Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մարլեն Տիթրիչի Խօսքերէն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Գերմանացի երգչուհի եւ դերասանուհի Մարլեն Տիթրիչ ծնած է 1901-ին, Պերլին եւ մահացած է 1992-ին, Փարիզ:

Ան կը համարուի ամերիկեան շարժապատկերի առասպելական դերասանուհիներէն մէկը:

1930-ական թուականներուն կեցուածք կը ճշդէ նացիականութեան դէմ եւ գործնապէս կը մասնակցի Բ. Համաշխարհային պատերազմին եւ նշանաւոր կը դառնայ «Լիլի Մարլին» երգով եւ կ՛արժանանայ «Մետըլ աֆ ֆրիտամ»-ին:

Տիթրիչ խաղացած է աւելի քան 60 ժապաւէններու մէջ եւ արժանացած` տասնեակ մը մրցանակներու: Կեանքին վերջին 15 տարիներուն դերասանուհին լուսարձակներէ հեռու մնաց եւ մերժեց լուսանկարուիլ, բայց աշխարհին հետ իր կապը չխզեց:

Մարլեն Տիթրիչ իր վայելչութեամբ եւ ոճով իւրայատուկ դրոշմ դրած է իր ժամանակաշրջանին վրայ: Ան կրած է Տիորի, Շանելի, Հերմեսի եւ Պալանսիակայի ստեղծագործութիւններէն: Զինք կոչած են «Կապոյտ հրեշտակը» եւ «Շէկ Վենիւսը»: Ան առասպելական դերասանուհիներու ցանկին 9-րդ դիրքը կը գրաւէ:

Ստորեւ` Տիթրիչի խօսքերէն մէկ քանին.

– Քնքշութիւնը սիրոյ լաւագոյն ապացոյցն է, քան` ամենակրքոտ երդումները:

***

– Այնքան դիւրին է բարի ըլլալը: Ընդամէնը պէտք է, նախքան դատապարտելը, քեզ պատկերացնես այլ մարդու փոխարէն:

***

– Մարդիկ ինծի կը նային ինչպէս թենիսի գնդակին. մնայն թէ աչքերով կը հետեւին ոչ թէ ձախէն աջ, այլ վերէն վար:

***

– Ուռած շուրթերը անձնապէս չեմ գնահատեր, սակայն տղամարդիկ անոնց պատճառով թակարդը կ՛իյնան: Այնպէս որ շարունակեցէք ուռեցնել…

***

– Ընկերը ան է, որու կրնաս հեռաձայնել առաւօտեան ժամը 4:00-ին:

***

– Նախընտրելի է գնել զոյգ մը լաւ կօշիկ, քան երեք զոյգ անորակ:

***

– Կնոջ համար գեղեցկութիւնը աւելի կարեւոր է խելքէն, որովհետեւ տղամարդուն համար աւելի դիւրին է նայիլ, քան մտածել:

***

– Կիները աւելի խելացի են քան տղամարդիկ: Դժուար թէ գտնուի կին մը, որ խելագարի տղամարդու մը համար` միայն գեղեցիկ սրունքներու պատճառով:

***

– Եթէ դուն երեկոյեան եօթի փոխարէն տուն վերադարձար տասին, իսկ ան տակաւին ոստիկանութեան չէ հեռաձայնած` կը նշանակէ որ սէրը աւարտած է:

 

Փորձ-Հարցարան

Ի՞նչ Տեսաք
Առաջին Հերթին

Ուշադի՛ր դիտեցէք նկարը եւ ըսէք, թէ ի՛նչ տեսաք առաջին հերթին. սե՞ւ դէմք, սպիտա՞կ դէմք, թէ՞ լուսին…

Ձեր պատասխանը որոշելէ ետք կարդացէք համապատասխան բացատրութիւնը եւ իմացէք, որ ինչպիսին էք դուք:

– Եթէ առաջին հերթին լուսին տեսաք, կը նշանակէ, որ սովորաբար դուք կը տեսնէք եւ կը հաւատաք ձեր առաջին տեսածին: Թելադրելի է, որ կեանքի մէջ աւելի ուշադիր ըլլաք, չբաւարարուիք ձեր առաջին տեսածով եւ վստահաբար շատ աւելին պիտի տեսնէք:

***

– Եթէ առաջին հերթին սպիտակ դէմք տեսաք, կը նշանակէ, որ դուք օգտագործելով ձեր երեւակայութիւնը` ամէն բանի մէջ կը խորանաք եւ շատ աւելին կը տեսնէք, քան ուրիշներ:

***

– Եթէ առաջին հերթին սեւ դէմք տեսաք, դուք շատ տաղանդաւոր եւ հետաքրքիր մարդ էք, միշտ հեռուն կը տեսնէք ու կը մտածէք:

 

 5 Մթերք, Որոնք
Կը Ծերացնեն Ձեզ

Բոլորիս ծանօթ է, որ մեր սննդականոնին մէջ տեղ գտած մթերքները կ՛ազդեն թէ՛ մեր արտաքին տեսքին եւ թէ՛ առողջութեան վրայ:

Ստորեւ` 5 մթերքները, որոնք, ըստ սննդագէտներուն, աւեր կը գործեն թէ՛ մեր առողջութեան եւ թէ՛ մեր մորթի արտաքին տեսքին վրայ:

1.- Թրանս ճարպերը

Մեծ քանակութեամբ թրանս ճարպ կը պարունակեն տապկուած գետնախնձորը, չիփսը, փոփքոռնը, կրկնեփուկները, կարկանդակի որոշ տեսակները եւ այլն… թրանս ճարպի չափէն աւելի օգտագործումը կը յանգեցնէ ճարպակալման եւ սիրտի հիւանդութիւններու: Ամերիկացի գիտնականներու կարծիքով, անոնք նաեւ բորբոքային գործընթացներ կը յառաջացնեն մարմնին մէջ եւ կը նպաստեն ծերացման գործընթացին:

2.- «Կլիւքոզ-ֆրիքթոզ»

Այս նիւթերը կ՛օգտագործուին քաղցրաւենիքի, պահածոներու, կազաւորուած ըմպելիքներու պատրաստութեան մէջ: Անոնք կը լաւացնեն մթերքներուն համը եւ կ՛երկարաձգեն պահպանման ժամկէտը: Այս նիւթերը պարունակող օշարակներու չարաշահումը կրնայ յանգեցնել լեարդի եւ սրտանօթային համակարգի գործընթացի խանգարման:

3.- Զտուած աղը

Աղը չի ձգեր, որ ջուրը դուրս գայ մեր մարմինէն եւ կը հանդիսանայ «հիփերթոնի»-ի եւ վաղաժամ ծերացումի առաջին նախապայմաններէն մէկը: Զայն պէտք է փոխարինել այլ համեմներով:

4.- Վերամշակուած միսը

Երշիկը, խոզապուխտը, պէյքընը, հաթ տոկը եւ մնացեալ բոլոր վերամշակուած միսերը կը պարունակեն պահպանիչներ, որոնք թէ՛ առողջական եւ թէ՛ մորթային լուրջ հարցեր կը ստեղծեն:

5.- Ալքոլը

Լեարդը միշտ ալ ի վիճակի չէ վերամշակելու ոգելից ըմպելիներու ալքոլը. միւս կողմէ` մարմինը աւելի դանդաղ կշռոյթով կը սկսի սպիտակուց արտադրել, որուն պակասը կը յանգեցնէ մորթի ծերացման եւ գունատման:

 

Ձեռային Աշխատանք

Ինչպէ՞ս Զարդարել
Ապակեայ Շիշերը

Որո՞ւ տունը զանազան չափի եւ ձեւի ապակեայ շիշեր չկան… Զանոնք թափելու փոխարէն` զարդարեցէք եւ վերածեցէք մոմակալի, ծաղկամանի, շաքարամանի:

Ստորեւ տրուած նմուշներուն իրականացման համար պէտք ունիք մոմի, ոստրէի, տանթելի… Ձեզի կը մնայ զարկ տալ ձեր երեւակայութեան եւ երկրորդ կեանք մը տալ ապակեայ շիշերուն:

 

Ի՞նչ Կը Կատարուի, Եթէ
Օրական 2 Հաւկիթ Ուտենք

Հաւկիթին օգտակարութեան եւ վնասներուն մասին հետազօտութիւնները եկած են այն եզրակացութեան, որ եթէ օրական 2 հաւկիթ ուտենք 8 կարեւոր բաներ կը պատահին մեր մարմնին մէջ:

1.- Մեր ուղեղը աւելի առողջ կը գործէ:

2.- Մեր տեսողութիւնը կը բարելաւուի:

3.- Մարմինը աւելի լաւ կ՛իւրացնէ կիրը:

4.- Մեր մորթը, մազերը եւ լեարդը պաշտպանուած կ՛ըլլան:

5.- Կը նուազի սրտանօթային հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը:

6.- Կը սկսինք նիհարնալ:

7.- Կը նուազի քաղցկեղի հաւանականութիւնը:

8.- Կը դանդաղի ծերացման գործընթացը:

Հակառակ վերը նշուած հաւկիթին 8 բարիքներուն, կարելի չէ նման որոշում մը որդեգրել` առանց մեզ խնամող բժիշկին կարծիքը առնելու:

 

Խոհագիր

Գետնախնձորի «Վարդեր»

Բաղադրութիւն

– Գետնախնձոր (4-5 հատ)
– Տաշուած դեղին պանիր (200 կր.)
– Հաւկիթ (2 հատ)
– Լոլիկ (2 պզտիկ)
– Դդում (2 պզտիկ)
– Թարմ սունկ (3-4 հատ)
– Շուշմայ
– Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Գետնախնձորները կեղուել եւ «մանտոլին» գործիքին միջոցով շատ բարակ շերտերու վերածել: Շերտերը փոխադրել աղ ջուրով լեցուն խորունկ ամանի մը մէջ:

Բանջարեղէնները մանր, խորանարդաձեւ կտրտել եւ շատ քիչ բաւական իւղի մէջ դարձնել: Կարելի է իւղը զանց առնել:

Փոս ամանի մը մէջ դնել տաշուած պանիրը, աւելցնել 2 հաւկիթի դեղնուցները, համեմել եւ խառնել:

Առնել քափ-քէյքի կաղապար մը, իւրաքանչիւր բաժանմունքի յատակն ու եզերքը շարել գետնախնձորի բարակ շերտերը, մէկական ապուրի դգալ պանիրի խառնուրդ լեցնել եւ վրան աւելցնել բանջարեղէնը: Զարդարել շուշմայով եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել 180 ջերմաստիճանով, 30- 40 վայրկեան:

Բանջարեղէնով միջուկը կարելի է փոխարինել յօշած միսով եւ այլն…

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Տղամարդիկ Իմ Հայրենի

Թէ ուզում էք դուք վայելել սիրոյ պտուղն անմահական,
Սիրահարուէք կեանքի ծարաւ տղաներին իմ հայրենի,
Բոցկլտացող կրակներով կ՛այրեն շուրթը ձեր էութեան,
Սիրոյ խաղի հին վարպետներ, տղամարդիկ իմ հայրենի:

Թէ ուզում էք դուք մայրանալ, հիւսել բախտի տաքուկ օճախ,
Ձեր օճախի հիմքն ընտրեցէք տղաներից իմ հայրենի,
Ընտանիքում բերդ կ՛ունենաք, կը շղթայէք նրանց յաճախ,
Թէ պարգեւէք երեխաներ, տղամարդուն իմ հայրենի:

Թէ ուզում էք լինել ցմահ պաշտամունքը տղամարդկանց,
Ստրկացէք սիրոյ դողով տղաներին իմ հայրենի,
Կը համբուրեն վանքերի տեղ ճակատները ձեր սրբացած,
Հաւատարիմ հեթանոսներ, տղամարդիկ իմ հայրենի:

Թէ ուզում էք չկործանուեն ազգատոհմի տանիք ու պատ,
Զոհաբերուէք մերթ զիջումով տղաներին իմ հայրենի,
Գերդաստանի սիրով թողած Հռոմ, Փարիզ, Լենինգրադ`
Կարօտ դառած տուն են խուժում տղամարդիկ իմ հայրենի:

Եւ մի՛ թողէք հեռուներից գրկերը բաց վազեն թեթեւ
Մի բուռ կրքով տանից հանեն տղաներին իմ հայրենի,
Խելքի եկէք, հա՛յ աղջիկներ, նազ մի՛ արէք հազարաթեւ,
Հարս գնացէք նուիրումով տղաներին իմ հայրենի:

Հարս գնացէք ու մայրացէք, ունեցէք ձեր աստուածը տան,
Հպարտացէք դարերի հետ տղաներով իմ հայրենի,
Մէկը` Դաւիթ, մէկը` Տիգրան, մէկը` Արա, մէկը` Վարդան,
Յաւերժութեան թեւ ու թիկունք տղամարդիկ իմ հայրենի:

ՄԵՏԱՔՍԷ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>