Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

50-ը Անց Գեղեցիկ Կիներու Խորհուրդները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ճուլիա Ռոպըրց, Սալմա Հայեք, Սինտի Քրաուֆորտ, Հալի Պերի 50-ը թեւակոխած, բայց տակաւին իրենց հմայքը պահող կիներ են…

Այն տեսքը, որ ունի կինը 20 տարեկանին, բնութեան պարգեւն է, իսկ 40 տարեկանին` անոր ջանքերու պտուղն է: Ասիկա կը նշանակէ, որ հետեւիլ կազմուածքին եւ արտաքինին, զբաղիլ սիրած աշխատանքով, հոպի ունենալ, նոր բան մը ուսումնասիրել` անհրաժեշտ են ոչ միայն երիտասարդ տարիքին, այլ` ամբողջ կեանքի ընթացքին:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ամբողջ աշխարհը իրենց գեղեցկութեամբ ապշեցնող 50-ը անց կիներու խորհուրդները, որոնք շատ աւելի թանկ են, քան` գեղեցկագիտական արտադրութիւնները:

– 1 –

Ուտելիքը` որպէս դաւանանք:

Մենք այն ենք, ինչ կ՛ուտենք: Բժիշկներու կարծիքով, սննդակարգը կ՛ազդէ մորթի որակին եւ տարիքի հետ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն վրայ: Քաթրին Տէօնէօվ, Ճէյն Ֆոնտա, Սոֆիա Լորէն իրենց մորթին փայլքն ու անթերի տեսքը կը վերագրեն իրենց ուտելիքներուն:

– 2 –

Հարցը հագուստի քանակին մէջ չէ, այլ` որակին:

Նոյնիսկ միջին եկամուտ ունեցող կինը կրնայ իրեն համար գնել որակաւոր հագուստ եւ աքսեսուարներ: Այս բոլորը ժամանակի ընթացքին կը դառնան տարեց կնոջ վայելուչ տեսքի գրաւականը:

– 3 –

Տարիքի հետ հասարակական կեանքը չի մեռնիր:

50-ը անց կիներուն մէկ կարեւոր տոկոսը ժամանակը կ՛անցընէ հեռատեսիլին դիմաց, մինչդեռ երբ զաւակները արդէն մեծցած են եւ տեւական ուշադրութեան կարիք չունին, կարելի է աւելի յաճախ թատրոն, մշակութային ձեռնարկներու, ճաշարան եւ, ինչո՞ւ չէ, փապ երթալ եւ բարեկամներու հետ աւելի կապի մէջ մնալ:

– 4 –

Բացայայտել նորը:

Ցանկալի է օրական նոր բան մը սորվիլ` կեանքին հանդէպ հետաքրքրութիւնը պահպանելով: Ասիկա եւս երիտասարդ կը պահէ կինը:

– 5 –

Մարզանքին կարեւորութիւնը:

Մարզանքը անհրաժեշտ է ոչ միայն գեղեցիկ կազմուածք, այլեւ ամուր մկաններ եւ առողջ միտք ունենալու համար: Ճէյն Ֆոնտան լաւագոյն օրինակն է:

– 6 –

Դիմայարդարումը:

Տարիքի հետ դիմայարդարումը պէտք է նուազի, յատկապէս այն, ինչ կը վերաբերի շպարին: Շեշտուած շպարը կը ծերացնէ արդէն իսկ կնճռոտ դէմքը: Դիմայարդարումը նախատեսուած է միայն մորթին թերութիւնները սրբագրելու համար:

– 7 –

Հիւմըրի զգացումը:

Կեանքին պէտք է դրականօրէն նայիլ եւ չփախցնել լուսաւոր պահերը: Իսկ կատակելն ու խնդալը կ՛երիտասարդացնեն եւ կ՛երկարաձգեն կեանքը…

 

 Գնչուական Բաղադրատոմսեր`
Փարթամ Մազեր Ունենալու Համար

Գնչուհիները ծանօթ են իրենց փարթամ, գեղեցիկ ու առողջ մազերով: Կը ներկայացնենք 4 բաղադրատոմսեր, որոնց օգտագործման շնորհիւ հնարաւոր է ունենալ նոյնքան փարթամ ու գեղեցիկ մազեր:

1.- Մեղրով Քսուկ

Առէք հաւկիթ մը, անոր վրայ աւելցուցէք 1 թէյի դգալ մեղր եւ 2 թէյի դգալ ձէթ, խառնեցէք միատարր նիւթ մը ստանալու համար: Այս խառնուրդը տարածեցէք ձեր մազերուն վրայ եւ մատներուն ծայրով մարձեցէք գլխուն մորթը: 15 վայրկեան սպասեցէք, ապա լուացէք ձեր մազերը:

2.- Քոնեաքով Քսուկ

Առէք հաւկիթ մը, աւելցուցէք 2 ապուրի դգալ քոնեաք, խառնեցէք միատարր նիւթ մը ստանալու համար: Ստացուած խառնուրդը տարածեցէք ձեր մազերուն վրայ, մարձեցէք զանոնք, ապա մազերը լուացէք տաք ջուրով:

3.- Սոխով Քսուկ

Առէք միջին չափի սոխ մը, կեղուեցէք եւ շատ մանր մանրեցէք, աւելցուցէք կէս բաժակ ռոմ խմիչք: 24 ժամ սպասեցէք, ապա քամոցէ անցուցէք եւ այդ հեղուկով մարձեցէք ձեր մազերն ու գլխուն մորթը: Այս գործողութիւնը կատարեցէք 2 օրը անգամ մը:

4.- Հաւկիթով Քսուկ

Երկու հաւկիթի դեղնուցները զարնել, 1 բաժակ տաք ջուր աւելցնել եւ ստացուած հեղուկը քսել մազերուն: 1 ժամ սպասել, ապա մազերը լուալ առանց օճառի:

 

 Նորաձեւութիւն

2017-ի Գարնան Պարտադիր Կտորը`
Անթեւ Երկար Բաճկոնը

Գրեթէ բոլոր անուանի ձեւագէտները իրենց գարնանային հաւաքածոներուն մէջ յատուկ կարեւորութիւն տուած են անթեւ, երկար բաճկոններուն: Մասնագէտներու կարծիքով, անոնք կը ծածկեն կազմուածքի որոշ թերութիւններ եւ աւելի սլացիկ տեսք կու տան մարմնին: Ստորեւ քանի մը հետաքրքրական նմուշ:

 

Խոհագիր

Ոսպով Պահքի Ուտեստ

Բաղադրութիւն

– Ոսպ
– Ստեպղին
– Սխտոր
– Ազատքեղ, կանաչ սոխ, անանուխ
– Աղ, սեւ պղպեղ, կարմիր փոշի պղպեղ
– Բուսական իւղ
– Կսկուծ

Պատրաստութիւն

Ոսպը ամբողջ գիշեր մը թրջել պաղ ջուրի մէջ, քամոցէ անցընել եւ մսաղացով աղալ մէկ ստեպղինի, 2 պճեղ սխտորի եւ կանաչեղէններուն հետ: Աւելցնել աղ, սեւ եւ կարմիր պղպեղ եւ ձգել քառորդ ժամ, որպէսզի խառնուրդը կպչուն դառնայ:

Ափերուն մէջ կլոր-տափակ ձեւաւորել խառնուրդը, կսկուծի մէջ թաթխել եւ ապա տապկել բուսական ձէթի մէջ:

Թելադրելի է մատուցել աղցանի մը կողքին:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հերոսական ընկերներով միասին
Կայծակի պէս դու շանթեցիր թշնամուն,
Իտէալների վեհ դրօշը քո ձեռքին,
Քաջի մահով ընկար պատուի սուրբ դաշտում:

Քո սիրելի հայրենիքում նորազատ,
Որ քեզ տուեց դիւցազնի կամք ու կորով,
Ամէն մի սիրտ մորմոքում է քեզ համար,
Եւ գլուխներն խոնարհում են յարգանքով:

Քո ճակատը` յաղթանակով պսակուած,
Մեր պատմութեան մէջ քայլում ես դու փառքով.
Եւ ահա՛ մեր ճակատները խոնարհած
Գործիդ հանդէպ բարձրանում են պարծանքով:

Մեր ցասումը, մեր վրէժը, ո՛վ հերոս,
Քո երկաթէ բազուկիդ մէջ դու տարար,
Եւ զարկեցիր նենգ թշնամուդ բարբարոս,
Ոսոխի դէմ դարձար վահան ու պատուար:

Քե՛զ յաւերժ փառք… հանգչի՛ր խաղաղ ու անդորր.
Նոր հերոսներ կը կայծակեն քո հետքով.
Հայաստանը կը բողբոջի նորից նոր,
Կը զարդարէ քո շիրիմը վարդերով:

ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>