Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Եթէ ձեզի կը սպասեն 5 տարբեր գործեր, դուք ի՞նչ հերթականութեամբ կը կատարէք զանոնք…
Ա.- Լացող երեխան հանդարտեցնել:
Բ.- Կ՛անձրեւէ, պատշգամը փռուած լուացքը հաւաքել:
Գ.- Բաց մնացած ծորակը գոցել, արդէն ջուրը լուացարանէն կը յորդի:
Դ.- Շտապել դուռը բանալ, հիւրերը արդէն ժամանած են:
Ե.- Պատասխանել հնչող հեռախօսին:
Պատասխանի արդիւնք
– Եթէ առաջին հերթին կը շտապէք լացող երեխան գրկելու եւ հանգստացնելու` ձեր կեանքին մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ ձեր ընտանիքը:
***
– Եթէ կը վազէք պատշգամ` փռուած լաթերը հաւաքելու` ձեր կեանքին մէջ առաջնահերթութիւնը կու տաք սիրոյ եւ մտերմիկ յարաբերութիւններուն:
***
– Եթէ անմիջապէս խոհանոց կը շտապէք հոսող ծորակը գոցելու` դրամը ձեր կեանքի առաջնահերթութիւնն է:
***
– Եթէ ամէն բան ձգելով կը վազէք դուռ բանալու` շատ յստակ է, որ բարեկամները կարեւոր տեղ կը գրաւեն ձեր կեանքին մէջ:
***
– Եթէ անմիջապէս հեռախօսին ընկալուչը կը վերցնէք, կը նշանակէ, որ կեանքի մէջ նախապատուութիւնը կու տաք գործին, ասպարէզին:
Շաքարի Օրական Չափաբաժինը
11 Դգալ Պէտք Է Ըլլայ
Լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի ոչ վարակիչ հիւանդութիւններու եւ ներհիւանդանոցային վարակներու համաճարականութեան բաժանմունքի պետ Ռոմելլա Աբովեանը խորհուրդ տուած է, որ օգտագործուած սննդամթերքը ըլլայ բազմազան` բաղկացած մեծ մասամբ բանջարեղէնէ:
Ըստ անոր, միայն սննթամթերքի որակին պէտք չէ հետեւիլ, այլեւ` օգտագործման չափաբաժինին, այսինքն` քիչ եւ յաճախ ուտել: «Սննդամթերքի անվտանգ ըլլալը տակաւին չի նշանակեր առողջ սնունդ ստանալ: Առողջ սնունդ ստանալու համար պէտք է կանոնաւորել աղի եւ շաքարի օգտագործումը», ըսաւ Աբովեան:
Ան նաեւ խորհուրդ տուաւ օրական սննդամթերքի չափաբաժինին մէջ ներառել առաւելագոյնը 5 կրամ աղ: Իսկ շաքարը պէտք չէ գերազանցէ 11 դգալը: «Մէկ գաւաթ «Քոքաքոլա»-ն արդէն իսկ տասը դգալ շաքար կը պարունակէ, այսինքն մէկ գաւաթ քոլայով արդէն օրուան շաքարի մեր չափաբաժինը կը սպառենք», ըսաւ ան:
Ռոմելլա Աբովեան թելադրեց միս-մսամթերքի նախընտրութիւնը տալ թռչունի եւ ձուկի միսին: Մսամթերքին մէջ առկայ երկաթը աւելի լաւ կ՛իւրացուի, եթէ միսը համադրենք բանջարեղէնին հետ: «Որեւէ սնունդ, որ տանտիկինները երկրորդ անգամ կը տաքցնեն, կը կորսնցնէ իր սննդային արժէքը», աւելցուց Ռոմելլա Աբովեան:
Ըստ Օդերեւութաբաններու Դիտարկումներուն,
Անցեալ Տարի Ամբողջ Պատմութեան Մէջ
Ամէնէն Տաք Տարին Էր
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղոորդէ, որ անցեալ տարուան առաջին 11 ամիսները եղանակի եւ կլիմայական դիտարկումներու ամբողջ պատմութեան ընթացքին ամէնէն տաքն էին: Ըստ այդ դիտարկումներուն, մէկ կողմ դնելով դեկտեմբեր ամիսը, մասնագէտները յանգած են այն եզրակացութեան, որ ամբողջ 2016 թուականը պիտի դառնայ արտասովոր բարձր ջերմաստիճանի մրցանակակիրը: Համաշխարհային օդերեւութաբանական կազմակերպութեան Ժընեւի կեդրոնակայանը խոստացած է, որ 2017 թուականի սկիզբը արդէն իսկ ամփոփած կ՛ըլլայ անցեալ տարուան 12 ամսուան արդիւնքները:
«11 ամսուան տուեալներուն համաձայն, 2016 թուականը ամէնէն տաքը նկատուելու սեմին է, իսկ անոր միջին ջերնաստիճանը կրնայ գերազանցել 2015 թուականի մրցանիշը», պարզաբանած է Համաշխարհային օդերեւութաբանական կազմակերպութիւնը:
Յունուարէն նոյեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին ջերմաչափի սիւնը Երկրի վրայ Սելսիուսի 0,94 աստիճանով բարձրացած է 20-րդ դարու միջին ցուցանիշներէն (14 աստիճան) եւ 0,07 աստիճանով աւելի բարձր է, քան`մրցանշային 2015 թուականը:
Ըստ Համաշխարհային օդերեւութաբանական կազմակերպութեան կանխատեսումներուն, անցեալ տարուան միջին ջերմաստիճանը Սելսիուսի 1,2 աստիճանով աւելի բարձր էր, քան` մինչ ճարտարարուեստական դարաշրջանի ցուցանիշները:
Սննդագիտական-Առողջապահական
Ապուր
Գիտէ՞ք, թէ 100 կրամ բանջարեղէնով ապուր մը միջին հաշուով 25 ջերմուժ կը պարունակէ:
Ապուրը արագ եւ դիւրին միջոց է միաժամանակ քանի մը տեսակ բանջարեղէն ուտելու, իսկ բանջարեղէնները կենսանիւթերու եւ հանքայիններու անսպառ հանք են:
Ապուրը նաեւ յագեցնող է, առաւելութիւն մը, որպէսզի ճաշի ժումերուն միջեւ աւելորդ բաներ չուտէք:
Լուծուող բնաթելերով հարուստ բանջարեղէններով ապուրը դրական ազդեցութիւն կը գործէ քոլեսթերոլին վրայ:
Ապուրը նաեւ մարմնին կ՛ապահովէ անհրաժեշտ ջուրի մէկ բաժինը:
Ապուրը կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու, ինչպէս նաեւ յամրաղիի քաղցկեղի հաւանականութեան տոկոսը:
Ապուրը տաքցնող եւ հանգստացնող իտէալ ուտելիքն է ձմրան ցուրտ օրերուն:
Մասնագէտներու կարծիքով, տունը պատրաստուած բանջարեղէնով եւ այլ ապուրներ շատ աւելի սննդարար են, քան պատրաստի ապուրները, որոնց թէ՛ աղի, եւ թէ իւղի տոկոսը կրնայ շատ աւելի բարձր ըլլալ: Մինչդեռ տունը պատրաստուած ապուրները կարելի է տեւաբար այլազանել եւ մնայուն ձեւով օգտուիլ թարմ բանջարեղէններու բարիքներէն:
Խոհագիր
Պրոքոլիով Եւ Ռոքֆոր
Պանիրով Ապուր
Բաղադրութիւն 4 անձի համար
– 800 կրամ պրոքոլի
– 100 կրամ ռոքֆոր
– 5 սանթիլիթր սեր
– 1 սոխ
– Ապուրի դգալ մը ձէթ
– Ազատքեղի քանի մը տերեւ
– Աղ, սեւ համեմ
– Մսահիւթ
Պատրաստութիւն
Պրոքոլին պզտիկ կտորներու վերածել, լուալ, ցամքեցնել եւ տաք ձէթին մէջ դարձնել: Ապա աւելցնել մանրուած սոխը եւ կրկին ձէթին մէջ դարձնել:
Պրոքոլիին վրայ մսահիւթ լեցնել, մինչեւ որ երեսը ծածկուի, աղ եւ սեւ համեմ աւելցնել, կափարիչը փակել եւ եփել շուրջ 20 վայրկեան:
Խառնուրդը հարիչի մէջ լեցնել, աւելցնել 50 կրամ ռոքֆոր, 5 սանթիլիթր սերը եւ հարել:
Անմիջապէս լեցնել փոս ամաններու մէջ, երեսը զարդարել մնացեալ ռոքֆորով եւ ազատքեղի տերեւներով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Աղօթք` Մեկնողին
Տէ՛ր, շնորհէ իրեն կեանք, ճամբուն վրայ երազին,
Թող ոչ մէկ ցաւ գայ տանջել հոգին անոր` գիրկին մէջ
Օտարութեան, երբ դառնան դէմքերն անոնց` որ առին
Օր մը հասակ միասին, եղան արցունք, եղան սէր:Տէ՛ր, շնորհէ իրեն կամք, խանդ ու կորով անսպառ,
Որ հոգիին հեւքն իսկոյն, վայրկեաններուն իր անել,
Գիտնայ փոխել նուագի, որ պահերուն իր մինակ,
Սիրտն իր զգայ աւելի՛ լեցուած շունչով մը ընտել:Ու հոգին, Տէ՛ր, որ այսօր իրն է, պահէ՛ անվտանգ,
Պահէ ամբողջ տակաւին քամիներուն դէմ վաղուան.
Հաւատաւոր, հեռագնաց ըրէ քայլերն իր պարման:Իսկ երբ նետէ ժամանակն օր մը ստուերն իր դաժան,
Տէ՜ր, հեռացող սա տղուն խենդ աչքերուն հոգւոյն մէջ,
Մնայ թող միշտ հաւատքի իր բոցէն շող մը անշէջ:ՎԱՀՐԱՄ ՄԱՎԵԱՆ