Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Հեքիաթին Ազդեցութիւնը Երեխայի Զարգացման Վրայ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հեքիաթը երեւակայական ուրախ աւարտով պատմութիւն մըն է` բարի եւ չար հերոսներու մասնակցութեամբ:

Հոգեբաններու եւ մանկավարժներու կարծիքով, հեքիաթներու շնորհիւ երեխաները կը ստեղծեն իրենց երեւակայական աշխարհը, իրենք զիրենք կը պատկերացնեն այդ հերոսներու դերին մէջ եւ անոնցմէ օրինակ առնելով` կը սորվին բարին:

Բժշկութեան մէջ շատոնց գոյութիւն ունի հեքիաթի ճամբով դարմանումը, որուն միջոցով ծնողներն ու մասնագէտները կը փորձեն լուծել երեխային հոգեբանական հարցերը:

Եթէ երեխային մօտ վախ կը տիրէ, պէտք է անոր յօրինել հեքիաթներ անվախ ու խիզախ հերոսներով, կ՛ըսեն հոգեբանները` աւելցնելով, որ ծնողները կրնան յօրինել հեքիաթներ, որոնց հերոսը պարզապէս իրենց փոքրիկը ըլլայ:

Երեխային կարելի է հեքիաթ պատմել շատ կանուխէն, հեքիաթ պատմելը պէտք է վերածել արարողութեան եւ նախընտրաբար քնանալէ առաջ:

Հեքիաթ պատմելու սովորութիւնը ունի բազմաթիւ առաւելութիւններ`

ա.- Կը զարգացնէ փոքրիկին երեւակայութիւնը:
բ.- Կը սորվեցնէ դառնալ բարի եւ ազնիւ:
գ.- Քիչ-քիչ երեխային մէջ կ՛արթնցնէ գիրքի հանդէպ սէր եւ հետաքրքրութիւն:
դ.- Երեխային կը պատրաստէ քունի:
ե.- Կ՛ամրապնդէ ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնները:

 

Հոգեբանական Փորձ

 Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Տեսողական խաբկանքը հրաշալի եւ պարզ միջոց է իմանալու համար, թէ ի՛նչ կը պատահի մեր հոգիին մէջ:

Ուշադիր նայեցէք նկարին եւ ըսէք, թէ ի՛նչ տեսաք առաջին հերթին. առագաստանա՞ւ, ամպե՞ր, երկուքը միասի՞ն, թէ՞ ուրիշ բան, ապա կարդացէք եւ ծանօթացէք ձեր ներաշխարհին:

Ամպեր

Եթէ առաջին հերթին ամպեր տեսաք, դուք զգայուն եւ վիպապաշտ անձ էք: Շատ յաճախ իրականութիւնը կը շփոթէք ձեր երեւակայութեան հետ: Ջանացէք ձեր ոտքերը գետնին վրայ ամուր պահել, եթէ չէք ուզեր անընդհատ հիասթափութիւններ ապրիլ:

***

Առագաստանաւեր

Եթէ առաջին հերթին առագաստանաւեր տեսաք, շատ հաւանաբար յոգնած էք ձեր գործէն եւ առօրեայէն եւ ցրուելու ու հանգստանալու կարիքը ունիք: Մի՛ անտեսէք սեփական կարիքները, ականջ տուէք ձեր մարմնի պահանջներուն: Աշխատանքն ու մնացեալ հոգերը թող քիչ մը սպասեն…

***

Ուրիշ Բան

Եթէ դուք առաջին հերթին տեսաք ալիքներ, կամարներ կամ կամուրջ, կը նշանակէ, որ դուք ստեղծագործական շնորհներով օժտուած, շատ անսովոր մարդ էք: Դուք կ՛ընէք այն, ինչ ձեզ կը հետաքրքրէ, երբեք չէք տարուիր ձեր շրջապատէն, պարզապէս կը վարէք անկախ մարդու կեանք:

 

 Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ

– 1 –

Որպէսզի պանանները շուտով չհասուննան եւ չսեւնան, անոնց կոթերը փաթթեցէք կերպընկալ թուղթով:

– 2 –

Որպէսզի սրճագոյն շաքարը չկարծրանայ եւ չքարանայ, տոպրակին մէջ երկու կտոր «մարշ մելօ» դրէք եւ տոպրակին բերանը փակեցէ՛ք:

– 3 –

Որպէսզի կաթսային ջուրը եփի ժամանակ չյորդի, փայտեայ դգալ մը զետեղեցէք անոր երեսին:

– 4 –

Կիսուած աւոքատոն թարմ պահելու համար անոր կողքին կտոր մը սոխ դրէք եւ ամանին կափարիչը փակեցէք:

– 5 –

Ձեր խմիչքները ճանճերէն կամ փոշիէն պաշտպանելու համար զանոնք ծածկեցէք քափ քէյքի թուղթէ կաղապարներով` անոնց կեդրոնը մէկական ըմպաձողիկ հաստատելով:

 

Ինչպէ՞ս Աւելի
Բարձրահասակ Երեւիլ

Բարձրահասակ երեւելու համար անհրաժեշտ է պարզապէս ճիշդ հագուստ ընտրել: Հագուստի միջոցով կարելի է տեսողական առումով երկարեցնել ոտքերը եւ աւելի բարձրահասակ երեւիլ:

1.- Ճիշդ Տաբատ Ընտրեցէ՛ք

Երբեմն բարձրահասակ երեւելու համար պէտք է երկար ոտքերու պատրանք ստեղծել: Այս պատճառով ալ բարձր մէջքով տաբատներ կրեցէք եւ կ՛ապահովէք սլացիք տեսք:

***

2.- Ճիշդ Փէշ Ընտրեցէ՛ք

Եթէ ձեր տարիքն ու կազմուածքը կ՛արտօնեն, ընտրեցէք կարճ փէշեր, որոնք աւելի երկար եւ սլացիք կը դարձնեն ձեր սրունքները:

***

3.- Միագոյն Հագուստ Ընտրեցէք

Երբ միագոյն հագուստ կը հագնիք, ձեր կերպարը աւելի ներդաշնակ կ՛երեւի: Ոճաբանները կը թելադրեն մութ գոյնի հագուստներ ընտրել, քանի որ անոնք աւելի բարձրահասակ տեսք կու տան:

***

4.- Նախապատուութիւնը Տուէ՛ք Ուղղահայեաց Գիծերուն

Ուղղահայեաց գիծերը սլացիք տեսք կու տան մարմնին: Ընտրեցէք ուղղահայեաց գիծերով շապիկներ, տաբատներ, փէշեր:

***

5.- Ընտրեցէ՛ք Վէ. Կտրուածք Ունեցող Շապիկներ

Եթէ կ՛ուզէք բարձրահասակ երեւիլ, խուսափեցէք վիզը ծածկող օձիքներէն: Բաց պարանոցը տեսողական խաբկանք կը ստեղծէ եւ աւելի բարձրահասակ կ՛երեւիք:

***

6.- Մարմնագոյն Կօշիկ Ընտրեցէ՛ք

Մարմնագոյն, պէժ կօշիկները աւելի երկար եւ սլացիք տեսք կու տան սրունքներուն, մինչդեռ մութ գոյնի, երեսը կապով կօշիկները, «կը կտրեն» հասակը: Բրիտանիոյ Քէյթ Միտլթըն իշխանուհին յաճախ կը կրէ նման կօշիկներ:

 

Խոհագիր

Ձմերուկով Աղցան

Բաղադրութիւն

– Կէս ձմերուկ
– 200 կրամ ֆեթա պանիր
– Թարմ անանուխի, կոտեմի, ռեհանի կամ գինձի տերեւներ
– 10 սեւ ձիթապտուղ
– Կէս կիտրոնի հիւթ
– Ձէթ
– Աղ

Պատրաստութիւն

Ձմերուկը կեղուել եւ խորանարդաձեւ կտրտել:

Ֆեթա պանիրը նոյնպէս խորանարդաձեւ կտրտել կամ մատներով փշրել:

Ձմերուկն ու ֆեթան փոխադրել աղցանի ամանի մը մէջ, աւելցնել  կուտերը հանուած սեւ ձիթապտուղները:

Կէս կիտրոնի հիւթը, մէկ ապուրի դգալ ձէթը եւ աղը խառնել եւ աւելցնել աղցանին:

Զարդարել վերը յիշուած խոտերէն մէկով` ըստ ճաշակի:

Հրամցնել պաղ վիճակով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Մայր

Մա՛յր իմ, նոր եմ հասկանում, որ Հայաստանն էիր դու
Որի սրտով աշխարհի բոլոր հողմերը անցան,
Որ դու էիր հերարձակ ու արցունքոտ, ու տրտում
Նստել աւեր Անիի բեկորներին սրբազան:

Մա՛յր իմ, նոր եմ հասկանում, որ Հայաստանն էիր դու
Այդքան փխրուն ու ամուր, այդքան տանջուած ու արդար,
Խորհրդաւոր մեր ոգին, մեր արեան ձայնն էիր դու,
Որի գաղտնիքը, աւաղ, անզօր եղայ ես կարդալ:

Մա՛յր իմ, նոր եմ հասկանում, որ Հայաստանն էիր դու
Որի առջեւ երկիւղած կարկամել եմ ու լռել,
Եւ սիրոյ խօսքն իմ չասուած, խոստովանանքն իմ տրտում
Արթնանում է գիշերով ու մղկտում ինքնիրեն…

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>