Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Ձեռային Աշխատանք. Նոր Տարուան Նուէրները Ծրարելու 5 Հնարամիտ Գաղափարներ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ամանորի ամէնէն աւելի սպասուած պահերէն մէկը նուէրներու փոխանակման պահն է: Բաւարար չէ գեղեցիկ նուէր ընտրելը. անիկա պէտք է այնպիսի գեղեցիկ ու գրաւիչ տեսք ունենայ, որ ստացողին մօտ զայն բանալու ցանկութիւն յառաջանայ: Չմոռնանք, որ գեղեցիկ ու ճաշակով ծրարումը կը կրկնապատկէ նուէրին արժէքը:

Ստորեւ ամանորեայ նուէրները ծրարելու 5 ստեղծագործ տարբերակներ:

gift-wrap5_121516

 

gift-wrap4_121516

gift-wrap1_121516

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

gift-wrap2_121516

gift-wrap3_121516

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Գեղեցկագիտական

Դիմակ` Կնճիռներու Դէմ

mask-for-face_121516

Քաքաոյով եւ կանաչ թէյով պատրաստուած այս դիմակին արդիւնքը նկատելի կ՛ըլլայ շատ արագ: Երկու-երեք շաբաթէն դէմքին մորթը կը դառնայ ձիգ եւ մանր կնճիռները շուտով կ՛անհետանան: Այս դիմակը փորձելէ առաջ վստահ եղէք, որ բաղադրիչներէն մէկուն հանդէպ գերզգայնութիւն չունիք:

Բաղադրիչներ

– 1 ապուրի դգալ աղացած կանաչ թէյ
– Կէս ապուրի դգալ փոշի քաքաօ
– 1 թէյի դգալ մեղր
– Տաք ջուր

Պատրաստութիւն

Մաքուր ամանի մը մէջ խառնեցէք կանաչ թէյն ու քաքաօն, քիչ-քիչ աւելցուցէք տաք ջուրը, թանձր խիւս մը ստանալու համար: Սպասեցէք, որ քիչ մը պաղի, ապա աւելցուցէք մեղրը:

Ստացուած թանձրուկը քսեցէք ձեր դէմքին, սպասեցէք 20 վայրկեան, ապա ցօղուեցէք գաղջ ջուրով:

Թելադրելի է առաջին 2 շաբաթը դիմակը գործածել շաբաթը 3 անգամ, այնուհետեւ` շաբաթը մէկ անգամ:

 

Առողջապահական

Հազը Արագ Բուժելու
Բնական Միջոց

cough_121516

Տարուան այս եղանակին հազը շատ տարածուած է, սակայն կայ բնական միջոց մը, որ կ՛օգնէ մեզի ձերբազատիլ անկէ:

Բաղադրութիւն

– 150 մլ ջուր
– 6 հատ դափնիի տերեւ
– 1 կիտրոն
– 6 ապուրի դգալ շէկ շաքար

Պատրաստութիւն

Ջուրը լեցնել մաքուր կաթսայի մը մէջ, աւելցնել դափնիի տերեւները եւ եփել փակ կափարիչով 6 – 10 վայրկեան:

Տերեւները ջուրէն հանել, իսկ ջուրը լեցնել ապակեայ մաքուր շիշի մը մէջ: Աւելցնել շաքարը եւ կիտրոնի հիւթը: Լաւ ցնցել, որպէսզի շաքարը լուծուի:

Այս օշարակէն կարելի է խմել օրական 5 – 6 դգալ, գաղջ վիճակի մէջ: Կարելի է այս օշարակին կողքին օրական քանի մը անգամ շերտ մը կիտրոն ծամել:

 

Յոռետեսութիւնը Կ՛ազդէ
Մեր Առողջութեան Վրայ

Ֆինլանտացի գիտնականներ երկարատեւ ուսումնասիրութիւններէ ետք հասած են այն եզրակացութեան, որ յոռետեսութիւնը բացասաբար կ՛ազդէ մեր առողջութեան վիճակին վրայ:

Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ յոռետես մարդիկ աւելի յաճախ կը տառապին սրտանօթային  հիւանդութիւններէ, քան` լաւատեսները: Այսպէս, առաջիններուն մօտ գլխու կամ սիրտի կաթուածէ մահանալու հաւանականութիւնը զգալիօրէն աւելի բարձր է:

Գիտափորձին մասնակցած են 52-76 տարեկան մօտ 2 հազար կամաւորներ, որոնց առողջական վիճակին հետեւած են 11 տարի շարունակ: Այդ ընթացքին գիտնականները հաւաքած են կամաւորներու կեանքին մասին տուեալներ` անոնց զգացական եւ առողջական վիճակին վերաբերող:

11 տարի ետք կամաւորներէն 121-ը մահացած են սրտանօթային հիւանդութիւններով: Անոնց ճնշող մեծամասնութիւնը յոռետես մարդիկ էին, հետեւաբար փորձագէտները յանգած են այն եզրակացութեան, որ յոռետեսութեան բարձր մակարդակը մեծ ազդեցութիւն ունի մեր առողջութեան վրայ:

 

 Հետաքրքրական Հաստատումներ
Ժպիտի Մասին

smile_121516

Ժպիտը վարակիչ է: Ժպտեցէք դիմացի մարդուն, եւ ան կը ժպտի ձեզի:

***

Աւելի դիւրին է ժպտիլ, քան` լուրջ դիմագիծ ունենալ, քանի որ լրջանալու պարագային աւելի շատ դէմքի մկաններ ստիպուած էք աշխատցնել:

***

Կիները աւելի յաճախ կը ժպտին, քան` տղամարդիկ:

***

Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ գտնուող գիտաշխատանոցի մը աշխատակիցները յաջողած են տարբերել ժպիտի 19 տեսակ:

***

Թայլանտի մէջ ժպիտին պէտք է պատասխանել ժպիտով: Այս պատճառով ալ Թայլանտը կը համարուի ժպիտի երկիր:

***

Առաջին անգամ Ժպիտի միջազգային օրը նշուած է 1999 թուականին:

***

Մասնագէտներու կարծիքով, յաճախ ժպտող մարդոց մօտ աւելի շատ կնճիռներ կը յառաջանան:

– Ժպտող մարդիկ աւելի հաճելի են, յուսալի եւ նուազ յարձակողական:

***

Ժպիտը ամենապարզ միջոցն է արտաքին տեսքը գեղեցկացնելու:

***

Յաճախ ժպտեցէք, չէ՞ որ ժպիտը կեանքը կ՛երկարէ…

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող
7 Հնարք

– 1-

Եթէ որոշած էք կրկնեփուկ պատրաստել եւ տունը հաւկիթ չկայ, կրնաք զայն փոխարինել պանանով: Կէս պանանը համազօր է մէկ հաւկիթի:

– 2 –

Որպէսզի վազքի ժամանակ ձեր կողը չցաւի, արտաշնչեցէք ամէն անգամ, երբ ձախ ոտքը գետին կը դիպչի:

– 3 –

Որպէսզի բջիջային երաժշտութիւնը աւելի բարձր հնչէ, զայն տեղաւորեցէք մետաղեայ ամանի մը մէջ:

– 4 –

Եթէ ձեր լեզուն այրած էք տաք կերակուրէն կամ թէյէն, շաքարը կ՛օգնէ մեղմացնելու ցաւը:

– 5 –

Մժեղի խայթոցին վրայ դրէք տաքցուած մետաղեայ դգալ մը եւ քորը անմիջապէս կ՛անցնի:

– 6 –

Երբ զգաք, որ ուր որ է պիտի փռնգտաք, ձեր լեզուն սեղմեցէք քիմքին եւ ամէն ինչ շուտով կ՛անցնի:

– 7 –

Եթէ գլխացաւ ունիք, ձեր ճակատը շփեցէք կիսուած կիտրոնով մը:

 

 Խոհագիր

Ղափամա

pumpkin_121516

Ղափաման Արեւելեան Հայաստանի աւանդական կերակուր է, որ առաւելաբար կը պատրաստուէր Ս. Ծնունդի, Ս. Զատիկի եւ հարսանիքներու առիթով:

Բաղադրութիւն

– Խոշոր դդում մը (1,5 քիլօ)
– 150 կրամ բրինձ
– 150 կրամ կարագ
– 50 կրամ չոր սալոր
– 50 կրամ չոր ծիրան
– 50 կրամ չամիչ
– 50 կրամ մեղր
– 100 կրամ ընկոյզ
– Աղ եւ քիչ մը փոշի կասիա

Պատրաստութիւն

Դդումը լուալ, գլխուն բաժինը կլոր կտրել այնպէս, որ որպէս կափարիչ օգտագործուի:

Մաքրել դդումին մէջը, հանել կուտերն ու թելերը, լուալ եւ հակառակ դարձնել, որպէսզի ջուրը սուզուի:

Կաթսային մէջ 3 բաժակ ջուր եռացնել, աւելցնել բրինձը եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել 15 վայրկեան (անիկա պէտք է կիսաեփ ըլլայ): Աւելցած ջուրը քամել:

Առանձին ամանի մէջ բրինձը խառնել կտրտուած չիրերուն հետ, աւելցնել կարագը, աղը, կասիան, մեղրն ու ընկոյզը: Խառնուրդը լեցնել դդումին մէջ, աւելցնել 1/4 բաժակ եռացած ջուր, փակել կտրած կափարիչով:

Դդումը փոխադրել նախապէս տաքցուած փուռին մէջ, 200 ջերմաստիճանով եփել 1,5 ժամ, մինչեւ որ դդումը փափկանայ:

Հրամցնելու պահուն դդումը երկայնքին շերտերու վերածել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Խօսք Նոր Տարուն

Ես ի՞նչ եմ ուզում որ բերես դու ինձ…
Ոչինչ… Ախ, միայն ոչինչ չտանես,
Միայն չխլես,
ՈՒ քո անզիջում հողմերին չտաս
Այս սէրը-
Իր մէջ առաջին սիրոյ
Կապոյտն ունեցող
ՈՒ լոյսն ունեցող
Այս սէրը,
Նրա հրաշքն անքնին
Եւ անգամ նրա տառապանքն անքուն.
Չտանես,
Քո խենթ հողմերին չտաս,
ՈՒ ես ամէն ինչ կ՛ունենամ կեանքում.

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>