Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Շատեր քնանալէ առաջ կը լուացուին, ակռաները կը խոզանակեն, դէմքին շպարը կը մաքրեն… Սակայն ոչ բոլորը ուշադրութիւն կը դարձնեն իրենց մազերուն: Ոմանք կը գործեն այնպիսի սխալներ, որոնք կը վնասեն մազերուն առողջութեան եւ կը փճացնեն զանոնք:
Ահաւասիկ մազերու կապուած ընթացիկ 3 սխալներ, որոնցմէ պէտք է խուսափիլ,
– 1 –
Քնանալ Թաց Մազերով
Շատ սխալ է թաց մազերով քնանալը, թաց մազերը գիշերուան ընթացքին չեն չորնար եւ մինչեւ առտու խոնաւ կը մնան: Իսկ խոնաւութիւնը բազմաթիւ հիւանդութիւններ կրնայ պատճառել գլխու մաշկին:
– 2 –
Քնանալէ Առաջ Մազերը Կապել
Քնանալէ առաջ պէտք չէ մազերը կապել, քանի որ անոնք կը տկարանան: Երկար մազերը ամփոփելու համար կարելի է թոյլ հիւսք մը ընել, փոխանակ զանոնք պրկելու եւ քաշելու:
– 3 –
Քնանալէ Առաջ Մազերը Երկար Ժամանակ Մանտրել
Շատ տարածուած սխալ է քնանալէ առաջ մազերը երկարատեւ սանտրելը: Սխալ կարծիք է, որ մազերը երկար սանտրելով անոնք կը փափկանան, ընդհակառակը անոնք աւելի զգայուն կը դառնան եւ կը վնասուին: Սանտրելու արարողութիւնը պէտք չէ երկար տեւէ:
Մեր Առողջութեան Վնասող
Հագուստներ Եւ Աքսեսուարներ
Նեղ Ճինզեր
Նեղ ճինզերը վնասակար են առողջութեան, քանի որ անոնք կը սեղմեն մկանները եւ կը խոչընդոտեն անոնց աշխատանքը: Նեղ ճինզերը նաեւ կը խանգարեն արեան շրջագայութիւնը: Նախապատուութիւնը պէտք է տալ քիչ մը լայն տարբերակներուն:
Խոշոր Եւ Ծանր Պայուսակներ
Խոշոր եւ ծանր պայուսակները կը վնասեն ողնայարին: Եթէ ամբողջ օրուան ընթացքին ծանր իրեր փոխադրելը պարտադիր է, նախապատուութիւնը պէտք է տալ այն տարբերակներուն, որոնք կռնակը կը հաստատուին` զոյգ ուսերէն կախուելով:
Բարձրակրունկ Կօշիկներ
Բարձրակրունկ կօշիկները եւս կը վնասեն ողնաշարին, մէջքին եւ ոտնաթաթերուն:
Նախապատուութիւնը պէտք է տալ փոքր կրունկով կօշիկներուն` հրաժարելով երկու ծայրայեղութիւններէն:
Ծանր Օղեր
Ծանր օղերը կը լայնցնեն ականջին անցքը եւ տգեղ տեսք կու տան անոր: Նախընտրելի է ընտրել աւելի թեթեւ եւ փոքր տարբերակները:
Նաեւ պէտք է խուսափիլ անծանօթ մետաղներէ պատրաստուած օղերէն, անոնցմէ շատեր մորթի բորբոքումներ կը պատճառեն: Նախապատուութիւնը պէտք է տալ ոսկեայ եւ արծաթեայ տարբերակներուն:
Արհեստական Թարթիչները
Արհեստական երկար թարթիչները փոշիէն նուազ լաւ կը պաշտպանեն աչքը, քան բնական երկարութիւն ունեցողները: Նաեւ զանոնք հաստատող սոսինձը կրնայ գրգռել աչքերը: Մասնագէտներու կարծիքով «Մասքարա»-ի օգտագործումը նախընտրելի է:
Առողջապահական
Կիներու Վաղաժամ Մահուան
Գլխաւոր Պատճառները
Գիտական հետազօտութիւններէ մեկնելով, գիտնականներ կը բացայայտեն կիներու վաղաժամ մահուան գլխաւոր պատճառները:
Երեք հիմնական գործօններու մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ արեան բարձր ճնշումը, երկրորդ տեղը` գիրութիւնը եւ վերջապէս երրորդ տեղը` երկրորդ կարգի շաքարախտը:
Նոյն գիտնականներուն համաձայն մարմնին մէջ աղի բարձր տոկոսը, սխալ սննդակարգը, կենսանիւթերու պակասը, բարձր քոլեսթերոլը եւ ծխախոտի գործածութիւնը նոյնպէս կը կրճատեն կնոջ կեանքը:
***
Մեր Լեզուին Գոյնը Կը Պատմէ
Մեր Առողջութեան Մասին
Մեր լեզուն կրնայ որոշ տեղեկութիւն տալ մեր առողջական վիճակին մասին: Լեզուի օգնութեամբ հիւանդութիւններու ախտորոշման համակարգ կայ` ըստ տեսքի, չափի, գոյնի եւ կառուցուածքի:
Մասնագէտներու կարծիքով`
– Բաց վարդագոյնը լեզուի բնական գոյնն է:
– Կարմիր գոյնը նշան է մարմնին մէջ գոյութիւն ունեցող որոշ բորբոքումի:
– Վառ կարմիրը կը մատնանշէ սիրտի կամ արեան կապուած հիւանդութիւններ:
– Դեղին գոյնը նշան է ստամոքսի եւ լեարդի խանգարումներու:
– Մանիշակագոյնը թոքերու եւ սիրտի անհանգստութիւններ կը մատնանշէ:
– Կապոյտ գոյնը երիկամներու հիւանդութեան նշան է:
– Սպիտակ գոյնը կրնայ ջրազրկման, հարբուխի կամ վարակի նշան ըլլալ:
– Մոխրագոյնը աղիք-ստամոքս համակարգի խանգարման նշան կրնայ ըլլալ:
Ձեռքի Դիմակներ
Փափկացնող Դիմակ
5 ապուրի դգալ վարսակի փաթիլներուն աւելցնել 2 ապուրի դգալ եռացած սեւ թէյ: Ստացուած խառնուրդով ծեփել ձեռքերը. սպասել մէկ ժամ, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:
Եթէ հնարաւորութիւն ունիք դիմակը ձգեցէք ամբողջ գիշերը` ձեր ձեռքերուն ձեռնոց անցընելով. արդիւնքը աւելի ազդու կ՛ըլլայ:
***
Թարմացնող Դիմակ
Քերիչէ անցընել խնձոր մը, աւելցնել 3 թէյի դգալ ձիթապտուղի ձէթ եւ մէկ թէյի դգալ մեղր: Խառնուրդով ծեփել ձեռքերը, ձգել 20 վայրկեան, ապա լուացուիլ տաք ջուրով: Այս դիմակը նոյնքան օգտակար է դէմքին համար:
***
Հանգստացնող Դիմակ
4 փոքր գետնախնձոր խաշել, ճզմել եւ խառնել 4 ապուրի դգալ կաթի հետ: Ստացուած տաք խիւսին մէջ մխրճել ձեռքերը մինչեւ որ խառնուրդը պաղի… Արդիւնքը շատ գոհացուցիչ է:
Յիշողութիւնը Բարելաւող Եւ
Ուղեղին Աշխատանքը Խթանող
15 Մթերք
Մեր մարմինին աշխատանքի որակը մեծ մասամբ կապուած է մեր սննդակարգէն. ոչ առողջապահական սնունդը մեզ կ՛առաջնորդէ առողջական զանազան հարցերու:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 15 բնական եւ առողջարար ուտելիքներ, որոնք կ՛օգնեն բարելաւելու յիշողութիւնը, կը խթանեն ուղեղին աշխատանքը, կը վերականգնեն տեսողութիւնը եւ կը պաշտպանեն ոսկորները:
– ՃԱԿՆԴԵՂԸ կը խթանէ ուղեղին եւ առհասարակ ամբողջ մարմնին արեան շրջագայութիւնը:
– ՀԱՒԿԻԹԸ կ՛ապահովէ ուղեղին առողջութիւնը:
– ԽՆԿՈՒՆԻՆ կ՛օգնէ կեդրոնացումին եւ ուշադրութեան բարելաւման: Անոր բոյրը կը խթանէ մտային կարողութիւնները:
– ԱՒՈՔԱՏՈՆ կ՛արագացնէ արեան հոսքը դէպի ուղեղ:
– ՁՈՒԿԸ, շնորհիւ Օմեկա 3-ին եւ ճարպաթթուներուն, կ՛ապահովէ ուղեղին առողջութիւնը:
– ՀԱՊԱԼԱՍԸ հարուստ է հակաօքսիտաններով, որոնք կը կանխարգիլեն ուղեղին վնասուածքները:
– ԸՆԿՈՒԶԵՂԷՆԸ մարմինն ու ուղեղը կը յագեցնէ թթուածինով: Անոնք նաեւ հարուստ են ճարպաթթուներով, որոնք կը բարելաւեն մտային կարողութիւնները:
– ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՑԱՀԱՏԻԿՆԵՐԸ, շնորհիւ իրենց պարունակած մանրաթելերուն, ածխաջուրերուն եւ – Օմեկա-3 ճարպաթթուներուն, կ՛ապահովեն ուղեղին առողջութիւնն ու մտային կարողութիւնները:
– ԿԱՆԱՉ ԹԷՅԸ օրական 2-3 բաժակ խմելու պարագային կը բարելաւէ կեդրոնացումը եւ յիշողութիւնը:
– ԿԱՂԻՆԸ մեծ քանակութեամբ Պէ.12 կենսանիւթը կը պարունակէ, ինչպէս նաեւ ֆոլաթթու. ասոնք ուղեղը կը պաշտպանեն ջղային ցնցումներէ:
– ԼՈԼԻԿԸ հարուստ է լիքոբէն կոչուած հակաօքսիտանով, որ ուղեղը կը պաշտպանէ արտաքին վտանգներէ եւ կ՛ապահովէ անոր առողջական վիճակը:
– ՔՐՔՈՄԸ
– ՍԵՒ ՏՈՒՐՄԸ
– ՍՈԽԸ
Ինչպէս կը նկատէք բոլոր այս մթերքները մեզի հասանելի, մատչելի են, ուրեմն ինչո՞ւ զանոնք չօգտագործենք մեր կերակուրներու, աղցաններու կամ աղանդերներուն մէջ եւ կ՛օգտուինք անոնց բարիքներէն:
Խոհագիր
Դդումով Եւ Ռոքֆորով Թարթ
Բաղադրութիւն 6 անձի համար
– 1 ծրար «փաթ պրիզէ» խմոր
– 4 դդում
– 100 կր. ռոքֆոր պանիր
– 3 հաւկիթ
– 15 սանթիլիթր սեր
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:
Դդումները լուալ եւ բարակ, կլոր շերտել:
Հաւկիթները կոտրել փոս ամանի մը մէջ, աւելցնել սերը եւ «զարնել»: Աւելցնել խորանարդաձեւ կտրտուած ռոքֆորը, թեթեւօրէն աղել եւ համեմել:
Խմորը տարածել ափսէին մէջ, յատակը պատառաքաղով ծակծկել, շարել դդումի շերտերը, վրան թափել հաւկիթով խառնուրդը եւ փուռին մէջ եփել 30-35 վայրկեան: Հրամցնել գաղջ վիճակի մէջ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ափերիս մէջ…
Ափերիս մէջ մի բո՜ւռ երկինք,
Մի շող հաւատ ումի կում սէր,
Մի հոգետուն` տա՜ք ու գողտրիկ,
Մի ողջ աշխարհ` ափերիս մէջ:Ափերիս մէջ մի շուրթ ծիծաղ,
Մի արցունք լաց սարսռածին,
Ափերիս մէջ` խոնաւ ու թաց,
Դիւթի՜չ արեւ բերկրածին:Ափերիս մէջ` կարօտ անբաւ,
Քաղց գրգանքի, երգ սիրազեղ,
Ափերիս մէջ` ոգու ծարաւ,
Եւ մանկածին երազ անմեղ:Ափերիս մէջ` ձմեռ կանաչ,
Տերեւաթափ ու խե՜նթ գարուն,
Ափերիս մէջ` մի ապրած կեա՜նք,
Դեռ չապրածիս յոյսեր անհո՜ւն:Ափերիս մէջ` թէական կեանք,
Երազներով խանդավառուած,
Ափերիս մէջ խինդ ու բերկրանք,
Թախիծ ու լաց` վաղո՜ւց սպառուած:Ամո՜ւր բռնի՛ր իմ ափերը,
Ամո՜ւր փարուի՛ր իմ ափերին,
Բայց չսեղմե՛ս, տես` չփակուեն
Յո՜յժ ծանրացած ափերը իմ:Իմ ափերի անա՜նց ծովում
Քո խենթ սէրն է հանգրուանում…Ամո՜ւր բռնիր ափերը իմ…
ՆԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
19.04.14