Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Գովասանքին Կարեւորութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

govasanq_120116

Ինչպէ՞ս ճիշդ խրախուսել, գովել երեխան. այս հարցը շատ կարեւոր է, քանի որ խրախուսանքը, գովասանքը կրնան ունենալ ինչպէս դրական, այնպէս ալ բացասական ազդեցութիւն:

Հոգեբաններու կարծիքով, գովասանքը վնասակար է, եթէ`

1.- Երեխան կը գովաբանուի բանի մը համար, որ իրեն տրուած է ի ծնէ, կամ երբ տուեալ բանը ընելու համար իրմէ ջանք չի պահանջուիր:

Գովասանքը միայն բնատուր ունակութեան համար երեխային ոչինչ կու տայ անոր հետագայ կայացման համար, փոխարէնը` կրնայ վնասել յաճախ կրկնուելու պարագային:

Առանց հիմքի գովասանքը կը գործէ թմրադեղի նման. երեխան կը վարժուի անոր եւ տեւաբար գովասանք կը սպասէ շրջապատէն:

2.- Աւելի եւս վտանգաւոր է, երբ երեխան կը գովաբանուի բանի մը համար, որ իր մօտ շատ դիւրին կը կատարուի, եւ զինք օրինակ կը դարձնեն այն երեխաներուն, որոնց մօտ նոյնը կը կատարուի դժուարութեամբ եւ մեծ ջանքերով: Ջանքերու սխալ գնահատումը կ՛ազդէ երեխային հոգեկանին վրայ եւ կը նուազեցնէ այդ գործով զբաղելու անոր ցանկութիւնը:

3.- Վնասակար է, երբ երեխան կը գովաբանուի շատ յաճախ, առանց անհրաժեշտութեան: Ասիկա կ՛արժեզրկէ գովասանքը եւ երեխան կը վարժեցնէ աժան յաղթանակներու:

Ինչպէ՞ս գովաբանել երեխան

Երեխան պէտք է գովաբանել անկեղծ, լուրջ եւ համոզիչ ձեւով: Գովասանքը անհրաժեշտ է երեխային ինքնավստահութեան, եռանդ տալու համար, կեանքի հանդէպ անոր ունեցած լաւատեսութիւնը լրացնելու համար: Իւրաքանչիւր գովասանք պէտք է որոշակի նպատակաուղղուածութիւն ունենայ եւ երբեք պատահականօրէն չհնչէ:

 

Առողջապահական

Վտանգաւոր Սովորութիւններ,
Որոնք Դանդաղօրէն Կը Սպաննեն
Ուղեղը

cbt-services_120116

Ուղեղը լաւ գործելու համար սնունդի, մաքուր օդի, մարզումի եւ քունի պէտք ունի: Ստորեւ կը ներկայացնենք սովորութիւններ, որոնք դանդաղօրէն կը սպաննեն ուղեղը:

Նախաճաշէն հրաժարիլը
Մարդիկ, որոնք առտուն նախաճաշ չեն ըներ, անոնց արիւնին մէջ կլիւքոզի մակարդակը ցած կ՛ըլլայ, ինչ որ կը վնասէ ուղեղի աշխուժ գործունէութեան:

Շատակերութիւնը
Շատակերութիւնը կ՛առաջնորդէ մարմնին մէջ քոլեսթերոլի կուտակման, իսկ քոլեսթերոլի բարձր տոկոսը կը խոցէ արիւնատար երակները, որոնց կարգին` ուղեղը մատակարարողները:

Ծխելը
Ծխախոտը կը վնասէ ուղեղի գործունէութեան եւ քիչ-քիչ կը սպաննէ ուղեղին բջիջները: Վերջերս հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ ծխելը կրնայ Ալցհայմըր հիւանդութեան պատճառներէն մէկը ըլլալ:

Շաքարի չափազանց գործածութիւնը
Որքան բարձր է շաքարի տոկոսը մարմնին մէջ, այնքան շատ եւ այնքան աւելի կը տուժեն մեր մարմնին կարգ մը գործարանները, որոնց կարգին` ուղեղը:

Ապականած օդը
Այս մէկը անշուշտ մեզմէ կախեալ չէ,  բայց պէտք է լաւ իմանանք, որ եթէ ուղեղին թթուածինը անբաւարար է, բնականաբար անոր գործունէութիւնը կը դանդաղի:

Քունի պակասը
Անբաւարար քունը դանդաղօրէն կը սպաննէ ուղեղին բջիջները: Գիտենք նաեւ, որ յոգնած ուղեղը կեդրոնացումէ եւ ընկալումէ կը զրկէ խնդրոյ առարկայ անձը:

Թմրանիւթերը եւ ալքոլը
Չափազանցուած խմիչքը, բայց նաեւ թմրանիւթերը իրենց բոլոր տեսակներով անդարձ վնասներ կը պատճառեն ուղեղին:

Խթանման եւ զարգացման բացակայութիւնը
Ուղեղին մշտական զարգացում եւ մարզում պէտք են: Հետեւաբար հեռատեսիլին դիմաց բթանալու փոխարէն` յանձնարարելի է գիրք կարդալ, խաչբառ լուծել, ճատրակ խաղալ եւ այլն…

Անխօս մնալը
Խօսակցութիւնը եւս ուղեղի խթանման տեսակ է: Զրուցելը, միտքեր փոխանակելը, նոր նիւթեր արծարծելը մշտապէս աշխուժ կը պահեն ուղեղը:

 

Ձեռային Աշխատանք

Հետաքրքրական Կախիչներ

kitchen-hanger_120116

Այս հետաքրքրական եւ անսովոր կախիչը իրագործելու համար անհրաժեշտ են`

– 3 պատառաքաղ
– 6 պտուտակ-գամ
– Խոհանոցի տախտակ մը

Պատրաստութիւն

Որքան պատառաքաղներն ու տախտակը հնաոճ ըլլան, այնքան աւելի գեղեցիկ եւ իւրայատուկ կ՛ըլլայ ձեր կախիչը:

Պատառաքաղները ծռել, ապա խոհանոցի տախտակին վրայ հաւասար հեռաւորութեամբ հաստատել:

Տախտակը իր կարգին հաստատել պատին: Կը մնայ որ կախիչներէն կախէք ձեր խոհանոցի սրբիչները:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

8 Սխալ, Որոնք Յաճախ Կը Գործենք
Լուացք Ընելու Ատեն

1

Սխալ խմբաւորումը: Բացի գոյներու զտումէն` պէտք է հաշուի առնել նաեւ հագուստներու կտորներուն տեսակը: Կարելի չէ միասին լուալ սենթեթիք հագուստը բրդեայ կամ բամպակեայ տեսակին հետ:

2

washing-machine1_120116

Չափէն աւելի լուացքի դեղ գործածելը: Շատ դեղ (յատկապէս` փոշի տեսակը) գործածելու պարագային, մեքենային մէջ շատ փրփուր կը գոյանայ: Այս ձեւով ոչ միայն հագուստները աւելի չեն մաքրուիր, այլ անոնց վրայ դեղի ճերմակ արատներ կը գոյանան: Մեքենան ալ իր կարգին կը տուժէ աւելորդ դեղի մնացորդներէն:

3

washing-machine2_120116

Հագուստները կոճկուած լուալը: Պէտք է մի՛շտ հագուստները լուալ առանց զանոնք կոճկելու, այլապէս լուացքէն ետք անոնք ձեւափոխուած դուրս կու գան մեքենայէն:

4

Փականները բաց ձգելը: Պէտք է մինչեւ ծայր փակուած ըլլան բաճկոններուն եւ տաբատներուն փականները, քանի որ անոնց ակռաները կրնան վնասել միւս հագուստներուն:

5

washing-machine3_120116

Լողազգեստ լուալը: Լողազգեստները, մետաքսեայ շալերը պէտք է լուալ ձեռքով եւ պաղ ջուրով: Մեքենային մէջ անոնք կը վնասուին եւ կը ձեւափոխուին:

6

washing-machine4_120116

Բարձ լուալը: Լուացքի մեքենային մէջ բարձը լուալէ ետք, երկրորդ անգամ մը եւս պաղջրել, քանի որ անոր մէջ փրփուր մնացած կ՛ըլլայ:

7

washing-machine5_120116

Լուացքի մեքենան ծանրաբեռնելը: Ժամանակի կամ դեղի խնայողութեան մտահոգութեամբ կարելի չէ ծանրաբեռնել լուացքի մեքենան, ժամանակի ընթացքին անիկա կը յոգնի եւ կը փճանայ:

8

washing-machine6_120116

Լուացքի մեքենան չմաքրելը: Չափազանց կարեւոր է իւրաքանչիւր լուացքէ ետք լուացքի մեքենան մաքրելը եւ դռնակը բաց ձգելը, այլապէս խոնաւութիւնը, լուացքի դեղի մնացորդները եւ ժանգը կը փճացնեն մեքենան:

 

Խոհագիր

Ծաղկակաղամբով Կարկանդակ

sam_2288

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

– 1 ծաղկակաղամբ
– 5 գետնախնձոր
– 50 կրամ կարագ
– 4 հաւկիթ
– 50 կրամ տաշուած փարմըզան պանիր
– Մշկընկոյզ, աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Ծաղկակաղամբը լուալ, կտրտել եւ աղի ջուրի մէջ 20 վայրկեան խաշել:

Գետնախնձորները կեղուել եւ դարձեալ խաշել:

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Խաշած ծաղկակաղամբն ու գետնախնձորը ճզմել եւ խիւսի վերածել:

Խիւսին աւելցնել  կարագը, պանիրը, մշկընկոյզը, աղն ու համեմը, բոլորը խառնել, ապա աւելցնել «զարնուած» 4 հաւկիթները:

Խառնուրդը լեցնել կարագով ծեփուած ափսէի մը մէջ եւ 20 վայրկեան եփել նախապէս տաքցուած փուռին մէջ:

 

Շաբթուան Մտածումները

Որքա՜ն թշուառ կ՛ըլլայինք մենք, եթէ մոռնալու ունակութիւնը չունենայինք: Արդարեւ, կան ցաւեր, զորս պէտք չէ մոռնալ, բայց որքա՜ն շատ են այն վիշտերը, զորս եթէ չմոռնայինք, կեանքը մեզի համար դժոխք կը դառնար:

ՄՈՒՐԱՑԱՆ

Երբեք մի՛ ընդունիք խորհուրդները այն մարդուն, որ այն տիպարը չէ, որուն դուք կը ձգտիք հասնիլ:

Բ. ՇԻՖԸՐ

Եթէ ձեր միակ աղօթքը, որ կ՛ըսէք ամբողջ կեանքի ընթացքին, «շնորհակալութիւն» է, այդ արդէն բաւարար է:

Մ. ԷՔԽԱՐԹ

Գիրքերը ունին նոյն թշնամիները, ինչ որ մարդիկ` կրակ, խոնաւութիւն, անասուններ, եղանակ եւ սեփական պարունակութիւն:

Փ. ՎԱԼԵՐԻ

Մարդիկ կը նմանին գիրքերու` նոյն տառերն են, սակայն պարունակութիւնը կը տարբերի:

Կ. ՏԸ ՄՈՓԱՍԱՆ

Առանձին ես չեմ կրնար փոխել աշխարհը: Բայց կրնամ ջուրին մէջ նետել քար մը, որ շատ ալիքներ կը յառաջացնէ:

Մ. ԹԷՐԵԶԱ

Ես երբեք չեմ կրնար փոխել քամիին արագութիւնը: Բայց ես կրնամ թեքել առագաստներս այնպէս, որ միշտ կարենամ հասնիլ իմ նշանակէտիս:

Ճ. ՏԻՆ

Բոլոր արուեստները ինքնակենսագրական են: Մարգարիտը` ոստրէի ինքնակենսագրականն է:

Ֆ. ՖԵԼԼԻՆԻ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>