Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Արձակագիր, թատերագիր Անուշ Ասլիբեկեան-Արծրունին շուտով կը հրապարակէ «Մի՛ լռիր- Ռեմի՛» թատերախաղը: Գիրքը կը պատմէ Ռեմի անունով երիտասարդուիի մը մասին, որ ապրած է Արցախի պատերազմի, Հայաստանի անկախացման, մութ ու ցուրտ տարիներու բոլոր յուզումներն ու արհաւիրքները:
«Փիեսում արտացոլուած է ժամանակակից կեանքի որոշ դրուագներ` ընդգծուած ընկերային-քաղաքական պարունակով: Անիկա նաեւ ժամանակակից Հայաստանում հայ կնոջ եւ այսօր արդէն` աներազանք, անիտէալ եւ թերահաւատ մի սերնդի մասին է, որի մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը համընկել է Հայաստանի կենսագրութեան ամենաբեկումնային եւ անցումային ժամանակահատուածի հետ: Այս ամէնով հանդերձ, փիեսի հերոսուհուն յաջողւում է յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները` վերահաստատելով իր կեանքի կոչումն ու սեփական արժեհամակարգը: Երկիր մոլորակի ցանկացած կէտում ու ժամանակահատուածում ծնուած մարդու համար ամենակարեւորն այն է, որ գիտակցի իր տեղն ու կոչումը այս կեանքում` երբեք չուրանալով սեփական արժեհամակարգը», յայտնած է թատերագիրը:
Անուշի խօսքով, թատերախաղը նաեւ կ՛արծարծէ սփիւռքահայութեան նոր ներգաղթած սերունդի եւ մեր օրերուն շեշտուած արտագաղթի հարցերը:
Այս տարուան ընթացքին թատերախաղը ոչ միայն կը հրատարակուի, այլեւ Յակոբ Ղազանճեանի բեմադրութեամբ կը ներկայացուի հանդիսատեսին:
Նշենք, որ 35 տարեկան թատերագէտ, արձակագիր եւ թատերագիրը Անուշ Ասլիբեկեանը կինն է երգիչ-երգահան Վահան Արծրունիին:
Հետաքրքրական
Երեք Բանի Կանոնը
Իմաստուն մարդ մը ըսած է, որ գոյութիւն ունի 3 բան, որոնց վրայ, ըստ էութեան, կառուցուած է մեր կեանքը: Գաղտնիք չէ որ 3 թիւը կը համարուի հրաշագործ յատկութիւններով օժտուած թիւ եւ շատ մը կրօններու մէջ ունի առանցքային դեր:
Ստորեւ 3 բանի ոսկի կանոնները.
3 բան երբեք չեն վերադառնար` ժամանակը, խօսքերը եւ հնարաւորութիւնները:
***
3 բան պէտք չէ կորսնցնել` հանգստութիւնը, յոյսը եւ պատիւը:
***
3 բան կեանքի մէջ աւելի արժէքաւոր են` սէրը, համոզումները եւ վստահութիւնը:
***
3 բան բնորոշ են մարդուն` աշխատանքը, ազնուութիւնը եւ ձեռքբերումները:
***
3 բան կը քայքայեն մարդը` գինին, գոռոզութիւնը եւ բարկութիւնը:
***
3 բան դժուար է ըսել` «Քեզ կը սիրեմ», «Ներէ՛ ինծի», «Օգնէ՛ ինծի»:
Մեծ Մայրիկի Թելադրանքներ
Հերաթափութիւն
Հետազօտութիւններ պարզած են, որ կարմիր սոխը ոչ միայն կը կանխէ հերաթափութիւնը, այլեւ կը նպաստէ մազերու աճին: Կարմիր սոխը հարուստ է ծծումբով, որ կը նպաստէ քոլաժենի արտադրութեան, որ իր կարգին կը խթանէ մազերու աճը: Սոխին հիւթը օգտակար է գլխամաշկին արեան շրջագայութիւնը կարգաւորելու համար:
Հետաքրքրականը այն է, որ մեր մեծ մայրիկները տասնեակ տարիներ առաջ ծանօթ էին սոխին այս յատկութեան եւս եւ արդէն իսկ զայն որպէս դեղ կը գործածէին բազմազան հիւանդութիւններ դարմանելու համար:
Սոխի հիւթով քսուկին պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են 3-4 կարմիր սոխ եւ մէկ թէյի դգալ մեղր:
Սոխերը կեղուել, կտրտել եւ հիւթաքամիչով անոնց հիւթը առնել, ստացուած հիւթին աւելցնել մէկ թէյի դգալ մեղր եւ լաւ խառնել: Գլխամաշկը մարձել այս քսուկով եւ 15 վայրկեանէն կէս ժամ ձգել: Յետոյ լուալ սովորականին պէս: Այս գործողութիւնը կրկնել ամիսը 2-3 անգամ եւ 85-90 տոկոսով պիտի դարմանուի ձեր հերաթափութիւնը:
Փափուկ Ձեռքեր
Անցեալին մեծ մայրիկները գետնախնձոր մը կը խաշէին, կեղուելէ եւ լաւ ճզմելէ ետք ապուրի դգալ մը ձէթ կ՛աւելցնէին եւ միատարր խիւսի մը վերածելէ ետք ձեռքերը այդ խիւսով կը ծեփէին: 15-20 վայրկեան սպասելէ ետք ձեռքերը գաղջ ջուրով եւ սովորական օճառով կը լուային: Այս գործողութիւնը կը կրկնէին շաբաթը անգամ մը:
Մութ Գոյնի Արատներ
Դէմքին եւ ձեռքերուն վրայ յաճախ կը յայտնուին սրճագոյն արատներ: Անոնք կը յայտնուին արեւին պատճառով, յղութեան ընթացքին եւ կամ` տարիքի յառաջացման հետ:
Այս արատները չքացնելու համար մեծ մայրիկները կը թելադրեն օգտագործել կարմիր սոխի կամ կիտրոնի հիւթը, ինչպէս նաեւ` խնձորի քացախը:
Բամպակը թաթխել նշուած հիւթերէն մէկուն մէջ, ապա դնել արատին վրայ եւ ձգել քանի մը վայրկեան:
Կիտրոնի հիւթը չի թելադրուիր չոր մորթ ունեցողներուն:
Խնձորի քացախը օգտագործել 3-5 վայրկեան:
Կարմիր սոխին հիւթը կարելի է ձգել 10 վայրկեան:
Այս գործողութիւնը կարելի է կրկնել շաբաթը քանի մը անգամ եւ անշուշտ` դադրեցնել, երբ սպասուած արդիւնքի հասնիք:
Ոտքերու Տհաճ Հոտ
Ահաւասիկ բնական միջոց մը` ոտքերու տհաճ հոտէն ձերբազատելու համար:
Հարկաւոր է միջակ տաշտ մը, կիսով տաք ջուրով լեցուն, աւելցնել սեւ թէյի ծրարիկներ, սպասել 20 վայրկեան, ապա ոտքերը մխրճել այդ ջուրին մէջ կէս ժամ: Այս գործողութիւնը կրկնել օրական` 10 օրուան վրայ:
Առողջապահական
Մեր Ոսկորներու Առողջութեան
Վնասող 5 Ուտելիք
Առողջութիւնը չափի մէջ է. ահաւասիկ` 5 ուտելիք, որոնց չարաշահումը բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ մեր ոսկորներուն վրայ:
1
Աղը
Մեր ուտելիքներուն մէջ աղի բարձր տոկոսը պատճառ կը դառնայ, որ կիրի պաշարը մէզին հետ արագօրէն դուրս գայ մեր մարմնէն: Արդէն բոլորիս ծանօթ է կիրին կարեւորութիւնը մեր ոսկորներու առողջութեան համար: Շարք մը հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ օրական աղի քանակը 10-5 կրամի հասցնելը համազօր է օրական 1000 միլիկրամ կիր սպառելուն:
2
Կազաւորուած ըմպելիքները
Մանկութեան տարիներուն, երբ կ՛ամրապնդուին ոսկորները, մեծ քանակութեամբ քաղցր կազաւորուած խմիչքներու օգտագործումը չափազանց վնասակար է: Անոնց մէջ առկայ ֆոսֆորը կը սահմանափակէ կիրի իւրացումը եւ կը նուազեցնէ մակնեզիոմի մակարդակը, իսկ կիրն ու մակնեզիոմը շատ անհրաժեշտ են ոսկորներու աճին:
3
Սուրճը
Սուրճը նոյնպէս կը նուազեցնէ կիրի իւրացման գործընթացը, այն պարզ պատճառով, որ օրական 3-4 գաւաթ սուրճ խմողներուն ոսկորները ժամանակի ընթացքին կը դառնան աւելի փխրուն: Կարգ մը գիտնականներ կը պնդեն, որ սուրճը թէյով փոխարինուի, ինչ որ կը նուազեցնէ ազդրերու կոտրուածքի վտանգը:
4
Ոգելից ըմպելիները
Եթէ ալքոլի սպառումը օրական 150 կրամը անցնի, կասկածէ վեր է, որ ենթական տկար եւ ապագային փխրուն ոսկորներ կ՛ունենայ: Հետեւաբար ամէն բան չափի մէջ է, եւ ալքոլը պէտք չէ չարաշահել:
5
Տուրմը
Հակառակ որ տուրմը ֆլաւոնոյիտներ եւ կիր կը պարունակէ, այսինքն` ոսկորներու ամրութեան օգնող նիւթեր, բայց անդին` օքսալատները կը սահմանփակեն մարմնին մէջ կիրի կլանման գործընթացը: Չմոռնանք նաեւ, որ տուրմը շաքար կը պարունակէ, իսկ շաքարը մարմնէն դուրս կը հանէ կիրը, բան մը, որ կ՛աւելցնէ օսթէփորոզի հաւանականութիւնը:
Ձեռային Աշխատանք
Բջիջայինի «Պատեան»
Երբեք մտածե՞ր էք, որ կարելի է ձեր բջիջայինին իւրայատուկ պատեան մը կարել` օգտագործելով հին ճինզ տաբատ մը:
Օգտագործեցէք տաբատին պիտակի բաժինը, կտրեցէք զայն ձեր բջիջայինին չափէն քիչ մը աւելի մեծ: Մէկ կողմը բացուածք մը ձգեցէք մնացեալը կարեցէք:
Վստահաբար շատերու ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ այս իւրայատուկ պատեանը:
Խոհագիր
Լոլիկով Եւ Ֆեթթայով
Կարկանդակ
4 անձի համար անհրաժեշտ են.-
4 պզտիկ լոլիկ
3 հաւկիթ
150 կրամ ալիւր
1 ծրար թթխմոր
8 սանթիլիթր ձէթ
12,5 սանթիլիթր կաթ
100 կրամ տաշուած կրիւյէր պանիր
100 կրամ ֆեթթա պանիր
Ռեհանի քանի մը տերեւ
1 ապուրի դգալ խարկուած խոշոր դդումի կուտ
Աղ, սեւ համեմ:
Կարելի է օգտագործել քափ քէյքի փոքրիկ կաղապարներ եւ կամ սովորական, մեծ կաղապար մը:
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:
Լոլիկները կեղուել, միջուկը պարպել, իսկ պատեանը մանր կտրտել:
Ֆեթթա պանիրը նոյնպէս մանր կտրտել:
Խորունկ ամանի մը մէջ զարնել հաւկիթները, աւելցնել ալիւրը, թթխմորը, աղը եւ սեւ համեմը, ապա քիչ-քիչ աւելցնել ձէթը եւ տաք կաթը:
Յետոյ աւելցնել տաշուած պանիրը, մանրուած ռեհանը, եւ խարկուած դդումի կուտերը: Վերջաւորութեան աւեցնել ֆեթթա պանիրն ու մանրուած լոլիկը եւ զգուշութեամբ խառնել: Խառնուրդը լեցնել փոքրիկ կաղապարներու մէջ, որոնք նախապէս ծեփուած ըլլան իւղով եւ ալիւրով: Եփել 25-30 վայրկեան: Մեծ կաղապարի պարագային, 45-50 վայրկեան նկատի ունեցէք:
Հրամցուցէք աղցանի մը կողքին:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ոսպ Ստկող Կինը
Ոսպ մը – ոսպ մը – ոսպեր – ոսպ մը – քար մը – ոսպ մը – ոսպ մը – քար մը
Կանաչ մը – սեւ մը – կանաչ մը – սեւ մը – քար մը – կանաչ ոսպ մը
Ոսպ ոսպի քով – քար ոսպի քով – յանկարծ բառ մը – բառ ոսպի քով
Յետոյ բառեր – ոսպ մը – բառ մը – բառ բառի քով – յետոյ խօսք մը
Ու բառ առ բառ խօլ բարբառ մը – հինցած երգ մը – հին երազ մը
Յետոյ կեանք մը – ուրիշ կեանք մը – կեանք կեանքի քով – ոսպ մը – կեանք մը
Դիւրին կեանք մը – դժուար կեանք մը – ինչու դիւրին – ինչու դժուար
Բայց քով քովի կեանքեր – կեանք մը – յետոյ բառ մը – յետոյ ոսպ մը
Կանաչ մը – սեւ մը – կանաչ մը – սեւ մը – ցաւ մը – կանաչ երգ մը
Կանաչ ոսպ մը – սեւ մը – քար մը – ոսպ մը – քար մը – քար մը – ոսպԶԱՀՐԱՏ