Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

$
0
0

Պատրաստեց ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

«Ի՞նչ տեսաք առաջին հերթին». պատասխանեցէք այս շատ պարզ հարցումին եւ իմացէք, թէ ո՛վ էք դուք…

– Եթէ  առաջին հերթին պայթում տեսաք, կը նշանակէ, որ ձեր երեւակայութիւնը չափազանց զարգացած է: Դուք շատ ստեղծագործ անձ էք. մեծ յաջողութիւն կրնաք գտնել նորաձեւութեան աշխարհին մէջ` որպէս ոճաբան: Արուեստները եւս ձեր սրտին կը խօսին. ժամանակն է, որ ձեր մէջէն դուրս հանէք այս տաղանդը եւ ամէն գնով զարգացնէք զայն:

***

– Եթէ առաջին հերթին երկու ձեռքեր տեսաք, կը նշանակէ, որ երեւակայութեան տէր անձ էք, սակայն շատ մը կացութիւններու դիմաց տրամաբանութեամբ կ՛առաջնորդուիք: Նկարագրով զուսպ անձ էք եւ պատրաստ էք ուրիշին կարծիքին դիմելու: Ձեր մէկ այլ յատկանիշը պաղարիւնութիւնն է, երբեք խուճապի չէք մատնուիր, մարդիկ ձեզ կը տեսնեն իբրեւ զօրաւոր անձ:

***

– Եթէ առաջին հերթին ծառ տեսաք, դուք շատ ուշադիր անձ էք եւ նուազագոյն մանրամասնութիւնները կը նկատէք: Դուք նաեւ շատ զգայուն էք ուրիշին տրամադրութեան նկատմամբ. գիտէք ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս խօսիլ փափուկ կացութիւններու պարագային: Կեանքի մէջ մեծ յաջողութիւն կը գտնէք բոլոր այն ասպարէզներուն մէջ, ուր ճշգրտութիւն եւ ուշադրութիւն կը պահանջուի:

***

– Եթէ բան չտեսաք, կը նշանակէ, որ հանգիստի, դադարի կարիքը ունիք: Յոգնած էք եւ ի վիճակի չէք բարդ կացութիւններ դիմագրաւելու: Ժամանակն է, որ դադար առնէք, հանգստանաք, մտային եւ հոգեկան բեռնուածութիւնը թօթափէք եւ նոր աչքով դիտէք ամէն բան:

 

«Քիփ Տը Փրոմիս» Ապարանջաններուն
Հասոյթը` Հայ Կարիքաւոր Ընտանիքներուն

Կնոջական էջը անցեալ յունիսի թիւով անդրադարձաւ աշխարհի մեծահարուստ հայուհի, ամերիկեան «Ալեքս էնտ Անի» ոսկերչական վաճառանիշի հիմնադիր Քարոլին Ռաֆայէլեանին:

Օրին նաեւ յիշեցինք, որ ան հրապարակ իջեցուած է «Քիփ տը փրոմիս» ապարանջաններ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աղբիւրներուն համաձայն, ապարանջաններուն վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Կրելով ապարանջանը` կը կրէք նաեւ պատասխանատուութիւն եւ կ՛օգնէք կարիքաւոր բազմաթիւ ընտանիքներու», կը յայտնեն նոյն աղբիւրները` աւելցնելով, որ ապարանջանը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ «Ալեքս էնտ Անի» ամերիկեան ընկերութեան համագործակցութեան արդիւնքն է:

Քարոլին Ռաֆայէլեան առաջին անգամը չէ, որ կը գործակցի «Հայաստան» հիմնադրամին հետ. ան տարբեր ծրագրերու իրագործման համար իր սիրայօժար մասնակցութիւնը բերած է:

2015-էն սկսեալ «Ալեքս էնտ Անի» ընկերութիւնը հրապարակ իջեցուցած է «Քեմփ Հայաստան» ապարանջաններ, որոնց վաճառքէն գոյացած եկամուտը կը յատկացուի Միացեալ Նահանգներու հայ երեխաներու համար կրթական ճամբարներու կազմակերպման:

 

Ձեռային Աշխատանք

Բանալիներով Պատրաստուած Զարդեր

Եթէ տունը հին, անգործածելի բանալիներ ունիք, մի՛ թափէք զանոնք. մտածեցէք անոնց երկրորդ կեանք մը տալու մասին:

Այո՛, մանաւանդ հնաոճ բանալիները շատ գեղեցիկ զարդերու կարելի է վերածել: Ստորեւ` հետաքրքրական նմուշներ:

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Վնասակար Մթերք
Երեխային Համար

 

Եթէ կը փափաքինք, որ մեր զաւակները ըլլան առողջ, անհրաժեշտ է, որ անոնք սնանին ճիշդ ձեւով եւ հեռու մնան կարգ մը վնասակար ուտելիքներէ:

Կան մթերքներ, որոնք պէտք է դուրս մնան երեխային ճաշացուցակէն. անոնց կարգին են`

– Շուկայէն գնուած կարկանդակները, յատկապէս սերով տեսակները: Հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ այդ կարկանդակները մեծ քանակութեամբ ճարպեր եւ շաքարաւազ կը պարունակեն:

– Քաղցր մածունները, որոնք թէ՛ արհեստական ներկեր, թէ՛ պահպանիչներ եւ թէ՛ շաքար կը պարունակեն:

– Ապխտացած, վերամշակուած  միս, ինչպէս` երշիկ, նրբերշիկ, մորթատել եւ այլն… Ասոնք եւս ճարպեր եւ սննդային յաւելումներ պարունակող վնասակար մթերքներ են:

– Փոփ քոռնը: Եգիպտացորենը շատ օգտակար է բոլորին, սակայն անիկա յանձնարարելի չէ երեխաներուն, քանի մր դարձեալ մեծ քանակութեամբ իւղ կը պարունակէ:

– Ծրարուած, տուփերու կամ շիշերու մէջ վաճառուող հիւթերը: Շատեր չեն գիտեր, որ այդ հիւթերը որքա՛ն արուեստական նիւթեր կը պարունակեն, բայց մանաւանդ` 6-7 դգալ շաքարաւազի համազօր շաքար: Իսկ մենք շատ լաւ գիտենք, թէ շաքարը որքա՛ն վնասակար է երեխաներուն ակռաներուն:

– Սիւսեթներն ու ճելօ շաքարները, որոնք թէ՛ իրենց գոյներով եւ թէ՛ զուարճալի տեսքով կը հմայեն երեխաները:

– Վնասակար մթերքներուն ծանօթանալէ ետք կրնանք զանոնք փոխարինել նուազ վնասակար տարբերակներով` տունը պատրաստուած կարկանդակով, թարմ պտուղի հիւթով, պտուղով, թարմ պտուղներով ճոխացուած մածունով, թարմ եգիպտացորենով եւ այլն…

 

Խոհագիր

Փուռը Եփած Համեղուկ

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

– 1 քիլօ կշռող համեղուկ (daurade)
– 1 լոլիկ
– 1 կիտրոն
– 1 նարինջ
– 2 պճեղ սխտոր
– Ձէթ
– Դափնիի 4 տերեւ
– Թարմ, կանաչ ծոթրին
– Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

– Լոլիկը, կիտրոնն ու նարինջը լուալ եւ բարակ շերտել:

– Համեղուկը մաքրել, լուալ, ցամքեցնել եւ երկու կողմերուն վրայ սուր դանակի մը օգնութեամբ ճեղքեր բանալ եւ շերտերը մէջը տեղաւորել:

– Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

– Սխտորները կեղուել եւ ձուկին փորին մէջ տեղաւորել:

– Ձուկին երկու կողմերուն աւելցնել դափնիի տերեւները, ինչպէս նաեւ` ծոթրինը: Աղել, համեմել շուրջ 1 սուրճի գաւաթ ձէթ աւելցնել եւ փուռին մէջ եփել 20-25 վայրկեան:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

«Ուխտ Արարատին»

Պիտի հասնի՛նք, սրբազան լեռ, կատարիդ,
Երբ ջրհեղեղը ռումբերուն գտնէ վերջ
Ու արիւնի ծովերն հագնին ծիածան:
Երբ մորթուած խաղաղութեան աղաւնին
Վերադառնայ արհաւիրքի վիհերէն
Ձիթենիի հաշտարար ճիւղը բերնին`
Պիտի հասնի՛նք կատարիդ:
Քաղաքներէն, ճամբաներէն, դաշտերէն
Աքսորի խուլ գռիհներու խորերէն
Պիտի շարքերը մեր խրոխտ փոթորկին
Մեր պապերուն ի խնդիր սուրբ երազին:
Պիտի փշրենք մեզ իրարմէ անջատող
Ճակատագրին սեւ պատնէշները բոլոր:
Պիտի հասնինք մեր ջուրերուն ու հողին
Ամենասուրբ` ըրած կարօտը շեփոր:
Պիտի հասնինք թէ արեւներն իսկ փլին
Ու ճամբաներն ըլլան դժոխք ու արիւն,
Պիտի հասնի՛նք կատարիդ:
Տե՛ս, մեր շարքերը խանդաբորբ ու արի,
Տե՛ս, մեր կարօտը խոյանքով Վահագնի,
Տե՛ս, մեր հոգին քու ձիւներուդ պէս մաքուր,
Ու կամքը մեր, տե՛ս, ժայռերուդ պէս ամուր,
Եւ հաւատա՛յ, կրանիտեայ ո՜վ Աստուած,
Սրբազան լեռ, հաւատա՛յ, թէ կը հասնինք,
Մենք կը հասնինք կատարիդ:

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>