Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ուշադիր դիտեցէք նկարը եւ ըսէք, թէ ի՛նչ տեսաք առաջին հերթին: Ձեր պատասխանը հետաքրքրական բաներ պիտի բացայայտէ ձեր անձին մասին:

Սեւ Կաթիլ…

Եթէ առաջին հերթին սեւ կաթիլ տեսաք, աշխարհի երեսին դուք կարծէք կաթիլ մը ըլլաք, բոլորը ձեր կարիքը կը զգան, որպէսզի բաժակը լեցուն տեսնեն: Դուք շրջապատին հոգին էք, դուք բոլոր հաւաքոյթներուն պակսող մասնիկն էք, բոլորը կը ցանկան ձեր ներկայութիւնը, դուք անփոխարինելի ընկեր էք:

Բոյս…

Եթէ առաջին հերթին բոյս տեսաք, դուք տեւաբար կ՛աճիք: Մշտապէս զարգանալը ձեզ օրէ օր կը կատարելագործէ: Ձեր մօտ ամէն բան ծրագրուած է, գիտէք, թէ ի՛նչ կ՛ուզէք այս կեանքէն: Դուք ծաղկած կը մնաք ձեր ամբողջ կեանքի ընթացքին:

Մատներ…

Եթէ առաջին հերթին մատներ տեսաք, շատերուն համար դուք չափանիշ էք: Բոլորին խորհուրդներ կու տաք եւ կ՛օգնէք: Դուք բնածին հոգեբան էք, սիրուած եւ փնտռուած` բոլորէն: Օրինակելի մայր էք, տիպար դաստիարակ:

 

Գեղեցկագիտական

Դէմքի Ամառնային Ծեփուկներ

Ամրան կիզիչ արեւը, լողաւազաններուն քլորով լեցուն ջուրերը, քրտինքը եւ առօրեայ ընկճախտը բաւարար պատճառներ են, որպէսզի մեր դէմքին մորթը ջրազրկուի, չորնայ, կնճռոտ ու ծերանայ: Այս անպատեհութիւններուն առաջքը առնելու համար պէտք չունիք ձեր դրամապանակները պարպելու եւ սնանկանալու` այս  կամ այն վաճառանիշով գեղեցկագիտական սերը դնելու համար: Թէեւ պիտի զարմանաք, բայց կայ ձրի միջոց մը` ձեր դէմքը թարմ եւ առողջ պահելու համար: ……… բացէք ձեր սառնարանը եւ հոն գտնուող բանջարեղէններէն ու պտուղներէն ընտրեցէք հատ մը, կիսեցէք, շերտեցէք, քամեցէք` նայած տեսակին եւ զայն օգտագործեցէք որպէս օրուան ծեփուկը` ձեր դէմքին համար:

Խօսքը կը վերաբերի` լոլիկին, վարունգին, ստեպղինին, ծիրանին, սալորին, դեղձին, մածունին, կիտրոնին… ցանկը շատ երկար է: Եթէ այս նիւթերէն մէկուն դգալ մը մեղր աւելցնէք, շատ աւելի լաւ: Հաւատացէք, որ ձեր սառնարանը գտնուող պտուղներն ու բանջարեղէնները դէմքի ամրան լաւագոյն ծեփուկներն են:

 

Առողջապահական

Սննդական Թունաւորումներէն
Հեռու Մնալու Համար

Ամրան տաք եղանակին ուտելիքներու հետ կապուած թունաւորումները աւելի յաճախակի են: Տան մէջ մաքրութիւնը կը սկսի խոհանոցէն եւ անշուշտ` տանտիկինէն. ահաւասիկ քանի մը գործնական թելադրանք` սննդական թունաւորումները կանխարգիլելու համար:

ա.- Ձեռքերը լուալ

Տանտիկինը յաճախ ձեռքերը պէտք է լուայ ճաշի պատրաստութենէն առաջ, շուկայէն վերադարձին, աղբամանը կամ այլ աղտոտ իրեր ձեռնելէ ետք: Իսկ լուալը օճառով կ՛ըլլայ եւ ոչ` հոսող ջուրին տակ բռնելով:

բ.- Պտուղներն ու կանաչեղէնները լուալ

Շուկայէն բերուած ուտելիքները անպայման դեղով կամ ճերմակ քացախով պէտք է լուացուին սառնարանը տեղաւորելէ կամ ուտելէ առաջ:

գ.- Սառնարանը մաքրել

Տանտիկինը ամսական դրութեամբ սառնարանը պէտք է հականեխէ` զայն օ տը ժաւելով եւ ջուրով մաքրելով:

դ.- Ուտելիքներուն ժամկէտերը ստուգել

Ծրարուած ուտելիքներուն ժամկէտերը հետեւողական կերպով պէտք է ստուգել: Նաեւ պէտք է հրաժարիլ կիսաբաց, ուռած ծրարումներէն:

ե.- Գոց տուփերու մէջ տեղաւորել

Պանրեղէնները եւ այլ ուտելիքներ կափարիչով օժտուած տուփերու մէջ տեղաւորել` նախքան սառնարան փոխադրելը:

զ.- Ճաշերու աւելցուքները երկար չպահել

Ամրան եղանակին ճաշերու մնացորդները տեղաւորել կափարիչով օժտուած ապահով տուփերու մէջ եւ, ատով հանդերձ, զանոնք երկար չպահել, այլ յաջորդող քանի մը օրերուն սպառել:

է.- Խոհանոցի աշխատանքի տախտակը մաքուր պահել

Հիմա արդէն շատեր աշխատանքի քանի մը տախտակ ունին. մէկը մսեղէնի, ուրիշ մը բանջարեղէնի, ուրիշ մը ձկնեղէնի եւ այլն… Շատ կարեւոր է այս աշխատանքի տախտակները մանրէազերծելը  օ տը ժաւելով, քանի որ յատկապէս միսինը եւ ձուկինը կրնան զանազան թունաւորումներու դուռ բանալ:

Մաքրութեան այս տարրական կանոնները բոլորս անգիր գիտենք, սակայն հեւքոտ կեանքը, աճապարանքը, մտազբաղ վիճակը երբեմն պատճառ կ՛ըլլան, որ թերանանք, բան մը, որ թոյլատրելի չէ, երբ ամբողջ ընտանիքի մը առողջութիւնն ու անվտանգութիւնը մեզմէ կախեալ է:

 

Զգուշացէք
Մեծաքանակ Գնումներէ

Ունինք այն սխալ համոզումը, որ մեծաքանակ գնումները աւելի խնայողական են եւ շահաւէտ: Ահաւասիկ` 6 բաներ, որոնցմէ պէտք չէ մեծաքանակ գնել զանազան պատճառներով:

Համեմները մեծաքանակ գնելը անիմաստ է, քանի որ 6 ամիս ետք անոնցմէ շատեր կը կորսնցնեն իրենց բոյրն ու համը: Նախընտրելի է քիչ քանակութեամբ գնել, թարմ-թարմ օգտագործել եւ սպառել զանոնք:

* * *

«Օ Տը Ժաւէլ»-ը նոյնպէս 6 ամսուան կեանք ունի, անգամ մը, որ շիշը բացուի: Եթէ ձեր սպառումը շատ չէ, հրաժարեցէք մեծ կալոններէն, այլապէս ուժը կորսնցուցած դեղը սպասուած արդիւնքը պիտի չտայ:

* * *

Մայոնեզ-ը գնեցէք ձեր սպառումին համապատասխան քանակութեամբ: Անգամ մը, որ շիշը բացուի, սառնարանին մէջ անոր կեանքը առաւելագոյնը երկու ամիս է, բայց երբ նկատի առնենք, որ անիկա ի՛նչ հերթականութեամբ սառնարանէն կ՛ելլէ ու սառնարան կը վերադառնայ` յաճախ ճաշի սեղանին վրայ առնուազն մէկ ժամ մնալով…

Հաւկիթ պարունակող այս մթերքը գնեցէք փոքր շիշերով, յատկապէս` ամրան տաք եղանակին: Մայոնեզէն թունաւորումները շատ յաճախակի երեւոյթ են:

* * *

Դէմքի Սերերը Եւ Անուշահոտերը գնեցէք փոքր սրուակներով: Յաճախ անոնք կը վաճառուին երկու տարբեր չափերով, նախապատուութիւնը տուէք փոքր չափերուն, քանի որ, անգամ մը, որ գործածելու սկսիք, անոնք օդին եւ լոյսին հետ շփուելով` կը սկսին քիչ-քիչ տարբաղադրուելու:

* * *

Սուրճը, ճիշդ է, հիննալով ձեզի չի վնասեր, սակայն անիկա անկասկած կը կորսնցնէ իր բոյրն ու համը, իսկ բոլոր սուրճի սիրահարները անդրդուելի են այս ճշմարտութեան դիմաց:

* * *

Նոյն սկզբունքներէն մեկնելով` նաեւ հրաժարեցէք մեծաքանակ հաւկիթ, ալիւր, քոռն ֆլեքս եւ թարմ պտուղներ եւ բանջարեղէններ գնելէ: Մի՛ տարուիք ծանուցումներով կամ պերճախօս վաճառողներու խօսքերով: Կատարեցէք ճի՛շդ ընտրութիւնը:

 

Խոհագիր

Սեխի Գնդիկներ`
Քարամելով

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

1 սեխ
250 կրամ քառակուսի շաքարաւազ
2 թէյի դգալ կիտրոնի հիւթ
3 ապուրի դգալ ջուր
Շուշմայ զարդարանքի համար

Պատրաստութիւն

Յատուկ դգալի (քուիեր փարիզիէն) միջոցով սեխի գնդիկները ձեւաւորել եւ ծծուն թուղթի վրայ փոխադրել: Ապա գնդիկները անցընել փայտէ ձողիկներու վրայ:

Փոքրիկ կաթսայի մը մէջ լեցնել շաքարի կտորները, աւելցնել ջուրը, 1 թէյի դգալ կիտրոնի հիւթը եւ թեթեւ կրակի վրայ ձգել` առանց խառնելու, մինչեւ որ քարամել կազմուի: Կաթսան կրակին վրայէն հանել եւ աւելցնել եւս թէյի դգալ մը կիտրոնի հիւթ:

Սեխի գնդիկները թաթխել քարամելին մէջ, ձգել, որ  կարծրանան, ապա թաթխել շուշմայի մէջ եւ հրամցնել:

Նոյնը կարելի է ընել պանանով եւ այլ պտուղներով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Զարմանալի Հայ

Զարմանալի հա՜յ…
Զարմանալի՛ հայ:
Պապդ թուրքահայ,
Հայրդ ռուսահայ,
Դու ֆրանսահայ,
…Զարմանալի հա՜յ…

Սասունում ծնուած,
Պէյրութում ապրած,
Էջմիածնում մեռած…
Զարմանալի՜ հայ:

Տղադ Սեւանում,
Թոռդ Միլանում,
Ծոռդ Թեհրանում:
Քո սերմը վաղո՜ւց քեզ չի հասկանում…

Առանց պապ ու տատ,
Հայրենական հող,
Մայրենի լեզո՛ւ,
Առանց հայր ու մայր:

Զարմանալի հա՜յ…
Որ որպէս հիւր է իր տունը գալիս,
Որպէս տուրիստ իր տան մէջ ման գալիս,
Եւ ետ գնում տո՛ւն,
Որ Նիս է կոչւում,
Հալէպ կամ Շանհա՜յ:
Զարմանալի՜ հայ,
Զարմանալի հա՜յ…

Գ. ԷՄԻՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>