Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Փորձ-Հարցարան. Որու Կ՛օգնէիք Առաջին Հերթին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մեր ընտրութիւնը կրնայ շատ բան բացայայտել մեր մասին: Յաճախ ընտրութեան վրայ կ՛ազդեն բնաւորութեան գիծերը, խառնուածքն ու անհատականութիւնը:

Ուշադիր նայեցէք նկարին եւ ըսէք, թէ որո՞ւ կ՛օգնէիք առաջին հերթին. ձեր պատասխանը կրնայ շատ բան բացայայտել ձեր մասին:

– 1 –

Եթէ ընտրեցիք մեծ մայրիկը, դուք բարձր արժէքներու տէր մարդ էք, որ կը գնահատէ պատմութիւնն ու անցեալի աւանդութիւնները:

Դուք երկար կը մտածէք, մինչեւ որեւէ քայլ առնելը եւ բաւական իրատես աչքով կը նայիք աշխարհին: Շնորհաւորելի են ձեզ դաստիարակող ծնողները:

– 2 –

Եթէ ընտրեցիք կատուն, դուք շատ բարի մարդ էք: Բնութիւնն ու կենդանական աշխարհը կը  գերադասէք մարդոցմէ: Բնութեան գիրկը ազատ ու հանգիստ կը զգաք: Դուք երազկոտ եւ անսովոր մարդ էք:

– 3 –

Եթէ տղամարդը ընտրեցիք, դուք լուրջ եւ պատասխանատու մարդ էք: Շատ ընկերներ ունիք, որոնք կրնան միշտ ալ ձեր օգնութեան դիմել, իսկ դուք յուսախաբ չէք ըներ զանոնք: Աշխատանքէն չէք վախնար եւ նպատակասլաց անձ էք:

– 4 –

Եթէ կինը ընտրեցիք, դուք չափազանց ծառայասէր մարդ էք եւ ուրիշներու օգնելէ հաճոյք կ՛առնէք: Նաեւ կը սիրէք բոլորին ուշադրութեան կեդրոնը դառնալ եւ գնահատուիլ բոլորէն:

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Գեղեցիկ Խօսիլ Սորվեցնել
Երեխային

Գեղեցիկ եւ բարեհունչ խօսքը յաջողութեան հասնելու գրաւականներէն մէկն է: Այս արուեստին պէտք է տիրապետել մանկութենէն: Երեխային պէտք է սորվեցնել գեղեցիկ խօսիլ շատ կանուխէն:

Ի՞նչպէս ընել.

 Առաջին հերթին, նախ դուք օրինակ պէտք է ծառայէք ձեր զաւկին` գեղեցիկ եւ ճիշդ խօսելով: Աղաւաղուած լեզու մի՛ գործածէք, մի՛ արտաբերէք բառեր, զորս պիտի չուզէիք լսել ձեր զաւկին բերնէն: Յաճախ կարդացէ՛ք երեխային համար, սորվեցուցէք իր տարիքին համապատասխան բանաստեղծութիւններ:

 Ուշադիր լսեցէք ձեր երեխային, ի հարկին տեղւոյն վրայ սրբագրեցէք անոր սխալները` պզտիկ բացատրութիւն մը տալով: Երեխան թող զգայ, որ զինք մտիկ ընող եւ խօսքերուն հետեւող կայ:

 Երեխային մղեցէք, որ կարդայ: Հոն է, որ երեխան պիտի ծանօթանայ գեղեցիկ խօսքի արուեստին:

 Գովեցէք ձեր երեխան` իր լաւ խօսքին համար: Անհրաժեշտ է, որ երեխան զգայ ծնողներուն աջակցութիւնը: Տեղին քաջալերեցէք եւ գովեցէք հետեւեալ  խօսքերով.

*  Քեզի հետ խօսիլը շատ հաճելի է:
*  Ի՞նչ լաւ կը խօսիս, հպարտ եմ քեզմով:

–  Երբեմն խաղի ձեւով ձայնագրեցէք ձեր երեխային խօսքը, յետոյ միասին մտիկ ըրէք եւ առիթ տուէք, որ գտնէ ու սրբագրէ իր լեզուական սխալները:

Ահաւասիկ` դիւրին միջոցներ, որոնք ժամանակի ընթացքին անկասկած արդիւնքի կը հասնին:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ

Շատ յաճախ մենք կը ստիպուինք հրաժարիլ մեզի սիրելի հագուստներէ, կօշիկներէ եւ այլ իրերէ` հիննալու կամ վնասուելու պատճառով: Մի՛ աճապարէք նման իրեր թափելու կամ ուրիշին տալու, քանի որ կարելի է միշտ ալ լուծում մը գտնել:

Ստորեւ` հետաքրքրական հնարքներ.

1

«Տէն» թաւշակաշիէ կօշիկները մաքրելու համար կարելի է օգտագործել ակռայի խոզանակ մը կամ եղունգի խարտոց մը:

2

Փայլուն կօշիկներուն փայլք եւ երկրորդ կեանք մը տալու համար կարելի է զանոնք մաքրել ապակի մաքրող հեղուկ դեղով:

3

Մութ գոյնի ճինզերուն գոյնը պահպանելու համար պէտք է լուացքի ջուրին քացախ կամ աղ աւելցնել:

4

Կաշի պայուսակը մաքրելու համար ճերմակ քացախի մէջ թաթխուած մաքուր լաթով մը սրբել:

5

Ճերմակ շապիկներուն վրայէն քրտինքի հետքերը մաքրելու համար արատը թրջեցէք կիտրոնի հիւթով, արեւին պարզեցէք, որպէսզի չորնայ: Ապա սովորականին պէս լուացէք ջուրին ապուրի դգալ մը սոտա աւելցնելով:

6

Նեղ կօշիկները լայնցնելու համար օգտագործեցէք թաց կիսագուլպաները եւ մազ չորցնող ելեկտրական գործիքը:

 

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

Դդմաճ

Դդմաճ եփելը իտալացիներուն տրուած է:

Բոլորս ալ կը կարծենք, որ տիրապետած ենք անոր եփի գաղտնիքներուն. արդեօ՞ք իրաւացի ենք. ստուգենք:

– Դդմաճը խաշելու համար պտղունց մը աղի պէտք ունինք:

Սխալ. առաջին նախապայմանը մեծաքանակ ջուրն է. պէտք է առնել խոշոր կաթսայ մը, երեք քառորդով ջուր լեցնել եւ յետոյ մտածել աղին կամ ձէթին մասին:

***

– Դդմաճը աղելու լաւագոյն պահը ջուրը եռալէն ետք է:

Ճիշդ. անմիջապէս որ ջուրը եռայ, պէտք է աւելցնել աղը, սպասել, որ լուծուի եւ ապա աւելցնել դդմաճը:

***

– «Երեք թիւերու կանոն»-ը կը վերաբերի դդմաճի եփի տեւողութեան:

Սխալ. «երեք թիւերու կանոն» ըսելով` պէտք է հասկնալ 3 բաղադրիչներուն համեմատութիւնը. այսպէս` 1 լիթր ջուր, 10 կրամ աղ եւ 100 կրամ դդմաճ:

***

– Դդմաճը խաշելու ատեն պէտք է փակել կաթսային կափարիչը:

Սխալ. խաշելու ատեն ո՛չ կափարիչը կը փակենք, ո՛չ ալ կրակը կը թեթեւցնենք: Դդմաճը պէտք է խաշի եռացող ջուրին մէջ, ուժեղ կրակի վրայ:

***

– Ստուգելու համար, որ դդմաճը եփած է, պէտք է զայն երկուքի բաժնել:

Ճիշդ. պէտք է առնել դդմաճ մը եւ երկուքի բաժնել: Եթէ բաժնուած տեղը ճերմակ հետք մը ձգէ, կը նշանակէ, որ տակաւին չէ եփած:

«Ալ տանթէ» կ՛ըլլայ դդմաճը, երբ անիկա թեթեւօրէն լուսաթափանց կը դառնայ:

***

– Երբ դդմաճը եփած է, պէտք է պաղջրել:

Սխալ. երբ դդմաճը եփած է, պէտք է քամոցի մէջ փոխադրել` առանց աւելորդ ցնցելու: Չափազանց ցամաք դդմաճը նուազ սահուն, ողորկ կ՛ըլլայ եւ թացանին հետ նոյնքան լաւ չի խառնուիր:

***

– «Սփատելլաթա» ըսուածը պատրաստ դդմաճին վրայ տաշուած պանիր ցանելու արարողութիւնն է:

Սխալ. «սփատելլաթա»-ն եփած եւ թացանով խառնուած դդմաճը կրակին վրայ եփելն է:

Այո՛, իտալացիներուն կարծիքով, պատրաստ դդմաճը կարելի չէ անմիջապէս սեղան բերել. պայման է, որ անիկա 1 վայրկեան թեթեւ կրակի վրայ եփի: Աւելի՛ն. մէկ կողմ դրուած խաշի ջուրէն մէկ-երկու դգալ պէտք է աւելցնել անոր, խառնել, որպէսզի համերն ու բոյրը սպասուած արդիւնքը տան:

 

Խոհագիր

Ձիթապտուղով Կարկանդակ

Բաղադրութիւն 8 անձի համար.

– 250 կրամ ալիւր
– 1 ծրար թթխմոր
– 4 հաւկիթ
– Բաժակ մը բուսական իւղ
– Կէս բաժակ ճերմակ գինի
– 180 կրամ կանաչ ձիթապտուղ
– 200 կրամ հում խոզապուխտ (ժամպոն)
– 160 կրամ տաշուած կրիւյեր պանիր
– Քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ խառնեցէք ալիւրն ու թթխմորը: Մէջտեղը փոսիկ մը բացէք եւ աւելցուցէք  4 հաւկիթները: Փայտեայ դգալով մը խառնեցէք, ապա աւելցուցէք իւղը եւ շարունակեցէք խառնել, աւելցուցէք ճերմակ գինին, կիտրոնի հիւթը եւ մետաղեայ թել գործիքով լաւ «զարկէք», մինչեւ որ միատարր խմոր մը ստանաք:

Կանաչ ձիթապտուղներուն կուտերը հանեցէք, ապա իւրաքանչիւրը կիսեցէք: Մանր խորանարդներու վերածեցէք խոզապուխտը: Ձիթապտուղն ու խոզապուխտը աւելցուցէք խմորին, նոյնպէս ալ` տաշուած պանիրը: Լաւ խառնեցէք եւ խառնուրդը պարպեցէք կաղապարի մէջ:

Նախապէս տաքցուած փուռի մէջ 1 ժամ եփեցէք 200 ջերմաստիճանով:

Փուռէն հանելէն ետք սպասեցէք, որ քիչ մը պաղի եւ յետոյ շերտեցէք:

Բարի ախորժակ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Լինում է կեանքում, շատ է պատահում`
Կեանքը քեզ անգոյն, խաւար է թւում.
Դու չես հասկանում իմաստը կեանքի
Եւ ելք ես փնտռում ընդդէմ խաւարի:
Ցանկանում ես, որ այն նոր գոյն առնի,
Քո առաջ ելած խաւարը մարի.
Առաջ ես քաշում հարց ի դէմ կեանքի`
Յոյս ունենալով կը պատասխանի:
Որքան կը տեւի պատասխանը այդ`
Անորոշ, երկմիտ, ինքդ էլ չգիտես,
Բայց որ ինքդ քեզ կը պատասխանես,
Կը լինի մի օր. դա հաստատ գիտես:
Ցանկանում ես այն շուտափոյթ լինի,
Որ խաւարը քեզ երկար չտանջի,
Որ կեանքդ նորից նոր երանգ առնի
Ու նոր իմաստով իմաստաւորուի:
… Թւում է` յոյսն է մէջդ սպառուել,
Որ չարն է եկել ու բարուն յաղթել…
Բայց այդ ժամանակ հիւր կը գայ կրկին
Լաւատեսութեան ու բարու ոգին,
Որ քեզ կը ստիպի միշտ առաջ նայել,
Մէջդ ուժ գտնել ու չարին յաղթել,
Իմաստաւորել քո կեանքը կրկին,
Արմատաւորել լաւատեսութեան ոգին…
Այդպիսի օրեր շատ կը պատահեն,
Սակայն սփոփանք հաստատ կը գտնես,
Այդ ժամ ինքդ քեզ կը յուսադրես
Ու կամքիդ ուժով լաւին կը հասնես:

Հեղինակ` ԿԱՐԷՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>