Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Քանի մը օր առաջ մահացած է Իզապել Սատոյեանը, որ հայ հանդիսատեսին ծանօթ է Հանրի Վեռնէօյի «Մայրիկ» ժապաւէնին մէջ Աննայի դերով:
Դերասանուհին ֆրանսացի դերասան Ժան Պուիզի կինն էր: Ան աշխատած է ֆրանսացի մեծագոյն բեմադրիչներուն հետ, ինչպէս` Քլոտ Սոթէ, Քլոտ Լըլուշ, Ժան-Լիւք Կոտար եւ ուրիշներ: 2014-ին ան արժանացած է «Մոլիեր» մրցանակին` «Լ՛օրիժին տիւ մոնտ» (աշխարհի ծագումը) ժապաւէնին մէջ իր խաղարկութեան համար:
89 տարեկան Սատոյեանը վերջին անգամ բեմ բարձրացած է 2016-ին, Փարիզի «Թէաթր տը լ՛էօվր»-ի մէջ, «Թռիչքէն առաջ» ներկայացումին առիթով:
Իրի Մը Պատմութիւնը
Թումանեանի «Հիւրասէր»
Սառնարանը
Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարան այցելողները անպայման տեսած են գրագէտին պատկանող սառնարանը:
Ըստ երեւոյթին, մեծ բանաստեղծը հմայուած էր ոչ միայն արեւելեան հեքիաթներով, այլեւ` արեւելեան խոհանոցով: Իսկ Թիֆլիս բնակող, սակայն Դսեղի հրաշալիքները ճաշակած Թումանեանի բազմանդամ ընտանիքին համար, որ ծանօթ էր իր անկրկնելի հիւրասիրութեամբ. հիւրերուն համար պաղ խմիչքներ, պտուղ, բանջարեղէն եւ համադամ կերակուրներ մատուցելը արուեստի վերածուած էր: Եւ պատահական չէ, որ ժամանակին անոնց այցելութեան գացած Վահան Տէրեանը իր տպաւորութիւնները նոյնիսկ չափածոյ տողերու վերածած էր` «Թումանեանի պալատում ով որ քէֆի չի նստել, նա չի տեսել դեռ խնդում, աշխարհ չի տեսել»:
Սովորական պահարանէ մը ոչինչով տարբերող, դուրսէն ճերմակ փայտէ, ներսէն զինկապատ այս սառնարանին մէջ կարելի էր քանի մը օր զանազան մթերքներ պահել:
Այլազան
Համաշխարհային Առաջնորդներու
Յայտնի Ու Անյայտ Կողակիցները
Անցեալ շաբաթավերջին Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ կայացաւ Քսաններու խմբակի վեհաժողովը (G20), որուն մասնակցեցան համաշխարհային քաղաքականութեան գլխաւոր դէմքերը:
«Տը Տէյլի Սթար» գրեց, որ ղեկավարները վեհաժողովի ժամանեցին իրենց կիներուն եւ ամուսիններուն հետ: Անոնց մէջէն վայելչութեան իմաստով զատորոշուեցան Մ. Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Արժանթինի առաջին տիկինները: Մինչդեռ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի ամուսինը` Ֆիլիփ Մէյը «մէկ չափ մեծ» համազգեստի պատճառով համացանցի վրայ քննադատութեան թիրախ դարձած է:
Ստորեւ` համաշխարհային առաջնորդներու յայտնի ու անյայտ կողակիցներէն լուսանկարներ.
Փորձ-Հարցարան
Ի՞նչ Կ՛ընէք Առաջին Հերթին
Մարդոց կեանքին մէջ մեծ նշանակութիւն ունի ճիշդ ընտրութիւնը: Ընտրեցէք առաջին հերթին ինչ կ՛ընէք, ապա կարդացէք, թէ այդ ընտրութիւնը ի՛նչ կը պատմէ ձեր անհատականութեան մասին:
– Եթէ առաջին հերթին եռացող ջուրով թէյամանին կրակը կը մարէք, դուք յաճախ անհանգիստ մարդ էք: Կը փորձէք ամէն բան քանի մը անգամ ստուգել, որպէսզի ձեր եւ ձեր մտերիմներուն անվտանգութիւն ապահովէք: Նաեւ ճշդապահ էք եւ ձեր ժամադրութիւններէն չէք ուշանար:
****
– Եթէ առաջին հերթին հեռախօսին կը պատասխանէք, հանգիստ եւ պաղարիւն մարդ էք, չէք ախորժիր խառնաշփոթ կացութիւններէն: Դուք ներդաշնակ կեանք ունիք, սակայն քիչ մը ծուլիկ էք: Կը սիրէք հանգստանալ եւ ընկերներու հետ ժամանակ անցընել:
***
– Եթէ առաջին հերթին լացող երեխային մօտ կը վազէք, դուք շատ պատասխանատու անձ էք: Մեծ լրջութեամբ կը վարուիք կեանքին հետ եւ չէք հանդուրժեր թեթեւամիտ մարդիկը: Հասուն եւ խոհուն անձ էք եւ յաճախ ճիշդ որոշումներ կը կայացնէք:
***
– Եթէ առաջին հերթին շան կը մօտենայիք, դուք քիչ մը դիւրագրգիռ անձ էք: Արագ կը բռնկիք եւ կրնաք ձեր դիմացինը ակամայ վիրաւորել: Լռութիւն եւ յարմարաւէտութիւն փնտռող էք. աղմուկն ու խառնաշփոթութիւնը կը զայրացնեն ձեզ:
Գեղեցկագիտական
Կիտրոնը
Կիտրոնը ոչ միայն խոհարարութեան մէջ կ՛օգտագործուի, այլեւ` առողջութեան եւ գեղեցկութեան առնչուող հնարքներու մէջ: Զանազան յատկութիւններով օժտուած այս պտուղը բարենպաստ ազդեցութիւն ունի մորթին, մազերուն եւ եղունգներուն վրայ: Ստորեւ հետաքրքրական թելադրանքներ:
– Կիտրոնը կը թեթեւցնէ մորթին արատները: Ծերութեան հետ կապուած դէմքի եւ ձեռքի արատներուն վրայ կիտրոնի հիւթի մէջ թաթխուած բամպակ դրէք, ձգեցէք 15 վայրկեան, ապա ցօղուեցէք:
***
– Կիտրոնը մազերուն գոյնը կը բանայ: Ձեր մազերը մէկ շաբաթ օրական ցօղուեցէք քառորդ գաւաթ կիտրոնի հիւթով եւ երեք քառորդ գաւաթ ջուրով: Ձգեցէք, որ այդպէս ալ չորնան: Կիտրոնը կը չորցնէ մազերը, հետեւաբար զանոնք պաշտպանեցէք մազերու յատուկ ծեփուկներով:
***
– Կիտրոնը կը մաքրէ եւ կը ճերմկցնէ եղունգները: Կիսուած կիտրոն մը եղունգներով ճանկռտեցէք եւ կամ գաղջ ջուրի մէջ կէս կիտրոնի հիւթ աւելցուցէք եւ ձեր մատները քառորդ ժամ մէջը մխրճեցէք:
***
– Կիտրոնը կը փափկացնէ արմուկներուն չորցած մորթը: Կիսուած կիտրոնով մը օրական շփեցէք ձեր արմուկները, ապա կաթիլ մը ձէթով մարձեցէք զանոնք:
***
– Կիտրոնը բնական հոտազերծիչ է: Պարբերաբար կիսուած կիտրոնով մը շփեցէք ձեր անութները` ձերբազատելու համար անախորժ քրտինքի հոտերէն:
Խոհագիր
Ստեպղինով Կարկանդակ
Բաղադրութիւն
– 2 ստեպղին
– 300 կրամ մանր աղացուած նուշ
– 200 կրամ շաքար
– 4 հաւկիթ
– 50 կրամ ալիւր
– 3 ապուրի դգալ կիտրոնի կեղեւի տաշուք
– Պտղունց մը կասիա
– 1 ապուրի դգալ «Քուանթրօ» խմիչք
– 1 ապուրի դգալ պէյքինկ փաուտըր
Պատրաստութիւն
Ստեպղինները մաքրել եւ քերիչէ անցընել: Խորունկ ամանի մը մէջ փոխադրել ստեպղինի տաշուքը եւ աւելցնել աղացուած նուշը:
Ամանի մը մէջ լեցնել հաւկիթներուն դեղնուցները, աւելցնել շաքարը, ալիւրը, պէյքինկ փաուտըրը, «Քուանթրօ»-ն, կասիան եւ կիտրոնի կեղեւի տաշուքները: Բոլորը միատեղ խառնել, ապա ստացուած խառնուրդը աւելցնել տաշուած ստեպղինին եւ նուշին վրայ, կրկին խառնել միատարր նիւթ մը ունենալու համար:
Խմորը փոխադրել կարկանդակի կաղապարի մը մէջ եւ նախապէս 180 ջերմաստիճանով տաքցուած փուռի մէջ եփել` մէկ ժամէն քիչ մը պակաս:
Այս կարկանդակին առաւելութիւնը այն է, որ կարագ կամ ձէթ չի պարունակեր, իսկ ալիւրին քանակը շատ քիչ է:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Վարք Մեծաց
Ո՜ւշ-ո՜ւշ են գալիս, բայց ո՛չ ուշացած.
Ծնւում են նրանք ճի՛շդ ժամանակին:
Եւ ժամանակից առաջ են ընկնում,
Դրա համար էլ չեն ներում նրանց:Անտոհմ չեն նրանք կամ անհայրենիք.
Հասարակ հօրից ու մօրից ծնուած`
Սերում են նրանք եւ ա՛յն վայրենուց,
Որ էլ չէ՜ր կարող ապրել քարայրում:Սերում են նրանք եւ ա՛յն ծերուկից,
Որ նախընտրում էր քնել տակառում:
Սերում են նրանք եւ ա՛յն պատանուց,
Որ սիրահարուեց իր իսկ պատկերին:Սերում են նրանք բոլո՜ր նրանցից,
Որ սատանային հոգին են ծախում,
Միայն թէ անե՛ն մտածածն իրենց,
Ի՜նչ փոյթ, թէ սատկեն ժամանակից շուտ:Անվտանգ` ինչպէս հրդեհն արեւի,
Անվնաս` ինչպէս օգտակար լորտուն,
Վախ են ներշնչում պետութիւններին
Մինչեւ իսկ իրենց կամքի հակառակ:Արքաների հետ խօսում են «դու»-ով,
Եթէ, ի հարկէ, լսում են նրանց,
Իսկ թէ չեն լսում` մէ՜կ է, չե՛ն լռի,
Կը խօսեն նոյնիսկ իրենց կօշկի՛ հետ:Ով սահմանում է նոր օրէնք ու կարգ`
Յայտարարւում է եւ օրէնքից դուրս:
Բայց չե՜ն վախենում նրանք չար մահից.
Ապրում են դժուար ու մեռնում են հեշտ…09.10.1961թ.
Երեւան