Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Սուրբ Սարգիս Տօնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ս. Սարգիսը շարժական տօն է. այս տօնով կը սկսի Բարեկենդանը, որուն անմիջապէս յաջորդող 49 օրեայ Մեծ պահքը կ՛աւարտի Զատիկով: Այսպիսով, անուղղակիօրէն կապուելով 35 օրուան շարժականութիւն ունեցող Զատկուան հետ, Ս. Սարգիսի տօնը նոյնպէս կը շարժի 35 օրերու ընթացքին, նշուելով յունուար 18-էն մինչեւ փետրուար 23-ը երկարող այն շաբաթ օրը, որ տուեալ տարուան Զատկուան տօնէն ճիշդ 63 օր առաջ կու գայ:

Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը Հայաստանի մէջ ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, այլեւ` ժողովրդական սովորութիւններով, որոնք նուիրական աւանդութիւններ դարձած են:

Ս. Սարգիս Զօրավարը երիտասարդներու արագահոս բարեխօսն է, իր միջնորդութեամբ հրաշքներ տեղի կ՛ունենան: Այդ օրը երիտասարդները կ՛աղօթեն սուրբին, որպէսզի իրենց աղօթքները հասցնէ Աստուծոյ:

Ս. Սարգիս հայ ժողովուրդի ամէնէն աւելի սիրած սուրբերէն է: Անոր մասին բազմաթիւ աւանդապատումներ կան, ինչպէս նաեւ` ժողովրդական սովորութիւններ:

Տօնին կը նախորդէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին կողմէ հաստատուած առաջաւորաց պահքը, որ կը տեւէ 5 օր:

Ժողովրդական սովորութիւններէն է Ս. Սարգիսի տօնին ալիւրով լեցուն ափսէ դնել տան տանիքը կամ պատշգամին  եւ սպասել Ս. Սարգիս Զօրավարի ձիուն պայտի հետքին: Ըստ աւանդութեան, Ս. Սարգիսը պէտք է հրեշտակներու ուղեկցութեամբ անցնի, եւ որու որ ափսէին մէջ դրուած ալիւրին վրայ ձգէ իր սպիտակ ձիուն պայտին հետքը, այդ տարի կ՛իրականանան երիտասարդին երազները:

Ամբողջ պատմական Հայաստանի տարածքին Ս. Սարգիսին անունով շատ սրբավայրեր կան, եկեղեցիներ, մատուռներ, նոյնիսկ` լեռ:

Մուսա լերան աւանդական խոհանոցին մէջ մինչեւ օրս պահպանուած է «գումպա» անունով ծիսական հաց-քաղցրեղէնի պատրաստութիւնը: Խմորը կը շաղեն երեկոյեան եւ անիկա ամբողջ գիշերը կ՛եփի մարած թոնիրի տաքութեամբ:

Գումպան կը բաժնուի ընտանիքի անդամներուն թիւով: Բաժիններէն մէկուն մէջ մետաղադրամ կը դրուի, եւ որո՛ւ որ ելլէ դրամը, ան կը համարուի տարուան բախտաւորը:

Ս. Սարգիսի նախորդող առաջաւորաց պահքի օրերուն մարդիկ ոչ միայն արգելքներ կը դնէին իրենց սնունդէն, այլ նաեւ աշխատանքի որոշ տեսակներուն եւ մարմնի խնամքին վրայ: Արգիլուած էր լուացք ընել, ճախարակ մանել, գործ ունենալ բուրդի հետ, որովհետեւ կը հաւատային, որ մազ լուալու պարագային Ս. Սարգիսի ձիու ոտքերուն թնճուկ կը փաթթուի եւ որպէս պատիժ` իրենց մազերը կը թափին…

Ուրբաթ օրը մարդիկ կը սկսէին թաթախման  պահքը բանալու նախապատրաստական աշխատանքները: Մեղրաջուրով կամ շաքարաջուրով փոխինդ կը շաղէին, ընտանիքին անդամներուն թիւով գունդերու կը բաժնէին եւ երեկոյեան պահքը կը բանային գունդերով:

 

Սակայն ծոմ պահած երիտասարդները չէին ուտեր, անոնք այդ երեկոյ աղի կրկնեփ կ՛ուտէին, որպէսզի տեսնեն, թէ երազին մէջ իրենց ո՛վ ջուր պիտի տայ:  Շաբաթ առտու աղի կրկնեփ կերած աղջիկներն ու մանչերը կը պատմէին իրենց երազները, թէ ո՛վ իրենց ջուր տուաւ, ինչպիսի՞ գաւաթով, որքա՛ն ջուր կար գաւաթին մէջ եւ այլն… Ոսկեայ գաւաթը հարուստ ամուսին կը նշանակէր: Փայտեայ գաւաթը` աղքատ, լեցուն գաւաթը երկար ամուսնական կեանք կը նախագուշակէր, կիսով լեցունը` կարճ ամուսնական կեանք, եւ այլն…

Աւանդութեան համաձայն, Ս. Սարգիսի կրկնեփը պէտք է պատրաստէր հաւաքուած կիներէն ամենաերջանիկը, ան, որ մեծ սէր ապրած եւ երեխաներ ունեցած է: Կրկնեփին բաղադրութիւնը շատ պարզ է` ալիւր, աղ եւ ջուր: Պատրաստելու համար 3 բաղադրութիւնները խառնել, շաղել, սրտաձեւ կամ կլոր ձեւաւորել եւ նախքան փուռին մէջ եփելը ծակեր բանալ` մէջերէն ժապաւէն անցընելու համար:

Նկարչուհի, ազգագրագէտ Լուսիկ Ագուլեցիի խօսքերով, Ս. Սարգիս տօնը ունի իր ծիսական ծառը, որ պատրաստուած կ՛ըլլայ փուշերէ, նուռէ, հացահատիկներէ (աղանձ, խաշիլ, փոխինձ): Ազգագրագէտին համաձայն, ոչ միայն եկեղեցին, այլ նաեւ տունը ունի տիեզերական խորհուրդ եւ բոլոր հայ ընտանիքները պէտք է պատրաստեն ծիսական այս ծառը: Հետաքրքրական է փուշի ընտրութիւնը, Ագուլեցիի բացատրութեամբ, «սէրը փշոտ է. սիրոյ համար պէտք է պայքարիլ, ի հարկին` զոհողութիւններու երազ, եւ քանի որ մարդը բնական էակ է, ան կրնայ ճիշդ ընտրութիւն կատարել»:

 

Այսօր Վահան Տէրեանի
Ծննդեան 132-րդ Տարեդարձն Է

Տէրեան

Այսօր, փետրուար 9-ը, Վահան Տէրեանի ծննդեան 132-րդ տարեդարձն է:

«Վահան Տէրեանը այն բախտաւոր հեղինակներից էր, որոնք մի առաւօտ զարթնում են յայտնի դարձած, եւ դա ոչ թէ պատահականութեան բերումով, այլ` շնորհիւ իրենց մեծ տաղանդի: Մի կարճ միջոցում Տէրեանն ունեցաւ հետեւորդների մի ամբողջ բազմութիւն: Իսկ երկրպագուների թիւ չկար: Պահ մի մոռացուեցին մեր անուանի բանաստեղծները, ամէնուրեք` երեկոյթներում, ընտանիքները, ընկերական շրջաններում արտասանում էին Տէրեանի սոնետներն ու էլեկիաները: Սկսուել էր պարզապէս տէրեանական շրջան, Տէրեան Էպոխը: Օդը լիքն էր Տէրեանով. երիտասարդութեան խօսակցութեան նիւթն ամէն տեղ նրա բանաստեղծութիւններն էին, իսկ ընկերների ու սիրահարների սրտագին նուէրը միմեանց` «Մթնշաղի անուրջները», գրած է Տէրեանի մասին Ստեփան Զօրեանը:

Տէրեանը մինչեւ օրս ալ սիրուած է յատկապէս երիտասարդներուն կողմէ: Անոր վիպապաշտ բանաստեղծութիւնները տեղ գտած են շատերու սրտերուն, մտքերուն մէջ, նաեւ` ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ:

Տուն թանգարան

Ջաւախքի մէջ, Փարվանա լիճի մօտակայ Գանձա գիւղին մէջ կը գտնուի Վ. Տէրեանի պապենական տունը, ուր բանաստեղծը անցուցած է իր մանկութիւնն ու ամառնային արձակուրդները: Հոս հիւրընկալուած են Յ. Թումանեանը, Ա. Իսահակեանը եւ շատ ուրիշներ:

1973-ին վերանորոգուած տան կողքին կառուցուած է ցուցասրահ, ուր ներկայացուած են փաստաթուղթեր, ձեռագիրներ եւ լուսանկարներ, որոնք կը պատմեն Տէրեանի կեանքն ու ստեղծագործական ուղին:

Տէրեան արձան

Տէրեանի տուն-թանգարանին բակը զետեղուած է բանաստեղծին կիսանդրին: Թանգարանի համալիրին մէջ կը գտնուի Ս. Կարապետ եկեղեցին, որ 1852-ին կառուցած էր Տէրեանին մեծ հայրը` Տէր Գրիգորը:

Ամէն տարի Գանձայի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Բանաստեղծութեան տէրեանական օր». այս աւանդական ձեռնարկին կը մասնակցին բազմաթիւ հիւրեր` Ջաւախքէն, Վրաստանէն, Հայաստանէն…

Տէրեանի գերեզմանը կը գտնուի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ: Երեւանի մէջ կայ նաեւ բանաստեղծին անունը կրող փողոց եւ արձան:

 

Իմ խաղաղ երեկոն է հիմա
Մեղմալոյս, ե՛ւ տխուր, ե՛ւ անուշ.
Քեզ երբեք սիրտըս չի մոռանայ,
Իմ մաքո՛ւր, առաջին իմ անուրջ…

Տարիներ, տարիներ կը սահեն,
Կը մեռնեն երազները բոլոր –
Քո՛ պատկերը անեղծ կը պահեմ
Օրերում անհաստատ ու մոլոր:

Ե՛ւ տանջանք, ե՛ւ բեկում, ե՛ւ թախիծ –
Սեւ օրեր ես դեռ շա՜տ կը տեսնեմ.
Անունըդ թող փարոս լինի ինձ
Սուտ կեանքի եւ դառը մահու դէմ…

ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ

1908

 

Կ՛արժէ Մտածել…

Մեր Կեանքը Դիւրացնող
12 Օգտակար Խորհուրդներ

  • Ապրիր այսօրը, քանի որ երէկը արդէն չկայ, իսկ վաղը կրնայ չըլլալ…
  • Հասկնալի չէ` հարցուր:
  • Հաւնեցար` ըսէ՛:
  • Կ՛ուզես հանդիպիլ` հրաւիրէ՛:
  • Բան մը կը ցանկաս` խնդրէ՛:
  • Կ՛ուզես հասկնալի դառնալ` բացատրէ՛:
  • Եթէ յանցաւոր ես, ընդունի՛ր, արդարացումներ մի՛ փնտռեր:
  • Անխելք մարդոց հետ մի՛ յարաբերիր:
  • Կեանքի մէջ ամենակարեւոր բանը սէրն է:
  • Ձգտի՛ր ամէն ինչէ հաճոյք քաղել:
  • Մի՛շտ յիշէ, որ երկրորդ կեանք մը պիտի չունենաս:
  • Վայելքի համար գումար մի՛ խնայեր:

 

Խոհագիր

Սրտաձեւ Ուտելիքներ

Սիրոյ տօնին առիթով բաղադրատոմսեր պիտի չառաջարկենք ձեզի, այլ` կերակուրներն ու աղանդերները սրտաձեւ ներկայացնելու դիւրին եւ հետաքրքրական ձեւեր, որոնք անտարբեր պիտի չձգեն ձեր սիրած անձը:

Ստորեւ` քանի մը հետաքրքրական նմուշ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ու Ես Հասկացայ

Ու ես հասկացայ կեանքում մի պարզ բան,
Որ պէտք չէ խառնել անցեալն ու ներկան,
Որ պէտք չէ սիրել խենթի պէս ուժգին,
Պէտք չէ նուիրուել այս կեանքում մէկին,
Ով իրականում չի էլ ըմբռնում,
Թէ սէրն իսկական ինչպէս է լինում
Թէ ինչպէս կարող են քնքշօրէն սիրել
Եւ անմնացորդ ինչպէս նուիրուել…
«Սիրիր, որ սիրուես» ի զուր չէ ասուած
Ի զուր չի ասել ամենազօր Աստուած,
Որ քեզ սիրողից երես մի դարձնի
Կեանքը քեզ նոյն կերպ կը պատասխանի:
Երբ յետոյ սիրես էլ քեզ չեն սիրի,
Երբ որ նուիրուես էլ չեն նուիրուի,
Երես կը դարձնեն նոյն հէնց քեզ նման
Եւ խաբկանքներ քեզ միայն կը մնան:
Եւ այդ ժամանակ շատ ուշ կը լինի,
Երբ որ իմանաս սէրն ինչ գոյն ունի…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles