Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Նայեցէ՛ք նկարին եւ ըսէ՛ք, թէ ի՛նչ տեսաք ամէնէն առաջ. խնձո՞ր, դանա՞կ, թէ՞ թիթեռնիկ:
Ա.- Եթէ ամէնէն առաջ խնձոր տեսաք, դուք շատ լաւատես անձ էք: Նաեւ արագ կը յարմարիք նոր կացութիւններու եւ մարդոց հետ յարաբերելու դիւրութիւն ունիք:
Կեանքի մէջ երեւոյթներէն դատող անձ չէք, եզրակացութիւններու յանգելէ առաջ կը փորձէք երեւոյթներուն խորը թափանցել:
Կրքոտ, հետաքրքիր եւ կազմակերպուած անձ էք, եւ ամենալաւը` բաժակը մի՛շտ կիսով լեցուն տեսնող մէկը:
Բ.- Եթէ ամէնէն առաջ դանակ տեսաք, ապահովութիւն եւ կայունութիւն սիրող անձ էք: Կ՛ուզէք, որ ձեր կեանքին մէջ ամէն ինչ նախօրօք ծրագրուած եւ հաւասարակշռուած ըլլայ: Փոփոխութիւնները եւ անակնկալները չէք սիրեր, նոյնպէս ալ` իրարանցումը: Հանդարտ եւ ներդաշնակ կեանքի սիրահար էք:
Կեանքի մէջ, ձեր ոտքերը հաստատ գետնի վրայ են. նաեւ պարզ- հաւատարիմ եւ պարկեշտ մարդու համբաւ կը վայելէք:
Գ.- Եթէ ամէնէն առաջ թիթեռնիկ տեսաք, դուք շատ ստեղծագործ անձ էք: Ձեզի համար շատ կարեւոր են` երջանկութիւնը, խոհեմութիւնը եւ արդարադատութիւնը:
Յաճախ կեանքը կը դիտէք երեխայի եւ արուեստագէտի աչքերով, պատրաստ էք տեւաբար հիանալու, զարմանալու…
Կեանքի մէջ դուք իտէալապաշտ էք, կրքոտ երազող մը եւ «խենթ» մը… Ահա թէ ինչո՛ւ աշխարհը պէտք ունի ձեր նմաններուն:
5 Պատճառ` Երեխային Վրայ
Ձեռք Չբարձրացնելու Համար
Որոշ ծնողներու համար ծեծը արդիւնաւէտ դաստիարակչական միջոց է: Բաւական է` քանի մը անգամ հարուածել երեխային, եւ ան դադրի ընելէ այն, ինչ ծնողները սխալ կը համարեն:
Սակայն մանկավարժներուն եւ հոգեբաններուն կարծիքը բոլորովին տարբեր է. անոնք յաճախ կը պնդեն, որ պատիժի այս տարբերակը շատ վնասակար եւ վտանգաւոր է երեխաներուն համար:
Ահաւասիկ 5 պատճառ` երեխային չծեծելու համար:
1.- Երեխաները մեծերը ընդօրինակելով է, որ շատ մը բաներ կը սորվին. իսկ ծեծը երեխային կը սորվեցնէ, որ բռնութիւնը շատ սովորական երեւոյթ է, մանաւանդ եթէ ծեծողը ծեծուողէն մեծ է եւ ուժեղ…
2.- Ծեծը կը նուազեցնէ ինքնագնահատանքը: Երեխան շատ փոքր է ծեծին եւ իր արարքին միջեւ պատճառահետեւանքային կապը հասկնալու համար. ուստի ան կը սկսի մտածել, որ զինք կը ծեծեն, քանի որ ինք վատ է, եւ զինք չեն սիրեր:
3.- Ծեծը անարդիւնաւէտ է. հաւանական է, որ առաջին անգամ ծեծուելէ ետք երեխան հնազանդի, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ ան գիտակցած է իր սխալին: Ան պարզապէս կը վախնայ, կը շփոթի… եթէ ծեծը սովորական երեւոյթ դառնայ, երեխան զայն կ՛ընդունի որպէս անխուսափելի չարիք եւ չի փոխեր իր ընթացքը:
4.- Ծեծը դատապարտման արժանի քայլ է. մարմնական բոլոր տեսակի պատիժները անընդունելի են մինչեւ իսկ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ:
Անզօր եւ անպաշտպան երեխային վրայ ոչ ոք ձեռք բարձրացնելու իրաւունք ունի, նոյնիսկ` անոր ծնողները:
5.- Ծեծը կը խանգարէ ծնողք-զաւակ առողջ յարաբերութիւնները: Ֆիզիքական պատիժը կը խանգարէ ծնողքին հանդէպ կապուածութիւնը, կը քանդէ փոխադարձ սէրն ու վստահութիւնը: Պէտք է միշտ յիշել, որ իսկական փոխըմբռնումը փոխադարձ յարգանքով պայմանաւորուած է:
Հետաքրքրական
Հովանոցին Ծագումը
Հովանոցին հայրենիքը Ճափոնն է: Ք. Ա. 10-րդ դարուն ատաղձագործ մը իր կնոջ համար «տանիք» կը պատրաստէ… Առաջին հովանոցը աւելի քան երկու քիլօ կը կշռէր, իսկ բռնակին երկարութիւնը մօտ 1,5 մեթր էր… Հովանոցը այդ ժամանակ արեւէն պաշտպանուելու կը ծառայէր:
Հակառակ որ հովանոցին հեղինակը սովորական արհեստաւոր էր, հեռաւոր արեւելքի մէջ զայն կ՛օգտագործէին միայն արքայական ընտանիքի անդամները եւ հասարակութեան մէջ բարձր դիրք ունեցող մարդիկ: Հովանոցը իշխանութեան եւ ընտրեալ ըլլալու խորհրդանիշ էր` համարուելով չափազանց շքեղ իր: Հովանոցին ծանրութիւնն ու ձեւը կը տարբերէին` նայած անոր տիրոջ դիրքին: Օրինակ` Սիամի (Թայլանտ) թագաւորին հովանոցը պատուած էր ոսկիով եւ ադամանդներով:
Հին Եգիպտոսի եւ Բաբելոնի մէջ հովանոցները երկու դեր ունէին` կը պաշտպանէին արեւէն եւ իշխանութիւն կը խորհրդանշէին: Եգիպտոսի փարաւոններուն հովանոցները կը պատրաստուէին արմաւենիի տերեւներէն եւ թռչունի փետուրներէն:
Ֆրանսայի մէջ հովանոցը յայտնուեցաւ 17-րդ դարուն. անիկա «փարասոլ» կը կոչուէր եւ դարձեալ արեւէն պաշտպանուելու կը ծառայէր: Փարասոլը կրողին կարգավիճակը ցոյց տուող իր չէր. անիկա հասանելի էր բոլորին, սակայն անոր արտաքին տեսքէն կարելի կ՛ըլլար կռահել հասարակութեան մէջ զայն կրողին դիրքին մասին: Որքան շատ ժապաւէններ եւ աքսեսուարներ` այնքան բարձր կարգավիճակ:
Առաջին անձը, որուն մտքէն անցաւ հովանոցի միջոցով անձրեւէն պաշտպանել, ճանապարհորդ Ճոն Հանուէյնն էր, 1822 թուականին: Մինչ այդ տիկնայք եւ պարոնայք անձրեւոտ օրերուն տունէն դուրս չէին ելլեր… Ամուր կտորէ պատրաստուած Հանուէյնի հովանոցը սկիզբը ծիծաղի եւ սուլոցներու արժանացաւ, սակայն շուտով պարզուեցաւ, որ հովանոցը իսկական փրկութիւն էր բոլոր անոնց, որոնք սեփական կառք չունէին:
19-րդ դարու 40-ական թուականներուն յայտնաբերուեցան ծալուող հովանոցները: Ժապաւէնազարդ, ժանեակաւոր հովանոցները իրենց տեղը զիջեցան աւելի գործնական տարբերակներուն: Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք հովանոցը առաւելաբար դարձաւ անձրեւէն պաշտպանող իր: Ստեղծուեցան տարբեր չափի եւ ձեւի թեթեւ եւ գործնական հովանոցներ, որոնք ներկայիս համարուած են նաեւ նորաձեւութեան ձմեռնային աքսեսուարներ:
Եղանակի Պտուղներէն
Աւոքատոյին
Անհամար Բարիքները
Աւոքատոն ծագում առած է Մեքսիքայէն: Աւոքատօ բառը կու գայ սպաներէն «aguacate» բառէն, որ ամորձիք կը նշանակէ, տուեալ օրկանին հետ ունեցած իր նմանութեան պատճառով:
Այս պտուղ-բանջարեղէնը հարուստ է բնաթելով, կենսանիւթերով (Սէ., Պէ., Էօ.) եւ հանքայիններով (փոթասիոմ, մակնեզիոմ, երկաթ, զինկ, պղինձ, մանկանեզ…):
Աւոքատօ Ուտելու Համոզիչ Պատճառներ
– Օգտակար է սրտանօթային համակարգին:
– «Լիւթէին» կոչուած անթիօքսիտանով հարուստ աւոքատոն կը պաշտպանէ տեսողութիւնը, յատկապէս` տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններէն:
– Աւոքատոյին պարունակած «օլէիք» թթուն ուղեղին կը փոխանցէ յագեցած ըլլալու զգացողութիւնը:
– Կ՛արագացնէ վէրքերու սպիացումը:
– Թարմ եւ առողջ կը պահէ մորթը:
– Կը կարգաւորէ մարսողութիւնը եւ կը դարմանէ պնդութիւնը:
– «Ֆոլաթ»-ով հարուստ աւոքատոն կը նուազեցնէ անբնական ծնունդներու հաւանականութիւնը յղի կիներուն մօտ:
– Կը կարգաւորէ շաքարին տոկոսը:
– Աւոքատոն սոյային նման կը պաշտպանէ «արթրոզ»-էն:
– Կը պաշտպանէ որոշ տեսակի, բայց յատկապէս փրոսթաթի քաղցկեղէ:
– Կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը:
Աւոքատոն Որպէս Դէմքի Ծեփուկ
Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ աւոքատոն կ՛ուշացնէ մորթին ծերացումը` զայն պահելով թարմ եւ առողջ: Ահաւասիկ` շատ դիւրին բաղադրատոմս մը:
Առէք հասուն (բայց ոչ սեւցած) աւոտաքօ մը, զայն կեղուեցէք, ճզմեցէք, ապա աւելցուցէք մէկ ճաշի դգալ մեղր, խառնեցէք, մինչեւ որ միատարր ծեփուկ մը ստանաք: Ծեփուկը տարածեցէք ձեր դէմքին եւ վիզին վրայ.սպասեցէք քառորդ ժամ, ապա ցօղուեցէք գաղջ ջուրով:
Չոր մորթ ունեցողները մեղրը կրնան փոխարինել ձիթապտուղի իւղով` ձէթով, իսկ իւղոտ մորթ ունեցողները` կիտրոնի հիւթով:
Աւոքատոն Որպէս Մազերու Ծեփուկ
Չոր եւ յոգնած մազերը դարմանելու, անոնց փայլք եւ առողջ տեսք տալու համար պատրաստեցէք կիտրոնի հիւթով աւոքատոյի ծեփուկ մը, տարածեցէք ձեր մազերուն վրայ, մանրալիքին մէջ տաքցուած անձեռոցով մը փաթթեցէք ձեր մազերը, սպասեցէք 20 վայրկեան, ապա ցօղուեցէք եւ լուացէք ձեր մազին տեսակին համապատասխանող շամփուէնով մը:
Աւոքատոյի Տունկ Մը Ստանալու Համար
Ընտրեցէք առողջ աւոքատօ մը, կիսեցէք եւ առանձնացուցէք կորիզը, զայն լուացէք ծորակի ջուրով, ապա կէս ժամ մխրճեցէք 35-40 ջերմաստիճանով ջուրի մէջ:
Կէս ժամ ետք, կորիզը ցամքեցուցէք, չորս կողմերուն մէկական ատամնակրկիտ հաստատեցէք եւ կիսով մխրճեցէք ջուրով լեցուն բաժակի մը մէջ` կորիզին սուր բաժինը ջուրէն դուրս: Բաժակին ջուրը փոխեցէք ամէն անգամ որ անիկա պղտորի: Երբ 2-3 շաբաթ ետք նկատէք, որ կորիզը ճեղքուեր է եւ մէջէն ծիլ մը յայտնուեր, առանց ատամնակրկիտները հանելու, հողով լեցուն թաղարի մը մէջ փոխադրեցէք, արմատները հողին մէջ, իսկ ծլած բաժինը հողէն դուրս:
Բոյսը ջրեցէք ամէն անգամ, որ հողին երեսը չոր զգաք: Բոյսը զետեղեցէք լուսաւոր եւ ոչ ցուրտ անկիւն մը:
Լուսաւոր Գաղափարներ
1
Որպէսզի գետնախնձորի խիւսը (փիւրէ) ա՛լ աւելի համեղ ըլլայ, խնձոր մը կեղուել, կտրտել եւ կտոր մը կարագի մէջ եփել, ապա գետնախնձորի խիւսին աւելցնել:
2
Միս եփելու ատեն 1-2 դգալ քացախ աւելցնել միսին համը շատ աւելի նուրբ կ՛ըլլայ:
3
Ընդամէնը երկու պտղունց լուծող սուրճը միսի թացանին յաւելեալ համ եւ բոյր կու տայ:
4
Որպէսզի կաթը եռալու ատեն «չկտրտի», նախքան եռացնելը` կաթսան պաղ ջուրով ցօղուել եւ ծայրամասերը կարագով ծեփել:
5
Սմբուկի շերտերը նախքան տապկելը հաւկիթի ճերմկուցի մէջ թաթխել, որպէսզի սպունգի նման ձէթ չծծեն:
6
Ձեռքը փափկացնելու, բայց նաեւ մատներուն վրայէն ծխախոտի նիքոթինին պատճառած դեղին արատները մաքրելու համար զանոնք կիսուած կիտրոնով մը յաճախ շփել:
Խոհագիր
Կուաքամոլ
Կուաքամոլը մեքսիքական աւանդական խոհանոցին մաս կը կազմէ: Աւոքատոյով պատրաստուած այս թանձրուկը կը հրամցուի խորոված հացի, համեմուած չիփսերու եւ հում բանջարեղէններու կողքին: Ներկայիս անիկա նաեւ կ՛օգտագործուի սէնտուիչներու մէջ:
Բաղադրութիւն
– 1 պիրկ, առողջ լոլիկ
– 1 պզտիկ սոխ, նախընտրաբար` կարմիր
– 1 պզտիկ կարմիր պղպեղ, կամ` քանի մը կաթիլ «Թապասքօ» թացան
– 1 կապոց գինձ
– 2 հասած (ոչ շատ հասուն) աւոքատօ
– Կէս կիտրոնի հիւթ, նախընտրաբար կանաչ կիտրոն
– Աղ, սեւ համեմ
Պատրաստութիւն
Լոլիկը եւ սոխը մանրել (թապուլէի սկզբունքով), շատ մանր մանրել կարմիր կծու պղպեղը, նաեւ մանրել գինձը, բոլորը խառնել, աւելցնել կիտրոնի հիւթը, աղն ու սեւ պղպեղը:
Հրամցնելու պահուն, կեղուել աւոքատոները, պատառաքաղով (ոչ հարիչով) ճզմել, աւելցնել նախապէս պատրաստուած խառնուրդը, զգուշօրէն խառնել եւ փոխադրել ներկայանալի, փոս ամանի մը մէջ:
Հրամցնել չոր հացով կամ թորթիլլա չիփսով զարդարուած:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հայերուս Թուքը
Դուն խելօք, հաշուով վաճառական ես,
Միւլք, փող ու ապրանք, կ’ասեն` շատ ունես. –
Բայց թէ փողէդ շահ չունի ՀԱՅԱՍՏԱՆ,
Թըքել ենք քու ալ, փողիդ ալ վըրան:Քաջ ես, լըսել ենք, ինքըդ մեծաւոր,
Անուն յաղթողի ունես փառաւոր.
Բայց թէ թըրէդ շահ չունի ՀԱՅԱՍՏԱՆ,
Թըքել ենք քու ալ, թըրիդ ալ վըրան:Ի վերուստ քանքար քեզի տուած է,
Հեղինակ անունըդ աշխարհ փըռուած է.
Բայց թէ գըրչէդ շահ չունի ՀԱՅԱՍՏԱՆ,
Թըքել ենք քու ալ, գըրչիդ ալ վըրան:Հեռատես մըտքով դուն զարդարեցար,
Հըզօր իշխանի սիրելին դարձար.
Բայց թէ մըտքէդ շահ չունի ՀԱՅԱՍՏԱՆ,
Թըքել ենք քու ալ, մըտքիդ ալ վըրան:Բանուկ ու ճարտար դուն ունիս ձեռքեր,
Շատ կը յօրինես թանկագին բաներ.
Բայց թէ ձեռքէդ շահ չունի ՀԱՅԱՍՏԱՆ,
Թըքել ենք քու ալ, ձեռքիդ ալ վըրան:Երկինք շնորհեցին քեզ լեզու ճարտար,
Քարոզչի ստացար հըռչակ ու հանճար.
Բայց թէ լեզուէդ շահ չունի ՀԱՅԱՍՏԱՆ,
Թըքել ենք քու ալ, լեզուիդ ալ վըրան:Մեծ ուսում առիր, եղար գիտնական,
Գովքովըդ լըցուած է մարդոց բերան.
Թէ ուսումէդ շահ չունի ՀԱՅԱՍՏԱՆ,
Թըքել ենք քու ալ, ուսմանդ ալ վըրան:Կու տամ քեզ պատիւ, կ’ունենաս դու յարգ,
Ու կը դընեմ քեզ ազնիւ մարդոց կարգ,
Երբ օրօրանէդ մինչեւ գերեզման
Միակ ձըգտմունքըդ լինի ՀԱՅԱՍՏԱՆ:ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԱՏԿԱՆԵԱՆ
1878