Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Անուշահոտի անուանի մասնագէտ Ֆրանսիս Քիւրքճեանը «Պըրպըրի» ընկերութեան համար ստեղծած է նոր անուշահոտ մը` «Մայ Պըրպըրի պլաշ»-ը:
Անուշահոտին տիրական բոյրերը կիտրոնը եւ նուռն են. կան նաեւ վարդի, կանաչ խնձորի, յասմիկի եւ այլ ծաղիկներու երանգներ:
Քիւրքճեանի նախնիները արմատով Արեւմտեան Հայաստանէն են: Ցեղասպանութեան տարիներուն ապաստանած են Հալէպ, ուրկէ տեղափոխուած են Ֆրանսա:
Ֆրանսիս Քիւրքճեանը հեղինակ է աւելի քան հարիւր օծանելիքի, անոնցմէ յիշենք`
– Իվ Սեն Լորանի «Քուրոս»-ները
– Վերսաչէի «Ճինզ քութիւր կլամ»-ը
– Վան Քլիֆ էնտ Արփըլի «Սամըր էնտ օթըմ»-ը
– Նինա Ռիչիի «Լ՛էքսթազ»-ը
– Լանվենի «Ռիւմէօր»-ը
– Լանքոմի «Միրաքլ Օմ»-ը
– Լանքասթերի «Աքուասան»-ը
– Տիորի «Քոլոնիը պլանշ է օ նուար»-ը
– «Էլի Սաապի «Լը փարֆէօն»-ը եւ «Լա քոլեքսիոն տէ զ՛էսանս»-ը
եւ տակաւին շատ ուրիշներ…
Կին Դէմքեր
Երգչուհի
Օֆելիա Համբարձումեանին
Յուշարձանը
«Ես կը խոնարհիմ այս անունին առջեւ», յայտնած է անուանի երգիչ Ռուբէն Մաթէոսեանը` Երեւանի «Կոմիտաս» պանթէոնին մէջ Օֆելիա Համբարձումեանի յուշարձանի բացման արարողութեան ընթացքին:
Իր կարգին, երգչուհի Ռայիսա Մկրտիչեանը անկրկնելի երեւոյթ համարած է տարի մը առաջ մահացած երգչուհին` համոզում յայտնելով, որ առայժմ մէկը չի տեսներ, որ կրնայ փոխարինել Օֆելիա Համբարձումեանը:
Յուշարձանին հեղինակը` քանդակագործ Էմին Պետրոսեանը փափաքած է այս քանդակով ներկայացնել երգչուհիին յաւերժական ըլլալու գաղափարը:
«Խորհրդանշական է, որ չկայ կերպարային կառուցուածք. աշխատանքը կը ներկայացնէ ջուրի շրջափուլը, որ ըստ ինծի, կը խորհրդանշէ յաւերժութիւն: Իր կերպարը մարմնաւորած եմ կաթիլի մը մէջ: Ինք այդ մշակոյթի, ծովու մէկ կաթիլն էր: Լաւատես եմ, որ նման կաթիլներ դարձեալ ըլլան», յայտնած է քանդակագործը:
Նշենք, որ երգչուհի Օֆելիա Համբարձումեանը մահացաւ 13 յունիս 2016-ին, 91 տարեկանին:
Այլազան
Առաջին Գիրք-Տնակը
Երեւանի Իսահակեան-Տէրեան խաչմերուկին վրայ արդէն իսկ կը գործէ «Աւետիք Իսահակեան» գիրք-տնակը: Այս գրատնակի մտայղացման հեղինակներն են մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը եւ քանդակագործ Արման Դաւթեանը` Նուռը:
Գրատնակին իրականացման համար «Լիթըլ սթորի» ընկերութիւնը 60 միլիոն դրամի ներդրում կատարած է, եւ կը նախատեսուի մօտ ապագային այսպիսի 9 կրպակներ տեղադրել յայտնի գրողներու անունները կրող փողոցներու վրայ: Այդ տնակները թէ՛ գոյնի եւ թէ՛ ձեւի առումով պիտի տարբերին իրարմէ:
«Աւետիք Իսահակեան» գիրք-տնակը պատրաստուած է Արման Դաւիթեանի` Նուռի նախագիծի հիմամբ: Հոն կը վաճառուին տարբեր հրատարակչատուներու գիրքեր, ալպոմներ: Կը նախատեսուի վաճառել նաւ թանգարաններու եւ ներկայացումներու տոմսեր:
5 Պարզ Միջոց`
Լաւ Տպաւորութիւն Ձգելու Համար
Բոլորս ալ կը փափաքինք, որ մեզ դատեն մեր գիտելիքներով եւ ունակութիւններով եւ ոչ` արտաքինով: Սակայն, երբ մենք անձի մը կը հանդիպինք, անոր քանի մը վայրկեանը բաւարար է մեր մասին որոշ տպաւորութիւն կազմելու համար: Ասիկա շատ կարեւոր է, մանականդ երբ գործի հետ կապուած տեսակցութիւն պիտի ունենանք:
Ահաւասիկ 5 պարզ միջոցներ` առաջին իսկ վայրկեանէն լաւ տպաւորութիւն ձգելու համար:
1. Մարմնի Լեզուն
Պէտք է ուշադիր ըլլալ դէմքի արտայայտութեան, նստուածքին, ձայնի ելեւէջներուն, իսկ բնական, ինքնավստահ ժպիտը աւեր կը գործէ…
***
2. Հագուածքը
Լաւ տպաւորութիւն ձգելու համար առաջին հանդիպումի հագուստը պէտք է ըլլայ դասական ոճով, մաքուր, արդուկուած: Նախընտրելի է հրաժարիլ քաղաքական կամ կրօնական պատկանելիութիւնը բացայայտող զարդերէն:
***
3. Աքսեսուարները
Տեւաբար յիշել, որ քիչ` կը նշանակէ լաւ: Պէտք չէ չափազանցել զարդեղէնները. անոնք պէտք է ամբողջացնեն կերպարը եւ ներդաշնակ ըլլան անոր եւ ոչ թէ արտակարգ ձեւով ուշադրութիւն գրաւեն:
***
4. Մազի Յարդարանքը
Մազի սանտրուածքը կրնայ ամբողջացնել ընդհանուր տեսքը, կամ` ամբողջութեամբ փճացնել զայն…
Խառն, իւղոտ մազերը շատ գէշ տպաւորութիւն կը ձգեն խօսակիցին վրայ: Լաւ սանտրուած եւ մաքուր մազերը, ինչպէս նաեւ կոկիկ եւ մաքուր եղունգները առաջնահերթութիւն պէտք է դառնան:
***
5. Դիմայարդարումը
Լաւ շպարուած ըլլալը շատերուն ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ, սակայն պէտք չէ մոռնալ որ դիմայարդարումը պէտք է կատարուի` ըստ տարիքի, ըստ առիթի եւ ըստ վայրի:
Յատկապէս առաջին հանդիպումներու պարագային նախապատուութիւնը պէտք է տալ բնական երանգներուն:
Լուսաւոր Գաղափարներ
Սփակեթթի Մատուցելու
Ծառայող Դգալը
Շատեր իրենց խոհանոցային պիտոյքներուն մէջ ունին սփակեթթի մատուցելու ծառայող այս դգալէն, բայց արդեօք բոլորը գիտե՞ն, թէ ինչի՛ կը ծառայէ անոր կեդրոնը գտնուող կլոր ծակը…
Ո՛չ, անիկա ջուրը սուզելու չի ծառայեր, պարզապէս 1 անձի համապատասխան չափաբաժինը կը ճշդէ: Այսպէս, նախքան դդմաճը եռացած ջուրին մէջ աւելցնելը` զայն տրցակով պէտք է անցընել այս ծակէն, որ 1 անձի համար նախատեսուած բաժինն է:
Անձերու թիւին համաձայն, կարելի կ՛ըլլայ ճշդել, թէ որքա՛ն դդմաճ հարկաւոր է խաշել, եւ մսխումներ չեն ըլլար:
Խոհագիր
Թարթ Թաթեն
Թարթ թաթենը ֆրանսական ծագում ունի. անիկա շրջուած կարկանդակին մէկ տարբերակն է: Թարթ թաթենի գլխաւոր բաղադրիչը խնձորն է, իսկ մատուցման ժամանակ գունդ մը պաղպաղակը պարտադիր է: Ստորեւ` դիւրին եւ արագ պատրաստուող թարթ թաթենի բաղադրատոմսը:
Բաղադրութիւն
– 1 քիլօ կոլտըն խնձոր
– 1 ծրար շերտաւոր (ֆէօյըթէ) խմոր»
– 100 կրամ շաքար
– 50 կրամ կարագ
– Կասիա
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 210 ջերմաստիճանով:
Կեղուել, մաքրել եւ ոչ բարակ շերտել խնձորները:
Թեթեւ կրակի վրայ պատրաստել քարամել մը` շաքարով եւ կտրտուած կարագով: Փայտեայ դգալով եւ տեւաբար խառնել, մինչեւ որ շէկ, միատարր քարամել մը ստացուի:
Քարամելին աւելցնել խնձորը եւ յաճախ խառնել, մինչեւ որ խնձորը փափկանայ, աւելցնել 1-2 պտղունց փոշի կասիա:
Այս խառնուրդը փոխադրել փուռ գացող ափսէի մը մէջ, վրան ծածկել խմորը: Դգալի կոթի մը միջոցով խմորին ծայրամասերը լաւապէս տեղաւորել ափսէին ծայրամասերուն: Պատառաքաղի մը միջոցով խմորին երեսը ծակծկել, որպէսզի եփի ժամանակ չուռի:
Ափսէն փոխադրել նախապէս տաքցուած փուռին մէջ, եփել 25-30 վայրկեան: Կարկանդակը շրջել, հրամցնել գաղջ, գունդ մը պաղպաղակի կողքին:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Բռնկուած Ամառ
Իմ տաք սիրուց է շոգում ամառը,
Յոյզերիս բովից թէժ է ու բորբոք.
Արեւն ընկել է սրտիս անտառը,
Սիրոյ հրդեհ է գցել անողոք:Աչքերդ արեւից չի լինում ջոկել,
Այնպէս շողում են սիրոյ հրատով.
Այդ իմ սիրուց են խարոյկներ վառուել
Աչքերիդ խորքում, ամառուայ տապով:Ամառը շոգ է իմ սիրոյ բարկով,
Ջերմ է գգուանքդ, ու գիրկդ տաք է.
Սիրտս բացուել է երկնքի լայնքով,
Սիրուս կրակը ամրանը շատ է:Սիրուս վարքից է ամառը շոգում,
Տարերքիս եռքով ալիք է տալիս.
Ծովը գրկիս մէջ խորքից է յորդում,
Կապոյտ հեքիաթով հեղեղում հոգիս:Ամառն ընկել է սիրուս կրակը,
Քո սիրուց է, որ կարմիր է կտրել.
Էլ ես չեմ զգում ամառուայ տաքը,
Սրտիս քուրան է ամբողջ բռնկուել…ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ