Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
20-րդ դարու շարժապատկերի համաշխարհային համբաւ վայելող ֆրանսացի դերասանուհի Քաթրին Տընէօվը անցեալ ամիս նշեց իր 73-րդ տարեդարձը:
Վայելուչ դերասանուհին նաեւ հանդիսացած է կարգ մը ձեւագէտներու մուսան, յատկապէս` Իվ Սեն Լորանին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք շիկահեր գեղեցկուհիին կարգ մը միտքերը, որոնք մասամբ կը բացայայտեն անոր մտածելակերպն ու աշխարհահայեացքը:
Տղամարդու սէրը պահպանելու լաւագոյն տարբերակը անոր հետ չամուսնանալն է:
***
Ինծի միշտ թուացած է, որ «մատամ» անուանումը աւելորդ կնճիռ է, որ զիս 10 տարիով կը ծերացնէ:
***
Իտալացիին գլխուն մէջ միայն 2 միտք կայ եւ անոնցմէ 2-րդը սիկարեթի մասին է:
***
Սէրէն կը վախնամ այնպէս, ինչպէս` ցաւէն, քանի որ սիրոյ հակառակ կողմը միշտ ցաւ է:
***
Հիանալի կազմուածքս կը պարտիմ ջուրին, քունին եւ սիրոյ:
***
Մեծնալէն մի՛ վախնաք, իւրաքանչիւր տարիք իր հմայքը ունի: Անցած տարիները փորձառութիւն եւ իմաստութիւն կը բերեն, նաեւ թոյլ կու տան հանգիստ եւ սթափ դիտել կեանքի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը:
***
Ես մայր եմ, իսկ մայրը երբեք չի կրնար միայնակ ըլլալ:
***
Երբեք կախեալ մի՛ ըլլաք ուրիշին կարծիքէն: Վայելեցէք ձեր սեփական գեղեցկութիւնը եւ զայն ընկալեցէք որպէս մեծ պարգեւ:
***
Իսկական կինը խելքի, հմայքի, բարութեան եւ սրամտութեան համադրութիւն է: Նոյնը կ՛ըսեմ նաեւ տղամարդոց համար:
***
Ես ինծի շատ գեղեցիկ կին չեմ համարեր: Ինքզինքս կը համարեմ կին մը, որ լաւ տեսք ունի, բայց` ոչ միշտ…
***
Երեխաներս կեանքիս մեծագոյն երջանկութիւնն են:
***
Ես չեմ բաժնուիր կնճիռներէս ոչ իսկ մէկէն. անոնց համար ես շատ սուղ վճարեր եմ:
Առողջապահական
Կենցաղային Պարագաներ, Որոնք Եւս
Պահպանման Ժամկէտ Ունին
Մենք յաճախ կը ստուգենք սննդամթերքի, գեղեցկագիտական արտադրութիւններու եւ դեղերու օգտագործման ժամկէտը, բայց քիչ անգամ կը ստուգենք կենցաղային պարագաներունը, որոնք նոյնպէս կարելի չէ շատ երկար պահել:
Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք 9 կենցաղային իր, որոնց պահպանման ժամկէտին մասին քիչեր կը մտածեն:
– 1 –
Բարձը
Բարձի մը պահպանման ժամկէտը 2-3 տարի է: Անկախ անոր պարունակութենէն, անիկա ժամանակի ընթացքին ե՛ւ կը դառնայ փոշիի ե՛ւ ճճիներու բոյն, իսկ ձեւափոխուելով` վիզի եւ կռնակի ցաւեր կը պատճառէ:
– 2 –
Մուճակները
Յատկապէս կտորէ, մուշտակէ (փըլիւշէ) պատրաստուած մուճակները 6 ամիսէն աւելի պէտք չէ գործածել: Անոնք սունկերու բազմացման յարմար միջավայր են: Թելադրելի է զանոնք յաճախ եւ շատ լաւ լուալ:
– 3 –
Սպունգը
Լոգանքի սպունգները նայած իրենց տեսակին 2 շաբաթէն 6 ամիս կարելի է օգտագործել: Անոնց մէջ եւս սունկեր եւ բորբոս կրնան յառաջանալ:
– 4 –
Անձեռոցը
Լոգանքի, երեսի, ձեռքերու կամ պնակեղէնի սրբիչներն ու անձեռոցները 1 – 3 տարի կարելի է օգտագործել: Խոնաւ սրբիչները յարմար միջավայր են մանրէներու բազմացման համար:
– 5 –
Ակռայի Խոզանակը
Ակռայի խոզանակը պէտք է փոխել 3 ամիսը անգամ մը: Անիկա հարկաւոր է փոխել ոչ միայն ձեւափոխուելու պարագային, այլեւ` ծանր կրիփէ ետք, այլապէս բարձր է կրկին հիւանդանալու հաւանականութիւնը:
– 6 –
Սանտրը
Յանձնարարելի է սանտր մը շաբաթը անգամ մը լուալ եւ տարին անգամ մը փոխել: Պարզ աչքով անտեսանելի փոշին ու մանրէները կը վնասեն գլխու մաշկին եւ մազերու առողջութեան:
– 7 –
Անուշահոտը
Անուշահոտը կը պարունակէ եթերաիւղեր, հետեւաբար զայն պէտք է պաշտպանել լոյսէն եւ տաքէն: Փակ վիճակի մէջ անուշահոտը կարելի է պահել 3 տարի, իսկ բանալէ ետք` 2 տարի:
– 8 –
Ռետին Ծծակը
Երեխաներու ռետին ծծակը հարկաւոր է փոխել 2 – 5 շաբաթը անգամ մը` անկախ անոր արտաքին տեսքէն: Ռետինին վրայ դիւրաւ վնասուածքներ կրնան յառաջանալ, որոնց մէջ կը հաստատուին ախտածին մանրէներ:
– 9 –
Համեմները
Ժամանակի ընթացքին համեմները կը կորսնցնեն իրենց համն ու բոյրը, ինչպէս նաեւ` յատկութիւնները:
Արագ հիննալու աւելի եւս ենթակայ են առանց տուփի կամ ծրարի վաճառուող տեսակները: Որեւէ համեմ գնելէ առաջ ծրարին վրայ ստուգեցէք անոր սպառման ժամկէտը, իսկ մնացեալներու պարագային, գնեցէք քիչ քանակութեամբ եւ 6 ամիսը անգամ մը փոխարինեցէք նորով:
Կ՛արժէ Մտածել
Ձերբազատեցէ՛ք Հինէն,
Կոտրուածէն, Ձեր Չսիրածէն
Կեանքի դժուարութիւններուն հանդիպելով` մենք յաճախ կը սիրենք մեղադրել ճակատագիրը եւ կը սկսինք կարեւորութիւն տալ սնահաւատութիւններու: Բայց, ըստ Ֆանկ Շուէյ փիլիսոփայութեան, դժբախտութիւններուն եւ աղքատութեան գլխաւոր մեղաւորները կը հանդիսանան մեր տան ամենասովորական իրերը:
Ֆանկ Շուէյի համաձայն, պէտք է վերացնել այն բոլոր բաները, որոնք բացասական մթնոլորտ կը ստեղծեն: Պէտք է ձերբազատիլ հինէն եւ տեղ բանալ նորին: Հինը, ոչ պիտանին, անախորժը պահելով` կ՛արգիլենք նորին, դրականին մուտքը:
Ստորեւ` 12 իր, որոնք դժբախտութիւն եւ չքաւորութիւն կը բերեն տան մէջ պահելու պարագային:
1.- Կոտրած Ապակեղէն
Ճեղքուած պնակեղէն, կոտրած հայելի, կիսով փշրուած պատուհանի ապակի… այս բոլորը կը յուշեն, որ ձեր տան պաշտպանութիւնը կոտրուած է:
***
2.- Հին Իրեր
Անյապաղ ձերբազատեցէք հագուստներէ, որոնք այլեւս չէք կրեր, ամսագիրներէ եւ թերթերէ, որոնք չէք կարդար: Հագուստները տուէք կարիքաւորներուն:
***
3.- «Մահացած» Իրեր
Առաջին առիթով ձերբազատեցէք չոր ծաղիկներէն, զմռսուած անասուններէն եւ նմանատիպ իրերէն: Ասոնք եւս բացասական մթնոլորտ կը ստեղծեն:
***
4.- Ոչ Պիտանի Իրեր
Ձեր գրպաններուն եւ դրամապանակներուն մէջ փոքր իրեր, հինէն մնացած թղթիկներ, ծամակալ, թաշկինակ եւ նման իրեր մի՛ պահէք, ասոնք չքաւորութիւն եւ դժբախտութիւն կը բերեն:
***
5.- Թափեցէք Ձեր Չհաւնած Լուսանկարները
Տան մէջ մի՛ ցուցադրէք լուսանկարներ, որոնցմէ չէք ախորժիր, վերցուցէք զանոնք եւ փոխարինեցէք ձեր սիրածներով:
***
6.- Խանգարուած Ժամացոյցը
Եթէ ձեր ժամացոյցը խանգարուած է եւ սլաքները չեն գործեր, նորոգեցէք զայն եւ կամ ձերբազատուեցէք անկէ: Գործելէ դադրած ժամացոյցը վատ նշան է:
***
7.- Անզոյգ Իրերը
Անզոյգ դահոյկը, կօշիկը, ձեռնոցը, օղը, բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան ձեր անձնական կեանքին վրայ: Ձերբազատուեցէք այդ իրերէն, այլապէս երկար ժամանակ պիտի չգտնէք ձեր երկրորդ կէսին:
***
8.- Մաշած Աւելը
Դրամական դժուարութիւններէ խուսափելու համար թափեցէ՛ք մաշած աւելը:
***
9.- Փոթորիկ Ու Անձրեւ Պատկերող Նկարները
Ձեր անձնական կեանքին մէջ խառնաշփոթութենէն չէք կրնար խոյս տալ, եթէ չձերբազատուիք այդպիսի նկարներէ:
***
10.- Հիւանդ Բոյսերը
Անմիջապէս թափեցէք հիւանդ բոյսերը, որոնք չեն աճիր, չեն ծաղկիր. անոնք բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան ձեր տրամադրութեան վրայ: Զանոնք փոխարինեցէք առողջ եւ ծաղկած տեսակներով:
***
11.- Դանակները, Սուրերը…
Ֆանկ Շուէյ կը թելադրէ գզրոցներու մէջ պահել բոլոր տեսակի դանակները եւ չցուցադրել թուրերը, դաշոյնները… շեղբով օժտուած իրերը կը վնասեն ընտանեկան համերաշխութեան:
Նոյնպէս, յանձնարարելի չէ մահճակալին ներքնակին կամ բարձին տակ ատրճանակ պահելը. ասոնք կը կործանեն զոյգերուն կեանքը:
***
12.- Երեք Տարիէ Ի Վեր Չգործածուած Իրերը
Ձերբազատեցէք բոլոր այն իրերէն, որոնք 3 տարիէ ի վեր չէք գործածած:
Բաժնուիլ իրերէ եւ յիշատակներէ, որոնք տարիներէ ի վեր մեզի հետ կ՛ապրին, միշտ ալ դիւրին չէ, սակայն ականջի օղ ընենք, որ անգործածելի հին իրերը տեղ կը գրաւեն եւ կ՛արգիլեն նորին մուտքը:
Հետաքրքրական Գաղափարներ
Մաֆին Կարկանդակի Կաղապարի
Օգտագործման Տարբերակներ
Երբեւիցէ մտածե՞ր էիք, որ մաֆին կարկանդակի կաղապարը կարելի է օգտագործել շատ մը բաներու համար, ինչպէս`
1.- Երեխաներու նախաճաշի կամ ընթրիքի ախորժաբեր ափսէի մը, ուր ճաշակով կտրտուած ու ներկայացուած են պանիրի, պտուղի, քորն ֆլեքսի եւ բանջարեղէնի տեսակներ:
***
2.- Պաղպաղակ մատուցելու ափսէի: Կարելի է բաժանումներուն մէջ թուղթէ կաղապարներ զետեղել եւ իւրաքանչիւրին մէջ տարբեր տեսակի պաղպաղակ լեցնել:
***
3.- Գունաւոր պղպեղներ լեցնելու եւ փուռին մէջ եփելու համար:
***
4.- Խորովածի կամ համպըրկըրի հաւաքոյթի մը ընթացքին մաֆինին կաղապարին բաժանումներուն մէջ կրնաք զետեղել թթուաշը, թացանի տեսակներ, քեչափը, մայոնեզը, հումմոսը եւ այլն…
Խոհագիր
Ճակնդեղով Եւ Նարինջով
Աղցան
Բաղադրութիւն
– 8 միջակ ճակնդեղ
– 2 միջակ նարինջ
– 3 ցօղուն թարմ անանուխ
– 3 ապուրի դգալ Հալէպի պիստակ
Թացանի բաղադրութիւն
– 3 ապուրի դգալ մածուն
– 2 ապուրի դգալ ձէթ
– 1 ապուրի դգալ խնձորի քացախ
– Կէս սուրճի դգալ մեղր
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Ճակնդեղները խաշել, կեղուել եւ 5 մմ հաստութեամբ կլոր շերտել:
Կեղուել նարինջները, մաքրել ճերմակ մաշկը եւ 1 սմ հաստութեամբ կլոր շերտել:
Թացանին համար փոս ամանի մը մէջ լեցնել մածունը, քիչ-քիչ աւելցնել ձէթը, քացախը եւ մեղրը, խառնել մինչեւ որ միատարր խիւս մը ստացուի: Աւելցնել աղն ու համեմը եւ կրկին խառնել:
Ներկայանալի բաց ամանի մը մէջ շարել ճակնդեղի եւ նարինջի շերտերը կեդրոնը զետեղել թացանին ամանը, զարդարել թարմ անանուխի տերեւներով եւ մանրուած պիստակով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ծառը ծառ էր ծնուել,
Ապրում էր ծառ,
Լիքն էր ամառներո՜վ, աշուններո՜վ, սիրո՜վ.
Դատարկ անկիւնները լցուած էին
Կապոյտ ստուերներով ու երկնքով անծայր:Բողբոջել էր ծառը,
Ուռել-բողբոջել էր,
Որ` ուր որ է, ահա, պիտի ճաք տայ,
Պայթի
Ու դառնայ երգ,
Քամին եկաւ յանկարծ,
Քշեց երկինքները ծառի անկիւններից,
Յետոյ բողբոջները շոյեց մէկ-մէկ,
Յետոյ փսփսուքով համոզում էր ծառին,
Թէ` դու ծառ ես ծնուել,
Խուլ ու համըր մի ծառ,
Թէ` ի զուր է,
Լաւ չէ,
Մի՛ դառնա երգ:
Ու ձեռքերը յենած խաւարի թաց կողին,
Ծառը մի խուլ ճչաց,
Եւ առաջին հերթին
Դարձաւ անհուն մի երգ`
Հէնց իր` քամու շրթին:ՌԱԶՄԻԿ ԴԱՒՈՅԵԱՆ