Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Վարդանանցը Մեր Մշակոյթին Մէջ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հետաքրքրական

Գրիգոր Խանճեանի
«Վարդանանք»-ը

Գրիգոր Խանճեանի «Վարդանանք»-ը հայ կերպարուեստի պատմութեան մէջ մեր ժողովուրդի հերոսական ժամանակաշրջաններէն մէկը պատկերող առաջին մեծաչափ գործն է: Նկարը կը կրէ Եղիշէ պատմիչին` Վարդանանց պատերազմի մասին ըսուած իմաստուն խօսքի խորհուրդը` «Մահ ոչ իմացեալ` մահ է, մահ իմացեալ` անմահութիւն է»:

Նկարին կեդրոնը զօրավար Վարդան Մամիկոնեանն է` ճերմակ նժոյգի վրայ, ձեռքին` սուր, շրջապատուած` զինեալ մարտիկներու բազմութեամբ:

Եթէ ուշադիր նայինք նկարին, կը տեսնենք, որ մարտիկներու շարքին Խանճեանը պատկերած է նաեւ բազմաթիւ յայտնի հայեր` Վարուժան, Կոմիտաս, Սարոյեան, Չարենց, Սեւակ, ֆետայիներ…

Քիչերու ծանօթ է, որ «Վարդանանք-»ը կտաւի չէ վերածուած: Հետագային` 1983-ին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ի պատուէրով, Գ. Խանճեան ստեղծած է համանուն գորգանկարը: Այս մենակերտ ստեղծագործութեան բնօրինակին որոշ կտորները չեն պահպանուած, եւ շատեր կը կարծէին, թէ անոր ամբողջական պատկերը այլեւս չեն տեսներ: Բայց Երեւանի Գաֆեսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ ներկայիս կը գործէ Խանճեանի անունը կրող սրահ մը, ուր «Վարդանանք»-ի կողքին ներկայացուած են նաեւ նկարիչին «Հայոց այբուբեն»-ը եւ «Վերածնուած Հայաստան» ստեղծագործութիւնները:

Եռապատկեր-որմնանկարը մնայուն ձեւով կ՛արժանանայ հայաստանցիներու, սփիւռքահայերու եւ օտար հիւրերու այցելութեան եւ հիացումին:

 

 «Սուրբ Վարդան Մամիկոնեան»
Շքանշան

«Սուրբ Վարդան Մամիկոնեան» շքանշանը Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւ է: Հիմնադրուած է 2002-ին: Այս շքանշանով կը պարգեւատրէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը: Շքանշանը պէտք է կրել կուրծքին աջ կողմը` Տիգրան Մեծ շքանշանէն ետք:

Նշենք, որ «Ս. Վարդան Մամիկոնեան» շքանշանը կը շնորհուի հայրենիքի հանդէպ զինուորական պարտքը կատարելու ընթացքին ցուցաբերած բացառիկ խիզախութեան, ինչպէս նաեւ բանակաշինութեան եւ զօրքերու մարտական պատրաստութեան ապահովման գործէն մատուցած ակնառու ծառայութիւններու համար:

 

Գիւմրիի Վարդանանց
Հրապարակը

Վարդանանց հրապարակը նախապէս կոչուած է Մայիսեան Ապստամբութեան հրապարակ: Անիկա Գիւմրիի ամենամեծ կեդրոնական հրապարակն է, կառուցուած է 1930-ական թուականներուն, ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի նախագիծին հիմամբ:

Հրապարակը զարդարուած է շատրուաններով, իսկ կեդրոնը կը գտնուի Աւարայրի ճակատամարտին նուիրուած յուշարձանը: Այս գեղեցիկ հրապարակը շրջապատուած է կարեւոր շինութիւններով: Գիւմրիի քաղաքապետարան, Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցի, Ս. Եօթը Վէրք եկեղեցի, «Հոկտեմբեր» շարժապատկերի սրահ եւ պանդոկ:

280 x 140 մեթր ուղղանկիւնաձեւ հրապարակը յարմար վայր է զբօսնելու, երեխաները պտտցնելու եւ օրուան հոգերը թօթափելու…

 

Վարդենիսի Մօտակայ Աղբիւրը
Վերածուած Է Սրբավայրի

Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս քաղաքի հարաւային ծայրամասին` Վարդենիս – Այրք ճամբու արեւմտեան կողմը ժայռի խոռոչէ մը աղբիւր մը կը հոսի, տեղացիները զայն կոչած են Վարդան Մամիկոնեանի անունով: Ժայռին մէջ բացուած բնական քարայրը զարդարուած է Ե. դարուն ապրած հայոց սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի դիմանկարներով, որոնց առջեւ տեղացիները կը խոնարհին եւ մոմեր կը վառեն մատուռի վերածուած քարայրի պատերուն:

Աւանդազրոյցի մը համաձայն, հոներու աշխարհ մեկնելու ճանապարհին Վարդան Մամիկոնեանը այս աղբիւրին մօտ դադար առած է եւ` ջուրէն խմած. այս պատճառով ալ տեղացիները աղբիւրը սրբացուցած են, իսկ քարայրը վերածած` պաշտամունքի վայրի:

Բազմաթիւ ազատամարտիկներ Արցախի գոյամարտին մասնակցելէ առաջ երդում տուած են այս աղբիւր-մատուռին մէջ, կը վկայեն շրջանի բնակիչները:

 

Վարդան Մամիկոնեանի
Արձանները

Աւարայրի ճակատամարտի հերոս Վարդան Մամիկոնեանի յիշատակին կառուցուած են երկու արձաններ` մէկը Երեւանի, իսկ միւսը Գիւմրիի մէջ:

Առաջինը կը գտնուի Վարդանանց եւ Խանճեան փողոցներուն կից Օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ: 17 մեթր բարձրութեամբ արձանը պատրաստուած է կոփածոյ պղինձէ եւ կարմրաւուն աւազաքարէ:

Երեւանի Վարդան Մամիկոնեանի արձանի ճարտարապետն է Ստեփան Քիւրքճեան, իսկ քանդակագործը` Երուանդ Քոչար:

Քոչարի արձանը մեծ հետաքրքրութեան եւ բուռն վէճերու առիթ տուած է: Ոմանք հիացած են արձանի ինքնատիպութեամբ, ոմանք ալ մերժած են զայն:

Քոչարեանը շատ կը սիրէր իր այս ստեղծագործութիւնը «Դեռ պատանի հասակից երազել եմ ստեղծել նրա վսեմ կերպարը: Իմ Վարդանը` ձիու վրայ նստած, թուրը բարձրացրած, արշաւում է, բայց չի պաշտպանւում: Նրան պէտք չէ վահան: Այս կռիւը զէնքի զօրութեան կռիւ չէ, այլ` գաղափարի: Նրա դիրքը արդէն յաղթողի վսեմ դիրք է: Վարդանը նստած չէ ձիու վրայ, այլ բարձրացել է մի փոքր, աջ ոտքով յենուել ասպանդակին, որպէսզի էլ աւելի հուժկու լինի թրի հարուածը: Նա ամբողջապէս բաց է, մարմնի ոչ մի մասը պատսպարուած, քանզի նա չի վախենում մահից, նա ընկճել է մահը: Իսկ ձին` իր հաւատարիմ ձին, պէտք է ներդաշնակ լինէր տիրոջ հետ, մարդը եւ կենդանին պէտք է իրար լրացնեն: Ուստի ձին էլ տիրոջ նման պէտք է բացուած լինէր, առջեւի ոտքերը պէտք է կրկնէին տիրոջ ձեռքերի շարժումը, իսկ յետեւի ոտքերը` օդում լինէին», իր յուշերուն մէջ գրած է քանդակագործը:

Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ կը գտնուի «Վարդանանք» պրոնզաձոյլ արձանախումբը` կառուցուած 2008-ին, քանդակագործ Արտուշ Պապոյեանի կողմէ:

Աւարայրի ճակատամարտին նուիրուած յուշարձանին կեդրոնը Վարդան Մամիկոնեանն է 5,5 մեթր բարձրութեամբ պատուանդանի վրայ` ամպերուն մէջ, մէկ ձեռքին խաչ եւ դրօշ, միւսին` սուր:

Երկրորդ պատուանդանի մը վրայ ներկայացուած են հայոց կաթողիկոս Յովսէփ Հողոցմեցին, Ղեւոնդ Երէցը, Սահականուշ իշխանուհին եւ Արտակ Կամսարականը:

 

Խորհուրդ Վարդանանց

Ա.

Գիշեր մը երբեք այսպէս լուռ ու լուրջ,
Չէ դիզուած հսկայ բանակի մը շուրջ:

Եւ բանակ մ՛երբեք խաւարին մէջտեղ,
Չէ եղած այսպէս լուսագեղ, անմե՜ղ:

Երկինքն այս գիշեր երկիրը կ՛օրրէ
Հոգիներն Հայոց իրմով կը խմորէ:

Հոս խաչեր եւ հոն սաղաւարտ ու սուր`
Խաւարի ծովում շիթերն են մաքուր:

Խըթո՜ւմ է կարծես.- «Ամէն կողմ ահա
Կոչնակներու կանչն հանդարտ կը թրթռայ:

Ամէն կողմ սեղան, մոմեր, երէցներ,
Բանակը ճաշակ կ՛առնէ այս գիշեր:

Էն վերջը Վարդան` գլխաբաց, հետի,
Կու գայ հաղորդուիլ արեա՛մբն Յիսուսի:

Բ.

Դաշտն` արշալոյսին խունկ է, կը մըխա՜յ,
Զէնքերու շաչիւնն իր շուրջն է ծնծղայ:

Թշնամի բանակն ամպի պէս խաւար,
Կ՛երեւայ հեռուն եւ կը սահի վար…:

– «Վասըն Յիսուսի, Վասըն Հայրենեաց`
Յառա՜ջ», Վարդանի ձայնը հո՛ն գոռաց…:

Քիչ յետոյ արդէն խառնուրդն է անհուն…
Կեանքէ կեանք կ՛երթան զինուորներն Հայուն…:

Կը նետուին ընդդէմ սուրի՛ն, նիզակի՛ն,
Որոնք խաչերուն վրայ կը կոտրին:

Վարդան, իր ճերմակ ձիով, զըրահով,
Ամէնքէն առաջ, ամէնքին է քով:

– «Յաղթեցինք կ՛ըսէ Պարսիկը փախաւ…»
Եւ կ՛իյնա՜յ` տալով իր հոգին անբաւ…:

Գ.

Մութցած երկինքին ներքեւ` արեւի
Ճաճանչ մը, յանկարծ, գետնէն կը ծագի:

Եւ մութցած, սառած դէմքերուն անշէջ,
Կը մտնէ՜ ամէն Հայու հոգւոյն մէջ:

Վարդանի հոգին, հըրագո՛ւնտ անշէջ,
Կը մտնէ՜ ամէն Հայու հոգւոյն մէջ:

Հոգիներուն մէջ ան կ՛երթայ առաջ`
Հոգիներէն դուրս ցըցած սուր ու խաչ:

Կը զարնէ խաչովն ու սուրովն գիր,
Կը գըրէ, կ՛օրհնէ՜ Վարդանը կարմիր:

Դարերը կ՛անցնին` բայց Վարդա՛նը Քաջ,
Բայց Վարդա՛նը Սուրբ կ՛երթայ միշտ առաջ:

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 569

Trending Articles