Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Իրի Մը Պատմութիւնը. Մօր Նուէրը` Մեծարենցին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

«Հիւա՜նդ եմ, բարի՜ արեւ, շողա՜, շողա՜…

Հոգիս թռչնիկ մըն է, օդ ու լոյսի, երգ ու ծիծաղի կարօտ…»

Թէեւ բարի արեւին դիմող Մեծարենցը օրէ-օր կը սպառէր, սակայն ան չէր կորսնցներ ապաքինելու յոյսը: Մտածումի պահերուն անոր օգնութեան կու գային հայերէն եւ անգլերէն, թրքերէն եւ պարսկերէն գիրքերը, որոնք տրցակներով զետեղուած էին մահճակալին մօտ: Այդ գիրքերուն մէջ, Աստուածաշունչին կողքին, Միսաք Մեծարենցին համար յատուկ նշանակալից էր «Նարեկ»-ը: Ան պարբերաբար կը թերթատէր նաեւ իր առաջին գիրքը` «Ծիածան»-ը:

Հիւանդ բանաստեղծին սակայն ոչինչ կը փրկէր. նոյնիսկ սիրելի մօր գօտեպնդումները ապարդիւն էին: Իսկ մայրը տիկ. Իսկուհին, յոյսը երբեք չէր կտրեր եւ ամէն հնարաւոր ու անհնար միջոցի կը դիմէր:

Երեկոյ մը, մայրը, ափը սեղմած, մօտեցաւ հիւանդ տղուն սնարին, փաղաքշելով շոյեց մատները, նայեցաւ անոր դալուկ դէմքին, աղօթք մը շշնջաց եւ տղուն մատին անցուց ոսկի մատանի մը: Ոչ շքեղ, վարդագոյն հարթ քարով մատանին առանձնայատուկ էր իր փորագրութեամբ. «Կատարեալ սէր մերժէ զերկիւղ»: Ասիկա Աստուածաշունչէն խօսք է` առնուած «Երգ երգոց»-էն:

Իսկուհի Մեծատուրեանին` որդիին նուիրած մատանին պահուած է Երեւանի գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը:

***

Մեծարենցի մօր մասին կը պատմուի, որ աստուածավախ կին էր: Անոր աղօթքները լեցուն էին յոյսով, հաւատքով եւ ջերմ աղաչանքներով:

Երբ Միսաք մէկ տարեկան էր, շատ ծանր կը հիւանդանայ, եւ բժիշկները բուժուելու ոչ մէկ յոյս կու տան: Երբ հիւանդ երեխային անկողինին շուրջ հաւաքուած հարազատները կու լային, տիկ. Իսկուհին անոնց դիմելով` կ՛ըսէ. «Տղա՛ք, ինչո՞ւ կը տխրիք եւ ինչո՞ւ կ՛արտասուէք: Աստուած տուաւ եւ Աստուած ալ կ՛առնէ, ան երկինքի հարսանքին կ՛երթայ դուք ալ աշխարհի հարսանքին: Բայց ես յոյսս չեմ կտրած, եւ հաւատքս այնքան զօրաւոր է մանուկները սիրող Յիուսին, որ պիտի ապրեցնէ Միսաքս»: Ապա դառնալով զաւկին` կ՛ըսէ. «Չէ՛, գառնո՛ւկս, չէ՛, Միսաք, պիտի ապրիս ու պիտի ապրեցնես, որպէսզի օր մը հաւատքի երգեր երգես բոլորիս»:

Այդ օրը ամբողջ գիւղը եկեղեցիներուն մէջ կ՛աղօթէ փոքրիկ Միսաքի համար: Միսաքը կը փրկուի, կը մեծնայ եւ կը ստեղծագործէ: Դժբախտաբար ան երկար չ՛ապրիր եւ կը մեռնի 22 տարեկանին, Անոր շուրթերուն վերջին բառը կը մնայ «մա՜յր»-ը:

 

Արեւի Ակնոցի Ընտրութիւնը`
Ըստ Դէմքի Ձեւին

Շուկայի վրայ վաճառուող բոլոր արեւի ակնոցները որակաւոր չեն. զանոնք պատահական խանութներէ մի՛ գնէք, այլ միշտ դիմեցէք մասնագէտ ակնոցավաճառի մը կարծիքին: Միշտ յիշեցէք, որ արեւի ակնոցը սովորական աքսեսուար մը չէ. անորակ ապակիներով արեւի ակնոց կրելը յաճախ շատ աւելի աւեր կը գործէ, քան` երբեք չկրելը…

Երկրորդ կարեւոր կէտը այն է, որ ակնոցը պէտք է յարմարի ձեր դէմքին ձեւին` ձուաձեւ, կլոր, անկիւնաւոր եւ այլն…

Եթէ Ձեր Դէմքը Ձուաձեւ Է…

Բախտաւոր էք, քանի որ ձեզի կը վայելեն բոլոր տեսակի (կլոր, շրջանակով, կէս շրջանակով, երկրաչափական…) ակնոցները:

Եթէ Ձեր Դէմքը Կլոր Է…

Կամ այն է, որ դուք դժգոհ չէք ձեր դէմքէն եւ կլոր ակնոցներ կրելով աւելի եւս կը շեշտէք ձեր դէմքին կլորութիւնը եւ կամ նախապատուութիւնը կու տանք անկիւնաւոր, երկրաչափական շրջանակով ակնոցներուն մասամբ մեղմելու համար շեշտուած կլորութիւնը:

Եթէ Ձեր Դէմքը Երկար Է…

Մեղմելու համար ճակատի բաժինին լայնութիւնը եւ սրածայր կզակը, թելադրելի է, որ կրէք կէս շրջանակով, շատ բարակ շրջանակով կամ բոլորովին առանց շրջանակի արեւի ակնոցներ:

Եթէ Ձեր Դէմքը Անկիւնաւոր Է…

Այո, եթէ քառակուսի կամ քառանկիւն դէմք ունիք, ընտրեցէք երկրաչափական գիծերով եւ կամ ձուաձեւ շրջանակով ակնոցներ:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ

– 1 –

– Որպէսզի տունը պատրաստուած կրկնեփները երկար ատեն թարմ եւ խրթխրթան մնան, զանոնք պահեցէք մետաղեայ կափարիչով օժտուած տուփի մը մէջ: Կրկնեփներուն հետ դրէք երկու խորանարդ շաքար:

– 2 –

– Մարզական կօշիկներուն գարշելի հոտը չէզոքացնելու համար անոնց մէջ թէյի գործածուած, բայց չոր ծրարիկներ զետեղեցէք եւ ձգեցէք ամբողջ գիշեր մը:

– 3 –

– Եթէ դերձանը ասեղին ծակէն անցընելու դժուարութիւն ունիք, թելին ծայրամասին մազի լաք սփռեցէք, անիկա շուտով կը կարծրանայ եւ ձեր գործը կը դիւրանայ:

– 4 –

– Որպէսզի եռացող ջուրը կաթսայէն չյորդի, պարզապէս փայտեայ դգալ մը զետեղեցէք կաթսային երեսը:

– 5 –

– Մէջ-մէջի մտած երկու ապակեայ բաժակներ առանց կոտրելու իրարմէ բաժնելու համար տակի բաժակը տաք ջուրի մէջ մխրճեցէք, եւ երեսի բաժակին մէջ պաղ ջուր լեցուցէք: Շատ չանցած անոնք իրարմէ կը բաժնուին ջերմաստիճանի տարբերութեան պատճառով:

 

Սննդագիտական-Առողջապահական

Արմաւին Անհամար
Բարիքները

100 կրամ արմաւը 287 ջերմուժ կը պարունակէ: Անիկա հարուստ է Պէ. 2, Պէ. 3, Պէ. 5 եւ Պէ. 6 կենսանիւթերով, հանքայիններով (փոթասիոմ, կիր), քրոմով եւ բնաթելով:

Աշխարհի 3 մեծագոյն արմաւ արտադրող երկիրներն են` Եգիպտոսը, Իրանը եւ Սէուտական Արաբիան:

Շաքարախտաւորները պէտք է չափաւորեն անոր սպառումը եւ օրական 5 արմաւէն աւելի չուտեն:

Ստորեւ` արմաւին անհամար բարիքները.

– Երկաթով հարուստ արմաւը օգտակար է արեան տկարութենէ տառապողներուն:

– Զէաքսանթինով եւ լիւթէինով հարուստ արմաւը կը պահպանէ տեսողութիւնը, որ տարիքի հետ կը տկարանայ:

– Կիրով հարուստ է, իսկ կիրը կը դարմանէ փորհարութիւնը: Անոր պարունակած բնաթելը կ՛ապահովէ մարսողական դրութեան առողջ գործունէութիւնը եւ կը պաշտպանէ աղիքները:

– Ուսումնասիրութիւններ փաստած են, որ օրական 3 արմաւ ուտելով` կարելի է պակսեցնել երակներուն պատերուն կուտակուող իւղին քանակը եւ բնականաբար նուազեցնել սրտանօթային հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը:

– Փոթասիոմով հարուստ եւ սոտիոմով աղքատ արմաւը նաեւ կը նուազեցնէ արեան գերճնշումը:

– Ֆոսֆորով հարուստ արմաւը նաեւ կ՛աշխուժացնէ մտային կարողութիւնները:

– Բնական շաքարով հարուստ արմաւը կ՛աշխուժացնէ եւ ուժ կու տայ մարմնին:

– Չոր մաշկին, դիւրաբեկ մազերուն, ճաքճքած շուրթերուն կանխահաս կնճիռներուն լաւագոյն դեղը արմաւն է: Անով նոյնիսկ դէմքի ծեփուկներ կը պատրաստեն:

Արմաւ գնելու ատեն թելադրելի է ընտրել կորիզով, մութ գոյնի եւ կնճռոտ տեսակը: Անիկա պէտք է ըլլայ լման, փափուկ ու անփայլ:

 

Խոհագիր

Պոլոնեզ Սփակեթթիի
Նոր Տարբերակ Մը

Բոլորիս ծանօթ է «սփակեթթի պոլոնեզ»-ը. բայց ձեր միտքէն անցա՞ծ էր զայն ներկայացնել եւ հրամցնել փոքրիկ զամբիւղներու ձեւով: Եկէ՛ք` փորձենք:

Բաղադրութիւն

– 170 կրամ սփակեթթի
– Կարմիր թացանով միս
– Կտոր մը կարագ
– Փարմըզան տաշուած պանիր
– 12 բաժանմունքով քափ քէյքի կաղապար:

Պատրաստութիւն

Սփակեթթին աղի ջուրի մէջ խաշել 7 վայրկեան, քամոցէ անցընել, կարագին կտորը աւելցնել, զգուշօրէն խառնել եւ սառնարանը պահել շուրջ քառորդ ժամ:

Պատրաստել կարմիր թացանով միսը` սոխով եւ համեմունքներով:

Փուռը տաքցնել 180 աստիճանով:

Սփակեթթին սառնարանէն հանել, առատ տաշուած փարմըզան ցանել եւ խառնել, ապա նախապէս իւղուած կաղապարին բաժանմունքներուն մէջ սփակեթթին լեցնել` բոյնի ձեւ տալով եւ մէջտեղը փոսիկ մը ձգելով:

Իւրաքանչիւր փոսիկի մէջ կարմիր թացանով միս լեցնել. վրան քիչ մը պանիր ցանել եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել 20-25 վայկեան:

Փուռէն հանելէ ետք սպասել, որ քիչ մը պաղի, զարդարել թարմ ռեհանի տերեւներով եւ հրամցնել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Արեւին

Հարաւի մեղմ ու լիաշունչ հովին հետ,
որ վաղուց երազուած համբոյրի մը պէս,
իմ սիրակարօտ հոգիս հեշտանքով կը լիացնէ,
շողա՛, ո՜վ արեւ, շառափներովդ ոսկեծայր,
մառախլապատ Երկունքիս մէջ`
ուր Մտածումը կը դեգերի ուղեմոլար,
շողա՜, շողա՜, բարի՜ արեւ, հիւա՜նդ եմ…:
Պատուհանիս հեղուկ ծոցին մէջ ինկած խելայեղ,
միջօրէի հեշտադալար ու բոցակապ երազին գիրկը,
թեւատարած կը սպասե՜մ.
պլլէ՜ զիս բոցեղէն ցանցերուդ մէջ,
ու օրօրէ՜ ջերմագին
ու կիզանուտ համբոյրիդ տակ
թող հոգւոյս մէջէն անցնին կարգաւ
մանուկներն ընդարմացած:
Մինչեւ որ
կանգնիմ նորէն ու անցնի՜մ դարձեալ
տարփանքիս խանդաղատ ճամբաներէն:
Հիւա՜նդ եմ, բարի՜ արեւ, շողա՜, շողա՛…
հոգիս թռչնիկ մըն է,
օդ ու լոյսի, երգ ու ծիծաղի կարօտ,
բայց երգը, որ իր ալուցքէն կը թռչի,
անտես ու ստուերոտ սանդուխներու վրայ
կ՛իյնայ շնչահեղձ:
Շողա՜, շողա՜, բարի՜ արեւ, հիւա՜նդ եմ®
Ճառագայթող գոլիդ մէջ հեշտագրգիռ,
մինչ կը խժայ տարօրինակ, խօլ պարը զամբուռներուն`
հուրքէ՛դ գինովցած`
ու, մինչ թուփ ու ծաղիկ ծարաւէն կը մարմըրին,
ես կ՛ըմբոշխնեմ խտղտանքն անանուն` երջանիկ տիւանդորրիս
համրօրէն ու գիտակից
գինովութեամբ հեշտագին:
Քի՜չ մըն ալ դեռ,
ա՜հ, շողա՜, շողա՜, բարի՜ արեւ, հիւա՜նդ եմ…
Վերջին անգա՜մ մըն ալ,
դեռ իրիկո՜ւն չեղած,
ու, դեռ տամուկ գիշերին վըհուկը զիս չընդգրկած,
վերջին անգա՜մ մըն ալ
փարէ հոգւոյս խանդաբորբ ու կաթոգի՜ն,
հիւա՜նդ եմ, բարի՜ արեւ, շողա՜, շողա՜…:

ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>