Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Կին Դէմքեր. Քարոլին Ռաֆայէլեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ամերիկեան «Ֆորպս» թերթի յունիսի թիւին կողքը նուիրուած է «Ալեքս էնտ Անի» ոսկերչական ընկերութեան հիմնադիր Քարոլին Ռաֆայէլեանին:

Նշենք, որ «Ֆորպս»-ի վերոյիշեալ թիւը յատկացուած է ինքնուրոյն կայացած ամենահարուստ կիներուն, իսկ Ռաֆայէլեանը ցուցակին 2-րդ դիրքը կը գրաւէ:

«Ալեքս էնտ Անի» ոսկերչական ընկերութիւնը Քարոլինը հիմնած է 2004-ին, Ռոտ Այլընտի մէջ, իր հօր հիմնադրած ոսկերչական գործարանը զարգացնելով: Ընկերութիւնը նշանաւոր է առաւելաբար իր ապարանջաններով:

Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ժապաւէնին նիւթով հայ գործատիրուհին վերջերս ապարանջաններ պատրաստած է` «քիփ տը փրոմիս» (պահէ խոստումը) գրութեամբ:

 

Այլազան

Յունիս 2-ը Ծնողներու
Համաշխարհային Օրն Է

Յունիս 2-ը Ծնողներու համաշխարհային օրն է:

Այս օրը ճշդուած է ՄԱԿ-ի կողմէ` պատուելու համար աշխարհի բոլոր ծնողները:

Լաւ ծնող ըլլալու 10 պատուիրանները.

1.- Սիրել զաւակը` առանց նախապայմաններու,
2.- Զաւկին արգիլել միայն այն, ինչ կը սպառնայ անոր անվտանգութեան,
3.- Բարի օրինակ ծառայել անոր,
4.- Ժամանակ տրամադրել զաւկին,
5.- Յարգել անոր անհատականութիւնը,
6.- Հոգատարութիւն ցուցաբերել զաւկին,
7.- Փափկանկատ վերաբերմունք ունենալ եւ ուրիշներու ներկայութեան զայն չվիրաւորել, չմեղադրել եւ չյանդիմանել,
8.- Զաւակը ընդունիլ այնպէս, ինչպէս որ է,
9.- Յարգել զաւկին որոշումները, լսել անոր կարծիքը,
10.- Զաւկին թիկունք կանգնիլ, բայց միջամտել միայն հարկ եղած ատեն:

Յունիս 2-ը «Տոնաթ»-ի
Ազգային Օրն Է

Յունիս 2-ը շատերու սիրելի «տոնաթ» կարկանդակի ազգային օրն է:

Զուտ ամերիկեան այս օրը հաստատուած է 1938-ին, Շիքակոյի Armée du Salut-ին կողմէ` ի յարգանս բոլոր այն կիներուն, որոնք Ա. Աշխարհամարտին «տոնաթ» բաժնեցին Armée du Salut-ի զինուորներուն:

Անուաձեւ այս քաղցրեղէնը օրին տապկուած եւ երեսը փոշի շաքար ցանուած կարկանդակ մըն էր, այսօր կան անոր քանի մը տասնեակ տարբերակները եւ ամբողջ աշխարհի մէջ հոգի կու տան անոնց համար:

 

Հոգեբանական Փորձ

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Մարդուն ուղեղը բաղկացած է աջ եւ ձախ կիսագունդերէ: Կիսագունդերը մարդոց մօտ տարբեր չափերով զարգացած կ՛ըլլան: Ձախ կիսագունդը կը յիշէ տեղեկութիւնները, տուեալներն ու անունները եւ այլն, իսկ աջ կիսագունդը պատասխանատու է ստեղծագործական կարողութիւններուն:

Նայեցէ՛ք այս նկարին. ի՞նչ տեսաք առաջին հերթին:

– Եթէ առաջին հերթին կնոջ դէմք տեսաք, կը նշանակէ, որ ձեր աջ կիսագունդը աւելի զարգացած է: Շատ հաւանական է, որ ստեղծագործ եւ զգայուն անձ էք, բաւական արագ որոշումներ կը կայացնէք: Նորութիւնները չեն խրտչեցներ ձեզ, տեւաբար անսովոր եւ նորարար բաներ կը փնտռէք: Ամէն ինչի մասին ձեր սեփական կարծիքը ունիք:

Ընդհանրապէս ձախլիկ մարդոց մեծ մասին ուղեղի աջ կիսագունդը աւելի լաւ զարգացած կ՛ըլլայ:

– Եթէ առաջին հերթին ջութակ տեսաք, կը նշանակէ, որ ձեր ուղեղին ձախ կիսագունդը աւելի լաւ զարգացած է: Բանական մարդ էք. աշխատանքի նկատմամբ միշտ համակարգուած մօտեցում կը ցուցաբերէք: Նոր լեզուներ դիւրաւ կը սորվիք: Գիտական նիւթերը աւելի կը գրաւեն ձեզ, քան` բանասիրականները:

 

Գարեջուրը Օգտագործելու
7 Հետաքրքրական Տարբերակներ

– 1 –

Գարեջուրը կը սնուցանէ մազերը, կը նպաստէ անոնց արագ աճին եւ փայլք կու տայ անոնց: Բաժակ մը գարեջուրով մարձեցէք ձեր մազերը, ապա պարզ ջուրով ցօղուեցէք:

– 2 –

Գարեջուրը մորթը կը դարձնէ հարթ եւ ձիգ: Շնորհիւ անթիօքսիտաններուն` անիկա մորթը կը պաշտպանէ վաղաժամ ծերութենէ: Դէմքի ծեփուկներու պատրաստութեան մէջ անպայման ճաշի դգալ մը գարեջուր աւելցուցէք. ձեր մորթը հարթ եւ ձիգ տեսք կ՛ունենայ:

– 3 –

Գարեջուրը կը վերացնէ ոտքերու յոգնածութիւնը: Ձեր ոտքերը քառորդ ժամ մխրճեցէք գարեջուրով լեցուն փոքրիկ տաշտի մը մէջ:

– 4 –

Գարեջուրը հրաշք միջոց է միսը փափկացնելու: Ամբողջ գիշեր մը միսը պահեցէք գարեջուրով պատրաստուած խառնուրդի մը մէջ. ան կը փափկացնէ միսը` առանց շեշտուած համ մը տալու անոր:

– 5 –

Գարեջուրը կը փայլեցնէ փայտեայ կահոյքը եւ մետաղեայ իրերը:

– 6 –

Գարեջուրը կը պարունակէ թթուներ, որոնք ժանգը մաքրելու յատկութիւն ունին:

– 7 –

Գարեջուրը կը բարելաւէ յիշողութիւնը, կը կանոնաւորէ երիկամներուն աշխատանքը, կը զօրացնէ ոսկորները եւ կը պաշտպանէ սրտանօթային դրութիւնը: Օրական մէկ-երկու բաժակ գարեջուր խմելով` օգտուեցէք անոր բուժիչ յատկութիւններէն, սակայն նախապէս դիմեցէք բժիշկի կարծիքին, եթէ առողջական հարցեր ունիք:

 

Պտուղով Յարդարանքներ

Լիբանանը պտուղի երկիր է, ուր տարուան բոլոր եղանակներուն կրնանք գտնել պտուղի ճոխ տեսականի: Ճաշի աւարտին պտուղը սեղան բերելու եւ հրամցնելու տարբերակները շատ են` պտղամանի մէջ, խսիրէ կողովով եւ կամ բոլորովին անսպասելի տարազով…

Ստորեւ` 3 հետաքրքրական յարդարանքներ, որոնք անկասկած բերանբաց պիտի ձգեն ձեր հիւրերը:

Այս յարդարանքները իրագործելու համար պէտք ունիք ձմերուկի, անանասի, խաղողի եւ այլն… ճիշդ է, որ հիմա խաղողի եղանակը չէ, բայց կարելի է խաղողի հատիկները փոխարինել սեխի գնդիկներով:

Այս ախորժաբեր յարդարանքները վստահաբար փորձութեան պիտի մատնեն պտուղ չսիրող եւ պտուղ չուտող երեխաները:

 

ԳեղեցկագիտականԱռողջապահական

Քրքում

Քրքումին հայրենիքը Ասիան է. անիկա  առաւելաբար որպէս համեմ կը գործածուի կերակուրներու պատրաստութեան մէջ. սակայն բժիշկներու վկայութեամբ, ներկայիս ամենահետազօտուող մթերքը համարուած քրքումը ունի նաեւ բուժիչ յատկութիւններ:

– ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ՈՐՈՇ ՔԱՂՑԿԵՂՆԵՐԷ, ինչպէս` թոքերու, ստինքի, շագանակագեղձի…

– ԴՐԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ՈՒՂԵՂԻՆ ՎՐԱՅ, կը վերականգնէ վնասուած բջիջները:

– ՀԱԿԱԲՈՐԲՈՔԱՅԻՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԻ, կը մեղմացնէ յօդերու հետ կապուած հիւանդութիւններու պատճառած ցաւերը: Անիկա նաեւ կը պաշտպանէ լեարդի եւ աղիքներու հետ կապուած բորբոքումներէն:

– ԿԸ ԿԱՐԳԱՒՈՐԷ ՄԱՐՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԿԱՊՈՒԱԾ ԽԱՆԳԱՐՈՒՄՆԵՐԸ:

– ՀԱՐՈՒՍՏ Է ԿԵՆՍԱՆԻՒԹԵՐՈՎ, մասնաւորաբար` Սէ եւ Պէ.12-ով, հարուստ է նաեւ հանքայիններով, ինչպէս` երկաթ, մանկանեզ եւ փոթասիոմ: Ծանրաբեռնուած եւ յոգնած օրերուն թէյի դգալ մը փոշի քրքում աւելցուցէք ձեր կերակուրներուն:

– ԹԱՐՄ ԵՒ ԱՌՈՂՋ ԿԸ ՊԱՀԷ ՄՈՐԹԸ, օգտագործեցէք քրքումով ծեփուկներ:

***

Քրքումով Դիմակ

Բաղադրութիւն

– 1 թէյի դգալ փոշի քրքում
– 1 թէյի դգալ մածուն
– 1 թէյի դգալ մեղր

Պատրաստութիւն

Բոլոր բաղադրութիւնները խառնել, միատարր թանձրուկ մը ստանալու համար:

Թանձրուկը տարածել մաքուր մորթին վրայ, ձգել 20-30 վայրկեան, ապա լուալ գաղջ ջուրով:

Այս դիմակը օգտագործեցէք շաբաթը 2 անգամ, որմէ ետք պիտի նկատէք, որ ձեր դէմքին մորթը ոչ միայն փափկացած է, այլեւ ունի առողջ եւ ճառագայթող տեսք:

 

Խոհագիր

Բողկով Ախորժաբեր

Բաղադրութիւն

– Կապոց մը բողկ (նախընտրաբար` փոքրիկ եւ համաչափ)
– Տոպրակ մը չիփս` ըստ ճաշակի
– Կակուղ պանիր (Պուք, Ֆիլատելֆիա, Սեն Մորէ…)

Պատրաստութիւն

Բողկերը լուալ, մաքրել, կոթին բաժինէն պզտիկ կտոր մը ձգել` գեղեցիկ տեսք տալու համար:

Իւրաքանչիւր բողկի վրայ փայտէ ցպիկ մը հաստատել, ապա բողկերը թաթխել կակուղ պանիրին մէջ:

Ամանի մը մէջ չիփսը փշրել եւ պանիրով ծեփուած բողկը մէջը թաթխել:

Բաց ամանի մը մէջ շարել բողկերը եւ հրամցնել գարեջուրի կամ այլ խմիչքի կողքին:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ափսէները

Դուրսը պապանձուեց…
Հիմա էլ ներսում ելել են իմ դէմ ճենճոտ աղմուկով`
Մի խումբ ափսէներ, որ ես բացայայտ ուզում եմ իրենց
Երեսի կեղտը մաքրել իմ ձեռքով…
Կարծես դիտմամբ են թխկում-շրխկում գիշերուայ կէսին,
Որ քնաթաթախ մարդիկ բամբասեն ի զուր իմ մասին.
Մերթ շփշփոցով ջրին են քծնում
Որ ցայտումներով ինձ թրջեն վռազ,
Մերթ ինձ պաշտպանող գոգնոցս են ցօղում,
Շխկշխկոցներով ծիծաղում վրաս…
Նայում եմ յոգնած զարմանքի ցաւով,
Որ կերուխումի ճարպում յղփացած տափակութիւնով
Կարողանում են ստեղծել այսքան իւղոտ միջավայր…
Թէ աղտն ու չարպը նրանց չբերէր, հաւաքէր իրար,
Որտեղից պիտի կեղտաջուր ցխուէր եւ իմ ձեռքերին
Եւ այն պարզերես բոլոր դէմքերին,
Որ պայքարում են յանուն մաքրութեան…
Չեմ էլ հասկանում, թէ սրանք իրենց մակերեսութեան
Ողորկ չակատի պնդութեամբ այս բութ,
Ինչպէս են ջուրը հեշտ պղտորելով այսպէս զուլալւում,
Հետն էլ աղմկում, սպառնում փշրել անդորրը մարդկանց…
Եւ ամէն մէկը տարբեր ձայն ունի,
Ինչպէս աշխարհի ամէն արարած,
Ամէն մի նոտա, երգի ամէն տող…
Ջանում եմ սանձել ժխորը նրանց,
Բայց ճենապակէ այս ամբոխի դէմ ես շատ եմ անզէն,
Չգիտեմ կեանքի որ լաթը փորձեմ…
Ստիպուած ես եմ նահանջում զգուշ,
Աւելի յուշիկ, մեղմ վերաբերւում այն ափսէներին,
Որոնք աղմուկով ինձ ահաբեկում, բորբոքում են ինձ…
Լաւ է, կան հլու, անձայն լուացուող ափսէներ անուժ,
Ու ես հանում եմ ոխս նրանցից…
Եւ միայն հիմա, հիմա եմ զգում,
Թէ ինչու համեստ, անվնաս մարդիկ
Տուժում են կեանքում…

ՄԵՏԱՔՍԷ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles