Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Կին Դէմքեր. Մարիամ Միրզախանի

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

15 յուլիսին Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ իրանցի յայտնի մաթեմաթիկոս «Ֆիլտց» մրցանակի դափնեկիր Մարիամ Միրզախանին:

Միրզախանին առաջին կինն է եւ առհասարակ առաջին իրանցին, որ արժանացած է «Ֆիլտց» մետալին, որ համազօր է ուսողութեան Նոպելեան մրցանակին:

Մինչեւ օրս աս մետալին արժանացած են 54 տղամարդ եւ 1 կին: Անիկա կը տրուի 40 տարեկանէն վար մաթեմաթիկոսներու, որոնք ուսողութեան ոլորտին մէջ կարեւոր նուաճում արձանագրած են:

Միացեալ Նահանգներ բնակող իրանցի գիտնականը դասախօս էր Սթանֆորտ համալսարանին մէջ, վերջին 4 տարիներուն ան քաղցկեղէ կը տառապէր:

Երբ երեխայ էր, Մարիամ կ՛երազէր գրագիտուհի դառնալ, սակայն ի վերջոյ թուանշաններն ու հաշիւները գրաւեցին զինք: Ասուլիսի մը ընթացքին իր մրցանակին ակնարկելով` Միրզախանի ըսած է. «Ուրախ կ՛ըլլամ, եթէ ասիկա խրախուսէ կին գիտնականներն ու մաթեմաթիկոսները»:

Մարիամ ամուսնացած է ազգութեամբ չեխ Ժան Վանտրակի հետ, ունի աղջիկ մը, անունը` Անահիտա:

 

Տարիներ Առաջ Այս Օրը…

Մինաս Աւետիսեան

20 յուլիս 1928-ին Ջաջուռ գիւղին մէջ ծնաւ հայ նշանաւոր գեղանկարիչ Մինաս Աւետիսեանը. այսօր ան 89 տարեկան պիտի ըլլար:

Կարդանք քանի մը հետաքրքրական վկայութիւններ` մեծ գեղանկարիչին մասին:

 

«Մինաս, ես քեզմէ մեծ եմ 50 տարիով: Ափսո՜ս, ինծի քիչ ժամանակ մնացած է: Ո՞ւր էիր, քիչ մը շուտ գայիր: Չմոռնաս` արուեստը պայքար կը սիրէ: Հիմա ես արդէն մինակ չեմ: Դուն ալ մինակ չես: Ես կը հաւատամ քու այդ լաւ ձեռքին»:

ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆ

«Մինասը նկարչական աշխարհին մէջ երեւոյթ է»:

ԵՐՈՒԱՆԴ ՔՈՉԱՐ

 

«Աշխարհի մէջ անոր պէս նկարիչ քիչ կայ, եթէ ըսեմ, չկայ, հաւատացէ՛ք: Ի՜նչ զօրաւոր է, հայկական է, հին ու բոլորովին նոր: Զարմանալի է…»:

ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ

 

«Մինասը շատ ինքնատիպ ու տաղանդաւոր նկարիչ է: Իր գոյներուն մէջ հզօր բան մը կայ, արտակարգ ուժ մը, որ շատ ժամանակակից է եւ շատ հայկական: Մինասի նկարներուն մէջ ուժեղ կերպով Հայաստանը կը զգամ»:

ԳԱՌԶՈՒ

 

«Իբրեւ նկարիչ` գիտեմ եւ վստահ եմ, որ ամէն նկարիչ կենալով Մինասի կտաւներուն դիմաց` այնտեղ կը տեսնէ իր չըրածը, իր չկրցածը, իր երազածին իրագործումը: Մինասը մեր նկարչութեան բարձրացող աշտարակն էր, հեռուներէն տեսանելի ու հեռաստաններ բացող»:

ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Նայեցէ՛ք նկարին եւ ըսէք, թէ ի՛նչ տեսանք առաջին հերթին. ձեր պատասխանը շատ բան կը պատմէ ձեր մասին:

Եթէ առաջին հերթին գանկ տեսաք, գանկը ուժ կը մարմնաւորէ. դուք պատրաստ էք նոր արարքներու եւ յաղթանակներու: Նիւթականի վրայ կեդրոնացող անձ չէք, նպատակասլաց էք եւ հաստատամիտ: Պատրաստ էք բոլոր տեսակի դժուարութիւնները յաղթահարելու` ձեր նպատակին հասնելու համար:

Եթէ առաջին հերթին կին տեսաք, գլուխը առջեւ կախուած կինը յոգնածութիւն կը մարմնաւորէ: Դուք շատ հաւանաբար յոգնած եւ շփոթած էք: Թելադրելի է քանի մը օրով միջավայր փոխէք եւ քիչ մը ուժ հաւաքէք: Եղէք քիչ մը անձնասէր, շփացուցէք ձեր անձը եւ կարելի եղածին չափ հեռու մնացէք ձեր տրամադրութեան վրայ ազդող մարդոցմէ եւ վայրերէ:

 

Առողջապահական

Ինչպէ՞ս Բարելաւել
Արեան Շրջագայութիւնը

Ամրան տաք օրերուն, աւելի քան երբեք, կը զգացուին անբաւարար արեան շրջագայութեան անախորժ հետեւանքները, առաջին հերթին` սրունքներու ցաւ եւ «ծանրութիւն»:

Ահաւասիկ դիւրին եւ պարզ հնարքներ` բարելաւելու համար արեան շրջագայութիւնը:

ՄԱՐԶԱՆՔԸ. յատկապէս քալելը մեծապէս կ՛օգնէ, որ մկանները շարժումի մէջ մտնեն եւ աշխուժացնեն արեան շրջագայութիւնը:

ԱՌՈՂՋ ՍՆՆԴԱՌՈՒԹԻՒՆԸ. միշտ, բայց մանաւանդ ամրան տաք օրերուն պէտք է խուսափիլ քաղցր եւ իւղոտ ուտելիքներէն եւ նախապատուութիւնը տալ բանջարեղէններուն: Չմոռնալ, նաեւ առատ ջուր խմել:

ՀԱԳՈՒՍՏԵՂԷՆԸ. թելադրելի է հրաժարիլ նեղ, մարմնին փակչող տաբատներէն եւ հագուստներէն, ինչպէս` նաեւ բարձրակրունկ եւ անկրունկ կօշիկներէն:

ԲԱՐՁՐ ՋԵՐՄԱՍՏԻՃԱՆԸ. օրուան ժամերուն խուսափիլ պտտելէ, շուկայ երթալէ, արեւին պարզուելէ:

ՍՐՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՆԳՍՏՈՒԹԻՒՆԸ. օրուան ընթացքին առիթը ստեղծել երկարած դիրքով ոտքերուն տակ բարձ մը տեղաւորելու եւ սրունքներուն հանգիստը ապահովելու:

ՋՈՒՐՈՎ ՄԱՐՁՈՒՄԸ. ամրան տաք օրերուն հրաժարիլ տաք լոգանքներէն եւ սրունքները յաճախ զովացնել պաղ ջուրի տուշերով:

 

5 Բաներ, Որոնք Յաճախ
Կը Մոռնաք Մաքրելու

Յաճախ կը մոռնանք, որ կարգ մը իրեր պարբերաբար մաքրութեան կը կարօտին, այլապէս անոնց վրայ կուտակուած փոշին եւ մանրէները անխուսափելիօրէն պիտի վնասեն մեր առողջութեան: Այդ 5 իրերն են`

1.- Մազի խոզանակը: Եթէ մազի խոզանակը օրը օրին չմաքրուի, ժամանակի ընթացքին մազի բոյն մը կը կազմուի եւ այդ բոյնին մէջ կուտակուած փոշին ու մանրէները կը վնասեն մեր գլխուն մաշկին:

Հետեւաբար թելադրելի է, որ շաբաթական դրութեամբ մազի խոզանակը ձերբազատէք մազերէն եւ զայն ամբողջ գիշեր մը մխրճէք գաղջ օճառ-ջուրի կամ ճերմակ քացախի մէջ :

2.- Ակռայի խոզանակը: Ակռաները խոզանակելէ առաջ եւ վերջ պէտք է զայն առատօրէն ցօղուել տաք ջուրով, չորցնել եւ գլուխը դէպի վար զետեղել գաւաթին մէջ: Թելադրելի է, որ խոզանակին գլուխը պաշտպանուած ըլլայ յատուկ ծածկով մը, եթէ գաւաթին մէջ մէկէ աւելի խոզանակներ կան: Նաեւ պէտք չէ մոռնալ, որ ակռայի խոզանակը պէտք է նորոգել 3-4 ամիսը անգամ մը:

3.- Բարձը: Երեք ամիս անգամ մը պէտք է բարձը լուալ, քանի որ անոր վրայ փոշի, մորթի մեռած բջիջներ եւ այլ աղտեր հաւաքուած կ՛ըլլան: Նաեւ թելադրելի է, արեւոտ օրերուն բարձերը երկու երեսով արեւին ճառագայթներուն պարզել:

4.- Բջիջայինը: Անիկա մանրէներու եւ մատնահետքերու բոյն մըն է: Զայն պէտք է մաքրել փոշին կլանող յատուկ կտորով մը: Թաց լաթը, թաց թուղթէ թաշկինակը կը վնասեն բջիջայինի պաստառին: Մանրէներէն հեռու պահելու լաւագոյն ձեւերէն մէկը ձեռքերը միշտ մաքուր պահելն է, բայց նաեւ զայն պատահական տեղեր չդնելն է:

5.- Պնակ լուալու սպունգը: Զայն օրական պէտք է մաքրել` կա՛մ պնակ լուացող մեքենային մէջ, կա՛մ մանրալիքին մէջ զետեղելով եւ կամ քանի մը ժամ օ տը ժաւելով ջուրի մէջ պահելով: Թելադրելի է շաբաթը անգամ մը զայն փոխարինել նորով մը:

 

Խոհագիր

Ծիրանով Եւ Նուշով
Կարկանդակ

Բաղադրութիւն 8 անձի համար.

– 3 հաւկիթ
– 150 կրամ կարագ (սենեակի ջերմութեամբ)
– 125 կրամ փոշի շաքար
– 100 կրամ ալիւր
– 50 կրամ նուշի փոշի
– 1,5 սուրճի դգալ թթխմոր
– Պտղունց մը աղ
– 1/4 սուրճի դգալ սոտա
– 1 պզտիկ տուփ ծիրանի քոմփոթ
– 3 ապուրի դգալ նուշի փաթիլներ

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Հարիչէ անցընել կարագն ու շաքարը, ապա մէկիկ-մէկիկ աւելցնել հաւկիթները:

Խառնուրդին աւելցնել մնացեալ բաղադրիչները եւ կրկին խառնել, մինչեւ որ միատարր խմոր մը ստացուի:

Խմորը պարպել 22-24 սմ տրամագիծով կաղապարի մը մէջ, երեսը ծածկել ծիրան կտորներով, աւելցնել նուշի փաթիլները եւ տաք փուռին մէջ եփել 30-35 վայրկեան:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Համբոյրներ

Համբոյրների մէջ շուրթեր չեն միայն
Լուռ մերւում իրար,
Ազգեր են ձուլւում,
Հիւսւում են իրար ճակատագրեր
Եւ աշխարհներ են ճանաչում իրար…
Մայրական շրթի համբոյրը լեցուն
Սուրբ թալիսման է եւ հոգու մաղթանք,
Խորհուրդ ու պարգեւ հօր համբոյրը թանկ.
Եղբօրը` թիկունք եւ յոյսի պատուար:
Սիրահար զոյգի համբոյրը թաքուն,
Երկնքից պոկուած արեւ է բորբոք,
Մեղրամիսով են միշտ երկրպագում
Նորապսակի համբոյրները շոգ…
Եւ իրար սիրող ամուսինների
Համբոյրն է խորունկ ու ողջանուէր,
Այնտեղ սրտեր կան հարազատ դարձած,
Օրերի խինդ կայ եւ փորձութեան բեռ…
Տխուր բաժանման համբոյրները տաք,
Մերթ շաղախւում են արցունքով որբի,
՜Օ, երանի թէ մարդը չխաբուի
Եւ այն համբոյրով, որ հիմք է դառնում
Ընտանիք քանդող մի ամուսնութեան,
՜Օ, երանի թէ մարդը չխաբուի
Եւ այն համբոյրով, որ հոգուց ջահել
Իլիկի նման քաշում է մի թել
Ու խճճում է, թողնում կէս ճամբին…
Չէ՞ որ համբոյրով շուրթեր չեն միայն
Լուռ մերւում իրար,
Ազգեր են ձուլւում,
Հիւսւում են իրար ճակատագրեր,
Եւ աշխարհներ են ճանաչում իրար…

ՄԵՏԱՔՍԷ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>