Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանը պահուող ցուցանմուշներուն մէջ առանձին տեղ կը գրաւեն այն բազմաթիւ իրերը, որոնք բանաստեղծը տարբեր առիթներով նուէր ստացած է իր ընկերներէն եւ մտերիմներէն: Այդ նուէրներու շարքին կայ հատ մը, որ իր մէջ իւրայատուկ խորհուրդ մը ունի: Չինական օճառաքարէ արձանիկը, որ կը ներկայացնէ չին ականաւոր փիլիսոփայ Լաօ Ցզին: Այս քանդակին մեծագոյն գաղտնիքը տեսանելի չէ այցելուներուն համար, քանի որ անիկա կը գտնուի պատուանդանին տակ: Իսկ եթէ ձեզի բախտ վիճակուի աչք նետել այնտեղ, պիտի կարդաք սովորական գամի ծայրով փորագրուած հետեւեալ բառերը` «Սիրելի Աւետիքին, Չարենց, 24/ VI 1937 թ.»:
Չարենցը հրապուրուած էր արեւելեան մշակոյթով, մասնաւորաբար` փիլիսոփայութեամբ, նոյնպէս ալ` Ա. Իսահակեանը: Երկու մեծ գրողները համոզուած էին, որ մարդիկ պէտք է կողմնորոշուին դէպի բնութիւնը եւ հրաժարին իրենց աշխարհիկ հոգերէն:
Լաօ Ցզիին նկատմամբ Չարենցի համակրանքի ապացոյցներէն մէկն ալ այն էր, որ իր վերջին գիրքին վերնագիրը` «Գիրք ճանապարհի»-ն փոխ առած էր չին փիլիսոփայէն: Այս իմաստով ալ Իսահակեանին նուիրած արձանիկը խորհրդանշական էր եւ իր մէջ որոշ պատգամ մը կ՛ամփոփէր` միեւնոյն ատեն բացայայտելով գրագէտին ներաշխարհը այն օրերուն, երբ ան յատուկ կարիքը ունէր համախոհի եւ աջակիցի մը: Իսկ ատիկա բոլորէն լաւ կրնար հասկնալ իր աւագ գրչընկերը` Իսահակեանը:
Հակառակ տարիքային տարբերութեան` անոնք մտերիմ ընկերներ էին եւ այդ հարազատութիւնը պահպանուեցաւ մինչեւ իսկ այն օրերուն, երբ Չարենցի դէմ հալածանքները ա՛լ աւելի սաստկացան: Իր կեանքի վերջին ամիսներուն ան ենթարկուեցաւ տնային կալանքի, քիչեր կ՛այցելէին իրեն` զգուշանալով իրաւապահներու կասկածներէն եւ հալածանքներէն: Ա. Իսահակեանն ու անոր ընտանիքի անդամները այն հազուագիւտներէն էին, որոնք համարձակեցան իրենց կապը պահպանել մինչեւ վերջ:
Այդ անվախ անձերէն մէկն ալ Իսահակեանի հարսն էր` դերասանուհի Պելլա Իսահակեանը:
Հետագային Պելլան պատմած է, որ երբ ինք Չարենցի ձերբակալութենէն առաջ այցելեց հիւանդ բանաստեղծին, վերջինս արդէն շատ ծանր հոգեվիճակի մէջ էր: Կարճատեւ զրոյցէ մը ետք իր սենեակը շարուած բազմաթիւ արձանիկներէն ընտրեր էր այդ մէկը` Լաօ Ցզիի քանդակը, ձեռքի տակ ուրիշ բան չունենալով` պատահական գամի մը ծայրով պատուանդանին տակ արագ մակագրեր է ամսաթիւն ու անունը, յանձներ էր Պելլային եւ խնդրեր, որ փոխանցէ Իսահակեանին:
Պելլային հետ տեսակցութենէն մէկ ամիս ետք Չարենցը ձերբակալեցին, իսկ նոյեմբերեան ցուրտ գիշեր մը հասաւ անոր մահուան բօթը:
Ներկայիս Իսահակեանի տուն-թանգարանի ցուցափեղկի պաղ ապակիին տակէն տակաւին կը նայի Չարենցի վերջին նուէրը արեւելեան մտածողի քանդակուած հայեացքով` իբրեւ վկայութիւն այն ճշմարտութեան, որ անցողիկ կեանքը իրեն հետ կը սրբէ, կը տանի թէ՛ ապրած ժամանակը, թէ՛ տառապանքը եւ թէ՛ ուրախութիւնը: Բայց կայ մէկ բան, որ յամառօրէն կը շարունակէ մնալ: Յիշողութիւնն է:
Աղբիւր` «Հետք»
Մեծ Մայրիկի Թելադրանքներ
Տան Մէջ Անախորժ Հոտերը
Չէզոքացնելու Բնական Միջոցներ
Եթէ տապկոցի պատճառով խոհանոցը գէշ կը հոտի, բերանը բաց փոքրիկ կաթսայի մը մէջ ջուր եռացուցէք` սուրճի գաւաթ մը ճերմակ քացախ աւելցնելով:
***
Եթէ սառնարանէն անախորժ հոտեր կ՛առնէք, յարկերէն մէկուն վրայ կիսուած կիտրոն մը զետեղեցէք` վրան 5 – 6 մեխակի գամ հաստատելով: Սառնարանին անախորժ հոտերը կը չէզոքացնեն նաեւ` կտոր մը ածուխը, աղացած սուրճը, ճերմակ քացախը:
***
Եթէ ձեր աղբամանէն անախորժ հոտեր կու գան, յաճախ լուացէք զայն, բայց նաեւ անոր յատակը օրաթերթ մը դրէք, վրան պէյքինկ սոտա ցանեցէք եւ յետոյ կերպընկալ տոպրակը տեղաւորեցէք:
***
Եթէ խոհանոցի լուացարանին ծակէն անախորժ հոտ կու գայ, անմիջապէս սուրճի մրուրով ծածկեցէք զայն:
***
Եթէ ձեր փուռէն անախորժ հոտ կ՛առնէք, յարկերէն մէկուն վրայ կիտրոնի կեղեւի շերտեր զետեղեցէք եւ 5 վայրկեան փուռը վառեցէք: Ապա մինչեւ պաղիլը կիտրոնի շերտերը ձգեցէք. արդիւնքը անմիջական կ՛ըլլայ:
***
Պնակ լուացող մեքենային անախորժ հոտը չէզոքացնելու համար կէս կիտրոն զետեղեցէք անոր մէջ: Իւրաքանչիւր լուացքէ ետք թափեցէք հինը եւ աւելցուցէք նոր մը:
***
Ձեր ձեռքերը ձո՞ւկ, սո՞խ կը հոտին, կէս կիտրոնի հիւթով շփեցէք զանոնք, ապա եղունգներով ճանկռտեցէք ներսի բաժինը:
Առողջապահական
Դեղ Օգտագործելու 5
Ընդհանրացած Սխալներ
Բժիշկներու կարծիքով, դեղահատերը սպասուած արդիւնքը չեն տար սխալ սովորութիւններու պատճառով: Ստորեւ` 5 սխալ սովորութիւններ, որոնցմէ անմիջապէս պէտք է հրաժարինք, որպէսզի մեր օգտագործած դեղերէն առաւելագոյն արդիւնքը քաղէք:
– 1 –
Դեղահատը սխալ հեղուկով խմելը: Կան հեղուկներ, որոնք զգալիօրէն կը նուազեցնեն տուեալ դեղահատի մը ազդեցութիւնը. անոնց շարքին են`
– սուրճը
– թէյը
– կազային խմիչքները
– կաթը
– կրիֆոնի հիւթը
– 2 –
Սխալ սնունդ օգտագործելը: Եթէ դեղահատը պէտք է կլլել ճաշի ընթացքին, ուշադրութիւն պէտք է դարձնենք մեր կերակուրին: Մանրաթելերով հարուստ տեսակները մեր մարմնէն դուրս կը բերեն օգտակար բաղադրիչներու մէկ մասը: Այդ ուտելիքներէն թուենք`
– վարսակի փաթիլները
– կաղամբը
– սունկը
– հատապտուղները
– դդումը
– 3 –
Ժամերու խախտումը: Յատկապէս անթիպիոթիքներու պարագային, դեղահատը կլլելու ժամերը շատ ճշգրտութեամբ պէտք է յարգենք. անշուշտ նոյնն է պարագան բոլոր դեղահատերուն, յատկապէս երբ բժիշկը մեզի ճշդապահութիւն թելադրած է:
– 4 –
Քանի մը դեղահատ միասին կլլելը: Եթէ բժիշկը քանի մը դեղ նշանակած է մեզի, ատիկա չի նշանակեր, որ բոլորը միասին պիտի կլլենք: Նախընտրելի է, որ զանոնք օգտագործենք ընդմիջումներով, իւրաքանչիւրին միջեւ 10 վայրկեանի բաց մը ձգելով:
– 5 –
Բուժումը կիսատ ձգելը: Յաճախ բուժումը կիսատ կը ձգենք, անմիջապէս որ մենք մեզ լաւ զգանք: Ասիկա լուրջ սխալ է, քանի որ շատ հաւանական է, որ կրկին հիւանդանանք: Դեղերը պէտք է շարունակենք այնքան ատեն որքան բժիշկը նշանակած է: Չէ՞ որ բուժման իմաստը միայն դրսեւորուող նշաններէն ազատիլը չէ, այլեւ` արդիւնքը պահպանելը…
Խոհագիր
Սմբուկով Փիցցա
Բոլոր անոնք, որոնք փիցցա կը սիրեն, բայց կը խուսափին անոր խմորէն, ահաւասիկ փիցցայի նոր տարբերակ մը` սմբուկով, որ թէ՛ նորութիւն է, թէ՛ համեղ եւ թէ՛ նուազ գիրցնող:
Պատրաստութեան համար պէտք ունիք սմբուկի (կլոր-խոշոր, երկարաւուն-բարակ, ըստ ճաշակի), լոլիկով թացանի, թարմ լոլիկի, սեւ ձիթապտուղի, խոզապուխտի եւ էմանթալ պանիրի (կարելի է փոխարինել նուազ իւղոտ տեսակով մը):
– Սմբուկները շերտեցէք եւ խորովեցէք վրան քիչ մը ձէթ քսելէ ետք:
– Շերտերուն վրայ տարածեցէք լոլիկով թացանը:
– Աւելցուցէք խոզապուխտը եւ լոլիկի շերտերը (կարելի է նման «թոմաթ սըրիզ»-ներ օգտագործել) եւ ձիթապտուղները:
– Երեսը ծածկեցէք տաշուած պանիրով եւ վայրի ծոթրինով:
– Փուռին մէջ տաքցուցէք, մինչեւ որ պանիրը հալի:
Նկարին վրայ կը տեսնէք սմբուկը շերտելու եւ ներկայացնելու հետաքրքրական տարբերակ մը, որ հովահարը կը յիշեցնէ. փորձեցէք այս մէկը` զարմացնելու համար ձեր հիւրերը:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Զայրոյթ
Քնած չենք մենք,
Եւ չենք կարող`
Քանի զէնքերն են
Աշխարհում շառաչում:
Մեզ ծուխն է հասնում
Պայթած ռումբերի,
Եւ լացը մայրերի
Մեզ է հասնում:
Վառւում է քարտէզը երկրագնդի,
Տեղ-տեղ բոցկլտում է
Հրդեհը դաժան:
Խաղաղ է մեզ մօտ,
Բայց մենք չենք քնում,
Ըմբոստանում ենք մենք
Ժամ առ ժամ:
Ինչ-որ տեղ աշխարհում
Խառնուել են իրար
Այգաբացն ու գիշեր,
Եւ չի լուսանում,
Ինչ-որ տեղ հիմա վերջին անգամ
Մարդը կեանքի թովչանքն է սգում:
Ինչ-որ տեղ կը թախծեն
Սրտերը հիմա,
Մանչերը կայտառ
Չեն վազի դպրոց,
Չի ժպտայ մայրը
Աչքերով լուսարար,
Չեն համբուրուի
Սիրածները կրքոտ:
Խաղաղ է մեզ մօտ,
Բայց ցաւն է խոցում
Սրտերը մարդկանց
Զայրոյթով բարի:
Մենք չենք քնելու
Այնքան ժամանակ,
Մինչեւ որ խաղաղ
Ողջ աշխարհը քնի:ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Արուեստագիտութեան դոկտորԵրեւան-Պէյրութ