Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Քրիսթիան Տիորի Անժամանցելի Խորհուրդները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ֆրանսացի անուանի ձեւագէտը Քրիսթիան Տիոր ստեղծագործած է 50-ական թուականներուն, բայց անոր խորհուրդները կը մնան այժմէական մինչեւ օրս: Վարպետը յեղափոխութիւն կատարեց նորաձեւութեան աշխարհէն ներս. ծանր պատերազմական տարիներէն ետք ան կիներուն վերադարձուց վայելչութիւն եւ նորաձեւութեան աշխարհին մէջ իր դրոշմը ձգեց: Դրոշմ մը, որուն շնորհիւ անոր նորաձեւութեան տունը կը գոյատեւէ մինչեւ այսօր:

Ծանօթանանք մեծ վարպետին խորհուրդներուն

–  Վայելչութիւնը մի՛շտ պարզութիւն է:

–  Որակը ոճի հիմքն է:

–  Վայելուչ կինը ան չէ, որ կուրօրէն կը հետեւի նորաձեւութեան: Եթէ նորաձեւութիւնը ձեզի չի յարմարիր, պարզապէս անտեսեցէք զայն:

–  Աքսեսուարները չափազանց կարեւոր են: Անոնք մեծ դեր ունին կնոջ վայելչութեան մէջ: Նոյն հագուստին հետ տարբեր աքսեսուարներ կրելով, կինը կրնայ դիւրաւ փոխել իր կերպարը:

–  Վարդագոյնը նուրբ գոյն է, իսկ մոխրագոյնը դասական է եւ անժամանցելի:

–  Կօշիկները շատ կարեւոր են, կնոջ վայելչութեան իսկական ապացոյցն այն է, թէ ան ինչ կը կրէ իր ոտքերուն:

–  Կիները աւելի եւս հրապուրիչ են 35-40 տարեկանին:

–  Անուշահոտը կրնայ աւելի շատ բան պատմել կնոջ մասին, քան` անոր ձեռագիրը:

–  Անհատականութիւնը եւ արտասովորութիւնը տարբեր հասկացողութիւններ են:

–  Իմ յղացած հագուստներս իմ կեանքս են, անոնցմով ես ամէն օր կ՛ապրիմ, կը շնչեմ, կ՛ուրախանամ:

 

Հետաքրքրական

Բրիտանիոյ Թագուհիին
Տարօրինակ
Առանձնաշնորհումները

Էլիզապէթ Բ. թագուհին միակ անգլուհին է, որ կրնայ չտագնապիլ, եթէ իր վարորդական քարտը տունը մոռցած է: Ոչ ոք իրաւունք ունի վարորդական քարտ պահանջելու թագուհիէն, որ Բ. Աշխարհամարտին վարպետօրէն վարած է շտապօգնութեան ինքնաշարժներ:

* * *

Քանի որ բրիտանացիներուն անձնագրերը կը տրուին թագուհիին կողմէ, ինքը` թագուհին, այդ փաստաթուղթը կրելու պարտաւորութիւնը չունի: Այդ օրէնքը կիրարկելի չէ ընտանիքին միւս անդամներուն:

* * *

Թագուհին իրաւունք ունի տարուան ընթացքին երկու անգամ տարեդարձը տօնելու… Այս սովորութիւնը շատ հաւանաբար եկած է 20-րդ դարու սկիզբէն, Էտուըրտ Է. թագաւորը, որ ծնած էր աշնան եղանակին, չէր փափաքեր գէշ եղանակին տօնական միջոցառումներ կայացնել:

* * *

Էլիզապէթ թագուհին սեփականատէրն է Թեմզ գետի բոլոր կարապներուն, ինչպէս նաեւ` Բրիտանիոյ ջուրերուն բոլոր դլփիններուն եւ կէտերուն…

* * *

Էլիզապէթ թագուհին հարկ չի վճարեր:

* * *

Ինչպէս ամբողջ թագաւորական ընտանիքը, այնպէս ալ թագուհին չի կրնար ձերբակալուիլ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ:

* * *

Թագուհին ունի իր անձնական բանաստեղծը: Ներկայիս այս պաշտօնին վրայ է Քերոլ Անն Տաֆին, որ 61 տարեկան սկովտիացի բանաստեղծուհի մըն է:

* * *

Մեծն Բրիտանիոյ թագուհին նաեւ եկեղեցւոյ ղեկավարն է, ասիկա նաեւ կը նշանակէ, որ ան կրօնափոխ ըլլալու իրաւունք չունի:

 

Գեղեցկագիտական

Ազատքեղով Դիմակ

Սէ. Էօ. եւ Ա. կենսանիւթերով, հանքայիններով, օլիկօէլէմաններով եւ անթիօքսիտաններով հարուստ ազատքեղը շատ դիւրին եւ աժան միջոց է դէմքի դիմակ պատրաստելու համար: Ազատքեղով դիմակը կը ձերբազատէ սեւ կէտերէն, կը բանայ մորթին գոյնը, կը պայքարի կնճիռներուն դէմ եւ երիտասարդ տեսք կու տայ մորթին:

Ազատքեղով դիմակին պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են`

– 1 կապոց լուացուած, մաքուր ազատքեղ
– 1 սուրճի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 1 սուրճի դգալ մեղր

Ինչպէ՞ս օգտագործել

Ազատքեղին կոթերը կտրել, տերեւներուն բաժինը սանդի մէջ դնել եւ ծեծել, աւելցնել կիտրոնին հիւթը մեւ մեղրը, շարունակել ծեծել: Ստացուած թանձրուկը տարածել դէմքին վրայ, սպասել 15-20 վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:

 

Այլազան

Ճափոնական
Դաստիարակութիւնը

Ճափոն այցելողները յաճախ կը զարմանան` տեսնելով տարբեր սերունդներու վերաբերմունքը իրարու նկատմամբ: Երեխաները լսող են եւ խելօք, մեծերը` հաւասարակշռուած, տարեցները` սիրուած ու յարգուած: Պատճառը երեխաներուն դաստիարակութիւնն է, որ արմատացած է բոլորին մէջ:

Դարեր առաջ ճափոնցի մայրերը կը համատեղէին աշխատանքն ու երեխային դաստիարակութիւնը: Չկային մանկապարտէզներ կամ տունը նստած տատիկներ` պահելու համար երեխաները, մինչեւ  մայրերը իրենց գործերը աւարտէին: Հետեւաբար երեխան կ՛ըլլար հոն, ուր մայրը կ՛ըլլար: Եթէ մայրը դաշտ պիտի երթար, երեխան կը կապէր մէջքին եւ հետը կը տանէր:

Զարմանալի չէ, որ ներկայիս ալ ճափոնուհիները կը նախընտրեն երեխաները դաստիարակել այդ աւանդութեամբ: Ուր ալ ըլլայ մայրը, ինչով ալ զբաղի, փոքրիկը միշտ իրեն հետ է` գիրկը, մէջքէն կամ  ձեռքէն բռնած:

Որպէս կանոն ճափոնցի մայրերը տունը կը մնան, մինչեւ երեխային 3 տարեկան դառնալը: Թէեւ երկրին մէջ կան մանկապարտէզներ, բայց երեխան մանկապարտէզ ղրկելը շատերու համար ամօթալի է:

Թէ՛ տունը եւ թէ՛ մանկապարտէզը երեխային կը սորվեցնեն ըլլալ դաստիարակուած եւ ուշադիր ոչ միայն իրենց, այլեւ ուրիշներու, անասունները եւ նոյնիսկ անշունչ առարկաներու նկատմամբ:

Սխալ է մտածել, որ երեխային դաստիարակութիւնը միայն կնոջ ուսերուն դրուած է, քանի որ երեխային հետ մեծ հաճոյքով կը զբաղի նաեւ հայրը:

Ճափոնցի երեխաները կը վայելեն իրենց ծնողներուն ուշադրութիւնը. անոնք միասին կը զրուցեն, կը խաղան, կը զբօսնեն, կ՛ուտեն…

Ճափոնցի ծնողները երբեք`

– Իրենց ձայնը չեն բարձրացներ,
– Քարոզներ չեն տար,
– Մարմնական պատիժներ չեն գործադրեր:

Ճափոնցիները իրենց երեխաներուն կը սորվեցնեն`

– Ըլլալ նուրբ,
– Ըլլալ ուշադիր ուրիշին նկատմամբ,
– Ոչ ոքի չխանգարել իրենց վարքագիծով:

Ճափոնցի ծնողները պոռալով կամ պատժելով չեն սրբագրեր իրենց զաւակներուն սխալները: Ծնողքին ձայնի շեշտադրումէն եւ հայեացքէն երեխաները կ՛անդրադառնան իրենց սխալին:

Ակնյայտ է, որ Ճափոնի մէջ երեխաները սիրուած եւ գնահատուած են իրենց ծնողներուն կողմէ, անոնք ծնած օրէն հասարակութեան մէջ կը սորվին կեանքի սկզբունքները:

Անշուշտ, կրթական այս համակարգը անսովոր է, այլ ժողովուրդներու համար: Բայց հարիւրաւոր տարիներու փորձը ցոյց տուած է, որ անիկա չափազանց արդիւնաւէտ է եւ այդպէս կը դաստիարակուին օրինապահ, կիրթ եւ քաղաքավար վերաբերմունք ունեցող քաղաքացիներ:

 

Խոհանոցը Գործուող
6 Սխալ

Մաքրութիւնը չափազանց կարեւոր է, յատկապէս` խոհանոցին մէջ: Ահաւասիկ` 6 հաւանական սխալներ, զորս շատեր կը գործեն առանց անդրադառնալու:

– 1 –

Չլուացուած պտուղներն ու բանջարեղէնները սառնարանը դնել մաքուր ուտելիքներուն կողքին: Անոնց մանրէները անխուսափելիօրէն պիտի տարածուին սառնարանին մէջ եւ թեթեւ կամ ծանր թունաւորումներու դուռ պիտի բանան:

– 2 –

Կերպընկալէ կամ խաւաքարտէ տուփերով բերուած ուտելիքները սառնարանը դնել մնացեալ ուտելիքներուն կողքին: Թելադրելի է ձերբազատիլ այդ տուփերէն, ուտելիքները փոխադրել կափարիչով օժտուած ամաններու մէջ եւ կամ ծրարել զանոնք ալիւմինիոմ կամ կերպընկալ թերթերու մէջ:

– 3 –

Միսը լուալ նախքան սառնարանը դնելը: Սխալ է այս սովորութիւնը: Միսը ջուրին տակ բռնելով` մանրէները չեն մեռնիր, միակ լուծումը զայն շատ լաւ եփելն է:

– 4 –

Հաւկիթը լուալ նախքան սառնարանը դնելը: Այս սովորութիւնն ալ սխալ է եւ անհիմն: Հաւկիթը ներսէն ունի շատ նուրբ թաղանդ մը, որ հաւկիթին դեղնուցն ու ճերմկուցը կը պաշտպանէ կեղեւէն ներս թափանցող մանրէներէն:

– 5 –

Տաք ուտելիքը սառնարան փոխադրելը: Արդարեւ, այդ տաք ուտելիքը կը խախտէ սառնարանին ներսի ջերմաստիճանը, ինչ որ գէշ անդրադարձ կ՛ունենայ մնացեալ ուտելիքներուն վրայ:

– 6 –

Խոհանոցին միս կտրելու տախտակը օգտագործել նաեւ բանջարեղէնններ մանրելու համար: Իւրաքանչիւրը պէտք է ունենայ իրեն յատուկ տախտակը, անոնք պէտք է ըլլ ան տարբեր գոյնի եւ զանազանուին իրարմէ:

 

Խոհագիր

Դդումով, Ստեպղինով Եւ
Գետնախնձորով Ապուր

Բաղադրութիւն.

– 3 դդում
– 3 գետնախնձոր
– 2 ստեպղին
– 1 ապուրի դգալ ձէթ
– 1 խտացած մսահիւթ
– 3 հատ փիքոն (կամ նոյն տեսակի պանիր)
– Աղ, սեւ պիպեղ

Պատրաստութիւն

Բանջարեղէնները մանր կտրտել եւ տաք ձէթին մէջ 5 վայրկեան դարձնել:

Ապա կաթսայի մը մէջ փոխադրել, մինչեւ երեսը ջուր աւելցնել, աւելցնել նաեւ խտացած մսահիւթը, կափարիչը փակել եւ 20 վայրկեան եփել:

Աւելցնել աղը, սեւ պղպեղը եւ 3 կտոր պանիրը եւ հարիչէ անցընել:

Եթէ նօսր կը սիրէք կարելի է քիչ մը հեղուկ սէր աւելցնել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ձիւն, Մի՛ Իջիր

Ձիւն, մի իջիր իմ վարսերին,
Ա՜խ, ես այնքան ջահել եմ դեռ,
Մինչեւ հիմա կեանքի վերից
Երազներով սահել եմ դեռ:

Երէկ էր լոկ, որ ես ճերմակ
Զոյգ ժապաւէն էի կապում.
Իսկ դու այսօր պաղ ու ճերմակ
Սառուցներ ես դէմս կապում:

Եւ ինչու՞ ես դու շտապում,
Փաթիլներըդ վրաս թափում,
Մի տես որքան կայծ ու կրակ,
Կանաչ, կարմիր երազանքներ,
Մի տես որքան կարօտ ու սէր,
Հոգուս խորքում պահել եմ դեռ:

ՄԱՐՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>