտեն, որ անիկա շատ վտանգաւոր է նաեւ տեսողութեան համար: Ծխախոտին պարունակած թունաւոր նիւթերը կ՛աւելցնեն քաթարաքթի հաւանականութիւնը: Ծխախոտը ժամանակի ընթացքին կը նեղցնէ անօթները եւ կը մաշեցնէ զանոնք. այս պատճառով աչքերու արեան մատակարարումը կրնայ վատանալ եւ դուռ բանալ լուրջ հիւանդութիւններու:
* * *
2.- Աչքերը շփելը
Շատեր առտուն, արթննալէ ետք կամ աչքին մէջ փոշի մտնելու պատճառով աչքերը շփելու սովորութիւն ունին: Աչքերը շփելը կրնայ վնասել ծիածանաթաղանթը, ինչ որ կ՛աւելցնէ աչքի վարակներու հաւանականութիւնը:
* * *
3.- Արեւի ակնոցներ չգործածելը
Անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու երկարատեւ ազդեցութիւնը սերտօրէն կապուած է ցանցերու տարիքային հիւանդութեան` «տեժենէրասիոն մաքիւլեր»-ին հետ: Ակնաբուժները տեւաբար կը շեշտեն արեւոտ եղանակին ակնոց կրելու անհրաժեշտութիւնը:
* * *
4.- Համակարգիչի պաստառը
Համակարգիչին դիմաց երկարատեւ աշխատանքը կրնայ աչքերու յոգնածութեան եւ չորութեան յանգեցնել: Պաստառը կարելի եղածին չափ հեռու պահեցէք ձեր դէմքէն եւ կարճատեւ դադարներ առէք, որպէսզի աչքերը հանգստանան:
* * *
5.- Քիչ քնանալը
Քունի պակասը (օրական 6 ժամէն պակաս) կրնայ աչքերուն մէջ կարմիր բիծեր յառաջացնել, աչքերը չորցնել եւ տեսողութեան խանգարումներ պատճառել:
* * *
6.- Ջրազրկումը
Աչքերուն, ինչպէս եւ ամբողջ օրկանիզմին ջուրը չափազանց կարեւոր է առողջական բարդութիւններէ խուսափելու համար: Այս պատճառով ալ ակնաբուժները կը թելադրեն օրական առնուազն 5-7 բաժակ ջուր խմել:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ
1
Եթէ դդմաճ կը խաշէք եւ միեւնոյն ատեն ուրիշ գործով զբաղած էք, կաթսային երեսը փայտեայ դգալ մԸ զետեղեցէք, որպէսզի ջուրը չյորդի:
2
Պանանը 3-5 օր աւելի երկար կը դիմանայ եւ չի սեւնար, եթէ անոնց կոթերուն միացման բաժինը կերպընկալ «թուղթով» փաթթէք:
3
Գետնախնձորները չեն ծլիր, եթէ անոնց մէջ խնձոր մը զետեղէք:
4
Մանրալիքին մէջ մնացած փիցցա, պէօրեկ կամ մենէյիշ (ծոթրինով հաց) տաքցնելու պարագային կէս բաժակ ջուր զետեղեցէք, որպէսզի անոնք չկարծրանան եւ պահեն իրենց փափկութիւնը:
5
Հաւկիթներուն թարմութիւնը ստուգելու համար զանոնք դրէք ջուրով լեցուն ամանի մը մէջ: Ձախ կողմի հաւկիթը շատ թարմ է, մէջտեղինը մէկ շաբթուան կեանք ունի, իսկ աջ կողմինը արդէն երեք շաբթուան հաւկիթ է: Նոյն փորձը կրնաք ընել ապակեայ բաժակ մը օգտագործելով:
Աւելցած Է Հայաստանէն Սուրճի
Արտածումը, Նուազած` Ներածումը
Ընթացիկ տարուան յունուար-մայիս ամիսներուն Հայաստան ներածուած է 4 հազար 235 թոն սուրճ, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ 499 թոնով պակաս է: Յունուար-մայիս 2015-ին Հայաստան ներածած է 4 հազար 734 թոն սուրճ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային վիճակագրական ծառայութեան վճարային հաշուեկշիռի եւ արտաքին առեւտուրի վիճակագրութեան բաժանմունքէն:
Այս տարուան ընթացքին ամէնէն շատ ծաւալով սուրճ` 3 հազար 162 թոն ներածուած է Ինտոնեզիայէն, որուն կը յաջորդէ Վիեթնամը` 720 թոնով, 136 թոնով` Հնդկաստանը, 51 թոնով` Ռուսիան: Տարուան ընթացքին սուրճ ներածուած է նաեւ` Ուկանտայէն, Իտալիայէն, Հոնտուրասէն, Եթովպիայէն եւ Պրազիլէն:
Յունուար-մայիս ամիսներուն ընթացքին Հայաստանէն արտածուած է 375 թոն սուրճ: Այս ցուցանիշը նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ 48 թոնով աւելի է: Նախորդ տարուան յունուար-մայիս ամիսներուն ընթացքին Հայաստանէն արտածուած է 327 թոն սուրճ:
Այն տարուան ընթացքին ամէնէն շատ ծաւալով սուրճ` 235 թոն, Հայաստանէն արտածուած է Ռուսիա, որուն 138 թոնով կը յաջորդէ Վրաստանը: Չնչին քանակով Հայաստանէն սուրճ արտածուած է նաեւ դէպի Ուքրանիա:
Խոհագիր
Ստեպղինով Եւ Խնձորով Աղցան
Բաղադրութիւն
– 4 ստեպղին
– 1 կանաչ, թթու խնձոր
– 100 կրամ շոմինի թարմ, փոքրիկ տերեւներ
– 2 ապուրի դգալ խնձորի քացախ
– 4 ապուրի դգալ ձէթ
– 2 ապուրի դգալ դդումի կամ արեւածաղիկի սերմ
– Աղ, կարմիր փոշի պղպեղ
Պատրաստութիւն.
Ստեպղինը եւ խնձորը կեղուել եւ «ժիւլիէն» (բարակ ցպիկներու պէս) կտրտել:
Լուալ եւ ցամքեցնել շոմինը:
Աղցանի խորունկ ամանի մը մէջ խառնել ձէթը, քացախը, աղն ու պղպեղը:
Աւելցնել կտրտուած ստեպղինն ու խնձորը ինչպէս նաեւ շոմինի տերեւները, խառնել, երեսը զարդարել դդումի եւ արեւածաղիկի սերմերով եւ հրամցնել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Սիրոյ Հիասթափութիւն
Պատանի սիրտս բաժակ էր բիւրեղ,
Որ լցուեց մի օր գինով աչքերիդ,
Ու ես այն գինով հարբած խելայեղ
Քո ոտքերն ընկայ ու դարձայ գերիդ:
Բայց դու փշրեցիր իմ սիրտը մատաղ,
Ա՜խ դու փշրեցիր գաւաթն իմ սրտի,
Թափուեց իմ գինին… արիւնաշաղախ,
Ու ցնդեց պատրանքն իմ կոյր կարօտի,-
Բացուեցին սրտիս աչքերը բոլոր,
Անցաւ խելայեղ գինովութիւնս,
Կուչ եկաւ խաբուած իմ սիրտը մոլոր,
Ամաչեց, որ քեզ նմանն էր բոյնս:
Դու ցոփ գինետան մի բաժակ էիր,
Սիրոյս գինին էր աչքերս կապում,
Ա՛խ, ինչ լաւ եղաւ, որ փշրուեցիր,
Քանզի քեզ այժմ քեզնովեմ չափում,
Քեզնով, ինչպէս լուսինը` լուսնով,
Որ լուսացել էր սիրոյս արեւով,
Քեզնով եմ չափում, ոչ թէ ցնորքով սիրահառաչ,
Որ իմ կոյր սիրով աչքերս էր կապում,
Ինձ ծունկի բերում, ինչպէս սիրատանջ,
Խաբուած աստծուն` սատանի առաջ…
Ա՜խ արեւն էլ է երբեմն խաբւում`
Մեռած լուսնեակին իր լոյսով չափումՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ