Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Վարքի Հիմնական Կանոններ` Երեխաներուն Համար

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԳԼԵԱՆ

Յաճախ կը պատահի, որ երեխաները իրենց կոպիտ կամ անքաղաքավար ընթացքով նեղ կացութեան մատնեն իրենց ծնողները: Պէտք չէ զանոնք մեղադրել, եթէ փոքր տարիքէն անոնք չեն սորված կենցաղավարութեան հիմնական կանոնները:

Ստորեւ` վարքականոնի պարտադիր կէտեր` միշտ ի մտի ունենալով, որ երեխաներուն լաւագոյն օրինակը ծնողներն են:

. Երեխային սորվեցնել «խնդրեմ» ըսել, երբ ան որեւէ բան պիտի ուզէ:
. Երբ ան բան մը ստանայ, պէտք է «շնորհակալութիւն» յայտնէ:
. Երբ երեխան սխալի «ներողութիւն» պէտք է ըսէ:
. Ան պէտք է գիտնայ, որ մեծերուն խօսակցութեան միջամտելը կամ անոնց խօսակցութիւնը ընդհատելը սխալ է:
. Երբ երեխան ուրիշէն իր մը պիտի վերցնէ, անպայման պէտք է ստանայ տիրոջ հաւանութիւնը:
. Երեխան պէտք չէ բացասական բառեր, հայհոյանքներ օգտագործէ, մանաւանդ` ուրիշներու ներկայութեան:
. Բոլոր մարդիկ ի ծնէ հաւասար են, հետեւաբար երեխան պէտք չէ ծաղրէ ուրիշը` ֆիզիքական թերութիւններուն համար:
. Երբ երեխան սենեակ մը պիտի մտնէ, նախքան մտնելը անպայման դուռը պէտք է թակէ:
. Եթէ խաղի ատեն կամ այլուր սխալմամբ ուրիշին զարնուի, ան անմիջապէս ներողութիւն պէտք է խնդրէ:
. Երբ պիտի յօրանջէ ան ձեռքով բերանը պէտք է ծածկէ:
. Ընկերներու, ծանօթներու հանդիպելու պարագային ան անպայման պէտք է բարեւէ:
. Ճաշի սեղանին շուրջ ան պէտք է վարժուի դգալ, դանակ եւ պատառաքաղ գործածել:
. Լեցուն բերնով ան պէտք չէ խօսի:

Շարքը երկար է, սակայն այսքանն իսկ բաւարար է, որ երեխան դառնայ բարեկիրթ եւ օրինակելի:

 

Կ՛արժէ Մտածել…

Պահքը Նիհարնալու
Միջոց Չէ

Այս տարի Մեծ պահքը սկսաւ փետրուար 27-ին եւ պիտի երկարի մինչեւ ապրիլի 16-ը` Ս. Զատիկ:

Պահքը օգտակար է նաեւ բժշկական տեսակէտէ, քանի որ գարնանամուտը առանց ճարպային, կենդանական սնունդի անցընելը դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ մեր մարմնին վրայ: Սակայն սխալ է այն մտայնութիւնը, որ պահքը նիհարնալու միջոց է:

Պահքը չի սահմանափակուիր միայն կենդանական սնունդէ հրաժարումով. անիկա առաջին հերթին հոգեկան ու բարոյական ամէն տեսակի ախտերէ եւ գործերէ մաքրուիլն է, զղջումով եւ ապաշխարութեամբ աստուածահաճոյ եւ արաքինի կեանքի դառնալն է:

Պահքի շրջանին կարեւոր է պահպանել հոգեւորը, ինչպէս եզնիկ կողբացին կ՛ըսէ. «Մէկը կրնայ անասունի միս չուտել, բայց անընդհատ իր եղբօր միսը ծամել»:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարք

Ինչպէ՞ս Կիտրոնը Երկար Ժամանակ
Թարմ Պահել

Որպէսզի կիտրոնը երկար ատեն թարմ պահուի, նախընտրելի է զայն սառնարանը պահել: Որպէս գլխաւոր կանոն` վնասուած կիտրոնը սառնարանը մի՛ պահէք, անմիջապէս սպառեցէք, մնացեալները չվնասելու համար:

Փորձառուներու կարծիքով, կիտրոններու պահպանման լաւագոյն տարբերակը զանոնք փականով օժտուած կերպընկալ տոպրակի մէջ պահելն է. այսպիսով անոնք 4 շաբաթ սառնարանին մէջ թարմ եւ առողջ կը մնան:

Դիւրին եւ նոյնքան ազդու տարբերակ մըն է իւրաքանչիւր կիտրոն ալիւմինիոմ թերթով փաթթել եւ սառնարանին բանջարեղէնի գզրոցին մէջ պահելը:

Կ՛արժէ փորձել…

 

Ննջարանին Օդը Մաքրող
Եւ Քունը Բարելաւող Բոյսեր

Անհանգիստ քուն, գիշերային մղջաւանջներ, անքնութիւն, աբնէա … ասոնց պատճառները բազմաթիւ են` սկսած ընկճախտէն մինչեւ նստակեաց կեանք, սենեակի օդի ապականում եւ այլն… Ամէն պարագայի գոյութիւն ունի քունը բարելաւելու պարզ եւ անվտանգ միջոց: Պարզապէս տեղադրեցէք այս 5 բոյսերէն մէկը ննջարանին մէջ եւ կը նկատէք, որ ձեր քունի որակը զգալիօրէն բարելաւուեր է:

 Ալոէ Վերա

Այս սենեկային բոյսը մեծ քանակութեամբ թթուածին կ՛արտադրէ, այսպիսով մաքուր կը պահէ ննջարանին օդը եւ կը բարելաւէ քունի որակը: ՆԱՍԱ-ն Ալոէ Վերան ներառած է օդին որակը բարձրացնող լաւագոյն սենեկային բոյսերու ցանկին վրայ:

 

Նարդոս (Լաւանտ)

Հարիւրամեակներէ ի վեր մարդկութեան ծանօթ է այս բոյսին հանգստացնող յատկութիւնները: Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ անիկա կը դանդաղեցնէ քունին դանդաղ փուլը եւ կը կրճատէ արագ փուլը. այսպիսով մարմնին կ՛օգնէ աւելի դիւրին արթննալ` աւելի կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ:

 

Յասմիկ

Յասմիկին բոյրը կը բարելաւէ քունին որակը եւ կ՛օգնէ պայքարելու տագնապի եւ ընկճախտի դէմ: Այս բոյսը օժտուած է հանգստացնող յատկութեաբ եւ կը նուազեցնէ ջղագրգիռ վիճակը:

 

Բաղեղ

Բաղեղը մագլցող բոյս է, եւ շատ դիւրին է զայն աճեցնել սենեակի մէջ: Անիկա զգալիօրէն կը բարելաւէ օդին որակը, քանի որ կը կլանէ թունաւոր նիւթերը եւ թթուածին կ՛արտադրէ: Բաղեղը 94 առ հարիւրով կը նուազեցնէ օդին մէջ բորբոք քանակը:

 

Սանսեվիերա

Սանսեվիերան կամ զոքանչի լեզուն շատ յարմար սենեկային բոյս է. անիկա կը կլանէ թունաւոր նիւթերթ եւ ածխաթթու կազը` միաժամանակ մեծ քանակութեամբ թթուածին արտադրելով: Սանսեվիերան հրաշալի ընտրութիւն է բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛ուզեն ձերբազատիլ քունի հետ կապուած հարցերէ եւ բարելաւել ընդհանուր մթնոլորտը:

Բոյսը տան մէջ միշտ գեղեցիկ է եւ հաճելի, բայց եթէ ան նաեւ կը մաքրէ օդը եւ կը լուծէ անքնութեան հետ կապուած հարցերը, պատճառ մը աւելի, որ կառչինք անոր:

 

Խոհագիր

Ժիւլիէն

Բաղադրութիւն

– 500 կրամ սունկ (նախընտրաբար թարմ)
– 3 ապրուրի դգալ ձէթ
– 30 կրամ դեղին պանիր (կրիւյէր, էմանթալ, ֆոնտել…)
– Պեշամել թացան` 250 միլլիլիթր

Պատրաստութիւն

Սունկերը կտրատել եւ ձէթին մէջ տապկել: Քիչ մը մէկ կողմ ձգել զարդարանքի համար:

Սունկերուն վրայ աւելցնել պեշամել թացանին կէսը եւ խառնել:

Խառնուրդը լեցնել հողէ փոքրիկ ամաններու մէջ, աւելցնել մնացեալ թացանը, իւրաքանչիւրին երեսը կտրատել եւ շարել պանիրի կտորները եւ զարդարել մէկ կողմ դրուած տապկուած սունկով:

Ամանները փոխադրել 200 ջերմաստիճանով նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եւ եփել 20-25 վայրկեան:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Երկու Աւերակներ

1.

Հին օրերուն,
Երբ դեռ սիրտըս վարդի մը վէս փթթումն ունէր,
Ու երազը դեռ աչքերուս հոյլ-հոյլ քերթուած կը ծորէր,
Հին օրերուն,
Լիբանանի սոճիներուն կախարդանքը արիւնիս մէջ`
Ես կ՛երթայի Պաալպեքի աւերակները դիտելու:
Ի՜նչ մռայլ փառք էր, ի՜նչ հեթանոս շքեղանք,
Արեւելեան մայրամուտի կանաչ-բոսոր շողերուն տակ,
Փռուած անոնց կիսակործան սիւներն ի վար.
Ի՜նչ լուսեղեն, մեծ վայելուչ քերթուած էր այդ`
Կանաչ-բոսոր շողերուն տակ…
-Չկա՛յ, չկա՛յ,- կը խորհէի, հիացումի արցունքներով,
– Այս կործանած պալատներուն փառքն ունեցող
Չկա՛յ, չկա՛յ…
Ու, Գեղեցկին ես սիրահար ու միամիտ պատանի`
Մութ նախանձի մ՛անմեկնելի գալարումը կ՛ունենայի
Այդ քարերուն հանդէպ տրտում, ջարդուած…

2.

Հին-հին օրերը անցան.
Սիրտս ոչ եւս վարդի մը վէս փթթումն ունի.
Ալ երազը աչքերուս մեջ հոյլ-հոյլ քերթուած չի ծորեր:
Եւ ալ չ՛երգեր, արիւնիս մեջ,
Կախարդ երգը Լիբանանի քնարերգակ սոճիներուն.
Հին-հին օրերը անցան…

Հիմա, սակայն, շատ իրիկուն,
Երբ կը քալեմ այս գունաթափ երկնքին տակ,
Ու կը խորհիմ, այնպէս յանկարծ,
Պաալպեքի հին, կործանած պալատներուն`
Ալ չեմ ըսեր.
– Չկա՛յ, չկա՛յ անոնց մռայլ փառքն ունեցող.
Ալ չեմ ըսեր, ինչու որ կա՛յ…

3.

Ահ, հոյակա՜պ քերթուածը իմ հոգիիս,
Իմ աւերակ, իմ քարուքանդ հոգիիս..

ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>