Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Կին Դէմքեր. Մելանիա Թրամփ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մ. Նահանգներու 45-րդ նախագահ Տոնըլտ Թրամփի կինը` Մելանիա Թրամփ արդէն իսկ, մեծ աղմուկ բարձրացուցած է իր անունին շուրջ: Ո՞վ է Մելանիան եւ ի՞նչ կը պատմուի անոր մասին:

– 46-ամեայ Մելանիան ծնած է Սլովենիա. ան Մ. Նահանգներու միակ Առաջին տիկինն է, որ համայնավար երկրի մը մէջ ծնած է:

Անկախ իր վայելուչ տեսքէն` Մելանիան կը տիրապետէ 5 լեզուներու` սլովեներէնին, անգլերէնին, ֆրանսերէնին, սերպերէնին եւ գերմաներէնին:

***

– Մելանիան Տոնըլտ Թրամփի 3-րդ կինն է, անոնք ունին 10 տարեկան մանչուկ մը` Պարրըն:

***

 – Մելանիան ամէնէն քիչ ժողովրդականութիւն վայելող Առաջին տիկինն է: Ամէնէն աւելի գնահատուածներն են Պարպարա Պուշը եւ Միշէլ Օպաման:

***

– Նախկին մանըքենը 25 տարեկանին մերկ նկարուած է ֆրանսական թերթի մը համար: Այդ նկարը շատ տարածուած է Եւրոպայի մէջ:

***

– Հաւաստի աղբիւրներ կը հերքեն Մելանիա Թրամփի խօսքերը, ինչ կը վերաբերի իր համալսարանական վկայականներուն: Ան ճարտարապետութեան դասընթացքներու հետեւած է հազիւ տարի մը:

***

– 2005-ին Մելանիային պսակի հագուստը աւելի քան 200 հազար տոլար արժած է Տոնըլտ Թրամփին: Օրին հագուստը յղացած էր «Տիոր» նորաձեւութեան տան ձեւագէտ Ճոն Կալիանոն:

***

– Անցեալ յուլիսին Մելանիա Թրամփ ճառ մը արտասանած է, որուն մէկ կարեւոր մասը բառացի առնուած էր նախկին Առաջին տիկին Միշէլ Օպամայի 2008-ին արտասանած մէկ ճառէն: Խայտառակ կացութիւն մը…

***

– Անցեալ յունիսին, երբ Տոնըլտ Թրամփ պաշտօնապէս իր թեկնածութիւնը յայտարարեց, Մելանիան անոր կողքին չէր: Ան յայտարարած է, որ կը նախընտրէ իրենց 10 տարեկան մանչուկին կրթութեամբ զբաղիլ:

***

– Ամերիկացի ձեւագէտներուն մէկ կարեւոր մասը մերժած է հագուստներ յղանալ Առաջին տիկնոջ համար: Ի վերջոյ Ռալֆ Լորենն է, որ Մելանիային կարեց սպիտակ հագուստ մը, զոր ան կրեց Տոնըլտ Թրամփի յաղթանակին առիթով կազմակերպուած հանդիսութեան:

 

Առաջին Տիկիններու
Հետաքրքրական Արտայայտութիւններ

Այն պահուն, երբ լրատուամիջոցները կը քննարկեն Միացեալ Նահանգներու նոր Առաջին տիկնոջ` Մելանիա Թրամփի անթերի ոճն ու գայթակղեցուցիչ անցեալը, եկէք` ծանօթանանք Առաջին տիկիններու հետաքրքրական արտայայտութիւններու:

 

 Առողջապահական

Նուշը Կը Կանխարգիլէ
Կրիփը

Առողջութիւնը պահպանելու եւ կրիփով չվարակուելու համար բժիշկները կը թելադրեն նուշ ուտել: Պարզուած է, որ նուշը զգալիօրէն կը բարձրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը եւ կը պաշտպանէ ժահրերէն եւ վարակներէն:

Իտալացի գիտնականները խորհուրդ կու տան 8-10 հատ նուշ ուտել տունէն դուրս գալէ 20 վայրկեան առաջ` նախքան բազմամարդ եւ խճողուած վայրերու մէջ յայտնուիլը:

Հաւկիթը Կը Փրկէ
Ուղեղի Կաթուածէ

Ամերիկացի գիտնականներ եկած են այն եզրակացութեան, որ հաւկիթը եւ անով պատրաստուած ուտելիքները շատ օգտակար են ուղեղի անօթներուն համար:

Գիտնականներուն կարծիքով, օրական 1 հաւկիթ ուտելը 12 առ հարիւր տոկոսով կը նուազեցնէ ուղեղի կաթուածի հաւանականութիւնը:

Գիտնականներուն բացատրութեամբ, հաւկիթը կը պարունակէ անթիօքսիտաններ, կենսանիւթեր եւ բնասպիտ, որոնք կ՛օգնեն ուղեղի անօթներու առողջութեան եւ բնականաբար ուղեղը կը պաշտպանեն կաթուածէ:

Սուրճին Մրուրը
Մի՛ Թափէք

Այսուհետեւ սուրճին մրուրը մի՛ թափէք, քանի որ կրնանք զայն օգտագործել ձեր առօրեայ կեանքին մէջ որպէս`

– Տան բոյսերու պարարտացուցիչ:
– Սառնարանին անախորժ հոտերը չէզոքացնող միջոց:
– Մրջիւններէն ձերբազատող միջոց:
– Մազերուն փայլք տուող ձրի «դեղ»:
– Յատակը այրած կաթսաները մաքրելու եւ կպչուն նիւթերը քերթելու միջոց:
– Պարտէզէն վնասակար միջատներն ու որդերը ոչնչացնող միջոց:
– Կատուները հեռու պահող միջոց:
– Խցուած խողովակները մաքրելու միջոց:
– Լուացարանին անախորժ հոտը չէզոքացնող միջոց:
– Մորթին մեռած բջիջները մաքրելու միջոց:

                               Արմաւին Օգուտները

Ի զուր չէ, որ շատ մը ժողովուրդներու կողմէ արմաւը համարուած է «սուրբ ուտելիք»:

Օրական 3 արմաւ ուտելով` կարելի է մարմնին ապահովել անհրաժեշտ գրեթէ ամբողջ սնունդը:

Շատ մը բժիշկներ կը թելադրեն վնասակար քաղցրեղէններն ու շաքարեղէնները փոխարինել արմաւով: Արմաւը ոչ միայն համեղ եւ յագեցնող է, այլեւ շատ օգտակար` մեր առողջութեան:

– Արմաւը մաքուր եւ առողջ կը պահէ անօթները:
– Արմաւը նոյնքան օգտակար է նաեւ լեարդին:
– Արմաւը ստեպղինէն աւելի օգտակար է մեր տեսողութեան համար:
– Արմաւը առոյգ եւ աշխուժ կը պահէ մարմինն ու ուղեղը:
– Արմաւը առողջ կը պահէ մորթը, եղունգները եւ մազերը: Անկէ կարելի է պատրաստել դէմքին մորթը սնուցանող դիմակներ:

 

Խոհագիր

Պրոքոլիով Եւ Շողգամով
Ապուր

Բաղադրութիւն

– 1,5 լիթր ջուր
– 1 խորանարդ հաւու խտացած մսահիւթ
– 1 միջակ գլուխ պրոքոլի
– 3 շողգամ
– Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Կաթսային մէջ եռացնել ջուրը` խտացած մսահիւթով, աղով եւ սեւ համեմով:

Աւելցնել կտրտուած պրոքոլին եւ սպասել, որ ջուրը կրկին եռայ:

Շողգամները խորանարդաձեւ կտրտել եւ աւելցնել խառնուրդին:

25 վայրկեան եփել, հարիչէ անցընել եւ հրամցնել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Պիտի մրսես, որ տաքանաս ու լաւ զգաս:
Պիտի ցաւի, յետոյ անցնի, որ հասկանաս` ինչքան լաւ է առանց ցաւի:
Մի օր լացի՜ր ու կ՛իմանաս` Ուրախն ինչ է:
Ընկի՜ր մի օր ու կ՛իմանաս` ինչ լաւ բան է բարձրանալը:
Պիտի լինի դատարկութիւն, որ լցուելուց չդատարկուես:
Պիտի մթնես, որ ճանաչես` ով է Լոյսը:
Սիրի՜ր մի օր, կը հասկանաս, որ չես ապրել մինչեւ այսօր…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>