Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Խօսուն Իրեր

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Արա Սարգսեան

Արա Սարգսեան

Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղադրուած Յովհաննէս Թումանեանի եւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի արձանները, Երեւանի պետական համալսարանին կից «Սահակ Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց» արձանը, Վահան Թոթովենցի, Հրաչեայ Աճառեանի, Մանուկ Աբեղեանի, Միքայէլ Նալբանդեանի, Յակոբ Պարոնեանի դիմաքանդակները… քիչեր գիտեն անոնց հեղինակին եւ Երեւանի մէջ անոր թանգարանի գոյութեան մասին:

museum_102016

Երեւանի Պուշկին փողոցի` Ս. Զօրաւոր եկեղեցւոյ կից կը գտնուի քանդակագործ, մանկավարժ, հասարակական գործիչ Արա Սարգսեանի տուն-թանգարանը: Շէնքը կառուցուած է 1934-ին եւ որպէս թանգարան կը գործէ 1973-էն ի վեր:

Այսօր թանգարանին մէջ պահուած է շուրջ 500 գործ: Ցուցասրահներուն մէջ ներկայացուած են պրոնզէ քանդակները, իսկ գաճէ բնօրինակները պահուած են պահեստանոցը:

Բացի մեծ վարպետին ստեղծագործութիւններէն` տուն-թանգարանին մէջ նաեւ ցուցադրուած են անոր անձնական իրերը, որոնք շատ բան կը պատմեն անոր կեանքին մասին:

Բանաստեղծութիւններու Տետրը

middle_1427521222_7299196

Քիչեր գիտեն, որ Արա Սարգսեանը երբեմն մէկ կողմ դնելով գործիքներն ու քանդակները` կը վերցնէր թուղթն ու գրիչը եւ բանաստեղծութիւններ կը գրէր: Անոր ստեղծագործութիւնները դեռ անտիպ են եւ հարազատները յոյս ունին, որ օրին մէկը կը հրատարակեն զանոնք: Արա Սարգսեանը շուրջ 40 բանաստեղծութիւն եւ 3 թատերախաղ գրած է:

«Կտակն Էր Նահատակներուն»

middle_1427521222_8110675

1921 թուականին Արա Սարգսեանը Կոստանդնուպոլիսէն կը մեկնի Հռոմ` ուսումը շարունակելու: Տարիներ վերջ կը պարզուի, որ ան բոլորովին այլ առաքելութեամբ հասած էր հոն: Քիչեր կը կասկածէին, որ Հռոմ ուսանելու եկած 19-ամեայ երիտասարդը կրնայ կապ ունենալ «Նեմեսիս»-ի հետ:

Հռոմի մէջ Սարգսեան կը հանդիպի Միքայէլ Վարանդեանին, վերջինս պարտականութիւն կը վստահի խելացի, բազմաթիւ լեզուներու տիրապետած, ընդյատակեայ աշխատանքի փորձառութիւն ունեցող երիտասարդին: Գերմաներէնի փայլուն իմացութիւնը եւ քանդակագործ-նկարիչին ունեցած դիմագիծերու ճշգրիտ յիշողութիւնը կարեւոր տուեալներ էին, որ «Նեմեսիս»-ի գործողութեան ծառայելու փափաք ունեցող քանդակագործին աչքէն չվրիպէին յաճախ կերպարանափոխուող թուրք ղեկավարները: Սարգսեան կը նստէր սրճարանները, կը գտնէր թուրք դահիճները եւ կը յայտնէր գործողութեան միւս մասնակիցներուն:

Իրականութիւնը պարզուեցաւ տարիներ ետք, Արշաւիր Շիրակեանի շնորհիւ, զոր քանդակագործը կը ճանչնար արդէն 15 տարեկանին: Արշաւիր Շիրակեանը «Կտակն էր նահատակներուն» գիրքը Հայաստան Ա. Սարգսեանին ղրկած է գիրքին մէջ քանդակագործին անուան միայն առաջին տառերը յիշատակելով, այն պարզ մտահոգութեամբ, որ Խորհրդային Հայաստանի մէջ ան հետապնդումի կրնայ ենթարկուիլ:

1969-ին ոտքի կոտրուածքով հիւանդանոց մտած քանդակագործը ապաքինած` մեկնելու կը պատրաստուէր, բայց յանկարծակի ջերմութեան բարձրացումը վերջ կու տայ անոր կեանքին:

Զանազան առիթներով իր շուրջ կասկածներ արթնցուցած Սարգսեանը հիւանդանոցին մէջ իր յուշերը կը գրէր. անոր ընդդիմադիրները կը գիտակցէին, որ եթէ ձեռագիրները դուրս գային հիւանդանոցին պատերէն, գայթակղութիւնը անխուսափելի պիտի ըլլար: Կը պարզուէր, որ բոլորէն յարգուած եւ տիտղոսներու արժանացած մարդը եղած է «ժողովուրդի թաքնուած թշնամի` դաշնակցական, եւ ատիկա բացասական անդրադարձ կ՛ունենայ հասարակական բարոյական մթնոլորտին վրայ»: Աղէտէն խուսափելու միակ ելքն էր վերացնել ձեռագիրները եւ անոնց հեղինակը:

Արա Սարգսեանը գիտէր, թէ իրեն ինչ կը սպասէ Խորհրդային Հայաստանի մէջ, եթէ բացայայտուէր իր անցեալը: Բայց ան ինքնակամ նախընտրեց Հայաստանը` Եւրոպայի բարեկեցիկ եւ ապահով կեանքի փոխարէն: Ան հաւանաբար հոն աւելի երկար ապրէր, ստեղծագործական աւելի բարձունքներու հասնէր եւ մանաւանդ` անկաշկանդ թռիչք տար իր երեւակայութեան: Բայց այդ պարագային մենք չէինք ունենար այն բոլոր գեղեցիկ քանդակները, որոնք այսօր կը զարդարեն Երեւանը եւ Հայաստանի այլ քաղաքներն ու գիւղերը…

Ֆէսն Ու Գործիքները

big_1427521222_8193339

Վիեննա ուսանած Արա Սարգսեանը այնքան փայլուն էր, որ 4 տարուան ուսումը 2 տարիէն աւարտած է:

Մեծ քանդակագործը նախքան գործիքները վերցնելը եւ գործի անցնիլը` գլխուն կը դնէր զարդարուն ֆէսը, կը բանար ոգեշնչող գերմանացի երաժիշտ Պրամզի երաժշտութիւնը, կը ստեղծէր իր աշխարհը… «Ան աշխատանքի ժամանակ կը գեղեցկանար, ուրիշ կերպարի մէջ կը մտնէր», կը պատմէր անոր կինը:

Ձեռնափայտն Ու Պայուսակը

middle_1427521222_4784643

Արծաթեայ բռնակով ձեռնափայտն ու կաշի պայուսակը Սարգսեանը իրեն հետ բերած էր Փարիզէն` 1925-ին: Կը պատմուի, որ օր մը եւրոպական ոճի պայուսակով եւ ձեռնափայտը ձեռքին` ան Աբովեան փողոցէն կ՛ուղղուէր դէպի Հանրապետութեան հրապարակ: Ճամբուն վրայ կը մտնէ ճաշարան մը, ուր նստած էր Եղիշէ Չարենցը, վերջինս այսպէս նկարագրած է Ա. Սարգսեանի ճաշարան մուտքը. «Ներս մտաւ մի երիտասարդ` ձեռնափայտով, եւրոպական հագուստով, գլխարկով, թաւշեայ բաճկոնով: Միանգամից աչքի ընկաւ»:

Ուսուցիչին Քանդակը

middle_1427521222_8801932

Արա Սարգսեանի տուն-թանգարանին մէջ պահպանուած է անոր շատ փոքր տարիքի ստեղծագործութիւններէն մէկը: Քանդակուածը անոր գեղարուեստի ուսուցիչն է, որուն արուեստագէտը անմահացուցած է, երբ ընդամէնը 16 տարեկան էր:

Համրիչը

middle_1427521222_6457429

Քանդակագործը գեղեցիկ համրիչներու սիրահար էր: Անոր ձեռքէն անպակաս էին տարբեր գոյնի եւ չափի համրիչները: Ընկերները գիտէին պոլսահայ քանդակագործին այս սիրոյ մասին եւ յաճախ առիթներով համրիչ կը նուիրէին անոր:

Թերմոսը

middle_1427521222_9007034

Բոլոր պոլսահայերուն պէս Ա. Սարգսեանը սուրճ շատ կը սիրէր: Թերմոսը իսկական փրկութիւն էր սուրճին չափ ֆութպոլը սիրող քանդակագործին համար: Երբ ընկերներով ֆութպոլի կ՛երթար, ան թերմոսը հետը կը տանէր մէկուկէս ժամ սուրճէն չզրկուելու համար:

Զարդատուփը

middle_1427521222_8228891

Արա Սարգսեանին «շտապ օգնութիւն» անունը տուած էին: Իսկ օգնութիւնը կու գար զարդատուփէն, ուր քանդակագործը կը պահէր իր դրամը: Ան յաճախ կ՛օգնէր ուսանողներուն: Անոր թոռնուհին կը պատմէ. «Երբ նրանից գումար էին խնդրում, ասում էր` տուփից որքան հարկաւոր է վերցրէք. վերադարձնելիս էլ չէր նայում, թէ որքան են բերել, ընդամէնը ասում էր` դրէք տուփին մէջ»:

Որսի Իրերը

middle_1427521222_5865118

Արա Սարգսեանին ամենասիրելի զբաղումներէն մէկը որսն էր: Ընտանիքը որսի 8 շուն ունէր: Քանդակագործը յաճախ ընկերներուն հետ որսի կ՛երթար Լոռի: Անոր տուն-թանգարանին մէջ ցուցադրուած են` հովանոցը, որսորդական հրացանին պատեանը, փամփուշտները եւ որսի անհրաժեշտ այլ իրեր:

Յուշաձեռագրային Ժառանգութիւն

image004_102016

Թանգարանը նաեւ կը ներկայացնէ Արա Սարգսեանի շուրջ երկու տասնեակ բեմական ձեւաւորումներէն մէկ քանին` գծանկարներ, լուսանկարներ, յօդուածներ, նամակագրութիւն, անտիպ բանաստեղծութիւններ, ծոցատետրեր, ուր ամփոփուած են անոր ուսումնասիրութիւններն ու գրառումները, գծանկարներն ու ուրուագիծերը:

Ահա թէ ինչպէս կարգ մը անձնական իրեր շատ աւելի բան կը պատմեն իրենց տէրերուն մասին, քան` սովորական կենսագրութիւն մը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>