Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
1
Երեխային տաք հագցնելը ծնողներու ամենատարածուած սխալներէն մէկն է: Կարեւոր է յիշել, որ երեխայի մարմնին ջերմային համակարգը կը տարբերի հասուն մարդու ջերմային համակարգէն: Չմոռնանք նաեւ, որ երեխաները շարժուն են եւ տաքարիւն, ինչ որ աւելի եւս կը բարձրացնէ անոնց ջերմութիւնը: Տաք եւ հաստ վերնազգեստ հագցնելով` ծնողները աւելի եւս կը բարդացնեն վիճակը, հետեւաբար հարկաւոր է հագցնել տաք, բայց թեթեւ բաճկոն մը:
2
Լոգանքի ժամանակ ծնողները կը փակեն դուռը` երեխան պաշտպանելու համար միջանցիկ հովէն, սակայն չեն անդրադառնար, որ այդ տարածքը կը դարձնեն շոգեբաղնիք: Այս իսկ պատճառով հարկաւոր է երեխային լոգցնելու պահուն դուռը չփակել:
3
Եթէ երեխան հիւանդ է, պէտք չէ անոր անմիջապէս անթիպիոթիք եւ այլ դեղեր տալ: Փոխարէնը` կ՛արժէ օգտագործել ժողովրդական միջոցներ` տաք թէյեր, ողողումներ, թարմ հիւթեր, տաք ապուրներ, եւ այլն… Անթիպիոթիքի եւ այլ դեղերու չարաշահումը կը տկարացնէ երեխային մարմնին դիմադրականութիւնը:
4
Նոյնիսկ եթէ երեխան հիւանդ է, անհրաժեշտ է օրական առնուազն մէկ ժամ զբօսնել մաքուր օդին: Մաքուր օդը կը մաքրէ թոքերը, կ՛օգնէ մարմնի դիմադրականութեան զարգացման:
5
Տարուան բոլոր եղանակներուն երբեք պէտք չէ փակել երեխային սենեակին պատուհանը: Նոյնիսկ հիւանդ երեխային սենեակին պատուհանը պէտք է կիսով բաց մնայ եւ սենեակը օդափոխուի: Վատառողջ եւ ապականած մթնոլորտը կը տկարացնեն երեխային դիմադրականութիւնը:
Երեխային մարմնին դիմադրականութիւնը բարձրացնելուն կ՛օգնեն կենսանիւթերն ու հանքայինները: Նախընտրելի է, որ երեխան զանոնք ստանայ բնական սնունդի` պտուղներու եւ բանջարեղէններու միջոցով:
Ստորեւ` տասը մթերք, որոնք ամբողջ տարին ամուր կը պահեն երեխային մարմնին դիմադրականութիւնը:
1.- Կաթ
2.- Մածուն
3.- Խնձոր
4.- Ստեպղին
5.- Մեղր
6.- Ճակնդեղ
7.- Ազատքեղ
8.- Ձուկ
9.- Հնդկահաւ
10.- Սոխ ու սխտոր
Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ
1
Կարգ մը զարդեղէններ կրելու պարագային մորթին վրայ սեւ արատներ կը յայտնուին: Այս անպատեհութեան առաջքը առնելու համար զարդեղէններուն ներսի կողմը պէտք է ծեփել թափանցիկ եղունգի ներկով:
2
Նեղ կօշիկները լայնցնելու համար տոպրակներու մէջ ջուր լեցնել եւ զանոնք կօշիկներուն մէջ տեղաւորել: Կօշիկները սառցարան փոխադրել եւ ձգել, որ տոպրակներուն ջուրը սառի: Սառելէն ետք կօշիկները դուրս հանել, սպասել, որ սառոյցը քիչ մը հալի. տոպրակները հանել եւ հագնիլ լայնցած կօշիկները:
3
Մարզանքի տարազին դուրս ելած կապը դարձեալ ներս մտցնելու համար կարելի է օգտագործել ըմպաձողիկը, որ շատ արագ դուրս ելած կապը տեղը կը բերէ:
4
Ժամանակի ընթացքին կարգ մը բրդեղէններու վրայ փոքրիկ գունդեր կը գոյանան. զանոնք մաքրելու լաւագոյն ձեւը սափրուելու գործիքի օգտագործումն է, եւ ահա բրդեղէնը շուտով կը գտնէ իր նախկին տեսքը:
5
Ճմռթկուած շապիկին օձիքը արդուկելու համար կարելի է օգտագործել մազի արդուկը, որ արագ եւ գործնական միջոց մըն է, երբ մանաւանդ` կ՛աճապարենք:
Տան Յարդարանք
Քաքթիւսը`
Որպէս Տան Յարդարանք
Քաքթիւսները շատ յարմար բոյսեր են տան մէջ «էքզոթիք» մթնոլորտ ստեղծելու համար: Քիչ ջուր եւ խնամք պահանջող այս բոյսերը իրենց գաճաճ կամ հսկայ տեսակներով կը զարդարեն տան բոլոր անկիւնները` բաղնիք, ճաշասենեակ, նստասենեակ, միջանցք…
Քաքթիւսները, առանձին թէ խմբուած, թելադրելի է ցանել հողէ թաղարներու մէջ եւ զետեղել լուսաւոր անկիւններ, նախընտրաբար` պատուհաններուն մօտ:
Յանձնարարելի է ձմրան հազուադէպօրէն ջրել քաքթիւսները, անոնք հանգիստի փուլի մէջ կ՛ըլլան: Գարնան եւ ամրան պէտք է 15 օրը անգամ մը ջրել զանոնք, իսկ շատ տաք օրերուն` 10 օրը անգամ մը:
Ստորեւ 5 հետաքրքրական գաղափարներ` քաքթիւսներու գործածութեան մասին:
Խոհագիր
Խորոված Սմբուկ
Ռիքոթա Պանիրով
Բաղադրութիւն.
– 2 սմբուկ
– Թարմ ռեհան
– Ձէթ
– 1 պճեղ սխտոր
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Սմբուկները երկայնքին շերտել, ձէթով ծեփել, աղել, համեմել եւ տասը վայրկեան փուռին մէջ խորովել: Խորոված սմբուկի շերտերը ձգել, որ պաղին:
Ամանի մը մէջ խառնել ռիքոթա պանիրը եւ մանրուած թարմ ռեհանը, աղել, համեմել:
Սմբուկի շերտերուն մէկ ծայրը այս խառնուրդէն դնել եւ ոլորել: Ոլորուած սմբուկները ատամնակրկիտներով հաստատել:
Հրամցնելու պահուն քիչ մը ձէթ աւելցնել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Թէ իմանայիր ինչպէս պէտք ես դու
Իմ կարօտ հոգուն, իմ հիւանդ հոգուն,
Ու բախտի ծանր հարուածների դէմ
Թէ իմանայիր ինչպէ՜ս եմ չոքում:
Թէ իմանայիր իմ յոգնած սրտում
Որքան հարցեր կան ու չասուած բառեր,
Թէ իմանայիր խօսքերն այդ չասուած
Ինչպէ՜ս են խորունկ իմ սիրտը վառել:
Թէ իմանայիր այս փոքր կեանքում
Որքան կսկիծներ ու վիշտ եմ տարել,
Բայց ո՜վ հասկանայ փակ սիրտը մարդու,
Գուցէ աւելի հեռու գնայիր,
Թէ իմանայիր, թէ իմանայիր…ՄԱՐՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ